Յայտարարութիւն

Thursday, October 22, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ - 74 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ԵՓՐԱՏԷՆ ՏԻԳՐԻՍ...

Պատմութիւնս Հալէպէն կը սկսի, բայց կ՚երթայ կ՚երթայ ու կը հասնի մինչեւ... Պաղտատ-Պասրա։

Նախակրթարանի երրորդ տարին, գրասեղանի ընկեր մը ունեցայ, Սահակը։ Կարճ տեւեց մեր ընկերութիւնը, որովհետեւ Սահակը տարւոյն կէսին թողուց դպրոցը եւ ա՛լ չտեսայ զինք եւ ոչ ալ լսեցի իր մասին։ Բայց այդ կարճատեւ շրջանն այնպիսի յիշատակ մը թողուց ինծի, որ երբեք չի մոռցուիր։ Փառաւոր ծեծ մը կերայ, որուն պատճառը ինք եղաւ անգիտակցաբար։ Ծեծ մը, որուն համար ո՛չ ծեծուողը յանցանքը ունէր, ո՛չ ծեծողը, եւ բուն պատասխանատուն Սահակն ալ չէր, այլ Սահակին ուրֆացի ըլլալը։

Աշխարհագրութեան դասին էր։ Պրն. Սիսեռեանը իր բարձր հասակով եւ անսահման թեւին շարժումներով քարտէսին վրայ ցոյց կու տար Եւրոպայի մայրաքաղաքները եւ մենք կը գրէինք.– Անգլիա՝ մայրաքաղաքը Լոնտոն, Ֆրանսա՝ մայրաքաղաքը Փարիզ, Գերմանիա՝ մայրաքաղաը Պերլին։ Մատիտիս ծայրը փթացած էր։ Տաշելիքս փնտռեցի։ Չկար։

– Սահակ, տաշելիքս տուր։
– Ես չառի։
– Հիմա առջեւս էր։ Հապա ո՞ւր գնաց եթէ դուն չառիր։
– Չեմ գիտեր, իմ քովս չէ։
– Ուրեմն սատանա՞ն տարաւ։

Եւ այսպէս երկուքիս միջեւ զրոյցը շարունակուեցաւ եւ փսփսուքով սկսած վէճը տեղ մը հասաւ, ուր անզգալաբար ձայները բարձրացան, ուսուցչին ուշադրութիւնը գրաւելու աստիճան։ Պրն. Սիսեռեան քարտէսը թողած, սաստեց մեր ուղղութեամբ.
– Այդտե՛ղ, դուք երկուքդ, ի՞նչ կ՚ըլլաք հոդ։
Սահակը անմիջապէս ոտքի ելաւ եւ բողոքեց.
– Պարոն, իմ վրաս շէռ քարեց...
Առհասարակ մեղմ եւ բարեհամբոյր պրն. Սիսեռեանին դէմքը փոխուեցաւ, զայրոյթի եւ զզուանքի արտայայտութեամբ մը խուժեց վրաս։ Կը յիշեմ։ Առաջին ապտակը սոսկալի էր։ Անկէ անդին թեւերով ծածկեցի դէմքս եւ մնացեալ հարուածները իջան գլխուս, թեւերուս.
– Դո՛ւրս, դուրս կորսուիր աղտո՛տ, խայտառակ, փողոցային...
Հարուածներու տարափէն մազապուրծ դուրս փախայ, բայց ետեւէս լսեցի Սահակին բարձրաձայն լացը։ Ցաւերուս մէջ կը զարմանայի թէ Սահակը ինչու կու լայ առանց ծեծ ուտելու...
Թիւրիմացութիւնը հարթուեցաւ զբօսանքի պահուն։ Ուսուցիչները խնդալով իրարու հետ կը խօսէին մեր մասին։ Պրն. Սիսեռեանը եկաւ, փաղաքշելով շոյեց գլուխս եւ ըսաւ.
– Հոգ չէ, մեծնաս կը մոռնաս...

Իսկ Սահակը յանցաւորի պէս կեցած էր անկիւն մը եւ չէր համարձակեր հետս խօսիլ։ Պրն. Սիսեռեանը զէյթունցի էր եւ գաղափար չունէր Ուրֆայի բարբառին մասին։ Ուսուցչական կազմին հայագէտը, պրն. Իւլիպէյեանը կը բացատրէր հանդիսաւոր կեցուածքով.
– Շէռ կը նշանակէ բամբասանք, զրպարտութիւն։ Շէռ կը քարէ ըսելով տղան պարզապէս ըսել ուզած է թէ կը զրպարտուի, իսկ ուսուցիչը տառացիօրէն «շէռ»ը, կարծած է թէ աղտոտ բան մը կատարուեցաւ դասարանին մէջ։
Քանի մը օր խօսակցութեան եւ կատակներու նիւթ դարձաւ Սահակին «շէռ»ը եւ մոռցուեցաւ, ինչպէս ես մոռցայ պրն. Սիսեռեանի ապտակը եւ մնացեալը։ Սահակին հետ հաշտուեցանք եւ կրնայինք լաւ ընկերներ դառնալ, բայց քանի մը ամիս ետք այլեւս դպրոց չեկաւ։

Շար . 74

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝