Յայտարարութիւն

Wednesday, October 14, 2009

Ոսկի կանոններ մեր զաւակներուն համար

· Տարեդարձի հրաւէրները պէտք է ղրկել առնուազն 2 շաբաթ առաջ եւ իւրաքանչիւր ծնողքի հետ կապուիլ` իմանալու համար, թէ իր զաւակը ներկայ պիտի գտնուի, թէ` ոչ:
· Հրաւէրին վրայ ճշդել տարեդարձի սկսման եւ աւարտի ժամերը: Տարեդարձը 4 ժամէն աւելի պէտք չէ տեւէ:
· Խաղերը քառորդ ժամէն աւելի պէտք չէ տեւեն, քանի որ երեխաները շուտ կը ձանձրանան:
· Եթէ երեխաները դուրս պիտի հանէք, շարժապատկերի սրահ, հանրային պարտէզ, եւայլն, պէտք է մէկ չափահաս նախատեսել իւրաքանչիւր 3 երեխայի համար:
· Խուսափեցէք երեխաներուն Տի.Վի.Տի. մը դնելէ, որպէսզի դիտեն. Նախ` սովորական է, երկրորդ` տունն ալ կրնան Տի.Վի.Տի. դիտել:

Հրաւէրներ
· Տարեդարձի հրաւէրները կարելի է գրել ուռած փուչիկներու վրայ, աւելի օդը պարպել եւ փուչիկը տեղաւորել պահարանի մէջ: Թելադրելի է փուչիկները ուռեցնել յատուկ գործիքներով:
· Կարելի է նաեւ խնդրոյ առարկայ երեխային մէկ լուսանկարը սեւով ճերմակ լուսապատճէները հանել, ապա գունաւոր ներկով գունաւորել, մէկուն գլխարկ, միւսին ակնոց, երրորդին փողկապ աւելցնելով` զուարճալի հրաւէրներ պատրաստել:

Յարդարանք
· Կարելի է սեղանի միագոյն, նախընտրաբար ճերմակ ծածկոց մը նախատեսել, որուն վրայ տարեդարձի ժամանած երեխաները գծագրութիւններ ընեն կամ իրենց անունները ստորագրեն, ապա այդ սփռոցը իբրեւ յիշատակ երեխային սենեակը ժամանակաւոր իբրեւ վարագոյր կամ մահճակալի ծածկոց գործածել:
· Երեխաները նաեւ»կը սիրեն վախնալ»... Այսպէս` լոյսի եւ մութի խաղեր ըրէք` տեղ-տեղ դիմակներ եւ խորհրդաւոր իրեր կախելով եւ խորհրդաւոր երաժշտութիւն մը դնելով:

Անսովոր պատրաստութիւններ
· Մարշմելոյի վզնոցներ պատրաստեցէք եւ մուտքին իւրաքանչիւր երեխայի վիզէն հատ մը անցուցէք:
· «Ոզնի»ներ պատրաստեցէք, կրիֆոնները ֆոյլ թուղթով փաթթեցէք, ապա ատամնակրկիտներու վրայ խորանաձեւ կտրտուած պանիր, վարունկ, գնդիկ –լոլիկ անցուցէք եւ հաստատեցէք կրիֆոնին վրայ:
· Կրնաք օգտագործել նաեւ` ոլորուած ու կտրտուած խոզապուխտը, ստեպղինը, ձիթապտուղը, նաեւ` խորանարդաձեւ կտրտուած պտուղներ:

Խաղեր
· Կապկումի խաղ: Երեխան կ'ընտրէ անասուն մը եւ շարժուձեւերով եւ ձայնով կը ջանայ կապկել տուեալ անասունը: Առաջին ճիշդ պատասխանողը իր կարգին կ'ընտրէ այլ անասուն մը եւ խաղը կը շարունակուի:
· Նայլընէ, ոչ թափանցիկ տոպրակի մը մէջ զանազան իրեր լեցնել /պզտիկ ինքնաշարժ, ծամակալ, օղ, ռետին, շաքար.../ եւ տոպրակը ձեռքէ-ձեռք անցընել, որպէսզի երեխաները շօշափեն եւ ամէն անգամ, որ անոնցմէ մէկը իմանայ իրեն ինչ ըլլալը, կը տիրանայ անոր....Այնպէս մը ընել, որ բոլոր երեխաներն ալ անպայման բան մը ստանան:
· Երեխաներուն թիւով թի-շերթներ գնել, անոնց տրամադրութեան տակ դնել ժապաւէն, հլուն, գունաւոր մատիտ, խէժ...Պահանջել, որ իւրաքանչիւրը իր թի-շըրթը զարդարէ:
· Ապա իւչաքանչիւր երեխայ թող հագնի իր պատրաստածը եւ տողանցէ: 3 հոգինոց «դատակազմ» մը թող ընտրէ լաւագոյն երեքը:


Մարզանք
Յոգնած սրունքները հանգստացնելու համար
Ա.Մարզանք
Կռնակին վրայ պառկած` սրունքները բարձրացուցէք եւ օդին մէջ ձեւացուցէք, որ հեծիկ կը քշէք:

Բ. Մարզանք
Կռնակին վրայ պառկած` սրունքները բարձրացուցէք եւ իրարմէ հեռացուցէք, ապա ոտքերուն բաժինը միայն դարձուցէք նախ դէպի ներս, ապա` դէպի դուրս:

Գ.Մարզանք
Գրասենեակը նստած` կօշիկները հանեցէք, ձեր ոտքին տակ թենիսի գնդակ մը զետեղեցէք ու զայն ետ առաջ տարէք բերէք:
Իւրաքանչիւր շարժում կատարեցէք առնուազն 1 վայրկեան:
Յանձնարարելի է, որ այս մարզանքը կատարէք գործէն վերադարձին, երեկոյեան, գաղջ լոգանքէ մը ետք:



Պատրաստեց՝
Տալիդա Գալըպճեան
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝