Յայտարարութիւն

Tuesday, November 17, 2009

Կենցաղագիտութիւն 2

Արդուզարդի եւ մաքրութեան վերաբերեալ խնամքներ:

Առանց դրամի տարուելիք եւ կամ չնչին ծախսի միայն կարօտ կարգ մը անհրաժեշտ խնամքներ կան որոնցմէ գլխաւորներն են.-
Ամէն օր ածիլուիլ:
Գլխու մազերը յաճախ սափրել տալ որպէսզի յօնքերուն եւ ծոծրակին վրայ գտնուող մազերը տարապայման կերպով երկնցած չերեւնան:
Պարբերաբար կտրեցէք կամ կտրել տուէք ձեր ռնգունքին եւ ականջներուն մէջ բուսնող բարակ մազերը:
Մատով քիթը չխառնել, այլ միշտ թաշկինակով:
Երբ հազաք, փռնգտաք կամ յօրանջէք, ձեր ձեռքով ծածկեցէք ձեր բերանը:
Ջանալ միշտ մաքուր պահել շապիկին օձիքը եւ թեւնոցները, իսկ փողկապը՝ լաւ կապուած:
Կօշիկները միշտ ներկուած հագուիլ:
Եղունգներնիդ շատ մի երկարէք եւ, եթէ երկար են, ջանացէք որ անոնց ներքին կողմերը սեւցած չըլլան: Այրերուն համար «մանիքիւռ»ը բոլորովին աւելորդ է,սակայն կիներու պարագային՝անհրաժեշտ:

Ուտել եւ խմել:

Ճաշի միջոցին, աջ ձեռքով կերած ատեն, ձախ նախաբազուկը սեղանին վրայ չդնել: Իսկ եթէ պահ մը դադրած էք ուտելէ, արմուկնիդ բնաւ սեղանին վրայ մի յենուք:
Փոյթ տարէ ք միշտ բերաննիդ գոց եւ անաղմուկ ծամելու, պատառը ձեր բերանը՝ ջուր մի խմէք:
Ապուրը մի փչէք պաղեցնելու դիտումով:
Դանակը բերաննիդ մի տանիք, Այս հատու գործիքին պաշտօնը, սեղանին վրայ, միսը, պտուղները եւ նման ուտելիքները կտրել է միայն:
Պէտք չէ բնաւ ձուկը սովորական դանակով կտրել: Եթէ սեղանին վրայ ձուկ կտրելու համար մասնաւոր դանակ դրուած չէ, ձուկը կտրեցէք պատառաքաղով հացի կտորի մը օժանդակութեամբ:
Վրայի միսերը կրծելով ուտելու համար, մսին ոսկորը ձեր բերանը մի տանիք: Ջանացէք միսը ձեր պնակին մէջ ոսկորէն զատել, դանակի եւ պատառաքաղի միջոցաւ, որչափ որ կարելի է:
Կերակուր մի աւելցնէք ձեր պնակին մէջ, ո չ ալ հաց թողուցէք ձեզի ինկած բաժինէն: Հետեւաբար, այնքան կերակուր եւ հաց առէք որչափ կրնաք ուտել, ոչ աւելի: Նմանապէս, սեղանէն չելած, ամբողջովին խմեցէք ձեր գաւաթին ջուրը, գինին կամ գարեջուրը:

Փողոցին մէջ:

Իրապէս բարեկիրթ մարդը ան է, որ ամէն տեղ եւ ամէն պարագայի մէջ, կը յարգէ կենցաղագիտական կանոնները, զինքը տեսնողմարդ ըլլայ կամ ոչ:
Արդէն լաւ եւ հիմնապէս դաստիարակուած մարդուն քով բարեկրթութիւնը կը դառնայ ի վերջոյ երկրորդ բնութիւն: Կարեւոր է գիտնալ այն կանոնները որոնց պէտք է հետեւի հայ երիտասարդը նոյն իսկ այնտեղ ուր ծանօթի հանդիպելու հաւանականութիւն չկայ:
Փողոցին մէջ, փոյթ տարէ ք որ ձեր բաճկոնին կամ վերարկուին կոճակները խնամքով կոճկուած ըլլան, եթէ պատճառ մը չունիք զանոնք բայց պահելու:
Ձեր գլխարկը ետեւ կամ ծուռ դրած մի քալէք:
Քալած ատեն, թեւերնիդ կախած ասդին անդին մի շարժէք , ջանացէք կարելի եղածին չափ զանոնք ձեր իրանին մօտ բռնել:
Առանց գլխարկ հանելու մի բարեւէք երբեք: Գլխարկը գլուխը բարեւելը պարզապէս կոշտութիւն է, մանաւանդ երբ ձեր բարեւելիք անձը տիկին մը կամ օրիորդ մըն է, բարձրաստիճան անձնաւորութիւն մը կամ կրօնաւոր մը:
Մայթին աջ կողմէն քալեցէք միշտ: Ասիկա եւրոպայի մեծ քաղաքներուն մէջ լռելեայն ընդունուած ընդհանուր կանոն մըն է: Յարգեցէք այս կանոնը, եթէ չէք ուզեր որ անտաշ անձ մը կամ յետադէմ երկրէ մը եկող օտարական մը նկատուիք:
Եթէ կին մը կ'ընկերանայ ձեզի, անոր ձախ կողմէն քալեցէք միշտ եւ ամէն տեղ:
Եթէ բաց գլուխով /առանց գլխարկի/ կը քալէք, գլխու տարտամ շարժումով մը բարեւելով մի գոհանաք, այլ ձեր բարեւը տուէք ժպիտով եւ ձեզի հանդիպող անձին սեռին կամ աստիճանին համեմատ, իրաննիդ առաւել կամ նուազ թեթեւ կերպով դէպի առաջ շարժեցէք:
Մի մոռնաք բնաւ այն կանոնը որուն համաձայն առաջին անգամ այրն է որ պէտք է բարեւէ կինը: Ընդհակառակն ,ձեռք սեղմելու պարագային, այրը պարտաւոր է սպասել որ նախ կինը երկարէ ձեռքը:
Մայթին վրայ կամ բազմութեան մէջ խօսակցութեան մի բռնուիք ծանօթներու հետ: Եթէ երկար տեսակցիլ կ'ուզէք, քաշուեցէք անկիւն մը:
Մէկ մայթէն միւսը կամ հեռուէն զիրար մի կանչէք, ոչ ալ բարձրաձայն խօսեցէք:
Մասնաւորաբար զգուշացէք օտար միջավայրերու մէջ բարձրաձայն հայերէն խօսելէ, ոչ թէ անոր համար որ հայ ըլլալը անպատուաբեր է, այլ որովհետեւ, հրապարակային վայրերու մէջ, հանրութեան ուշադրութիւնը որուէ կերպով գրաւող վարմունքի մէջ գտնուիլը, ինքնին հակառակ է կենցաղագիտութեան.
Արդ օտար լեզուով մը բարձրաձայն խօսիլը այս կարգէն է: Վերջերս փարիզեան մեծ օրաթերթ մը այս կէտին վրայ բոլոր օտարականներուն ուշադրութիւնը գրաւած էր, ինչ որ ապացոյց է թէ օտար լեզուով մը պոռալով խօսիլը տեղացիներուն մեծ անախորժութիւն կը պատճառէ:
Գետինը մի թքնէք, եւ եթէ անդիմադրելի պէտք կը զգաք թքնելու, ձեր թաշկինակին մէջ ըրէք այս գործողութիւնը :


Շար. 2
Պատրաստեց՝
Տալիտա Գալըպճեան






«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝