Յայտարարութիւն

Friday, October 23, 2009

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԸ- 76 - ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Այդպէս վիրակապուած թեւով կը հասնիմ Պասրա, ուր «ընդունելութիւն» մը սարքուած էր Սահակին գլխաւորութեամբ։ Քառասուն-յիսուն հոգի մը կայ կայարանը։ Ծաղկեփունջ ալ կայ։ Մինչեւ որ հասնինք Սահակենց բնակարանը, դիմաւորողները պակսած են եւ հիմա ութը տասը հոգի ենք հիւրասրահին մէջ։
– Ինչո՞ւ կապուած է թեւդ, ընկեր Անդրանիկ,– կը հարցնէ մէկը։

Ու ես պատկերաւոր ձեւով կը սկսիմ պատմել Նմըրին արարքը, սուրճին եւ անգլիական սիկարէթներուն մէջտեղ։
Յանկարծ լռութիւն մը կը տիրէ սենեակին մէջ։ Մտահոգ դէմքերով իրար կը դիտեն եւ անձկալի մթնոլորտ մը կը ստեղծուի։ Մէկը անմիջապէս կ՚ելլէ դուռը կը փակէ որպէսզի մարդ չլսէ։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Ահա թէ ինչ.
Օրէնք մը կայ Պասրայի մէջ, խստօրէն կիրարկուած օրէնք մը, ըստ որուն շունէ խածուած մէկը անմիջապէս կը մեկուսացուի Քարանթինայի մէջ, մինչեւ որ ճշդուի թէ շունը կատղա՞ծ էր թէ ոչ։ Եւ Քարանթինայի շրջանը... 40 օր է։ Ներկաներուն մէջ երկու բժիշկներ կան եւ անոնցմէ մէկը յայտնապէս Քարանթինայի բժիշկ է։ Նոյն բժիշկը աճապարանքով մեկնած է արդէն եւ քիչ վերջ կը վերադառնայ սոսկալի մեծութեամբ գրեխով մը, որ պիսիքլէթի փօմփի մը մեծութիւնը ունի։ Նախազգուշութեան համար այդ «ասեղով» պէտք է ներարկուիմ երեք օր, այն ալ... յետոյքէն։ Մարդիկ գործի անցած են։ Ճար չկայ։ Ստիպուած եմ տաբատս քակել...
Անհրաժեշտ այդ գործողութիւնը կատարելէ ետք, բժիշկը կ՚ըսէ.
– Հիմա պէտք է հեռագրել Պաղտատ, գիտնալու համար թէ ինչ վիճակի մէջ է շունը։ Եթէ կատաղութիւն ունէր, մինչեւ հիմա յայտնուած պէտք է ըլլայ։ Այդ պարագային ներարկումները պիտի կատարենք հինգ օր։ Իսկ եթէ շունը հանգիստ է, պէտք չկայ շարունակելու։

Տեղւոյն վրայ ստիպողական հեռագիր մը կը խմբագրուի Բաբգէնին ուղղուած, շտապ պատասխան պահանջելով.– «Ինչպէ՞ս է Նմըրին որպիսութիւնը»։ Բժիշկ է, կը հասկնայ։ Մինչեւ իրիկուն պէտք է պատասխանը գար։ Չեկաւ։ Առտուն ալ հեռագիր չկայ։ Իսկ ներարկումը ընող բժիշկը եկած է իր պայուսակով, որուն մէջ սոսկալի գրեխը։ Արդէն նստուկս կը ցաւի առաջին ներարկումէն, ահա երկրորդը, դե՜ռ երրորդը...

Բարեբախտաբար վերջին վայրկեանին յապաղած հեռագիրը հասաւ եւ փրկուեցայ.– «Նմըրը ողջ առողջ է եւ կը բարեւէ»։ Յապաղումին պատճա՞ռը։ Այդ երկու չարագործները, Լեւոն եւ Բաբգէն, հասկնալով թէ բանը ինչումն է, մասնաւոր կ՚ուշացնեն հեռագիրը, որպէսզի, Լեւոնին խօսքով՝ «Փասթէօրի գիւտին համը առնեմ...»։

*
* *

Այս առիթով Պասրայի տեղացիներէն իմացայ ահաւոր պատմութիւն մը, որ կարելի չէ լսել առանց փշաքաղուելու։
Առաջին պատերազմի վերջաւորութեան, Պասրա ինկած վանեցի գաղթականներու մէջ կատաղութեան համաճարակ մը ծայր կու տայ։ Անգլիական բանակը կատաղութեան դէմ համապատասխան շիճուկէն զուրկ ըլլալով, ամբողջ խումբը, շուրջ յիսուն հոգի, շղթայակապ կը փոխադրէ Հնդկաց ովկիանոսի կղզիներէն մէկը։ Այդ խումբէն վերապրող մըն էր որ պատմեց ինծի, երբ հարցուցի իրեն.
– Որքա՞ն մնացիր այդ կղզին։
– Երկու ամիս պահեցին մեզ զատ զատ եւ ամէն օր կը քննէին։
– Մեռնողներ եղա՞ն։
– Երբ մեզ տարին 47 հոգի էինք։ Միայն 14 հոգի վերադարձանք...

*
* *

Պասրայի մէջ հայկական դպրոց կար եւ եկեղեցի։ Եւ անշուշտ... կուսակցութիւն։ Բարեբախտաբար, մէկ հատ։ Սահակը կոմիտէի անդամ էր եւ դասախօսութիւն մըն ալ սարքած էին։ Յայտնի եղաւ, որ Սահակը գաղութի աչքառու անդամներէն է, քանի որ հաւաքոյթին ինք նախագահեց։ Ինծի յատկացուած սենեակին առաստաղէն հովահար մը կը դառնայ անվերջ, բայց անախորժ, կպչուն խոնաւութիւն մը կայ տաքին հետ։

Աղուոր ընտանիք մը կազմած է Սահակ։ Կինը վանեցի է եւ շատ համակրելի։ Անդրանիկը վեց տարեկան է։ Պզտիկ քոյր մըն ալ ունի, Նուարդը։ Սահակ, խանութը գրեթէ լքած, մինչեւ իրիկուն հետս է։ Միասին գացինք Շաթ էլ Արապ։ Ասիկա անուն է Եփրատ-Տիգրիս միացեալ գետին։ Կրնայի ըսել ծովուն։ Գետաբերանը այնքան լայն է, որ մէկ ափէն միւսը հազիւ կ՚երեւի։

Ուրիշ տեսնելիք բան չկայ Պասրայի մէջ։ Երկու օրը անգամ շատ էր, եւ երրորդ օրն է որ հոն եմ եւ միայն վաղը պիտի կրնամ մեկնիլ։ Որոշած եմ օդանաւով դառնալ Պաղտատ եւ օդանաւին օրը վաղն է։
Ընկեր Յովհաննէս մը, որ Պասրայի ներկայանալի միակ պանդոկին վերակացուն է, Սահակին հետ տաք վիճաբանութենէ մը ետք, կ՚ըսէր ինծի.
– Ընկեր Անդրանիկ, վերջին օրդ ալ ինծի հիւր եղիր, քեզի Չրչիլի սենեակը կու տամ...
– Չրչիլը ի՞նչ գործ ունի Պասրա։
Կը բացատրէ.
– Թեհրանի ժողովէն դարձին, Չրչիլը երկու օր Պասրա մնաց եւ իր գալէն առաջ անգլիացի մասնագէտներ յաջողեցան զովացումի սիստեմ մը ստեղծել պանդոկին մէջ։ Հիմա աւելի կատարելագործուած են մեքենաները եւ պանդոկը գիշեր ցերեկ զով է։

Առաջարկը փորձիչ էր։ Ընդունեցի, ի մեծ դժգոհութիւն Սահակին։ Յովհաննէսին պանդոկը զովասուն ովասիսն էր կրակ անապատին մէջ։ «Չրչիլի սենեակը» ոչ մէկ մասնաւոր առաւելութիւն ունէր միւս սենեակներէն, եթէ չհաշուենք դրան փակցուած ճերմակ թիթեղի կտորը, որուն վրայ արաբերէն տառերով յիշատակութիւն մը կար.– «Այստեղ ապրեցաւ Ուինսթըն Չրչիլ երկու օր»։ Եւ թուական մը։

Սահակը պանդոկին մէջ իմ հիւրս է այլեւս։ Խանութը փակած է եւ քանի մը ընկերներով միասին ենք մինչեւ ուշ գիշեր։ Ինծի համար կարեւորը այն էր որ առտուն առանց քրտինքի արթնցայ։ Օդանաւին քով, ողջագուրուած ատեննիս ըսաւ.
– Անդրանիկը քեզ շատ սիրեց։ Մե՜ղք որ աւելի չմնացիր եւ վերջին օրն ալ դաւաճանեցիր։
– Սահակ, այս խօսքը գիտե՞ս ինչի կը նմանի։
– Ինչի՞...
– Պարզապէս... վրաս շէռ քարեցիր...


Շար. 76
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝