Յայտարարութիւն

Saturday, November 21, 2009

Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները -1- Ռուբէն

Սիրելի Ընթերցող,

Այսօր ,21 Նոյեմբերին, կը սկսինք հրապարակել Ռուբէնի Յուշերը:Ինչպէս նախօրօք յայտնած էինք, այս գրքի հրապարակման առաջին շարժառիթը հայ երիտասարդը քաջալերելն է կարդալու վէպի նման և անոր չափ հետաքրքրական , իրական կեանքէ առնուած ,ինչպէս նաև պատմական արժէք ներկայացնող երկ մը:Մեր խնդրանքն է , որ իւրաքանչիւր ընթերցող խորհուրդ տայ իր ընկերներուն, բարեկամներուն , յատկապէս մեր երիտասարդներուն , հետևելու այս թերթօնին , վայելելու անոր բովանդակութիւնը , ծանօթանալու մեր ազգային ազատագրական պայքարին առնչուող դէպքերուն և դէմքերուն: Ռուբէնի և անոր Յուշերուն մասին պիտի ընթերցողին բացատրութիւն տրուի յաջորդ հրապրակումներու ընթացքին:

«Նշանակ»
.«.«.«.«.«.«.«.«...«.«.«.«.«.«.«.«.«..«.««.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«
Գլուխ Ա.

Կարսի մէջ` ուխտեալներու հետ
Հարսանիք- հաւաքոյթները. Սէրգէյը
Կարսի կազմակերպական ձեւերը
Հողային հարցը, եկեղեցական կալուածները,
հոգեբանական մթնոլորտը
քաղաքի կազմակերպութիւնը
կեդրոնական կոմիտէն
գործիչը, զինուորը եւ երկիր գացողը
Լեւոն քալանթարեան, Ռուս-Գէորգ, Համօ Ջանփոլատեան
Նահատակութեան հիւանդութիւնը



1903-ի վերջերն էր, երբ ինձ հրահանգեցին Թիֆլիսէն գնալ Կարս: Առաջին անգամն էր, որ յեղափոխական հրահանգ կը ստանայի: Մեծ պատիւ համարելով այդ` նոյն երեկոյ ճամբայ ինկայ` ինքզինքս այնտեղի կեդրոնական կոմիտէի տրամադրութեան տակ դնելու համար: Ինծի համար այդ մարմինը ծայր աստիճան խորհրդաւոր էր: Զայն տեսնելը եւ անոր հրահանգով գործելը կը թուէր աւելի մեծ պատիւ եւ պատկառանք, քան թէ սպայութեան եւ զինուորութեան ժամանակ իմ հրամանատարներուն ենթարկուիլը:

Տարօրինակ վախով եւ ակնածանքով հասայ Կարս: Այնտեղ ներկայացայ Յակոբ Չիլինգիրեանին: Անոր տուի Կեդր. Կոմիտէի հասցէին ուղղուած բաց նամակը, որուն մէջ գրուած էր միայն` «Գալիս է նամակաբերս: Յանձնարարում ենք նրան օգտագործել եւ վարժեցնել: Համբ. Մհերեան»:

Եւ իրօք, Կարսի նահանգը վայր մըն էր, որուն յեղափոխական հնոցին մէջ նորելուկ Դաշնակցականնները կարող էին եփուիլ եւ դուրս գալ թրծուած եւ յղկուած, կամ չդիմանալով այդ տեղի ծայր աստիճան գաղափարական եւ սպարտական կեանքին` լքել յեղափոխական ասպարէզը:

Յակոբը այդ քանի մը բառերէն հասկցաւ, որ պէտք չէր իսկոյն ամէն ինչ յայտնել կամ ցոյց տալ այս անփորձ երիտասարդին: Ան բաւականացաւ ըսելով.

-Կը յայտնեմ Կ.Կոմիտէին, որ կարգադրութիւն ընէ քեզ այստեղ օգտագործելու համար:
Կանչեց Մեծիկ անունով երիտասարդ մը, որ հասարակ հագուստ էր հագած, եւ ըսաւ որ զիս տեղաւորէ «տղաների մօտ»: Եւ Մեծիկը զիս տարաւ «տղաների մօտ»: Կարսի ձորին մէջ ինկած քարէ խարխլած տուն մըն էր, առանց կահ կարասիի: Հոն միայն վերարկուներ եւ պայուսակներ էին նստած: Անոնք ինծի չհարցուցին, թէ ո՞ր տեղէն եմ եկած եւ ի՞նչ նպատակով. Առանց զարմանալու, ինձ հետ կը վարուէին որպէս շատ վաղեմի ծանօթներ:

Մեր ետեւէն իսկ եկաւ Յակոբը եւ ըսաւ այդ մարդոց.
-Ընկերը եկել է մեզ հետ աշխատելու:

Անոնցմէ մէկը , սեւ ու փոքրիկ մօրուքով , ինձմէ քիչ մը աւելի մեծ, աչքերը քիչ մը ցաւոտ երիտասարդ մը` նայեց ինծի խիստ աչքերով:
-Լաւ կը լինի, որ այդ «գալստուկ»փողկապ մալստուկը» քակես եւ դէն շպրտես...Անդրանիկ , այնտեղ բաչկոն կայ, բեր...:

Անդրանիկը հնամաշ բաչկոն մը բերաւ եւ իմ նոր կարած ու փայփայած հագուստներս դէն շպրտեց: Ես անխօս հնազանդեցայ` ընդունելով որ գուցէ այդ անհրաժեշտ օրէնքներէն մէկն է:

Ցաւոտ աչքերով մարդը շատ խիստ կ'երեւնար, եւ կարծես ան էր մեծաւորը: Շատ դժուար էր մեծն ու պզտիկը տարբերել. Պէտք է կռահել , քան թէ հասկանալ: Կը խօսէին ծիծաղելի հարցերու եւ ոչ թէ գործերու մասին: Առակներ կը պատմէին եւ կողքերը բռնած` կը հռհռային: Բայց ես շուարած էի եւ ոչնչի չէի մասնակցեր:

Ահա ներս մտաւ մէկը, երկու ձեռներուն փուռի «չանախը» /պնակ մը մսով կերակուրի/, որուն բուրմունքը բերնիդ ջրերը կը վազցնէր: Բոլորը միասին, վա~հ, վա~հ կանչելով` շրջապատեցին չանախը եւ սկսան ուտել իրենց մատներով: Ես կը դժուարանայի հետեւիլ անոնց: Չանախը կիսուած էր արդէն, միսերը, զաւզաւաթները ջրով էին ծածկուած: Ցաւոտ աչքերով մարդը յօնքերուն տակով կը նայէր ինծի:»Դէ, կեր, է~... ի՞նչ հարսի պէս կը ծամես», ըսաւ ու աւելի կարմրցուց զիս:

Միայն Յակոբն էր, որ հայրաբար կը նայէր: Տեսնելով որ չեմ կարող չոքած կամ ծալապատիկ նստիլ, պայուսակը առաջ քաշեց եւ հրամցուց , որ նստիմ:

Ոչ ոքի անունը չէի գիտեր եւ կը վախնայի հարցնել, քանի որ ոչ ոք իմ անունս չէր հարցներ: Կարծես բոլորն ալ կը բաւականանային` «մեր տղաներից է» խօսքով: Միայն չէի գիտեր, թէ անոնք ալ ասոնց ծառանե՞րն էին, որ կատակներ կ'ընէին եւ ցաւոտ աչքերով մարդուն հետ կը գզուըտէին:

Դուրս ելանք քաղաք: Պատուիրեցին Մեծիկին, որ գիշերը զիս երեկոյթի տանի, եւ իրենք ցրուեցան:
Մեծիկին հետ գիշերը խուլ անկիւններով մտանք տուն մը , որ կարծես հարսնետուն էր: Փողոցի մէջ պահապաններու նման մարդիկ էին կանգնած, դուռը ցոյց կուտային: Կեղծ հարսնիք էր, բայց իրօք, ժողովատեղին էր, ուր հաւաքուած էին 200 է աւելի կիներ եւ այրեր: Նուագածուները իրենց սանթուռով, ճիանուռով, դափ ու զուռնայով նստած էին այնտեղ, բայց չէին նուագեր: Բոլորը ակնածանքով կը նայէին ցաւոտ աչքերով մարդուն:

Այդտեղ հասկցայ, որ ցաւոտ աչքերով մարդուն անունը Սերգէյ է եւ որ ան այդտեղ հաւաքուածներուն մէջ ամենէն սիրելին, ամենէն յարգուածն էր: Բայց այժմ ան ցերեկուան խոժոռ մարդը չէր. ընդհակառակն, ամէնուն հետ կը խօսէր, կը կատակէր եւ որուն որ խօսք մը ըսէր` ան կը հալուէր, կ'երջանկանար կարծես, որ կ'արժանանար անոր ուշադրութեան:

Սերգէյը սկսաւ ճառ մը տաճկահայ դատի մասին: Միտքերը այնքան էլ խորը չէին երեւար, կրկնուած խօսքեր էին: Բայց ան կը խօսէր այնպիսի շեշտով, այնպիսի ոգի կը դնէր իր կոշտ խօսքերուն մէջ, որ կը հմայէր բոլորն ալ: Ես ազդուեցայ իր խօսքերէն: Բայց երբ սկսաւ վիճաբանութիւնը եւ քիչ մը ժամանակ անցաւ, ես շատ մտքերուն հետ համաձայն չէի, սակայն չհամարձակեցայ հակաճառել:

Եղաւ վիճակախաղ, հանգանականութիւն: Յակոբը կը ղեկավարէր քանի մը տիկիններու հետ:
Ահա այդ ժամանակ էր, որ ինձ մօտեցաւ Սեգէյը եւ հարցուց, թէ ի՞նչ է կարծիքս իր արծարծած հարցերու մասին: Բացատրեցի իմ մտքերը, որ հակառակն էին իր ըսածին: Ան տարօրինակ եւ ոչ-յեղափոխական գտաւ իմ կարծիքը եւ իր ըսածը այնպիսի հաւատքով ու անկեղծութեամբ պաշտպանեց, որ չէի կրնար չյարգել թէկուզ սխալ համարէի իր մտքերը:

Չգիտեմ Սերգէյը ի՞նչ գտաւ իմ մէջ, բայց այդ օրուընէ բոլորովին տարբեր վերաբերմունք ունեցաւ ինձ հանդէպ: Մենք աւելի մտերմացանք իրարու հետ, եւ մեր մտերմութիւնը քանի գնաց` աւելի խորացաւ, մինչեւ անոր մահը:

Այդ ցաւոտ աչքերով եւ խոժոռ դէմքով մարդը Կարսի Սերգէյն էր, որ հետագային եղաւ Վանի Արամը, որուն թուրքերը փաշա տիտղոսը տուին: Ան յետոյ դարձաւ Երեւանի դիկտատոր Արամը, որ առանց տեսնելու Հայաստանի Հանրապետութեան անկումը, յաւիտենապէս բաժնուեցաւ այս աշխարհէն:

Սերգէյին վրայ նայելով` կը հասկնայի թէ ի՞նչ կը նշանակէ` «Հաւատք քո կեցուցէ զքեզ»: Կը հասկնայի, թէ որքան թոյլ եւ խախուտ է բանականութիւնը` հաւատքին առջեւ...

Շար. 1



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝