Յայտարարութիւն

Tuesday, November 24, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -3- Ռուբէն

Կարսի ժողովուրդը, ինչ դասի եւ կրթութեան տէր ալ լինէր, կը տեսնէր այս ամէնը եւ իր կաշիին վրայ կը զգար: Ան ազատուած էր ռուսի կամ ուրիշի վրայ յոյսեր դնելէն: Սրճարաններու կամ մայրաքաղաքներու սալոններու «քաղաքագէտները» կը համարէր «Քամի փչողներ, բուշտ տըտռցողներ»: Կարսը իր առանձին մթնոլորտը եւ քաղաքական ուղղութիւնն ստեղծած էր, թէեւ յոռետես, բայց իրապաշտ, որ կը խստանար հետեւեալ խօսքերուն մէջ.»Ռուսը իր կացինը հայութեան արմատին կը հասցնէ. Թուրքը իր կացինը հայութեան ճիւղերուն կը հասցնէ: Միւսներն ալ ելեր են մեր գլխուն ալէլուեա կը կարդան: Նալլաթ սըլիկին ալ, պըլիկին ալ»:

Այս կացութիւնը, սակայն, չէր դրած հայութիւնը վհատման գետնի վրայ , այլ ընդհակառակն յուսոյ եւ հաւատի վրայ` դէպի իր սեփական ոյժերը: Իր նշանաբաններն էին` ինչ զոհերով ալ լինի, պահել ազգային ինքնուրոյնութիւնը. սուրբ համարել ինչ որ ազգային է. ոչ թէ սուրբերուն զոհեր մատուցանել, այլ թուրք եւ ռուս բռնակալութեանց վերացման համար ոչ մէկ զոհ չխնայել.ազատութիւնը մեզմէ բաժնուած է խոր վիհով, այդ վիհը պէտք է լեցուի թշնամիին եւ մեր դիակներով:

Ասոնք միայն գեղեցիկ խօսքեր չէին: Զիս շրջապատող ընկերները կը պատրաստուէին մահուան: Անոնց մտահոգութիւնը միայն մէկ բան էր` իրենց կեանքը սուղ գնով ծախել եւ մեռնիլ` երկրի հողին վրայ: Իսկ եթէ կարողանան տեսնել Վանայ Ծովը, Սասունի Անտոքը, ատկէ յետոյ ինչ կ'ուզէ թող լինի: Անոնք գիտէին, որ իրենց մահուամբ չէ որ պիտի կործանէին թուրք եւ ռուս ռեժիմները, բայց կը հաւատային, թէ իրենց դիակներուն վրայով է որ հայ գերի ժողովուրդը ստրկութենէ պիտի անցնէր ազատութեան:

Ժողովուրդը կը գիտակցէր, որ այդ մարդիկը կ'երթան դէպի ստոյգ մահ: Բայց ոչ բարեկամները, ոչ ծնողները, եւ ոչ ալ ոեւէ մէկը խորհուրդ կուտային յետ կանգնելու:
Ընդհակառակն, թախիծով անոնք կ'ըսէին. «Ուխտդ ընդունելի լինի»: Մեռնելու գացող ընկերներուն ալ մահը գեղեցիկ եւ դիւրին կ'երեւար: Մահը կեանքէն ալ հրապուրիչ էր դարձած:

Այս մթնոլորտին մէջ` Կարս քաղաքը հետեւեալ կազմակերպական ձեւն առած էր.-
Քաղաքը բաժնուած էր քաղաքամասերու, որոնց մէջ գտնուող ուխտեալ կուսակցականները բաժնուած էին խումբերու, ըստ տարիքի եւ ըստ խումբի ցանկութեան: Խումբի անդամները կը ճանչնային զիրար եւ կանոնաւոր ժողովներ կ'ունենային, դասախօսութեանց ներկայ կ'ըլլային, անդամավճար կուտային եւ կ'իրագործէին ենթակոմիտէին հրահանգները: Մէկ խումբի անդամը չէր ճանչնար ուրիշ խումբերու անդամները: Իրարմէ գաղտնի էին եւ շաղկապուած էին ենթակոմիտէով: Անոնք ունէին իրենց առանձին վարչութիւնները, որ առաւելապէս դրամ, աշխատանք եւ եկամուտի աղբիւրենր կը ստեղծէին կուսակցութեան անդամներուն համար:
Նիւթական զոհաբերութիւնը մրցման առարկայ էր: Ժլատութիւնը համարժէք էր հայութենէն դուրս լինելուն: Եւ ամէն մէկը իր ոյժերէն վեր կ'ուզէր զոհաբերել, կը զոհէր աւելին քան պէտք էր, ինչ որ կը չափաւորէին ղեկավարները:

Ուսումը պէտք է լինէր հայկական: Ռուս պետական դպրոցները ամբողջովին պոյքոթի ենթարկուած էին: մանուկները, համարեա ծածուկ, կը յաճախէին հայ մասնաւոր դպրոցները: Ուսումը պարտադիր էր:
Քանի մը տարի առաջ ռուսերէն խօսիլը զարգացած լինելու նշան էր ու ի պատուի էր. Երիտասարդութիւնը, գիտնար թէ չգիտնար, այդ լեզուով կը ջանար արտայայտուիլ:
Այժմ հակառակն էր դարձած: Ռուսերէնը բանադրուած էր: Ով գործածէր այդ լեզուն, դաւաճան կը նկատուէր:
Հայ եկեղեցիները պարապ էին ժամերգութեան ատեն: Չէին գնար աղօթքի, որ խաբեբայութիւն եւ սին կը համարէին: Եկեղեցի կ'երթային քանի մը պառաւ կիներ միայն: Հակառակ այդ երեւոյթին, հայ եկեղեցիի պաշտպանութիւնը ազգային եւ կուսակցական պարտականութիւն էր բոլոր դաւանանքի հայերուն համար:
Հոգեւորականները կ'արհամարհուէին: «Սար ու ձոր` տէրտէրի փոր», կ'ըսէին եւ զանոնք կը համարէին յետամնաց, հակայեղափոխական: Հակառակ ատոր, քանի որ հայ հոգեւորականները կը հալածուէին ռուսերէ եւ վտանգի տակ էին, անոնց պահպանումը իր վրայ էր առած կուսակցութիւնը, իբր ազգային իշխանութեան մնացորդի: Խրիմեան Հայրիկը անոնց աչքին այլեւս լոկ կաթողիկոս չէր, այլ ազգութեան պետը: Եւ կը վիճէին, թէ ան Դաշնակցակա ՞ն էր թէ Հնչակեան, թէեւ ան ե ւ ոչ մէկն ալ չէր:

Կաթոլիկ եւ Բողոքական հայ համայնքները, թէեւ աւելի կը յաճախէին իրենց եկեղեցիները եւ աւելի հաստատուն կ'երեւնային իրենց դաւանանքին մէջ, միակամ էին Լուսաւորչականներուն հետ եւ նոյնքան մոլեռանդութեամբ նախանձախնդիր էին հայ աւանդութեանց եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան: «Հայ եկեղեցին հայութեանն է եւ ոչ թէ ռուսինը», կ'ըսէին:

Գիւղերու կազմակերպական ձեւը քիչ մը տարբեր էր, եւ իր թերութիւններն ունէր, որ պիտի շտկուէին 1903-էն յետոյ: Այդ թերութիւնները առաջ կուգային գիւղի մէջ գոյութիւն ունեցող թայֆաներու կամ այլ կուսակցութեան պատկանողներու պատճառով:

Գիւղի ամբողջ համայնքը կ'ընտրէր երեք հոգինոց ենթակոմիտէ մը, որ գիւղի բարձրագոյն իշխանութիւնն էր: Անոր գործերն էին.-
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ.- Ոչ մէկ դատ կը հասնէր ռուս պետական դատարանը: Գիւղի բոլոր վէճերը, դատերը տեղին վրայ կը լուծէին ընտրուած երեքը: Այն պարագային, երբ գիւղի մէջ չլուծուած դատեր լինէին կամ ընտրուած երեքը իրենք դատի ենթակայ լինէին, կը դատուէին շրջանի կոմիտէին կողմէ:
ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ.- Պետական դպրոցները պոյքոթի էին ենթարկուած: Պարտադիր էր հայկական դպրոց ունենալը, թէկուզ գաղտնի: Դպրոցի ծախքերը կ'ապահովուէին դրամով կամ բնական նիւթերով:
ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՏՈՒՐՔ.- Պետական տուրքերէն խուսափիլը յանցանք չէր, բայց ազգային եւ կուսակցական տուրքերէն վիրպիլը պարտազանցութիւն էր: Իւրաքանչիւրը, ըստ իր կարողութեան, պարտադիր էր կուսակցական իր սակը վճարել դրամով կամ նիւթով, որ կը փոխանցուէր Կ. Կոմիտէին:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑ.- Պէտք էր գտնել բնակարան եւ աշխատանք գաղթականներու համար: Պէտք էր անոնց բարօրութեան մասին ամէն աշխատանք կատարել:
Պէտք էր նաեւ Տաճկահայաստանի համար ուղարկուելիք զինամթերքները պահպանել եւ այնտեղ անցնող խումբերը պահել շրջանի հաշուին:
Գաւառի գիւղերը իրենց ներկայացուցիչներով կ'ընտրէին շրջանի կոմիտէն, որ ենթակոմիտէութեանց անմիջական բարձր վարչութիւնն էր: Անոր տրամադրութեան տակ էր կ. Կոմիտէի կողմէ նշանակուած շրջանի շրջիկ գործիչը, որ կը կատարէր կամ կատարել կուտար կոմիտէի որոշումները եւ ընդիմացողները կարգի կը հրաւիրէր: Շրջիկի տրամադրութեան տակ էին առաւելն երկու զինուածներ:

Այս բոլորը կը կատարուէին ռուս կառավարութեան խիստ ռեժիմի պայմաններուն մէջ, երբ մանաւնդ որ կարսի նահանգը զինուորական գօտի էր: Անշուշտ, կառավարութիւնը կը կռահէր անցուդարձը, բայց միջամտելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունէր: Ժողովուրդի հակակրանքը հանդէպ իշխանութեան այնքան մեծ էր եւ համակրանքը Հ.Յ.Դաշնակցութեան հանդէպ` այնքան հզօր, որ անոր ստորին խաւերը, իւրայիններու արհամարհանքէն սարսափած` կը ջանային լաւէն աւելի լաւ երեւալ: Իսկ անոնք որ կը համարձակէին բերան-բացութեամբ կամ չարամտութեամբ կառավարութեան գործիք դառնալ, իրենց կեանքը վրայ կուտային յաճախ իրենց հարազատներու ձեռքով: Եղած գործերուն համար կառավարութեան մօտ ոչ բողոք, ոչ զեկուցող եւ ոչ մատնիչներ կը ճարուէին:

Այս գործունէութիւնը մեծ արդիւնք էր տուած Կարսի նահանգին մէջ: Հակառակ որ այնտեղ ապաստանած 30.000 հայ գաղթականներէն իշխանութիւնը կը պահանջէր, որ կամ ընդունէին ռուսահպատակութիւն եւ կամ ցրուէին զինուորական այս գօտիէն, անոնք ոչ մէկը, ոչ ալ միւսը կ'ընդունէին եւ, շնորհիւ տեղացիներուն, միշտ իրենց եղած տեղը կը մնային: Անոնց նիւթական կացութիւնը տանելի էր, եւ բնաւ զգալի չէր բնիկի եւ գաղթականի հարցը, որ հետագային ես տեսայ այլ շրջաններու մէջ:

Կարսի, մանաւանդ գիւղերու ժողովուրդը ցարդ անտարբեր էր դէպի ուսումը, եւ անոր մեծ մասը անգրագէտ էր: Բայց ի հեճուկս ռուս հալածանքներուն եւ շնորհիւ Դաշնակցութեան որդեգրած ուղղութեան, անոր աշակերտներու թիւը եռապատկուած էր, դպրոցներու թիւը կրկնապատկուած էր: Թէեւ անոնց որակը ցած էր, պետական դպրոցները պարապ մնացած էին շնորհիւ պոյքոթի, բայց մարագներու եւ գոմերու մէջ եղած դպրոցները եռանդով կը յաճախէին երեխաները:

Շար. 3

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝