Յայտարարութիւն

Wednesday, November 11, 2009

ԽԻՆԴ ՈՒ ԺՊԻՏ 4

Ծայրայեղ Աստուածավախ մարդ մը ծովուն մէջ լողացած ատեն ալիքներու կը բռնուի :Յանկարծ նաւակ մը կուգայ և մէկը իր ձեռքը կը մեկնէ ազատելու համար զայն ալիքներու ճիրաններէն:
Մեր մարդը կը մերժէ ըսելով. « Աստուած ինծի կ՜օգնէ , քու օգնութեանդ պէտք չունիմ»:
Հազիւ ինքզինք քիչ մը գտած՝ ալիք մը զինք ծովուն խորքը կ՜իջեցնէ և մակերես կը բերէ: Այդ միջոցին դարձեալ նաւակ մը կը մօտենայ, դարձեալ մէկը ձեռքը կը մեկնէ՝ ստանալով նոյն պատասխանը:
Երրորդ անգամ դարձեալ նոյնը կը կրկնուի: Ալիքները կը զօրանան և մեր խելացին ջրամոյն կ՜ըլլայ:

Բարկացած՝ ուղիղ Աստուծոյ մօտ կ՜երթայ գանգատի, թէ ինք այսքան տարի Իրեն ծառայած է, այսպէ՞ս պիտի լքուէր Տիրոջ կողմէ...

Տէրը վերէն վար կը չափէ մեր խելացիին հասակը ու ջղայնացած կ՜ըսէ.

«Հազիւ ծով էիր ինկեր նաւակ մը ուղարկեցի քեզի.բանի տեղ չդրիր: Անոր ետևէն՝ ուրիշ նաւակ մը: Դարձեալ մերժեցիր:Երրորդ ալիքին ատեն դարձեալ նաւակ մը ղրկեցի, զայն ալ քիթիթ չդրիր: Լաւ ինչ ընէի, վայ դուն խելքի տոպրակ, քանի նաւակ ուղարկէի, քանի մարդու կեանքը վտանգի մէջ դնէի...

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝