Յայտարարութիւն

Tuesday, October 20, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 72 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Ահա այս մակարդակի մեծատունին, կրնայի ըսել աւատապետին անձնական վարորդը եղած էր Օննիկ եւ մահացած անոր տունին մէջ, իբրեւ թէ վար ինկած ըլլալով երրորդ յարկի մը պատշգամէն։ Այդ մահը այնքան աղմուկ հանեց ոչ միայն հայերուս, այլ նաեւ արաբ շրջանակներուն մէջ, որ հարկ տեսնուեցաւ դատական քննութիւն մը բանալ։ Եւ այդ առիթով յայտնուեցաւ, որ Օննիկը սուրիացի չէր, այլ պարսկահպատակ, որով խնդիրը յանձնուեցաւ Խառն Դատարանին։

Խառն Դատարանը, ֆրանսական հովանաւորութեան շրջանին այն հիմնարկութիւնն էր, ուր տեղի կ՚ունենային օտարահպատակներուն դատերը։ Հալէպի Խառն Դատարանին նախագահն էր Վահան Փորթուկալեանը, հարազատ զաւակը ազգային անուանի գործիչ Մկրտիչ Փորթուկալեանին։ Որպէս հայ, չէր կրնար անտարբեր մնալ Օննիկին կսկծալի մահուան հանդէպ, միւս կողմէ, որպէս ֆրանսական պաշտօնատար ստիպուած էր հաշուի առնել Ֆրանսայի քաղաքական շահերը եւ հաշիւները։ Այդ հաշիւները կը պահանջէին որ խնայուէր հաճի Մուրատի պէս անձնաւորութեան մը դատարան ներկայանալու ամօթը։ Տունին ծառաները հարցաքննուեցան մէկիկ մէկիկ առանց լոյս մը սփռելու։ Դիազննութիւն, հարցաքննութիւններ, բոլորն ալ եղան քօղի տակ։ Տարածուած եւ պաշտօնապէս ընդունուած լուրը այն եղաւ, որ Օննիկը, արբեցութեան վիճակի մը մէջ սայթաքած եւ վար ինկած է երրորդ յարկէ մը եւ ջախջախուած բակին սալաքարերուն վրայ...

Հաւատալի չէր։ Նախ ինքնին անհեթեթ էր իսլամական խստակրօն տունի մը մէջ ալքոլին գոյութիւնը, ինչ որ կը հերքէր որ Օննիկը տեղւոյն վրայ գինովցած ըլլայ։ Իսկ եթէ դուրսը խմեց, դարձեալ ընդունելի չէր որ այդ վիճակով ներկայացած ըլլայ գործատեղին եւ բարձրանայ մինչեւ երրորդ յարկը, որ հաճի Մուրատի կանանոցն էր, արդէն իսկ արգիլեալ այրերուն։

Որպէս թերթերու թղթակից մեծ դժուարութեամբ յաջողեցայ ունկնդրութիւն մը ձեռք բերել դատաւոր Վահան Փորթուկալեանէն, խնամով պատրաստուած հարցարան մը հետս։ Բայց ոչ միայն պատասխան չունեցայ հարցումներուս, այլ գրեթէ վռնտուեցայ իր քովէն։ Շատ խիստ շեշտով եւ խոժոռ դէմքով ըսաւ.
– Պարոն, պէտք է բաւարարուիք մամուլին տրուած հաղորդագրութեամբ։ Ուրիշ ըսելիք չունիմ...
Եւ այս խօսքերը ֆրանսերէն, առանց հայերէն բառ մը արտասանելու։ Արդեօք հայերէն չի՞ գիտեր, մտածեցի։ Շատ տարիներ ետք պիտի հաստատէի թէ Վահան Փորթուկալեան ոչ միայն հայերէն գիտէ, այլ ունի գեղեցիկ ոճ մը եւ մաքրամաքուր լեզու մը։ Բայց այն օրը ֆրանսական ցուցամատով սպառնալից՝ դուռը ցոյց կու տար ինծի։
Վահան Փորթուկալեանը երկար տարիներ պաշտօնի վրայ մնաց Հալէպ։ Բայց հայերու հետ չշփուեցաւ։ Քանի մը անգամ եկեղեցի տեսած եմ զինքը, բայց երբեք հայկական հաւաքոյթներու մէջ։ Տարիներ անցան, շատ տարիներ։ Փորթուկալեանը Հալէպէն մեկնեցաւ ֆրանսացիներուն հետ եւ այլեւս իր ձայնը չլսուեցաւ։ Անգամ մը միայն թերթի մը մէջ կարդացի թէ Ֆրանսայի մէջ ալ պատժական ատեանի մը նախագահն է, այն ալ, հռչակաւոր Աղա Խանին կնոջ, Պեկումի գոհարեղէններուն գողութեան առիթով։ Գողերը բռնուելով դատուեցան եւ դատապարտուեցան Վահան Փորթուկալեանի նախագահութեան տակ։
Պէյրութ եմ եւ կը հրատարակեմ «Նայիրի» շաբաթաթերթը։ Անակնկալօրէն նամակ մը կը ստանամ Փորթուկալեանէն, հրատարակութեան խնդրանքով։ Չեմ գիտեր պատմական ինչ հարցի մը մասին ճշդում մը կ՚ընէր։ Տեսայ թէ սահուն ոճ մը ունի եւ շատ մաքուր ձեռագիր մը։ Անմիջապէս թերթ ղրկեցի, զինք հրաւիրելով որ աշխատակցի թերթին, յարմար դատած նիւթերով։ Եւ Փորթուկալեան ատենը մէկ յօդուածներ կը ղրկէր, միշտ շահեկան բովանդակութեամբ։

Վաթսունական թուականներուն Մարսէյլ կը գտնուէի եւ փնտռտեցի Փորթուկալեանը։ Ըսուեցաւ թէ արդէն հանգստեան կոչուած, կնոջ մը հետ կ՚ապրէր Էքս-ան-Փրովանս։ Ես այդ վայրը Մարսէյլի մէկ արուարձանը կը կարծէի, բայց պարզուեցաւ որ ինքնաշարժով ժամ մը հեռու գտնուող քաղաք մըն է։ Արծրունի Ջրբաշեանն էր որ յանձն առաւ տանիլ։

– Ինչպէ՞ս է, հոս ալ հայութենէն խզուած կ՚ապրի՞, ինչպէս կ՚ընէր Հալէպ,– հարցուցի Արծրունիին։
– Ոչ, այստեղ կու գայ մեր հաւաքոյթներուն, անգամ մը նոյնիսկ հանդէսի մը նախագահութիւնը ստանձնեց։
Արդէն ծերացած մարդ մը գտայ, թէեւ ֆիզիքապէս եւ միտքով առոյգ։ Յիշեցուցի տարիներ առաջ Հալէպի մեր հանդիպումը եւ իր դաժան վերաբերումը։ Խնդաց եւ ըսաւ.
– Այնտեղ պաշտօնատուն մըն էր, այստեղ սեփական տունս է։ Ու յետոյ այն ժամանակ այդպէս պէտք էր։
– Գիտէ՞ք, Օննիկին մահուան շուրջ ձեր տուած հաղորդագրութեան մարդ չհաւատաց։ Ժողովուրդը կը կարծէր թէ եղածը պարզապէս ոճիր մըն է։
– Ժողովուրդը երբեմն ճիշդ կը դատէ...

Զրոյցը ո՛ր կողմ ալ դարձուցի, կարելի չեղաւ հաստատական խօսք մը լսել իրմէ։ Միշտ կը խուսափէր եւ փոխաբերութիւններով կը պատասխանէր։ Քիչ մը նեղուած, կը պատրաստուէի ըսել իրեն թէ այդ խնդիրը, նոյնիսկ դատաւորի մը աչքով եւ օրէնքին առջեւ ժամանցումի ենթակայ է քսան տարի անցած ըլլալով, հետեւաբար անտեղի էր զգուշաւորութիւնը, երբ դրան զանգակը հնչեց։ Հակառակ ասպարէզէն քաշուած ըլլալուն, պարզուեցաւ որ շատեր կու գան իրմէ խորհուրդ հարցնելու, նոյնիսկ փաստաբաններ, այնքան որ մեծ էր Փորթուկալեանի իրաւագիտական վարկը։ Նման մէկն էր այցելուն, որուն հետ ժամադրուած էին։ Անոր հետ գրասենեակ մեկուսացան մեզմէ ներողութիւն խնդրելով։

Այդ այցելուն իմ բախտս էր։ Հազիւ անոնք փակուեցան, տիկին Փորթուկալեան ըսաւ.
– Վահանին մօտ գաղտնապահութիւնը միայն փրոֆէսիօնէլ չէ, այլ օրկանիք հիւանդութիւն մըն է, որ կու գայ հինէն, պատանեկան տարիներէն։ Հայրը յեղափոխական գործիչ մը եղած ըլլալուն, կանուխէն ներարկած է իրեն գաղտնապահութեան բարդոյթը։ Իրաւունք չունէր ձեզ մերժելու քսան տարի առաջ օտար երկրի մը մէջ պատահած ոճիրի մը մասին։ Բարեբախտաբար ես իրմէ աւելի գիտեմ եւ փաստաբանական երդումով արգիլուած չեմ գիտցածս պատմելու։ Ահա ճշմարտութիւնը, քանի որ գիտնալ կ՚ուզէք։ Իմացած եմ բժշկապետ տոքթ. Շըվալիէի բերնէն եւ Վահանէն աւելին գիտեմ, մտերիմը ըլլալով Սուպհիէ հանըմին։ Նոյնիսկ ոճիրէն առաջ ես գիտէի թէ խիստ վտանգաւոր գործի մը մէջ է Օննիկ, բայց թիփը չճանչնալուս չէի կրնար միջամտել։


Շար . 72

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝