Յայտարարութիւն

Tuesday, November 10, 2009

Հայ Աշուղներ եւ Աշուղական Արուեստը - 2-Տալիտա Գալըպճեան

ՅՕԴՈՒԱԾԻ ԱՅՍ ԵՐԿՐՈՐԴ ԲԱԺՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱԼԻՏԱ ԳԱԼԸՊՃԵԱՆ ՄԵԶԻ ՀԱԿԻՐՃ ԲԱՅՑ ՇԱՀԵԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱՆ՝ ԿԵԱՆՔ ԵՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ:

«ՆՇԱՆԱԿ»




Սայաթ Նովա


Ամէն մարդ չի կանայ, խմի իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է,
Ամէն մարդ չի կանայ, իմ գիրն ուրիշ գրէն է,
Տունէաթս աւազ չիմանաս, քարափ չէ, քար ու կրէն է:


Իր աստուածատուր շնորհքին, ինքզինքը ժողովուրդին ծառայ նկատող Սայաթ Նովայի մօտ Երգերը,«Խաղերը», ինչպէս ժողովուրդը կ'ըսէ, ոչ միայն ժողովուրդը ուարախացնելու համար էին այլ նաև դաստիարակելու:Անոնք գրուած էին գեղեցիկի, արդարի, առաքինութեան եւ բարձր իտէալներու դաստիարակութիւն ջամբելու համար, բարձր իտէալներ հետապնդողներու միջոցաւ:

Սայաթ Նովան կտրեց անցաւ ժամանակի և տարածութեանց սահմանները, եւ դեռ շատ դարեր պիտի ապրի ան իր երգերով մեր ժողովուրդի շուրթին ՝իբրեւ ամէնէն սիրելի աշուղը բոլոր ժամանակներուն:

Սայաթ Նովան միջնադարեան հայ տաղերգութեան վերջին հայ բարձրագոյն գագաթն է, միջնադարեան քնարերգութեան մեծագոյն բանաստեղծը եւ երաժիշտը, որ իր հանճարով ժողովրդական աշուղական արուեստը հասցուց համաշխարհային բանաստեղծութեան բարձրագոյն աստիճանի: Քանի մը գործիքներու վրայ /Քամանչա- սազ, ջոնգուր, թառ/ գեռող ձայնով օժտուած երգիչ է ան, ստեղծագործող երաժիշտ, մեծ բանաստեղծ: Զինք մտիկ ըրած են ոչ միայն հայերը այլեւ Վրացիներն ու ազրպէյճանցիները ,թուրքերն ու պարսիկները : Գրեթէ հաւասար արուեստով ստեղծագործած է հայերէնով, ազրպէյճանի, թրքերէնով, վրացերէնով ու պարսկերէնով :

Անոր արուեստի հիմնական մեծութիւնը եղաւ այն, որ ան հայ եւ վրացական գրականութեան մէջ հիմը դրաւ ժողովրդական աշուղական նոր արուեստի մը, ուր վերածնած կը գտնենք հայոց հին գուսանական արուեստի յատկանիշները , թօթափած ՝16-րդ դարու սկսած աշուղական բանաստեղծական խորթ ձեւերէն ու բովանդակութենէն:

Սայաթ Նովան եղաւ կամուրջը հայ միջնադարեան երգի եւ հայ նոր բանաստեղծութեան միջեւ:

Սայաթ Նովային կեանքի եւ գործունէութեան մասին հիմնական աղբիւրները իր երգերն են: Անոնց մէջ հատ ու կտոր տեղեկութիւններ ու ակնարկներ կան իր ծնողքին, անոնց արհեստին, իր երիտասարդութեան, ընտանիքին եւ աշուղական արուեստին մասին: Իր որդին Օհանը կամ Յովհաննէսը, խնամքով պահած է հօրը տէֆթերը, իսկ վրացերէն երգերը ընդօրինակած է վրացական արքունիքի դիւանատունէն:

Մկրտութեան անունով Արութին կամ Յարութիւն, ծնած պէտք է ըլլայ 1712, 1717 եւ կամ 1722 թուականին Թիֆլիս, իր մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Թիֆլիսի մէջ եւ աշխատած է հօրը Մղտսի Կարապետի մօտ իբրեւ ջուլհակ: Կ'ըսուի որ 17 տարեկանին կտաւը հնելու նոր գործիք մը հնարած է ու մեծ հռչակ ձեռք բերած է իբրեւ արհեստաւոր:

Սայաթ Նովան մինչեւ 30 տարեկանը կը հմտանայ աշուղական արուեստին մէջ, կը յօրինէ «խաղեր», որոնց կը յարմարցնէ ծանօթ եղանակներ: Թէ ինչպէս յանկարծ Սայաթ Նովան կը նետուի աշուղական հրապարակ մեզի ծանօթ չէ: Աշուղ դառնալէ ետք կը պտտի Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներ ,կը հասնի Հնդկաստան, կ'ըլլայ Պարսկաստանի տարբեր քաղաքներուն մէջ, կը պտտի ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, որպէս ուխտաւոր կ'ըլլայ Մշոյ Ս. Կարապետի վանքը՝հետագային իր աշուղական մրցումներու կեդրոնը:Շրջան մը մնացած է Հալէպ:

Սայաթ Նովա աշուղական անունը շատերու բացատրութեամբ Պարսկերէն բառ է, որ կը նշանակէ որսորդ երգի կամ եղանակի:

Գիտենք որ արաբերէն այբուբենը սորված է հօրմէն մանկութեան շրջանին: Հալէպ ապրած միջոցին ուխտի գացած է Դամասկոսի մօտիկ Սեյտնայա վանքը, որուն կապուած աւանդոյթը շատ ծանօթ է եւ որ ան յաճախ կը վկայակոչէ իր երգերուն մէջ:

Վերջերս տարուած է այն վարկածը, որ իր անունը կուգայ այդ ուխտավայրի անունէն:

Սայաթ Նովայէն մեզի հասած են 230 խաղկան, յատկապէս Ազրպէյճանի մէջ երգած, երգերը գրի չեն առնուած եւ չեն մտած ժողովածուներու մէջ: Այս երգերէն 66 հատը հայերէն են, 36 հատը վրացերէն, 125ը թրքերէն, 5 հատը հայերէնով խառն թրքերէն, 7հատը կիսատ մնացած են: Ամէնէն հին թուագրեալ խաղը կը վերագրուի 1742 թուին, իսկ վերջինը 1759-ին:






Դուն Էն Գլխէն

Դուն էն գլխէն իմաստուն իս, խելքդ յիմարին պապ մի անի,
Էրազումըն տեսածի հետ միզի մէ հեսապ մի անի,
Եիս խոմէն էրած իմ, նուրմեկանց քեպապ մի անի,
Թէ վուր գիտեմ պեզարիլ իս, ուրիշին սապապ մի անի:

Չկայ քիս պէս հուքմի հէքիմ, դուն Ռոստոմի զալ թագաւոր,
Ազգդ ազգերումըն գոված համդ ունիս, կոզալ թագաւոր,
Թէ էսանց էլ աչ ունենամ գլուխս արա տալ, թագաւոր,
Մտիկ արա քու ստեղծողին նահախ տիղ ղազապ մի անի:

Եարալուն հէքիմն էնդուր կ'ուզէ դիղ տալու է, ցաւ տալու չէ,
Քանի կ'ուզէ արպապ ըլի` ղալըն աղին դաւ տալու չէ,
Դու քու սիրտըն իստակ պահէ, եադի խօսքն աւտալու չէ,
Աստծու սէրըն կանչողի պէս` դռնեմէդ ճուղապ մի անի:

Քանի կ'ուզէ քամին տանէ, ծովեմէն աւազ չի պակսի,
Թէկուզ ըլիմ, թէկուզ չըլիմ մէչլիսներուն սազ չի պակսի,
Թէ կու պակսիմ քեզ կու պակսիմ աշխարհիս մէ մազ չի պակսի,
Սայաթ Նովու գերեզմանըն հինդ, հապաշ արաբ մի անի:

ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱ

Պատրաստեց՝
Տալիտա Գալըպճեան

Շար. 2 Վերջ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝