Յայտարարութիւն

Wednesday, October 21, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 73 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Եւ տիկին Փորթուկալեան պատմեց ամբողջ կէս ժամ, ատենը մէկ գողունի նայուածք մը նետելով գրասենեակին ուղղութեամբ։
– «Օննիկին գինովութեան պատմութիւնը միայն կէս սուտ մըն է։ Երբ մարմինը փոխադրուեցաւ Շըվալիէի հիւանդանոցը, վերէն վար օղի կը հոտէր, բացի ստացած դաշոյնի հարուածներուն հետքերէն։ Որոշ էր, թէ սպաննուելէ ետք շիշ մը օղի թափած էին բերնին վրայ, ձախաւեր մտածումով մը, ինչ որ կը փաստէ թէ կոպիտ եւ անբան մարդ մը կամ մարդեր էին ոճիրին հեղինակները։ Վստահ եմ, հաճի Մուրատ ինքն ալ գոհ չմնաց այս օղիի պատմութենէն, բայց անգամ մը եղած էր։

«Սուպհիէ հանըմը, հաճի Մուրատի առաջին կինը, պոլսեցի թրքուհի մըն էր, շատ զարգացած եւ մարդամօտ։ Ընկերուհիներ էինք եւ յաճախ կ՚այցելէի իրեն։ Ինքն ալ մեզի կու գար Վահանին բացակայութեան։ Կրնամ ըսել որ գաղտնիք չունէինք իրարմէ։ Հաճի Մուրատ, թէեւ անզաւակ, երեք կին ունէր։ Սուպհիէ հանըմէն ետք երկրորդ կինը, նոյնպէս թրքուհի, Կիւլտէր կը կոչուէր։ Երրորդը, Սիհամ, Դամասկոսէն արաբ վաճառականի մը աղջիկն էր։ Օննիկին եւ Կիւլտէրին միջեւ սիրային կապ մը ստեղծուեցաւ։ Ըստ Սուպհիէ հանըմին, նախաձեռնողը Կիւլտէրն էր, թէեւ բռնկումը երկուստեք։ Սուպհիէ հանըմ նախ գայթակղեցաւ, խոհեմութեան խրատներ շռայլեց երկուքին ալ, բայց անօգուտ։ Ի վերջոյ ստիպուեցաւ բռնել համակերպող չէզոքի դիրք մը, որ կրնար մեղսակցութիւն համարուիլ։

«Հաճի Մուրատ սկսած էր անտեսել երկու թրքուհիները եւ տարուած էր միայն Սիհամով, ինչ որ թափ կու տար Օննիկի եւ Կիւլտէրի սիրերգութեան, որ կ՚աճէր օրէ օր, երբեմն անխոհեմութեան հասնելու աստիճան։ Կը պատահէր, որ Սուպհիէ հանըմ եւ Կիւլտէր միասին պտոյտի ելլէին կառքով դէպի Սէպիլ կամ Ներապի ագարակը եւ Սուպհիէ հանըմ ակամայ հովանաւորողն էր անոնց մարմնական մտերմութեան։ Ներապի ընդարձակ ագարակը մանաւանդ, իր գաղտնապահ թաւուտներով անոնց սիրոյ հանգստարանը հանդիսացաւ։ Սուպհիէ հանըմին ներկայութիւնը ամէն կասկած կը փարատէր եւ երկու սիրահարները այդ հովանիին տակ երջանիկ հովուերգութեան մէջ էին։ Եւ այնքան առաջ գնաց անոնց սահմանազանց մտերմութիւնը, որ Օննիկ համարձակի նոյնիսկ երբեմն կանանոց մտնել եւ այս կերպ Սիհամն ալ տեղակ մնաց անոնց գաղտնիքին։ Ծառաներէն ալ ծածուկ չմնաց այդ սիրերգութիւնը, բայց ամբողջ տարի մը անցաւ առանց որ մէկն ու մէկը մատնութիւն ընէ։ Օննիկը սիրուած էր բոլորէն եւ հաճի Մուրատի դաժան խստութիւնները համակրանք չէին ստեղծեր իրեն հանդէպ։
«Իմ կարծիքովս, – ըսաւ ինծի Սուպհիէ հանըմ,– Սիհամը եղաւ հաճի Մուրատի ականջը հասցնողը, թերեւս նախանձէն, թերեւս տիրոջ աչքը մտնելու համար։ Իրողութիւնը այն է որ օր մը հաճի Մուրատը երեք կիներս ալ ագարակ ղրկեց պատուիրելով որ այնտեղ սպասենք մինչեւ իր գալը։ Օննիկին ալ հրահանգեց որ մեզ հասցնելէ ետք անմիջապէս վերադառնայ տուն։ Նոյն գիշերն էր որ պատահեցաւ ոճիրը»։
Տիկինը գրեթէ վերջացուցած էր պատմութիւնը, երբ Փորթուկալեան դուրս եկաւ գրասենեակէն, հիւրը ճամբեց եւ դարձաւ ինծի, հայերէն.
– Էհ, պարոն Շերլոք Հոլմս, Օննիկին գաղտնիքը լուծեցի՞ր։
Եւ ինձմէ պատասխան չառած, ըսաւ կնոջը ֆրանսերէնով.
– Եթէ այս պատմութիւնը Հալէպ ընէիր, քեզ ձերբակալել կու տայի։
– Բայց ինչէ՞ն գիտցաք որ տիկինը պատմեց մեզի,– հարցուցի ես,– ներսէն կը լսուէ՞ր։
– Լսելու պէտք չունէի,– ըսաւ Փորթուկալեան,– իր պատմածը դէմքիդ վրայ կը կարդամ։ Յայտնի է որ բանաստեղծ ես։ Զգացումներդ զսպել չես կրնար...

Զուր տեղը չէր որ անուանի դատաւոր մը եղած էր։

Էքս-ան-Փրովանսէն վերադարձի ճամբուս, միշտ տարաբախտ Օննիկն էր մտքիս մէջ, այնպէս կենդանի եւ իրական։ Ու կը մտածէի, կարելի՞ բան է որ անծանօթ մէկը, որուն դէմքն իսկ չես տեսած, այսպէս բռնակալօրէն իր ներկայութիւնը պարտադրէ քեզի։ Բայց այդպէս էր։ Ու մինչեւ այսօր, քառասուն տարիներ ետքն ալ, այդ անծանօթ Օննիկը անբաժան է յիշողութենէս։
Կրնամ ըսել Պոտլէրին պէս.– Այնքան յիշատակներ ունիմ, որպէս թէ հազար տարի ապրած ըլլամ...

Շար . 73
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝