Յայտարարութիւն

Monday, November 16, 2009

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԲԱԳԻՆԻՆ ԿԱՄԱՒՈՐ ԶՈՀԵՐ 2 Արցախի Հէրոսներու Հակիրճ Կենսագրութիւններ

ԳՐԻԳՈՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
/ՆՇԱՆ/
Ծնած է 1960-ին: Իր կեանքի տարիները անցուցած է մարտերու մէջ: Մասնակցած է Էրքէջի, Գիւլիստանի եւ Հադրութի կռիւներուն: Երկու երեխայ ունէր եւ երկու երազանք` ազատագրել Արցախն ու կեանքը նուիրել երեխաներուն:
Բայց բախտը չժպտաց անոր: Ինկաւ զինուորի պարտականութիւնը կատարելով:
1992 Յուլիսին Էջմիածնի ջոկատը կը մարտնչէր Հադրութի Ցոր գիւղի մերձակայքը: Մարտը կատաղի էր ու երկարատեւ: Երբ ջոկատը շրջապատումէն դուրս եկաւ եւ դիրքաւորուեցաւ մերձակայ բարձրունքին վրայ, ուղիղ խրամատին մէջ պայթեցաւ թշնամիին արկը: Զոհուեցաւ Գրիգորը իր ընկերոջ Մուրատ Յովհաննէսեանի հետ:

ԱՐԹՈՒՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ
/ԽԱՆԱԲԱԴԻ ԱՐԾԻՒԸ/

Ծնած է Արցախի Ասկերանի շրջանի Խանաբադ գիւղը, 1963-ին: Աւարտած է Ստեփանակերտի գիւղատնտեսական ուսումնարանը: Սկիզբէն ի վեր եղած է ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներէն մէկը, մարտիկն ու ոգին:
1992 Յուլիս 12-ին թշնամին լայնածաւալ յարձակումի սկսաւ: Նռան ձորի պահակակէտին ստանալով թշնամիին յարձակման ահազանգը, Արթուրը զօրանոցէն ջոկատով մեկնեցաւ դիրքերը: Թշնամին անակնկալ գալով նահանջեց: Սակայն վերջին վայրկեանին արկ մը պայթեցաւ Արթուրէն 2-3 մեթր հեռաւորութեան վրայ... Ինկաւ Խանաբադի Արծիւը:

ՄՈՒՐԱՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Մուրատ Իրաքահայ հայրենադարձի զաւակ էր: Ան կ'ուզէր զէնքը ձեռքին Արցախի մէջ մարտնչելու հնարաւորութիւն ստանալ: Հասաւ նպատակին: Ան նահատակուեցաւ 1992-ին Հարտրութի Ցող գիւղի մերձակայքը:

ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԱԼԻԽԱՆԵԱՆ

Ծնած է 1960-ին , Գիւմրի:
Արցախեան շարժումը շատ բան փոխեց Արտաւազդի էութեան մէջ: Ան մեկնեցաւ Արցախ` դառնալով «Նիզակ» ջոկատի հրամանատարը: Արխաւենդ գիւղը իր վերջին հանգրուաններ էր, ուրկէ ծնունդ պիտի առնէր անմահութիւնը: Կռուեցաւ հրամանատարի ու զինուորի յամառութեամբ: Ուխտած էր Արցախէն հեռանալ այն ժամանակ, երբ հեռացած կ'ըլլար վերջին թուրքը հայոց հնաւանդ հողէն:

ԳՈՒՐԳԷՆ ԱՒԱՆԻՍԵԱՆ

Ծնած է 1966-ին Մարտակերտի շրջանի ներքին հ
Հոռաթաղ գիւղը: 1992 Փետրուար 26-ին Մարտաղայի ճակատամարտին կը զոհուի, շշնջալով վերջին խօսքերը:
«Տղերք, նամարդ չլինէք, հողը չտաք»:

ԼԷՈՆԻԴ ԱԶԳԱԼԴԵԱՆ

Վերջին 4 տարիներուն կը ղեկավարէր Արցախի ինքնապաշտպանութեան ջոկատներէն ամենախիզախն ու ամենակարգապահը: Հանրապետութեան Ռատիոֆիզիկայի բարձրագոյն մասնագէտներէն մէկն էր եւ խաղաղ պայմաններու մէջ կրնար աւելին ընել, եթէ հայրենիքի համար այս ծանր օրերուն ինքնակամի չկոչուէր:
Ան իր մարդկային լաւագոյն յատկանիշները դրսեւորեց նաեւ կռուի դաշտին մէջ: Ինկաւ եւ իր արիւնով ազատագրեց ափ մը հող, զինակից ընկերներուն պատգամելով մնալ աներեր, նուիրուած` ազատ հայրենիքի կերտելու նուիրական գործին:

ԱՐԹՈՒՐ ՂԱՐԻԲԵԱՆ

Ծնած է 1967 Դեկտեմբեր 16-ին Ստեփանաւան քաղաքին մէջ:Երեք տարեկան հասակին ընտանիքին հետ կը փոխադրուին Երեւան: Աւարտած է թիւ 142 դպրոցը միաժամանակ յաճախելով Յակոբ Կոջոյեանի գեղանկարչական դպրոցը: Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական Ինստուտի կերպարուեստի բաժնին մէջ/քանդակ/:
Եղած է Հայաստանի Ազգային Անկախութեան Կուսակցութեան առաջին անդամներէն:
Առաջին օրերէն մասնակցած է բոլոր նշանաւոր ճակատամարտերուն, մարտնչած է Երասխավանի, Գետաշէնի, Շահումեանի, Բերդաձորի, Լիսագորի եւ Շուշիի մարտերուն զոհուած է 1992 նոյեմբեր 6-ին:

ՎԻԳԷՆ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Ծնած է 1942-ին , Արցախի Մարտակերտ շրջանի Չլտրեան գիւղը: Նախնական կրթութիւնը գիւղին միջնակարգ դպրոցէն ստանալէ ետք կը մեկնի Երեւան ու կ'աւարտէ Պոլիտեխնիկական ինստուտը: Շրջան մը Երեւանի մէջ աշխատելէ ետք կ'ընտրուի Հայաստանի գերագոյն Խորհուրդի անդամ:
Շիրինեան մասնակցած է Մարտակերտի ինքնապաշտպանական առաջին ջոկատներու կազմակերպման աշխատանքներուն:
Անդամ էր Հ.Յ. Դաշնակցութեան: Նահատակուած է 17 Յունուար 1992 –ին Ստեփանակերտի մէջ, հրթիռի մը հետեւանքով:

ԳԱՌՆԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Խաղաղասէր ու ծանրաբարոյ մարդ էր Գառնիկը: Իսկ երբ եկաւ զէնք վերցնելու ժամանակը` մղուեցաւ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու:
Շատ լաւ գիտէր Ատրպէյճաներէն ու գիշերները որոտալից ձայնով կը ծաղրէր անոնց: Գազանացած Ատրպէյճանցիները սովորաբար կը պատասխանէին հայհոյանքներով: Մեր նշանաւորները կը ճշտէին անոնց տեղը ու կը կրակէին:
1992 Հոկտ. 18-ին Սարգիւղի բարձրունքի վրայ ինկաւ Գառնիկը եւ յաւերժ մնաց իր ծննդավայրին մէջ:

ՄԱՅՈՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ծնած է 1950-ին, Շուշիի մէջ: Սկզբնական շրջանին կը գործէր «Արաբօ» ջոկատի կազմին մէջ: Ապա կ'անդամակցի Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ կը դառնայ «Նիկոլ Աղբալեան» ջոկատի մարտիկ:
Հարուստ կենսափորձ ու մարտական անցեալ ունենալու պատճառով հրամանատար նշանակուեցաւ: Հերոսական կռիւներ մղեց Մարտակերտի, Կրկժանի, Հատրութի, Գետաշէնի, Էրքէջի, Բուզլուխի եւ Մանաշիդի մէջ:
Զոհուեցաւ 1992 Փետրուար 23-ին «Կրատ»ի պայթումի հետեւանքով:

ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ծնած է 1974-ին Երեւանի մէջ:
1992-ին Արցախի եւ Հայստանի սահմաններու վիճակը ծանր էր: Հայրենիքի սահմանները վտանգուած տեսնելով Գրիգոր չէր կրնար անտարբեր մնալ: Խումբ մը ընկերներու հետ անցաւ Իջեւանի Սեւգար գիւղը` պաշտպանելու հայրենի սահմանը, ուրկէ անցաւ Արցախ` Մարտակերտ:
1992-ին ծանր մարտեր էին, ու ինչպէս միշտ` Գրիգորն առաջին շարքին էր: Դաժան գնդակը վիրաւորեց Գրիգորի գլուխը: Նահատակուեցաւ որպէս ազգի ու հայրենիքի զինուոր, նպատակ ունենալով հայրենիքի եւ հայութեան անվտանգութիւնը:

ՍԱՄՈՒԷԼ

Ծնած է 1960 –ին աւարտած է Բեչդի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցը: Զինուորական ծառայութենէն ետք աշխատած է Բիւրեղաւանի մէջ:
1988-ի պատերազմներուն մասնակցեցաւ խումբ մը քաջերու հետ, Անդրանիկ Ջուլհաճեանի գլխաւորութեամբ:
Սամուէլ մասնակցած է Պառուագարի, Մովսէսի, Չինարի, Այգեձորի եւ ներքին կարմիր Աղբիւրի կռիւներուն, այնտեղ ալ զոհուեցաւ Մարտ 1992-ին:

Պատրաստեց Տալիտա Գալըպճեան
Շար . 2


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝