Յայտարարութիւն

Wednesday, November 25, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -4- Ռուբէն

Կարսի հայութիւնը, թէեւ քանակով աւելի քիչ էր քան Թիֆլիսի, Երեւանի, Ալեքսանդրապոլի եւ ուրիշ շրջաններու հայութիւնը եւ հարստութեամբ ալ աւելի պակաս քան բոլորը, բայց իր ծախքերը հանած էր 1904-ին: Կուսակցական գանձարկղը անոր մտցուցած զուտ դրամագլուխը կարծեմ 40.000 ռուբլի էր եւ առաջին տեղը կը գրաւէր այդ օրերուն: Եւ բագուն, որ միլիոնատէրերու աշխարհն էր, ստուերի մէջ էր ձգուած Կարսի կողմէ:
Հետաքրքրական էր մէկ այլ հակասական երեւոյթ, որ մինչեւ օրս չեմ կարողացած ըմբռնել իր խորքով: Կ. Կոմիտէն շրջանի վերին ղեկավարն էր, անոր անունով կը կատարուէին բոլոր գործերը: Բայց ինքը աներեւոյթ էր: Այդ միայն զգուշութեան հետեւանք չէր, այլ ունէր ե ւ այլ իմաստ:

Գաւառէ գաւառ հարսը տուն բեռելով վճիռը կը տարբերի: Բարձր հայքի եւ անոր սերունդ Կարսի, Ախալքալաքի եւ քանի մը ուրիշ շրջաններու մէջ, մինչեւ որ փեսայի մայրը եւ հօրաքոյրը բաղնիքի մէջ չտեսնէին իրենց հարսը` բոլորովին մերկ, վճիռ չէին տար ամուսնութեան: Երեւի այդ սովորութիւնը ազդած էր եւ Կարսի Կ.Կոմիտէի ընտրութեան վրայ, որուն մէկ անգամ ներկայ եղայ եւ այլեւս ոչ մէկ տեղ նոյնը չտեսայ:

Շրջանային պատգամաւորական ժողովը գումարուած էր ընդհանուր կարգով, ըստ կանոնագրի: Միայն թէ` քանի որ կ. Կոմիտէն, թէեւ կազմուած էր 7 անձերէ, բայց մէկ անձ էր իբր կ. Կոմիտէ, եւ քանի որ ինքը գաղտնի մարմին էր ու գաղտնի մնալով գործած էր նշանակած գործիչներու միջոցով, ուրեմն ան կը շարունակէ բացակայ մնալ Շրջանային ժողովէն:

Երկու գլխաւոր զեկուցում` հաշուական եւ գործի` ներկայացուած էր, հաստատուած կ.կոմիտէի կնիքով: Կ.Կոմիտէն իր փոխարէն ներկայացուցիչ էր կարգած Յակոբը /Չիլինգիրեան/ եւ Սերգէյը, որոնք իր գործիչներն էին: Անոնք միաժամանակ իրենց հրաժարականը տուին եւ նոր կ. Կոմիտէ ընտրել պահանջեցին:
Սովորական ձեւով բացակայ կ. Կոմիտէի քննադատութիւններ եղան: բայց պաշտպանողը ինքը չէր, այլ պատգամաւորները կամ գործիչ-ներկայացուցիչները, որոնք կուտային լրացուցիչ տեղեկութիւններ եւս եղած հարցումներուն:
Վիճաբանութիւններ եղան,նախագահը հարց տուաւ.
- Կարելի՞ էր աւելին անել, քան արած է մեր կ. Կոմիտէն: նրա գործերը համապատասխան եղա՞ ծ են տրուած որոշումներուն եւ ի ՞նչ է մեր գնահատութիւնը մեր կ. Կոմիտէին:
Բոլորն ալ կը գտնէին, որ շատ գնահատելի եղած է կ. Կոմիտէն, իր գործունէութեամբ:
Ընտրութիւնները, ըստ սովորականի, համաձայն կանոնագրի էին, բայց կային մանրամասնութիւններ, որոնք յատուկ էին Կարսին:
Առաջին հերթին կ. Կոմիտէի թեկնածուի անձով չէին հետաքրքրուէր, այլ անոր սերունդով: Ովքե՞ ր էին թեկնածուի մայրը, հայրը, անոնց մամը, պապը, ջոջ պապը եւ ջոջ մամը եւ այդպէս կը քրքրէին անոր ծագումը միչեւ Նոյ նահապետը: Երբ սխալէիր եւ ըսէիր, թէ ի ՞նչ կապ ունի այդ հնութիւնը թեկնածուին հետ, տարիքաւորները, որ մանրակրկիտ մասալներ կը պատմէին, կը պատասխանէին.
-Դու դեղնակտուց ես, քեզ խօսք չի հասնի: Հալալ կաթ ծծողը հալալ կը լինի : Օձի հաւկիթէն տատրակ չի ելնէ:
երկրորդ հերթին` կը քրքրէին թեկնածուի ընտանիքը, անոր ներքին կեանքը եւ թէ ան ինչպէ՞ ս կը պահէ իրեն ընտանիքի մէջ. Կը խմէ՞ , խումար կը խաղա՞ յ, աչքը դուրսը չէ՞ , իր ընտանիքի բարեկեցութիւնը ի՞ ն է, ի՞ նչ է անձնական կեանքը:
Երբ սխալէիր եւ դիտէիր, թէ ինչո՞ ւ կը մտնէք թեկնածուի անձնական կեանքի մէջ, յուզուած կը պատասխանէին.
- Կ.Կոմիտէն հազար ու հազար մեր ընտանիքների ղեկավարը չէ՞,մէկը , որ իրան եւ իր ընտանիքը չի կարող կառավարել, կարո ՞ղ է մեզ կառավարել:
- Երրորդ հերթին միայն կը քննէին կ. Կոմիտէի թեկնածուներու անձնական եւ կուսակցական յատկութիւնները: Անոնք պէտք է ունենային իրենց հաստատուն գործը, պաշտօնը: Առնուազն ինքնաբաւ պէտք է լինէին:
Եթէ չգտնուէին բարեկեցիկներ եւ, եթէ յանկարծ ըսէիր թէ` աղքատներուն համար տեղ չկա ՞յ կ. Կոմիտէի մէջ, իսկոյն առարկութիւնը կ'առնէիր.
-Ոչ, խեղճերի համար է կ. Կոմիտէն, բայց նա անկախ եւ անկաշկանդ պէտք է լինի որ կարողանայ խեղճերին ձեռք մեկնել: Անգործը, անկարը, որ հարկադրուած է ուրիշի բուռը նայել, ինչպէ՞ ս կ'ուզես որ լինի անաչառ, ազատ եւ օգտակար թէ իրան եւ թէ ուրիշին:

Թեկանածուները կ'ընտրուէին առանց նկատի առնելու անոնց ծննդեան վայրը, գիրքը եւ դասը: Եւ ահա կը տեսնէիր մէկը, վարժապետ կամ գրագիր, որ կը համոզէր.
-Ազգը 7 գոյներից կազմուած երկնքի ծիածան է: Ազգը 7 ձայներից կազմուած անուշ մի մեղեդի է: Այդ` առաջարկում եմ այդ 7 խորհուրդներից մէկ մէկ հատ ընտրել եւ 7 տեսակներից մի կ. Կոմիտէ ստեղծել, որ մենք 7 դասի մէջ էլ ականջ եւ աչք ունենանք:

Իրօք որ , ձայները ուղղութեամբ կեդրոնացան.- Նորհատեան/Կարսեցի/ ուսուցչական, մշակութային գոյնէն. Սեւ Կարոն /ախալքալաքցի/ գործաւորներու, բանուորներու գոյնէն. Երուանդը/ախալքալաքցի/ առեւտրականներու գոյնէն. Բզնունի /կարծեմ կարսեցի/ պետական պաշտօնէութեան գոյնէն. Բժիշկ Ղազանջեան /ախալքալաքցի/ ազատ ասպարէզի գոյնէն. Մխչոնց Մարգար /Կարսեցի/ մանր առեւտրական, գիւղացիական գոյնէն:
Ինծի անհասկնալի էր այս ընթացքը եւ զարմանք յայտնեցի թէ` ինչո՞ ւ չընտրուեցաւ Տուրբախը, որ հին, անուանի գործիչ էր եղած նոյնիսկ երկրի մէջ, ինչո՞ւ չընտրուեցան Յակոբը եւ Սերգէյը, որոնց կը նայէր ամբողջ նահանգը:


Շար.4




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝