Յայտարարութիւն

Monday, October 19, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 71 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՀԱՐԵՄԻ ԶՈՀԸ

Խաղաղ լիճի մը մէջ նետուած քարի կտոր մը, որ շրջանակ մը կը կազմէ, յետոյ երկրորդ շրջանակ մը, ուրիշ մըն ալ, եւ այսպէս յաջորդաբար, մէկը միւսը հրելով եւ իրար հալածելով կ՚ընդլայնին, մինչեւ որ անհետանան տեսողութեան սահմաններէն։ Պահ մը վերջ առաջին շրջանակը ինքն իր վրայ կը սմքի մեղմ հովի մը սարսուռէն կամ պարզապէս ուժաթափութենէն։

Այսպէս եղաւ տարաբախտ Օննիկին սպանութիւնը – չշփոթել մանկութեանս ընկեր Օննիկին հետ – Հաճի Մուրատ Ճապրիի տունին մէջ, յուզումի լայն ալիքներ ստեղծելով Հայէպի հայութեան սիրտերէն ներս, մինչեւ որ ալիքները հետզհետէ հանդարտեցան եւ անցնող ժամանակին հետ բոլորովին չքացան։ Ես այդ Օննիկը չեմ ճանչցած ու երբեք չեմ տեսած մօտէն թէ հեռուէն։ Գիտցողներուն վկայութեամբ փառաւոր երիտասարդ մըն էր եւ ամուրի, արհեստով շօֆէօր։ Երկու տարիէ ի վեր կը ծառայէր հաճի Մուրատին որպէս անձնական շօֆէօրը, ինչ որ նախանձելի դիրք կը համարուէր արհեսատկիցներուն կողմէ։ Լաւ կը հագուէր, լաւ կը վճարուէր եւ կը մնար հաճի Մուրատի բազմամարդ ծառաներու անձնակազմին մէջ մենաշնորհեալը եւ վստահելին, տեսակ մը տունին տղան, անկախ իր պաշտօնէն։

Ընկերներուն միաբերան վկայութեամբ, երբ Օննիկին հետ են սրճարան կամ ճաշարան, ոչ ոք իրաւունք ունի «ձեռքը գրպանը տանելու»։ Միշտ ինքն է վճարողը։ Այս առատաձեռնութեան հետ կը ներդաշնակուի նաեւ իր զուարճախօսութիւնը։ Օննիկին ներկայութեան ձանձրոյթը կ՚անհետանայ։ Կատակները, զուարճախօսութիւնները վերջ չունին եւ բոլորին աղբիւրն ինքն է։ Այնքան կենդանի, գուցէ եւ չափազանցեալ գիծերով կը նկարագրուէր Օննիկը, որ զինք չճանչցողն ալ կարծես անոր հետ ապրած ըլլալու տպաւորութիւնը կ՚ունենար։

Ընկերներու սեղմ շրջանակին մէջ միայն ծանօթ Օննիկը, իր եղերական մահով յանկարծ դարձաւ հանրածանօթ անձնաւորութիւնը։ Բոլորը սգացին անժամանակ այդ մահը, դէպքին շուրջ ստեղծուած ըսի-ըսաւներով կրկնապէս խորհրդաւոր եւ առաւել ափսոսալի։

*
* *

Հաճի Մուրատ Ճապրին, հօրեղբայրը հռչակաւոր Ճապրի եղբայրներուն, միայն մէկ անգամ տեսած եմ, երբ կու գար օթէլ Մարսիլիա ամէն Մուհարրամի (Իսլամներու Նոր Տարին) վարձքերը գանձելու։ Դեռ սանդուխներէն կը լսուէր բարձրագոչ ձայնը.
– Միհրա՛ն, ուէ՞ն ահուաթի (Միհրա՛ն, ո՞ւր է սուրճս)։

Ներս կը մտնէր եւ յոգնած կ՚իյնար աթոռի մը վրայ։ Բարձրահասակ, յաղթանդամ եւ փաթթոցաւոր, իր տեսքը պատկառանք կ՚ազդէր։ Իր անձին հետ հով մը կը շրջէր։ Ետեւէն եկող երիտասարդ պաշտօնեան յարգալիր ոտքի կը մնար քայլ մը անդին։ Բոլորիս կողմէ ակնածանքով դիտուող Միհրան էֆէնտիին այդպէս հասարակ «Միհրա՛ն» կոչականով յիշուիլը յաւելեալ վարկ մը կու տար հաճի Մուրատին եւ մէկէն պակսածը միւսին վրայ կը բարդուէր։ Անիկա մարդն էր որ էֆէնտին զեղչելով Միհրանէն, անբացատրելի գերակայութեան մը հմայքը կը ստանար մեր աչքին։

Հաճի Մուրատին կը պատկանէր ամբողջ Պապ էլ Ֆարաճի հրապարակը իր աջ ու ձախ թեւերով, խանութներով ու շէնքերով։ Իր կալուածներուն հաշիւը չկար, մինչեւ Պապ էլ Նասըր, չհաշուած բազմաթիւ գիւղերը եւ ագարակները։ Ինք դրամին ձեռք չէր տար։ Հետի երիտասարդն էր որ վարձակալին հետ հաշիւ կը տեսնէր գլուխ գլխի։ Չեմ կարծեր որ ուրիշ տեղ սուրճ խմած ըլլար վարձակալական այս շրջապտոյտին։ Եւ այս վերջինը, գիտակից այդ պատուին, յայտնի գոհունակութեամբ մը կը փոխադարձէր մեծարանքը բարձրաձայն ապսպրելով.
– Երանուհի՜, շաքարը քիչ պիրինճի (առաջնակարգ) սուրճ մը ըրէ հաճի Մուրատին,– մասնաւոր թուրքերէն ըսելով «պիրինճի»ն, որպէսզի միւսը հասկնայ։

Այն միակ անգամը որ ներկայ եղայ այս տեսարանին, հաճի Մուրատը կատակներ ըրաւ Միհրան էֆէնտիին հետ, մինչ երկու գրագիրները միասին կը կարգադրէին վարձքին հաշիւը։ Մեկնած պահուն, ցուցամատը շարժելով, ըսաւ Միհրան էֆէնտիին.
– Միհրա՛ն, խօսիր կարաժի Յովակիմին, երկու տարի է վճարումը կ՚ուշացնէ։ Եթէ կրկնուի, դուրս կը նետեմ...

Միհրան էֆէնտին ընկերացաւ իրեն մինչեւ փողոց, եւ այնտեղ ալ պահ մը խօսքի բռնեց հաճի Մուրատը մեքենային քով եւ այդպէս ցոյց տալով անցորդներուն թէ որքան մտերիմ է հաճի Մուրատին հետ...։
Եւ իրապէս պատիւ մըն էր հաճի Մուրատին մտերմութիւնը վայելել։ Անհամար կալուածները եւ հարստութիւնը զինք դարձուցած էին քաղաքին անմերձենալի վեհապետը։ Իր բնակարանը Ճեմիլիէ թաղին մէջ շքեղ պալատ մըն էր, որուն մուտքին զինեալ պահակ կը սպասէր։ Այդ տունին առջեւէն մարդիկ կ՚անցնէին հիացումով եւ քիչ մը վախով, այնքան որ տիրապետող էր հաճի Մուրատին անունը։ Իսլամական տօներուն, ֆրանսական եւ անգլիական հիւպատոսները կ՚այցելէին իրեն շնորհաւորութեան։


Շար . 71
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝