Յայտարարութիւն

Friday, October 23, 2009

-ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ -75- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Անցան տասնըհինգ տարիներ։ Սահակին գոյութիւնը անգամ մոռցած էի եւ «Նայիրի» ամսագիրը կը հրատարակէի Հալէպի տպարանիս մէջ, երբ օր մը արաբ մարդ մը եկաւ տպարան եւ յանձնեց նամակի մը հետ նուշով լեցուած խոշոր տուփ մը արմաւ։ Սահակէն էր, եւ կու գար Պաղտատէն։ Նամակը ուղղագրական սխալներով լեցուն, բայց լաւ շարադրուած էր։ «Գործս լաւ է, կը գրէր Սահակ, թերթերէն իմացայ որ Փարիզ անցեր ես Սէն գետը տեսնելու։ Եթէ հոս գաս, Եփրատը եւ Տիգրիսը միասին կը տեսնես։ Ամուսնացայ եւ պզտիկ տղայ մը ունիմ... Անդրանիկ անունով։ Ինծի «Նայիրի» ղրկէ վրայի հասցէով։ Այս արմաւն ալ քեզի հատուցում, պրն. Սիսեռեանէն կերած ծեծիդ համար»։ Իր նամակին մէջ ուղղագրական սխալները բնական գտայ, բայց «հատուցում» բառը քիչ մը յարգի բառ մը թուեցաւ երրորդ դասարանի կէսին դպրոցը լքած մէկուն համար։ Կ՚երեւի ինքնաշխատութեամբ հասունցած է մտածեցի։

«Նայիրի» սկսայ ղրկել Սահակին, Պասրայի մեր միակ բաժանորդը։ Պաղտատի մէջ շուրջ քառասուն բաժանորդ ունէինք եւ մեր գործակալը Լեւոնն էր, Լեւոն Քարմէն ստորագրութեամբ։ Դրամի փոխադրութեան վրայ արգելք ըլլալուն, Լեւոնը բաժնեգիները կը գանձէր եւ քովը կը պահէր, հաշիւները ղրկելով։ Չորս տարուան բաժնեգին հաւաքուած էր Լեւոնին քով, շուրջ 300 անգլիական ոսկի, որուն կէսը կը բաւէր Պաղտատ երթեւեկութեան ծախքին։ Որով, Հալէպէն Պէյրութ փոխադրուելու միջոցին ուզեցի երթալ տեսնել Պաղտատը, ուր եռուն ազգային կեանք կար եւ շաբաթաթերթ մըն ալ ունէին, «Գոյամարտ»ը։

Առաջին այցելութիւնս եղաւ Պաղտատ։ Անկէ վերջ քանի մը անգամներ ես գացի, հրաւէրով կամ կուսակցական գործով, բայց այդ քաղաքէն կրած տպաւորութիւններս դրոշմուած կը մնան եւ կը խտանան երեք բառերու մէջ։
Պաղտատի ջուրը, ձուկը, շուները։

Հայաստանի ձիւնապատ լեռներէն ծնունդ առնող յորդահոս ջուրերու ամեհի զանգուած մը, դաշտային վայրեր հասնելով երկու թեւի կը բաժնուի.– Եփրատ եւ Տիգրիս, որոնց ընդգրկած տարածութիւնը կը կոչուի Միջագետք, այսինքն երկու գետերու մէջտեղը։ Ասոնք կը նմանին նոյն մօրմէն ծնած երկուորեակներու, անոնցմէ մէկը օժտուած է բնատուր ուշիմութեամբ եւ ազնուութեամբ, իսկ միւսը պարզապէս ապուշ մըն է։ Մինչ Տիգրիսը բարիքներու շնորհաբաշխ աղբիւրն է, Եփրատը կը մնայ ժլատ եւ ապաշնորհ կծծին։ Տիգրիսի ափերուն ստեղծուած են մեծ քաղաքակրթութիւններ, հինաւուրց Բաբելոնը, մինչեւ Հարուն էլ Ռաշիտի հազար եւ մէկ գիշերները, անդին, Եփրատի վրայ, հազիւ քաղաք կոչուելու արժանի թշուառ աւան մը կայ, Տէր Զօրը, որ պիտի անմահանայ միայն ու միայն հայկական ջարդերու խորհրդանիշը ըլլալուն համար...

Տիգրիսի ջուրը հանքային ամէնէն առողջարար ջուրերուն զօրութիւնը ունի եւ մարսողական յատկութիւններ, Եփրատը՝ անորակելի ջուր մը կը թաւալէ։ Ու եթէ անտեղեակ մէկը պիտի զարմանայ որ Պաղտատի պէս տաք (բայց շատ տաք) քաղաքի մը մէջ ճաշասեղանները ինչո՞ւ իւղոտ միսերու զանգուածներուն տակ կը կքին, պէտք է յիշէ որ պատճառը ջուրն է, Տիգրիսի բարենպաստ եւ դիւրամարս ջուրը։

Ապա եւ ձուկը։ Սկզբունքով՝ անուշ ջուրի ձուկը նուազ յարգի է եւ անհամ, աղի ջուրի ձուկէն։ Եփրատի ձուկը թեփի համ ունի։ Տիգրիսինները աշխարհի ամէնէն համեղ ձուկերն են, հաշուի մէջ առնելով նաեւ Հայաստանի հռչակաւոր Իշխանաձուկը։ Պաղտատի մէջ ձուկը տապակ չի ճանչնար։ Վերէն վար ճեղքուած եւ բացուած, ճիպոտներով կանգուն պահուած, թէժ կրակին դէմ մեղմ կը խորովին եւ ճաշակողը կ՚առաջնորդեն դէպի դրախտ...

Գալով շուներուն, Քիւրտիստանի շուն կը կոչուին եւ հորթուկներու ծաւալը ունին։ Ուշիմ եւ հաւատարիմ կենդանիներ, տեսքով վախազդու, բայց շատ մարդամօտ։

Առաջին գիշերը որ կը ճաշէինք Գրիգոր Պագգալեանենց պարտէզին մէջ, այդ զահանդական շուներէն մէկը կար, հանգիստ պառկած արմաւենիի մը բունին տակ։ Երբ հիացումս կը յայտնէի կենդանիին քաղաքավար եւ կիրթ կեցուածքին համար, որ հակառակ խորովածներու բարկ բոյրին սեղանին չէր մօտենար եւ հանդարտ կը սպասէր որ իր բաժինը տրուի, տանուտէրը ըսաւ.
– Այնքան խելօք մի՛ կարծեր։ Օր մը կատու մը կլափեց եւ գլխու մէկ ցնցումով վեր նետեց մինչեւ... արմաւենիին գագաթը, ուր եւ մնաց սատկած խեղճ կատուն...
Կասկած չունեցայ եւ պատճառ չկար չհաւատալու ինծի պատմուածին, բայց շատ պիտի ուզէի աչքովս տեսած ըլլալ։ Թէեւ, դիտելով քիչ անդին պառկած կենդանին, իրմէ յուսալի էր նման մեծագործութիւն մը։
Բայց քրտական շուներու այս ցեղին մասին աւելորդ է պատմութիւններ լսել, քանի որ շաբաթ մը վերջ պիտի հաստատէի անոնց ուժը... մորթիս վրայ։

Պաղտատի պանդոկիս մէջ ամէն յաճախորդ երկու անկողին ունի։ Մէկը իր սենեակին մէջ, միւսը տանիքը։ Գիշերը, տաքէն, անկարելի է քնանալ սենեակին մէջ։ Տանիքը զով է, բայց կարճատեւ է այնտեղ քունը։ Ժամը չորսին արեւը կը ծագի եւ առաջին ճառագայթները մեղուներու ասեղներուն պէս կը կճեն։ Կէս գիշերին անկողին մտնողը ստիպուած է լուսաբացին վար փախչիլ։

Պանդոկը շուն մը ունէր որ Նմըր (վագր) կը կոչուէր։ Քիւրտիստանի հսկայ շուներուն ամէնէն հսկայականը։ Բաց թողուած դռներէն սենեակէ սենեակ կը շրջէր, լուռ ու թախծոտ։ Ծերացած շուն մըն էր։ Յաճախորդներէն կը լսուէր.
– Նմըրը որո՞ւն քովն է։
Պատասխանը կու գար ուրիշ սենեակէ մը.
– Նմըրը այստեղ քովս է։

Իմ սենեակս ալ կու գար։ Ու ես, ամէն օր պանդոկ դարձիս պիսքուի ձագարով պաղպաղակ կը բերէի իրեն։ Երջանիկ մռլտուք մը կ՚արձակէր եւ կլափի մէկ շարժումով կը լափէր, կարճուկ պոչը շարժելով։ Առտուն, երբ տանիքէն կ՚իջնէի սենեակի մահճակալիս, կը տեսնէի Նմըրը որ գլուխը բարձիս մօտեցուցած կը հոտուըտար։ Արդէն իր հասակը կը հաւասարէր երկաթեայ մահճակալիս բարձրութեան։

Պաղտատ չեկած կը կարծէի որ Պասրան մօտիկն է։ Զրոյցի մէջ սովորութիւն եղած էր, մեծ հեռաւորութիւն մը ճշդելու համար ըսել.– «Այնքան հեռու գնաց, մինչեւ Պաղտատ-Պասրա հասաւ»։ Բայց հոն երթալէ ետք պարզուեցաւ, որ Պասրան շատ հեռու է Պաղտատէն, երկրին միւս ծայրը։ Հոն երթալու տրամադրութիւնս նահանջեց, երբ ըսին թէ Պասրան Պաղտատէն շատ աւելի տաք կ՚ընէ, մինչեւ 40-50 աստիճան սանդիկրատ։ Բայց Սահակին ամէնօրեայ հեռախօսները եւ պնդումները ստիպեցին որ երթամ։

Ուրեմն, պանդոկին հաշիւը մաքրած, կազմ ու պատրաստ եմ կայարան երթալու։ Սանդուխին գլուխը, վեհապանծ սֆինքսի պէս թաթերուն վրայ պառկած է Նմըրը։
– Քեզի ալ ցտեսութիւն, Նմըր,– կ՚ըսեմ գլուխը շոյելով եւ... եւ... ախ մայրի՜կ...
Յանկարծ խռնչիւն մը արձակելով խածած է թեւս, դաստակէն վեր տեղէ մը։ Բարեբախտաբար Լեւոնը եւ բժ. Բաբգէն Փափազեանը հետս են։ Անմիջապէս կ՚իջնենք վարի դեղարանը։ Ժաքէթիս եւ շապիկիս թեւի վրայէն Նմըրին շնատամները մխրճուած են միսին, եւ սիսեռի մեծութեամբ երեք ծակեր կան, որ կը սկսին արիւնիլ։ Դեղագործը արագ հականեխիչ մը կը քսէ, բազուկս կ՚առնէ վիրակապի մէջ եւ այդպէս կը հասնիմ կայարան։
– Պաղպաղակներուդ համար երախտագիտութիւն յայտնելու քրտական ձեւ մըն էր,– կ՚ըսէ Լեւոն հեգնանքով։
– Ոչ,– կ՚ըսէ Բաբգէն,– սիրոյ արտայայտութիւն մըն էր, եթէ իրաւէն խածնէր, թեւդ ետ չէր գար...
Ստիպուած եմ իրենց կատակներուն կատակով պատասխանել, իբրեւ թէ կարեւորութիւն տուած չունիմ, բայց կը զգամ թէ ցաւը կը շատնայ...


Շար . 75
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝