Յայտարարութիւն

Saturday, November 28, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -7-Ռուբէն

Գլուխ Բ.

Շրջիկներու գործերը.
Պատիժները եւ բանտերը.
Եկեղեցական, դպրոցական գործերը.
Վ. Չիլինգարեան եւ իր յոյն բարեկամի խորհուրդները.
Կուսակցական եկամուտները.
Ծախքերը եւ զէնքի գնումները.
Փրոփականտը.
Կ.կոմիտէն եւ գործիչները.
Ռուս իշխանութիւնը եւ կուսակցութիւնը.
Տեռորներ.
Գաղտնի ոստիկանութիւն, դաւաճան եւ մատնիչ.
Ահաբեկիչները.


Գործիչներու, շրջիկներու եւ երկիր գացողներու միայն մէկ քանիի անունները յիշեցի: Անոնք մնացորդներն էին իրենցմէ առաջ եղած բազմութիւններու, որոնցմէ շատերը այլեւս չկային: Անոնց նկարագիրը թերեւս աւելի պարզուի երբ յիշատակեմ անոնց գործերը եւ պարտականութիւնները:

ՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ.- Առաջին գործը մասամբ տեսանք: Վարժուիլ նոր ապրելակերպին, ճամբորդել երկաթուղու երրորդ կարգով, ձիով կամ ոտքով, ապրիլ ժողովուրդի մէջ, անոր ամենէն աղքատ դասի եւ չարքաշ զինուորի կեանքով, զրկուած ամէն վայելքէ:

Քանի որ կ. Կոմիտէն գաղտնի էր, շրջիկներն էին կապը ժողովուրդի, շարքերու եւ կ. Կոմիտէի միջեւ: Կը կատարէին անոր հրահանգները եւ կ'իրագործէին անոր որոշումները: Այն գործերը կամ որոշումները` որ յաջող էին, կ. Կոմիտէին կը վերագրէին : Ձախողութեան պարագային, գործիչները կը յայտարարէին որ իրենց սխալն է եղած եւ վեարքննելի է, քանի որ կ. Կոմիտէն չէ քննած:

Քաղաքը եւ նահանգի գիւղերը բաժնուած էին կոմիտէութեանց, ենթակոմիտէութեանց եւ խումբերու, որոնք իրենց ցածից վեր բարձրացող մարմիններով կը նմանէին բուրգի մը: Այդ բուրգին կատարը անշօշափելի գաղտնի կ. Կոմիտէն էր: Ասոնք օրէնսդիր, վարչական, ընտրովի մարմիններն էին:
Միւս կողմէ` հակառակ ուղղութեամբ, վերի կատարէն սկսած մինչեւ ցած , բուրգի հիմքը, ցանցուած էր ուրիշ իշխանութեամբ մը, որ նշանակուած էր, ոչ թէ ընտրուած եւ որ տեսանելի էր կառավարութեան ու ամէնքին: Այդ իշխանութիւնը իր տակը կը թաքցնէր ընտրովի մարմինները եւ այն երեւոյթը կուտար, թէ ինքն էր միակ ոյժը: Անոր պարտականութիւնն էր ենթակոմիտէներու, կոմիտէներու, կ. Կոմիտէի տուած որոշումները գործադրուած տեսնել եւ բոլոր այն խնդիրները, զորս ինքը ի վիճակի չէր լուծելու, փոխանցել համապատասխան մարմիններուն: Ուրեմն, այդ ցանցը, որ բխած էր կ. Կոմիտէէն, կը ծածկէր ամբողջ կ. Կոմիտէութիւնը:
Այդ ցանցը նօսր էր: անոր հանգոյցները, որ մտաւորականներ էին, միջնակարգէն բարձր կրթութիւն ունէին իրենց ուղեկից 2-5 զինուորներով, որոնք ընդհնրապէս անուն հանած եւ լաւ ատրճանակ ու դանակ բանեցնող անձեր էին:
Վերեւ յիշած գործիչները, շրջիկները, երկիր գացողները ցանցի այդ հանգոյցներն էին, որոնք կախուած էին կ. Կոմիտէէն եւ անոր ենթակայ մարմիններէն ու կը հեռացուէին, երբ բողոք լինէր:

Դատաստանական գործը ամենէն շատ զբաղեցնող գործն էր, քանի որ կ. Կոմիտէն արգիլած էր կառավարութեան մօտ դատուիլը: Հակառակորդ կողմերը իրենց վէճերն ու վկաները կը ներակայացնէին ենթակոմիտէին, եթէ կողմերը կուսակցականներ էին. Իսկ ոչ-կուսակցականներու համար, նոյն ենթակոմիտէի անդամներուն վրան կ՜աւելնար իրենց ոչ-ազգական եւ նոյն քանակութեամբ դատաւորներ:Այս կազմին վճիռը պարտադիր էր:

Այն վէճերը, զորս այդ մարմինը , հարկ կը համարէր չլուծել, կը փոխանցուէին շրջանի կոմիտէին, կ. Կոմիտէին եւ կամ շրջանի շրջիկին: Այդ պարագային անոնց տուած վճիռները վերջնական էին, ինչ խնդրի մասին ալ որ լինէին:
Հայերու եւ օտարներու միջեւ եղած վէճերով այս մարմինները չէին զբաղուիր, այլ կ. Կոմիտէի գործիչները, շրջիկները: Ասոնք, երբեմն զինուած, կը ներկայանային յոյն, թուրք, ռուս կամ այլ ազգի գիւղը, վէճ ունեցողի տունը:
Եթէ իրենք անծանօթներ էին, կը յայտնէին իրենց ինքնութիւնը եւ կ'առաջարկէին լուծել վէճը` առանց կառավարութեան միջամտութեան:
Չհամաձայնող չկար, ակամայ թէ կամայ: Դատը կը լինէր ձրի, արագ, իր լեզուով եւ այնքա~ն անաչառ, որ օտար ազգերը իրենց վէճերը իրարու միջեւ եւս կ'ուզէին լուծել դաշնակների դատավարութեամբ: Պետական դատարանները մարդ ոտք չէր կոխեր: Դատաւոր, դատախազ իրենց պաշտօններով, փաստաբաններ պարապ էին եւ բանտն ու ոստիկանները` անգործ. ռոճիկ կ'առնէին` առանց արդարացնելու իրենց գոյութիւնը: Որքա~ն խնայողութիւն ժողովուրդի գրպանին, որքա~ն արագութիւն վէճերը վերացնելու...
Դատավարութիւնը տեղի կ'ունենար որեւէ պատահական տան մէջ, շահագրգռուածներու եւ հետաքրքիրներու լուռ ներկայութեամբ: Երկու կողմերը եւ վկաները կ'երդուէին, որ սուտ պիտի չխօսին, իսկ եթէ խօսին, արժանի պիտի լինին պատժուելու: Կը պատասխանէին եղած հարցումներուն, եւ դատը կը վերջանար ու վճիռը կը տրուէր նոյն օրն իսկ: Վճիռները կը տրուէին համաձայն խղճի ձայնին, սովորոյթներուն:
Փոքրիկ հարցերը կը լուծուէին փողոցի, ճաշարանի անկիւնը: Անուշի կը կապուէին ընդհանրապէս` կիրքերը հանգստացնելով:

Պատիժները եւ բանտերը.- Պատիժները յանցանքի համձայն էին եւ բազմաթիւ տեսակները կային:
Ամենէն մեծ պատիժը մահուան պատիժն էր, որ կը տրուէր երբ այդ պահանջէին գիւղական կամ շրջանային դատարանները: Բայց այդ պատիժը չէր կարող գործադրուիլ, եթէ չքննէր կ. Կոմիտէն եւ միաձայնութեամբ չյանգէր նոյն եզրակացութեան: Պատիժը գործադրողը կը նկատուէր ոճրագործ, եթէ ան չունենար կարմիր կնիքով վկայագիր: Վկայագիր ունենալու պարագային ցանկալի կը համարուէր.որ մահուան պատիժը գործադրողը լինէր մահապարտի մօտիկ ազգականը եւ երբեք դատ բացողի կողմէն, որովհետեւ ասիկա կարող էր թայֆայութիւն եւ արեան վրիժառութիւն առաջ բերել:

Հետեւեալ պատիժը վերջնական աքսորն էր: Բացի դաւաճանական արարքներէն, բոլոր մահուան վճիռները կ. Կոմիտէի կողմէ կը փոխուէին վերջնական աքսորի: Արդէն մահուան վճիռ կը տրուէր երկու յանցանքի համար միայն` դաւաճանութիւն եւ մարդասպանութիւն: Դաւաճանութեան համար մահավճիռը անփոխարինելի էր, իսկ մարդասպանութեան համար մահավճիռը կարող էր մեղմանալ, եթէ մահապարտի եւ իր ընտանիքի կողմէ ներումի դիմում լինէր եւ մահապարտը իր ծնողներու եւ իր կնոջ ներկայութեամբ հրաժարէր իր կայքէն եւ գոյքէն յօգուտ իր ժառանգորդներուն, ապահարզան տար իր կնոջը, հրաժարէր իր ընտանիքէն, բոլորը միասին ստորագրէին մահավճիռը եւ եթէ դատապարտեալը 12 ժամէն վերջնականապէս հեռանար կովկասի սահմաններէն Ռուսիա կամ ուր որ կ'ուզէր: Վերադարձի պարագային ոչ միայն ինքը, այլեւ բոլոր ստորագրողները մահուան կը դատապարտուէին:

Պարզ աքսոր.- Այս պատիժը ոչ քրէական, ոչ ալ ոճրային յանցանքներու համար էր կ. Կոմիտէն զայն կուտար աւելի շուտ վարչական կարգով, առանց դատի եւ դատաստանի: Այդ պատիժը ընդհանրապէս կը տրուէր կուսակցականներուն, որոնց ներկայութիւնը բաղձալի չէր շրջանի մէջ: Օրինակ, երբ մէկը էնթրիկան էր եւ հատուածներ կը ստեղծէր, երբ իրեն անվայել արարքներու մէջ կը գտնուէր, երբ անկարգ էր, երբ ժողովուրդին հետ կոպիտ կը վարուէր եւ անզական բարքերորուն չէր համակերպեր եւն...: Կարմիր կնիքով ներկայացող շրջիկը կը հրամայէր ընդհանրապէս մէկ երկու ժամէն մեկնիլ Պաթում, կամ այլուր: Այդպէս եղաւ Բալաբեխ Կարապետի, Առիւծ Աւագի պարագային, որոնք աքսորուեցան Սերգէյի կողմէ:

Շար. 7

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝