Յայտարարութիւն

Saturday, November 28, 2009

Կենցաղագիտութիւն 3

Հանրակառքի, մէթրոյի, երկաթուղիի եւ նման վայրերու մէջ:

Ատեն մը , սովորութիւն էր հանրակառքի , մէթրոյի եւ երկաթուղիի մէջ իր տեղը տալ կիներու եւ տարիքոտ կամ հիւանդ անձերու: Այս սովորութիւնը, որուն անխափան կը հետեւէին բոլոր բարեկիրթ մարդիկը, դժբախտաբար հետզհետէ մոռացոթեան կ՜ենթարկուի...
Սակայն, նկատա՞ծ էք որ ի~նչ հաճելի տպաւորութիւն կը թողու ճամբորդներու վրայ այն անձը որ կը յարգէ դեռ այս գեղեցիկ եւ շատ մարդկային սովորութիւնը.
Հետեւաբար, եթէ կ'ուզէք կենցաղագէտ մարդ մը նկատուիլ, շարունակեցէք ձեր տեղը տալ կիներու, ծերերու կամ հիւանդներու .
Մի՜հետեւիք անոնց որ, այս ընկերական պարտականութենէն խուսափելու համար, պատուհանէն դուրս նայիլ կամ լրագրի ընթերցման մէջ խարասուզուած ըլլալ կը ձեւացնեն:

Պատուհան մի բանաք եւ կամ մի ծխէք առանց ձեր դրացիներուն արտօնութիւնը ուզելու:
Ձեր քով կամ դիմացը նստող անձին լրագիր, գիրք կամ նամակ կարդացած ատեն, անոնց վրայ մի սեւեռէք ձեր աչքերը, որպէսզի չկարծուի թէ անվայել հետաքրքրութիւն ցոյց կուտաք եւ ջանք կ'ընէք կարդալու զանոնք, ամէն պարագայի մէջ, ձեր ուշադրութիւնը մի գամէք ձեր դիմացինին վրայ:

Հանրային վայրերու մէջ:
/Թատրոն, նուագահանդէս, լսարան, եւայլն.../

Թատրոնը, սինեման, նուագահանդէսը, լսարանը այն վայրերն են ուր, հիւրասրահներէն ետք, ամէնէն դիւրաւ կը զանազանուի բարեկիրթ, կենցաղագէտ մարդը անկիրթ, կոշտ մարդէն: Իրաւ ալ, հոն է որ թէ մին եւ թէ միւսը երկարատեւ ուշադրութեան առարկայ կրնան ըլլալ , հետեւաբար, երկարատեւ տպաւորութիւն թողուլ ներկաներուն վրայ:
Թելադրելի է որ Հայ անհատը , յատկապէս Հայ երիտասարդը ուշադիր պէտք է ըլլալն իրենց նիստ ու կացին այսպիսի վայրերու մէջ:

Շատ փափաքելի է ներկայացումը չսկսած ներս մտնել սրահէն:Եթէ սկսած է արդէն, բարեկիրթ մարդը, գլխարկը ձեռքը բռնած, առանց աղմուկի կ'անցնի սրահէն իրեն յատկացուած տեղը նստելու համար եւ փոյթ կը տանի որ իր յապաղումը եւ անցքը կարելի եղածին չափ քիչ նեղութիւն պատճառեն հանդիսականներուն:
Բանախօսը կամ դերասանը իր պարբերութիւնը չաւարտած կամ երգիչը իր կտորը չլմնցուցած մի ծափահարէք:
Ծափահարելու ատեն, լայնօրէն մի շարժէք ձեր բազուկները ոչ ալ դղրդալից կերպով իրարու զարկէք ձեր ափերը: Զգուշացէ ք ձեր խանդավառութիւնը յայտնելու համար ոստումներ ընելէ ձեր աթոռին վրայ:
Մի մոռնաք սակայն որ, եթէ այս ձեւ ծափահարելը բարեկիրթ մարդու վայել չէ, կենցաղագիտութեան ոչ նուազ հակառակ է անձայն կերպով իրարու բախել ափերը, ծափահարելուշարժումը միայն ընելով, որովհետեւ ասիկա աւելի արհամարհական վարմունք է քան բնաւ չծափահարելը:

Ներկայացման միջոցին ջանացէք բնաւ չխօսիլ ձեր աթոռակիցին հետ : Եթէ շատ կարեւոր եւ ստիպողական ըսելիք մը ունիք , փոյթ տարէք կարելի եղածին չափ ցած ձայնով խօսելու, ան ալ ոչ երկար:

Եթէ հաւաքոյթի մը կազմակերպիչը դուք էք, ջանացէք որ բացումը կատարուի յայտագրին մէջ ծանուցուած ճիշդ ժամուն: Դժբախտաբար, հայկական հաւաքոյթներու կազմակերպիչները հետզհետէ աւելի անհոգ կը դառնան այս մարզին մէջ: Պէտք է գիտակցիլ որ առ հասարակ ժամադրութիւն չյարգելը բարեկիրթ սովորութիւն չէ:

Ոմանք, իբրև թէ երաժշտութենէ կը հասկնան,երաժշտական կտորի մը նուագուիլը չաւարտած ծափահարելու կը սկսին: Երաժշտագէտներն անգամ վերջին նօթան չաւարտած չեն ծափահարեր: Եթէ երաժշտագէտ չէք, խոհեմութիւն ունեցէք համբերող ըլլալու, եթէ չէք ուզեր յաւակնոտ կամ «սնոպ» նկատուիլ: Քանինե~եր իրենք զիրենք խայտառակած են իրենց անժամանակ կամ անհարկի ծափահարութեանց պատճառով:

Յարգեցէք սրահին մէջ ճծխելու պատուէրը, եթէ այս մասին մասնաւոր թոյլատուութիւն տրուած չէ կազմակերպիչներուն կողմէ:

Գիրկի լալկան մանուկները ձեր հետ մի մտնէք սրահ, եթէ հարկադրուած էք զանոնք ձեր մօտ պահելու, անմիջապէս դուրս հանեցէք զանոնք եթէ ճչալ սկսին, հանդիսականները չնեղելու համար:
Հայ կիներու մէջ, դժբախտաբար, այս մարզին մէջ կան անփոյթներ: Որքա~ն բաղձալի է, որ այս կէտը ուշադրութեան առնուի ծնողներու կողմէ:


Շար 3
Պատրաստեց՝
Տալիդա Գալըպճեան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝