Յայտարարութիւն

Sunday, November 8, 2009

ՀԱՅ ԱՇՈՒՂՆԵՐ ԵՒ ԱՇՈՒՂԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ -1 -ՏԱԼԻՏԱ ԳԱԼԸՊՃԵԱՆ

ԵՐԿՈՒ ԱՆԳԱՄՈՎ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՆՔ ՏԱԼԻՏԱ ԳԱԼԸՊՃԵԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ ԱՅՍ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ: ՏԱԼԻՏԱ ՀԱՅ ԱՇՈՒՂՆԵՐՈՒ ԿՈՂՔԻՆ ՄԵԶԻ ԿԸ ԾԱՆՕԹԱՑՆԷ ՆԱԵՒ ՕՏԱՐ ԱՇՈՒՂՆԵՐ, ՈՐՈՆՑ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ Է ՈՐ ԱՌԻԹ ՉՈՒՆԵՆԱՅԻՆՔ ՄՕՏԷՆ ԾԱՆՕԹԱՆԱԼՈՒ ԵՒ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԱՅՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԳԻՏԵԼԻՔԸ ՈՐ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՎ ԿԸ ՀՐՄՑՈՒԻ ՄԵԶԻ: ԱՐՈՒԵՍՏՈՎ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԻՆՉՈՒ ՉԷ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՄԲ ԶԲԱՂՈՂ ՀԱՅ ԱՆՀԱՏԻՆ ՀԱՄԱՐ ՇԱՀԵԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸՆ Է ՏԱԼԻՏԱՅԻ ԱՅՍ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

«ՆՇԱՆԱԿ»


..«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«


Ինչ է Աշուղական երգը եւ ով է Աշուղը:

Աշուղական երգերը յօրինուած են ժողովուրդի տաղանդաւոր եւ մեծ մասով հազիւ գրաճանաչ ներկայացուցիչներու կողմէ: Աշուղներէն շատեր նոյնիսկ «Տաֆթարներ» չեն պահած, այսինքն իրենց երգերը յօրինուած են բերանացի կերպով:

Աշուղական երգը լիովին կը տարբերի ժողովրդական երգէն քանի մը յատկանիշներով.- Տաղաչափութեամբ, երաժշտութեամբ, կատարման ձեւով, բովանդակութեամբ եւ մանաւանդ իրենց անհատական դրոշմով:
Աշուղական երգը կը տարբերի նաեւ հին գուսանական երգերէն :Գուսանական երգերը կուգային հայ ակունքներէ,ժողովրդական երգերէ եւ կը կրէին ազգային երգի ու չափածոյ խօսքի յատկանիշները:

«Աշուղ» բառը արաբերէն «աշէք» բառն է, որ կը նշանակէ /սիրահար/: Այսպէս կը կոչուին աշուղական արուեստի բոլոր ներկայացուցիչները արեւելքի ` պարսիկ, թուրք, վրացի, թուրքմէն, ուզպէկ եւ այլ ժողովուրդներու մէջ:

Բանաստեղծական ու երաժշտական այս համադրեալ արուեստը ըստ շատ մը գիտնականներու, նախ կը կազմաւորուի արաբներու եւ պարսիկներու մօտ: Այդ արուեստը իր հիմնական գիծերով կ'անցնի արեւելքի դրացի այլ ժողովուրդներուն ՝ պահելով իր կարգ մը յատկանիշները, ինչպէս` տաղաչափութիւնը :Աշուղական բանաստեղծական տեսակները բոլոր ժողովուրդներուն քով կոչուած են նոյն ձեւով ինչպէս «մուխամազ», «տաստան», «Տուպէյթ», «Թաճնիս» եւայլն:

Աշուղական լեզուն եւս պարտադիր կերպով կը կրէ կարգ մը բառերու անպայման գործածութիւնը բոլոր վերոնշեալ լեզուներու պարագային:

Բոլոր աշուղներն ալ եղած են թափառաշրջիկ երգիչներ եւ իրենց երգերը կատարած են սազի եւ քամանչայի ընկերակցութեամբ: Աշուղական արուեստը շեշտակի կերպով ազգային դիմագիծ չէ ունեցած, ոմանք իրենց երգերը կատարած են քանի մը լեզուներով եւ աշուղական երգի մրցումներուն մասնակցած են տարբեր ազգերու պատկանող աշուղներ: Որքան ալ աշուղական, սակայն անհրաժեշտ է նշել, որ ան այս կամ այն ժողովուրդներդին քով կրցած է ապահովել որոշ ազգային դիմագիծ :

Աշուղական Արուեստի Ծագումը Եւ Նշանաւոր Կեդրոնները:

16-րդ դարու վերջաւորութեան, 1578-ին կը սկսի երկարատեւ, կործանարար պատերազմը Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ,որոնց թատերաբեմ կը հանդիսանայ Հայաստանը, յատկապէս անոր արեւելեան շրջանները: Շուրջ 200 եւ աւելի տարիներ տեւող այս պատերազմները քար ու քանդ ըրին Հայաստանի շէն քաղաքներն ու աւանները, խլեցին 100 հազարաւոր զոհեր եւ հետզհետէ նուազեցաւ հայ ազգաբնակչութեան թիւը հայրենի հողին վրայ. ծանօթ է Շահ Աբասի կատարած բռնի տեղահանութիւնը 1604 թուականին, երբ Արարատեան Դաշտի Շարուր- Նախիջեւանի հայութիւնը, մանաւանդ Շողաքաղաքի բնակչութիւնը, որ յայտնի էր իր մեծ վաճառականներով, արհեստներով, բռնի կերպով եւ հետիոտն քշուեցաւ Պարսկաստանի խորերը` հոն զարգացնելու համար տեղական երկրագործութիւնը, ահեստներն ու առեւտուրը: Յետագային Պարսկաստանի մէջ կը հիմնուի Նոր Ջուղան, որ կը դառնայ արհեստներու եւ մշակոյթի կարեւոր կեդրոն մը:

Քաղաքական պայմաններու բերումով հայերու արտագաղթը կը շարունակուի տարբեր ուղղութիւններով, Պարսկաստան բռնագաղթած հայերու մէկ մասը կ'անցնի Հնդկաստան ու բարգաւաճ գաղութներ կը կազմէ Հնդկաստանի մէջ / Մատրաս, Կալկաթա եւ Պոմպէյ/:

Հայաստանի հիւսիս արեւելեան շրջաններէն մեծ թիւով հայեր կը խուժեն Ատրպատականի խորերը եւ Վրաստանի մշակոյթի կարեւոր կեդրոնները կը դառնան Աստրախանն ու Թիֆլիսը: Հայերու գաղթը կը ծաւալի դէպի հիւսիս Ռուսաստանի հարաւային շրջանները, դէպի Նոր Նախիջեւան եւ Խրիմի թերակղզին:

Աշուղական արուեստի կեդրոնները եղան առաջին հերթին Պարսկաստանը, գլխաւորաբար Նոր Ջուղա, ապա Վրաստանը, գլխաւոր կեդրոն ունենալով Թիֆլիս քաղաքը: Հայ աշուղներ կը գտնենք նաեւ հիւսիսային Կովկասի տարբեր վայրերուն մէջ, աւելի ուշ հայ աշուղներ կը գտնենք Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին, գլխաւորաբար Պոլիս:

Նշանաւոր Աշուղներ:

Հայ աշուղներէն շատեր ստեղծագործեցին իրենց միջավայրի հայկական բարբառով, ինչպէս ջուղայեցին ջուղայի բարբառով եւայլն, սակայն աշուղներէն շատերը ստեղծագործեցին մէկէ աւելի լեզուներով, ինչպէս Սայաթ Նովա, որ մեզի փոխանցած է երեք լեզուներով գրուած իր երգերը,սակայն ոմանց համաձայն ան գրած է նաեւ արաբերէն, պարսկերէն եւ արեւմտեան թրքերէն: Օսմանեան կայսրութեան մէջ ստեղծագործող հայ աշուղներէն ոմանք գրած են միայն թրքերէն:

Նոր ջուղայի յայտնի աշուղներէն են Ղուլ Էգազը, Ղուլ Արզունի, Պաղել Օղլի,Ամիր Օղլի, Ապտին Օղլի Հայրապետ, Ղուլ Յովհաննէս, Յարթուն Օղլի, Սարգիս Շըրշկանցի:

Թիֆլիս նշանաւոր աշուղներէն եղած են Աշուղ Էօսդի, Սայաթ Նովա, Շամցի Մելքոն, Քիւչիւկ Նովա/Քիչիկ/ Պուտաւ Օղլան եւ ուրիշներ:

Արեւմտահայ աշուղներէն, որոնք թրքերէն ստեղծագործած են, լայն ժողովրդականութեան վայելած են Սէֆէր, Ճէրեան Օղլի, Օհան Օղլի եւ ուրիշներ, նաեւ հայերէն երգեր ունի Սիմոն Աղբարը, Պաշիր Պալեան Գարաճա Օղլանը, Պէյ Օղլին / Մարաշ/ Թուճարը, Ծատուրը Մուշէն, որոնցմէ շատերէն դժբախտաբար հայերէն երգ մեզի չէ հասած:

Աշուղական բանաստեղծութեան գլխաւոր նիւթերը:

Աշուղները նախ եւ առաջ ըլլալով բանաստեղծ մարդիկ իրենց ժամանակի անցուդարձերը եւ անհատական փորձառութիւնները, իրենց երգերուն նիւթ կը դարձնեն: Անոնք արհեստավարժ ու շրջուն երգիչներ ըլլալով, իրենց ապրուստը այդ գործէն հայթայթելով միշտ ալ փորձած են ժողովուրդին ճաշակին եւ կարիքին գոհացում տալ իրենց երգերով:
Աշուղական երգերը իրենց նիւթերով գլխաւորաբար չորս խումբերու կը բաժնուին.-
1- Սիրոյ հարսանեկան եւ խրախճանքի երգեր: Ասոնք բոլոր աշուղներուն կողմէ մշակուած երգեր են: Սիրոյ երգը երբեմն քնարական, բնաստեղծութեան գոհարներն են, եւ կը կրեն անհատական դրոշմ:
2- Աշուղներ շրջուն դաստիարակներ էին եւ բանախօսներ: Իրենք իրենց պարտականութիւն կը համարէին ժողովուրդը դաստիարակել բարոյական խրատներով եւ իրենց այդ երգերը կը կոչէին խրատներ: Ժամանակի ընթացքին կը փոխուին խրատներուն բնոյթը: 17-րդ դարուն եթէ տիրապետող էին քրիստոնէական եւ կրօնական խրատները, ապա աւելի ուշ անոնց բնոյթը կը փոխուի ստանալով աշխարհիկ երանգ:
Հայը արժանահաւատ
Թէ որ, տարին գէ թ մէկ հատ
Մայրեր ծնին ձեզ նման անհատ
Սերունդներ լուսաւորող, որպէս հրատ
Այն ժամ չի կորսուիր հայու հաւատ
Դէպի մեր լեզուն սուրբ ու մէկ հատ:

3- Աշուղներ երգած են իրենց ժամանակի պատմական մեծ իրադարձութիւնները: Բազմաթիւ աշուղական երգեր կան նուիրուած ու յատկապէս թուրք-Պարսկական պատերազմներուն, մասնաւորաբար Նադիր Շահի դէպի Հնդկասատան, դէպի Կովկաս եւ դէպի Օսմանեան կատարած արշաւանքներուն:Այս երգերը ունին վաւերագրական արժէք եւ յետոյ լաւագոյն կերպով կ'արտայայտուի հասարակ ժողովուրդի վիճակը պետական հարստահարութեան եւ տուրքերու հետեւանքով:
Բնութեան աղէտները, մասանաւորաբար երկրաշարժը աշուղներու գլխաւոր նիւթեր են եղած միշտ:

4- Երգիծական երգեր: Անոնց մէջ աշուղները ծաղր ու ծանակի կ'ենթարկեն հարստահարողները, կեղքիչները, աղքատներու եւ թշուառներու անունով դրամ եւ հարստութիւն հաւաքողներն ու իւրացնողները:


Պատրաստեց
Տալիտա Գալըպճեան
Շար. 1


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝