Յայտարարութիւն

Tuesday, November 17, 2009

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԲԱԳԻՆԻՆ ԿԱՄԱՒՈՐ ԶՈՀԵՐ 3 Արցախի Հէրոսներու Հակիրճ Կենսագրութիւններ

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ծնած է 1964- Նոյեմբերին Պտղաւան գիւղը: Այս ազատամարտիկը թշնամիին իսկ զարմանքի բերած էր «Քեանքլիկի» բարձրունքին վրայ, պատասխանելով անոնց կրակին :Մանուէլը ազատեց իր չորս ընկերները: Հակառակ, որ վրաւորուած էր, ան սողալով կը շարունակէր կրակել` արհամարհելով իր ցաւերը մինչեւ մահ:
Նոյնիսկ թուրք սպան դիակներու փոխանակման ընթացքին կը վկայէր անոր խիզախութեան մասին եւ կը պատմէր հերոսի մահուան դրուագը, որ տեղի ունեցաւ 1993-ին Փետրուար 5-ին լոյս 6-ին:

ՀՐԱՅՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ծնած է 1962-ին Զանգեզուր: 1988-էն սկսեալ զինք կը տեսնենք Լաչինի, Մարտունիի, Քելբաջարի ճակատներուն վրայ: Նահատակուեցաւ 1993 Մայիս 17-ին:
Հրայր կը պատգամէր իր ընկերներուն եւ եկող սերունդներուն`» մենք ազգովին պիտի կռուինք»:

ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՂԱՔԵԱՆ

Ծնած է Արմաւիրի շրջանի Մրգաշատ գիւղը: Անդամակցած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ մասնակցած է զէնք ու զինամթերք հայթայթելու աշխատանքներուն: Զոհուեցաւ Թալիշի մէջ, 1993 Յուլիս 7-ին:

ՊԱՒԼԻԿ ՄԱՄԲՐԷԵԱՆ

Ծնած է 1968-ին: Մասնակցած է Բերդաձորի եւ Մանաշիթի հերոսամարտերուն: Ամուսնացած էր եւ ունէր մէկ զաւակ: Անոր առաջարկուեցաւ ստանձնել գումարտակի հետախոյզներու հրամանատարութիւնը: Յուլիս 16-ին նահատակուեցաւ հայրենի Տօնաշէն գիւղի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին:

ԱՐՍԷՆ ՀԱՅՐԵԱՆ

Ծնած է 1968-ին : 1992 Յունուար 3-ին թուրքերը յարձակեցան Բուզլուխի վրայ: Ազատամարտիկները շուտով օգնութեան հասան: Արսէնը անոնց մէջն էր եւ հոն նահատակուեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի անդամ Արսէն իր ծննդեան օրը կեանքը նուիրաբերեց հայրենքին:

ՍԻՄՈՆ ԱՉԸԳԿԷՕԶԵԱՆ

Ծնած է 1932-ին, Ռումանիա: 1951-ին ներգաղթած է հայրենիք: Երկրաբան ու գիտութիւններու թեկնածու էր: Կ'աշխատէր գիտութիւններու Ակադեմիայի Երկրաբանական Ինստիտուտին մէջ: 1990-ին ընտրուած է Երեւանի քաղաքային խորհուրդի պատգամաւոր: Անդամ էր Հ.Յ.Դ.-ի: 1990-էն մաս կը կազմէր «Արաբօ» ջոկատին:
Մասնակցած է Իջեւանի, Եղէգնաձորի եւ Գետաշէնի կռիւներուն: 1991 Փետրուարէն սկսեալ Մարտունաշէնի պաշտպանութեան ղեկավար էր:
Նահատակուեցաւ 29 Ապրիլ 1991-ին, Մարտունաշէնի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն: Ան թշնամիին կրակոցները իր վրայ կեդրոնացուց, փախչելու առիթը ընծայելով իր չորս զինակիցներուն:

ՄԽԻԹԱՐ ԹՈՒՄԱՍԵԱՆ

Ծնած է 1968-ին: Ծառայած է Խորհրդային միութեան բանակին Աֆղանիստանի մէջ: Կամաւոր անդամագրուած էր Լաչինի միջանցքի պաշտպանութեան ջոկատին: Գորիսի մէջ բոլորն ալ գիտէին Մխիթարին: Գիտէին որպէս մարտիկ եւ որպէս բանաստեղծ:
Այդպէս կռուեցաւ ու այդպէս զոհուեցաւ` պաշտպանելով մարդասիրական միջանցքը: Զոհուեցաւ 1992 Հոկտեմբեր 1-ին: Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ թշնամին ետ շպրտուեցաւ:
Ափսոս, այս յաղթանակի կռիւըՄխիթարի վերջին կռիւն էր:

ԱՇՈՏ ՂՈՒԼԵԱՆ
ԱՍԼՈԼԿԱ
/ԲԵԿՈՐ/

Ծնած է 1959-ին, Պաքու: Ապա տեղափոխուած է Խնձրիստեան /Արցախ/: Ամուսնացած էր, ունէր երկու զաւակներ:
Մասնակցած էր Արցախի մէջ մղուած բոլոր կռիւներուն ՝ Ասկերան, Խոջալու, Արխաւենդ, Կրկժան, Շուշի, Լաչին, Մարտակերտ: Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերու առաջին վաշտի հրամանատարն էր:
Վիրաւորուած էր 11 անգամ ականի ու ռումբի կտորներ կը մնային մարմնին մէջ եւ գլխուն մաշկին տակ: Այս պատճառով «Բեկոր» ծածկանունը տրուած էր իրեն:
Դրմբռնի ազատագրական կռիւները վերջինն էին իրեն համար: Այս անգամ թշնամիի ռումբի բեկորները մահացու էին: Քաջարի ազատամարտիկը հեռացաւ մեզմէ, 25 Օգոստոոս 1992-ին, հեռացաւ , որպէսզի Արցախի մէջ գրաւուած ամէն մէկ թիզ հող դառնայ վրէժի պայքար:

ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ

Ծնած է 1967-ին, Լիբանան: Մհերը մաս կը կազմէր ընտրեալներու այն փաղանգին, որոնց համար «Դէպի երկիր»ը երբեք չէր եղած լոզունքային արտայայտութիւն, այլ դարձած էր սրբազան կոչ մը ուղղուելու համար դէպի Հայաստան դէպի Արցախ:
Պսակուելէն ետք, իր կեանքի ընկերուհիին հետ ամենայն համոզումով հաստատուեցան Հայաստան:
Մհերի կեանքը ենթարկուեցաւ անողորմ օրէնքի, երբ գաղափարի ու զէնքի իր ընկերներուն հետ նահատակուեցաւ Մարտունիի ճակատային դիրքերուն վրայ` ձգելով անկատար տենչեր :
Մհերի եւ իր ընկերներու նահատակութիւնը կուգայ աւելի եւս ամրապնդելու Հայաստան-Սփիւռք, Հայաստան-Արցախ անքակտելի կապը:

ՇԱՀԷՆ ՄԵՂՐԵԱՆ
Ծնած է Գիւլիստան, 1952 Յունուար 2-ին: Նախնական ուսումը ստացած ծննդավայրին մէջ, ապա հետեւած է տնտեսագիտութեան բարձր ուսման : 1973-ին վերադառնալով Գիւլիստան` պահածոյի գործարանի պատասխանատուի պաշտօնը ստանձնած է:
Անդամ էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Իբրեւ Շահումեանի շրջանի ներկայացուցիչ մասնակցած է ր Հ.Յ.Դ. 25-րդ ընդհանուր ժողովին:
Նահատակուած է 17 Ապրիլ 1993-ին, երբ վիրաւորներ փոխադրող հայկական քաղաքային ուղղաթիռ մը ազերիներու կողմէ վար կ'առնուի:

ԹԱԹՈՒԼ ԿՐՊԷԵԱՆ

Ծնած է 1965-ին Թալինի շրջանի Արիգ գիւղը: 1972-1982 տարիներուն յաճախած է տեղւոյն միջնակարգ դպրոցը: Ապա աւարտած է Թալինի թիւ 76 ուսումնարանը: 1983-1985 ծառայած է Խորհրդային բանակին:
1985-ին ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան բաժինը:
1988-ին անդամակցած է «Միացում» կազմակերպութեան, ապա 1990-ին ընդունուած է Հ.Յ.Դ.- շարքերը:
Մասնակցած է Գետաշէնի եւ Շահումեանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն: Հեղինակն է «Գետաշէն» երգի բառերուն:
Նահատակուած է 29 Ապրիլ 1991-ին, Գետաշէնի հերոսական կռիւներուն:

ՎԱՀՐԱՄ ԲԱԲԱՅԵԱՆ
/ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՎԱԳՐԸ/
Ծնած է 1972-ին: Մասնակցած էր Արցախեան բոլոր հերոսամարտերուն` Ասկերանի, Մարտակերտի, Շահումեանի...:
1989-1993 կռուեցաւ զէնքը ձեռքին: Զինուոր էր հոգիով , մտքով եւ հաւատքով:
Ղարաբաղի վագրը նահատակուեցաւ 1993-ին Մարտ 31-ին:

ԺՈՐԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Խոստումնալից գիտնական էր` Ֆիզիկայի ու մաթեմաթիկայի գխով: Ազգային ինքնորոշման համար պայքարած է ուսանողական տարիներուն:
1983-ին զէնք վերցուց եւ մասնակցեցաւ «Մեծն Տիգրան» ջոկատի գրեթէ բոլոր գործողութիւններուն:
Զոհուած է 1992 Օգոստոս 29-ին Կրասնոսելսկի մէջ, իր ստեղծած հակաթանկային զէնքը փորձելու ընթացքին:
Թաղուած է Եռաբլուրի մէջ:

ՍԱՍՈՒՆ ԲԱԽՇԻԵԱՆ
Ծնած է 1970 Մայիս 22-ին, Արցախի Մարտակերտի շրջանի Մոխրաթաղ գիւղին մէջ: Աւարտելով տեղի միջնակարգ դպրոցը, քանի մը ամիս կ'աշխատի հացի գործարանը: Հայրենիքի ծանր պայմանները զինք կը մղեն Վլադիմիր Բալայեանի ջոկատին անդամագրուելու: Կը մասնակցի Գետաւանի եւ Աղդաբանի ազատագրական մարտերուն: 1992-ին Սասուն կը տեղափոխուի Վարդաձոր եւ մաս կը կազմէ սահմանամերձ գիւղերը պաշտպանող մարտական ջոկատին:
1992 Յուլիս 11-ին թուրքերը կ'աառաջանան դէպի Վարդաձոր: Կատաղի մարտերու ընթացքին կը նահատակուի Սասունը, բարձր պահելով հայրենիքի պատիւը:

ՌՈԲԵՐՏ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Ծնած է 1967 Ապրիլ 18-ին, Երեւան: Աւարտած է միջնակարգ դպրոցը եւ ռադիոկապերու ուսումնարանը:
Շարժման սկիզբի օրերէն եղած է առաջին շարքերուն մէջ, կռուելով «Արաբօ» /Մանվելի/ ջոկատին հետ:
Վաղուհասի ազատագրական մարտերու ընթացքին ազատամարտիկները քաջաբար կը կռուէին, նախապատրաստելով 1993-ին Փետրուարեան լուրջ հակայարձակումները: Բայց դեռ հեռու էին այդ օրերը, Սեպտ. 2-ին կը զոհուի Ռոբերտը, պաշտպանելով հայրենի հողը:

ՆՈՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Կարճ ընդամէնը 26 տարուայ կանք ապրեցաւ, որուն վերջին 5 տարին բուռն, փոթորկալից տարիներ էին:
1987 թուականի Նոյեմբերին երբ բանակէն 10 օրով հայրենի գիւղը արձակուրդի եկած էր, մասնակցած է Արցախ Ազրպրպէյճանի կազմէն դուրս հանելու պահանջատիրական ստորագրութիւններ հաւաքման գործին: 1988 թուականին մեծ աղէտի փրկարար աշխատանքներուն կը մասնակցի: Մեծապէս նպաստած է Քաջաւանի պաշտպանութեան: 1991 թուականի Փետրուարին Օմոնականները կը գրաւէն Աւանը: Հրամանատար Նորայր Դանիէլեան ծանր կը վիրաւորուի եւ գերի կինայ: Կը դատապարըուի 12 տարուայ ազատազրկման:
1992 Ապրիլին Նորայրին կը տեղափոխէն Ազդամի բանտը եւ կը փոխանակուի Ազրպէյճանցի Օմոնականներու հետ: Շուտով կը վերադառնայ Քաջաւան եւ կը ստանձնէ տեղւոյն ջոկատի հրամանատարութիւնը:
Հմուտ ու բազմափորձ հրամանատարին կը վստահուի Մարտակերտեան ճակատը: Նորայրի գունդը իր վրայ դրուած պարտականութիւնը յաջող կատարելէ ետք, կ'ազատագրէ նաեւ Մարտակերտ քաղաքը: Յաջորդը արդէն, Շահումեանի շրջանն էր, որու ազատագրումը այնքան կը սպասէր ու կ'երազէր Նորայրը:
Սակայն գնաց ննջելու իր դաւանած կուսակցութեան Հ.Յ.Դաշնակցութեան հին ու նոր նահատակներու կողքին:

Պատրաստեց
Տալիտա Գալըպճեան

Շար . 3 և Վերջ



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝