Յայտարարութիւն

Sunday, November 29, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-8-Ռուբէն

Բանտ.- Այս պատիժը կը տրուէր գողերուն, վաշխառուներուն, չարաշահներուն եւ իրենց պարտականութիւնները չկատարողներուն: Ցարական իշխանութեան օրով, Կարսի բերդերուն տակ, ռուսական բանտերու կողքին, երբ ցարական ժամտարմները կ'որոնէին դաշնակցականները` բանտարկելու համար, դաշնակցութիւնն ինք բանտ ունէր: Այդ բանտը խարխլած տուն մըն էր Քրոյի Մահլայի մէջ: Մարդ չէր ապրեր մէջը եւ ոչ ալ պահապան կար: Դուռը կղպանք չունէր դրսէն փակուելու համար. Բռնակ մը կար միայն հոն եւ երկու թէ երեք թախտ, վրան խոտ փռուած, եւ ուրիշ ոչինչ: Դատապարտուածին կը հրահնգէր քաղաքի շրջիկը, որ Սերգէյն էր. « Կ'երթաս բանտ, եւ կը ատարես որոշումը»:
Ասիկա տեղի կ'ունենար օրը ցերեկով, երբ ցարական աստիկանները կանգնած էին փողոցի անկիւնները: Երբ աղաչանք ու պաղատանք ի զուր կ'անցնէին, մարդը հարկադրուած` կ'երթար ցոյց տրուած տեղը, մինակ կամ առաջնորդով եւ կը մտնէր այնտեղ: Եւ որովհետեւ ոչ պահապան կար եւ ոչ ալ դրսէն կղպանք, ինքը ներսէն կը փակէր իր վրան եւ ինքն իրեն կը բանտարկէր: Նախ քան բանտարկուիլը` կը կարգադրէր իր խմելիքի եւ ուտելիքի խնդիրը: Ազգականները կը բերէին, քանի որ այդ իր հաշուին էր:

Ինչպէ՞ս չհնազանդէր եւ չգնար բանտը իր ոտքով: Ապաստանիլ կառավարութեան մօտ՝ համազօր էր դաւաճանութեան, որուն պատիժը սարսափելի էր: Ձեռքի տակէ լուր տալ իշխանութեան, թէ բանտարկուած է, անմիտ էր, որովհետեւ ինքն է որ դուռը ներսէն փակած էր: Հրամանը չկատարէր, դուրս ելլէր եւ փախչէ՞ր, այդ անհնար էր, որովհետեւ իր տան մէջ կը բռնուէր եւ ահռելի ծեծի ալ ենթարկուելով` նորէն կը հարկադրուէր վերադառնալ բանտ: Ծիծաղելի դէպքեր ալ կը պատահէին: Երբ ոստիկանները, հոտը առնելով, բանտը կը կոխէին.
- Ի՞նչ կ'ընես այստեղ, դուրս ելիր եւ քու գործին գնա, կ'ըսէին:
- Չէ, ինձ հանգիստ եւ մենակ ձգեցէք: Ես ուխտ եմ արած ապաշխարելու, իմ կնկան հանդէպ յանցանք եմ գործած:

Կառավարութիւնը շուարած` կ'արձանագրէր իբր կարգապահ, մոլի յեղափոխական եւ փաստ չունենալով` կը ձգէր կ'անցնէր եւ կամ իր բանտը կը փոխադրէր:

Միւս պատիժները կը տրուէին իբր ծեծ, երբ ընդդիմութիւն կամ տրուած որոշումէն խուսափում լինէր: Տուգանքը արգիլուած էր:
Գողութեանն, չարաշահութեան համար կրկնակի կը գանձուէին յանցաւորէն եւ գողցուած կամ չարաշահուած ապրանքը կը վերադարձուէր տիրոջը, իսկ մնացած շահը կը տրուէր ամբողջութեամբ շրջանի դպրոցի հոգաբարձութեան:
Իբր նմոյշ` բերեմ օրինակ մը:
Ըսենք թէ Ա.- ն գողցած է Մ.-էն ոչխար մը եւ կերած իր երկու ընկերներուն հետ: Դատարանը կը վճռէ գող Ա.-էն գանձել երկու ոչխարի գինը կամ երկու ոչխար: Տեղն ու տեղը մէկ ոչխարը կը վերադարձուի Մ.ին: Քանի որ գողցուած ոչխարը կերուած է գողի երկու ընկերներուն հետ, անոնցմէ ալ կը գանձուի մէկ մէկ ոչխար եւ կամ գինը: Ապա կը կանչուի ստորագրութիւն կ'առնուի, որ ստացած է Ա.էն եւ երկու ընկերներէն երեք ոչխար եւ խնդիրը կը փակուի :
Այս օրինակը բերի Թախթի գիւղերէն, ուր անձամբ իրագործած եմ այդպիսի վճիռ մը:
Եկեղեցական, դպրոցական գործերը.- Ռուսական սահմանափակումները հայ եկեղեցիի կալուածներու եւ դպրոցականներու վերաբերմամբ` իշխանութեան ցանկութիւններուն հակառակ արդիւնք տուաւ:

Նախ քան այդ բռնի միջոցներուն դիմելը` դպրոցներ կը գտնուէին միայն այն վայրերու մէջ, ուր կար հայ եկեղեցի, որուն հովանիին տակ կը կազմակերպուէին դպրոցները ծխական անուան տակ: Այս երկուսի միացեալ եկամուտէն կը հոգացուէին եկեղեցիի եւ դպրոցի ծախքերը: Քաղաքներու եւ որոշ կէտերու մէջ, ուր ուսման անհրաժեշտութիւնը կը զգացուէր եւ ուր եկեղեցիները աւելի եկամուտ ունէին քան իրենց պէտքերը, տարբերութեան վրայ կ'աւելցուէին եւ այլ եկամուտներ եւ կը բացուէին ծխական դպրոցները: Իսկ այն վայրերու, գլխաւորապէս գիւղերու մէջ, ուր ուսման ծարաւ համարեա չկար եւ ուր տէրտէրացուները միայն վանքի դպրոցը կը յաճախէին, մնացած մանուկները դպրոց ճամբելը հօտաղութենէ զրկելուն համազօր եւ վտանգաւոր գործ կը համարուէր: Նոյնպէս աղջիկներուն ուսում տալը` անոնց բարոյականը աղարտել կը նշանակէր: Եւ այս հասկացողութեամբ գիւղի հասարակութիւնը հարիւր առ հարիւր անուսում, անգրագէտ մնացած էր: Կարսի նահանգի հասրակութեան 80 առ հարիւրը անգրագէտ էր:
Այդ յետամնացութեան կը նպաստէին նաեւ աղքատ եկամուտներով հայ եկեղեցականները: Դպրոցը իր ծախքերով տեսակ մը մրցակից էր եկեղեցիի պաշտօնէութեան եւ բարօրութեան, քանի որ երկուսի եկամուտն ալ նոյն աղբիւրէն էր` կալուածներէն ու ծխական եկամուտներէն: Եթէ դպրոցներ չբացուէին, ամբողջ հասոյթը կը մնար եկեղեցիին եւ անոր պաշտօնեաներուն : Եթէ բացուէին, իրենց եկամուտը պիտի կրճատուէր: Ուստի, անոնք կամ բնաւ ջանք չէին թափեր դպրոցներ բանալու եւ կամ դպրոցները կը բացուէին «սիմբոլիկ» կերպով, այսինքն`աչքի փոշի լեցնելու համար դպրոցասէրներուն, ինչպէս ե ւ եկամուտ աւելցնելու համար: Ուրիշ խօսքով` «Տէր Թոդիկեան դպրոցներ» բանալով կը սահմանափակուէին:
Այս գետնի վրայ էր ահա, որ Կարսի շրջանին մէջ սունկի պէս կը բուսնէին պետական ընդարձակ եւ լուսաւոր դպրոցները: Ասոնք կը խոստանային այնպիսի ուսում տալ, որ հոն սորվողները ոչ միայն տէրտէր, այլեւ գրագէտ պաշտօնեայ կարողանային լինել, ինչ որ կը ժպտար հասարակ տարրին:
Խօսք տանք Վաղինակ Չիլինգարեանին, որ թէեւ պետական գլխարկով եւ համազգեստով ուսուցիչ էր Կարս-Սարըղամիշ ճամբուն վրայ ինկած գիւղի մը մէջ, բայց մեզի հետ էր: Ան կ'ապրէր պետական դպրոցին կից փառաւոր բնակարանի մը մէջ, որ միայն քաղաքին մէջ կրնայիր հանդիպիլ, կ'առնէր 30 ռուբլի եւ ունէր վիճակ մը` որ նախանձելի էր մանր քաղքենի դասին համար: Իր ունեցած աշակերտներէն մնացած էին 25ը: Միայն մէկը հայ էր, տեղի պաշտօնեայի որդին, որ կոմիտէի թոյլատուութեամբ կը յաճախէր պետական այդ դպրոցը: Մնացած հայերը դուրս էին քաշած իրենց զաւակները «պոյքոթի» պատճառով: Ուրեմն, պետական դպրոցի մնացած 24ը օտար ազգերու տղաներ էին:

Իմ մանկութեան այս ընկերս, որուն համազգեստը ինձ թշմնամի էր, բայց որուն մէջի մարդը ինձմէ հայրենսէր էր, այսպէս կը դատէր.-
«Ճիշդ է, այս երկու տարուան մէջ մեծագոյն հրաշքը կատարուեց: Յետամնաց, կրօնական մեր համայնքները վերազարթնեցին եւ ազգային գաղափարին փարեցին: Բոլորի մէջ մի կամք ու հաւատ ստեղծուեց եւ մերոնք այնպիսի ճարպիկութիւն, համարձակութիւն եւ վճռականութիւն ցուցադրեցին, որ ազգութեան առաջնորդութիւնը վաստակեցին, բարեբախտաբար: Երեւութապէս յաղթութիւնը մեր կողմն է եւ պարտուողը ռուս կայսրութիւնն է դաշնակցութեան առջեւ: Ապացոյց, որ ինձ յանձնուած դպրոցում հայ աշակերտ չէ մնացած եւ «պոյքոթը» ամէնուրեք կատարեալ է: Ես նրանցից չեմ, որ այս եւ անցեալի յաջողութիւնները վերագրեմ միայն դաշնակցութեան եւ կամ նրա առաջնորդած վերածնող հայութեան ոյժին: Մեր յաջողութեանց մէկ քառորդը եթէ վերագրելու է դաշնակցութեան եւ հայութեան, երեք քառորդը վերագրելու է գոլիցինեան յիմար քաղաքականութեան, որից կարողացաւ օգտուիլ դաշնակցութիւնը: Չզարմանաս եթէ ասեմ` «կեցցէ Գոլիցինը»: մենք նրան պարտական ենք մեր վերածնունդով»:

Շար . 8

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
Գլուխ Բ.

Շրջիկներու գործերը.
Պատիժները եւ բանտերը.
Եկեղեցական, դպրոցական գործերը.
Վ. Չիլինգարեան եւ իր յոյն բարեկամի խորհուրդները.
Կուսակցական եկամուտները.
Ծախքերը եւ զէնքի գնումները.
Փրոփականտը.
Կ.կոմիտէն եւ գործիչները.
Ռուս իշխանութիւնը եւ կուսակցութիւնը.
Տեռորներ.
Գաղտնի ոստիկանութիւն, դաւաճան եւ մատնիչ.
Ահաբեկիչները.


Գործիչներու, շրջիկներու եւ երկիր գացողներու միայն մէկ քանիաի անունները յիշեցի: Անոնք մնացորդներնէին իրենցմէ առաջ եղած բազմութիւններու, որոնցմէ շատերը այլեւս չկային: Անոնց նկարագիրը թերեւս աւելի պարզուի երբ յիշատակեմ անոնց գործերը եւ պարտականութիւնները:

ՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ.- Առաջին գործը մասամբ տեսանք: Վարժուիլ նոր ապրելակերպին, ճամբորդել երկաթուղու երրորդ կարգով, ձիով կամ ոտքով, ապրիլ ժողովուրդի մէջ, անոր ամենէն աղքատ դասի եւ չարքաշ զինուորի կեանքով, զրկուած ամէն վայելքէ:
Քանի որ կ. Կոմիտէն գաղտնի էր, շրջիկներն էին կապը ժողովուրդի, շարքերու եւ կ. Կոմիտէի միջեւ: Կը կատարէին անոր հրահանգները եւ կ'իրագործէին անոր որոշումները: Այն գործերը կամ որոշումները` որ յաջող էին, կ. Կոմիտէին կը վերագրէին : Ձախողութեան պարագային, գործիչները կը յայտարարէին որ իրենց սխալմ է եղած եւ վեարքննելի է, քանի որ կ. Կոմիտէն չէ քննած:
Քաղաքը եւ նահանգի գիւղերը բաժնուած էին կոմիտէութեանց, ենթակոմիտէութեանց եւ խումբերու, որոնք իրենց ցածից վեր բարձրացող մարմիններով կը նմանէին բուրգի մը: Այդ բուրգին կատարը անշօշափելի գաղտնի կ. Կոմիտէն էր: Ասոնք օրէնսդիր, վարչական, ընտրովի մարմիններն էին:
Միւս կողմէ` հակառակ ուղղութեամբ, վերի կատարէն սկսած մինչեւ ցած , բուրգի հիմքը, ցանցուած էր ուրիշ իշխանութեամբ մը, որ նշանակուած էր, ոչ թէ ընտրուած եւ որ տեսանելի էր կառավարութեան ու ամէնքին: Այդ իշխանութիւնը իր տակը կը թաքցնէր ընտրովի մարմինները եւ այն երեւոյթը կուտար, թէ ինքն էր միակ ոյժը: Անոր պարտականութիւնն էր ենթակոմիտէներու, կոմիտէներու, կ. Կոմիտէի տուած որոշումները գործադրուած տեսնել եւ բոլոր այն խնդիրները, զորս ինքը ի վիճակի չէր լուծելու, փոխանցել համապատասխան մարմիններուն: Ուրեմն, այդ ցանցը, որ բխած էր կ. Կոմիտէէն, կը ծածկէր ամբողջ կ. Կոմիտէութիւնը:
Այդ ցանցը նօսր էր: անոր հանգոյցները, որ մտաւորականներ էին, միջնակարգէն բարձր կրթութիւն ունէին իրենց ուղեկից 2-5 զինուորներով, որոնք ընդհնրապէս անուն հանած եւ լաւ ատրճանակ ու դանակ բանեցնող անձեր էին:
Վերեւ յիշած գործիչները, շրջիկները, երկիր գացողները ցանցի այդ հանգոյցներն էին, որոնք կախուած էին կ. Կոմիտէէն եւ անոր ենթակայ մարմիններէն ու կը հեռացուէին, երբ բողոք լինէր:
Դատաստանական գործը ամենէն շատ զբաղեցնող գործն էր, քանի որ կ. Կոմիտէն արգիլած էր կառավարութեան մօտ դատուիլը: Հակառակորդ կողմերը իրենց վէճերն ու վկաները կը ներակայացնէին ենթակոմիտէին, եթէ կողմերը կուսակցութիւններ էին. Իսկ ոչ-կուսակցականները` նոյն ենթակոմիտէին, վրան աւելցնելով իրենց ոչ-ազգական եւ նոյն քանակութեամբ դատաւորները, որոնց վճիռը պարտադիր էր:
Այն վէճերը, զորս այդ մարմինը , զորս այդ մարմինը հարկ կը համարէր չլուծել, կը փոխանցուէին շրջանի կոմիտէին, կ. Կոմիտէին եւ կամ շրջանի շրջիկին: Այդ պարագային անոնց տուած վճիռները վերջնական էին, ինչ խնդրի մասին ալ որ լինէին:
Հայերու եւ օտարներու միջեւ եղած վէճերով այս մարմինները չէին զբաղուիր, այլ կ. Կոմիտէի գործիչները, շրջիկները: Ասոնք, երբեմն զինուած, կը ներկայանային յոյն, թուրք, ռուս կամ յալ ազգի գիւղը, վէճ ունեցողի տունը:
Եթէ իրենք անծանօթներ էին, կը յայտնէին իրենց ինքնութիւնը եւ կ'առաջարկէին լուծել վէճը` առանց կառավարութեան միջամտութեան:
Չհամաձայնող չկար, ակամայ թէ կամայ: Դատը կը լինէր, Դատը կը լինէր ձրի, արագ, իր լեզուով եւ այնքա~ն անաչառ, որ օտար ազգերը իրենց վէճերը իրարու միջեւ եւս կ'ուզէին լուծել դաշնակների դատավարութեամբ: Պետական դատարանները մարդ ոտք չէր կոխեր: Դատաւոր, դատախազ իրենց պաշտօններով, փաստաբաններ պարապ էին եւ բանտն ու ոստիկանները` անգործ. Ռոճիկ կ'առնէին` առանց արդարացնելու իրենց գոյութիւնը: Որքա~ն խնայողութիւն ժողովուրդի գրպանին, որքա~ն արագութիւն վէճերը վերացնելու...
Դատավարութիւնը տեղի կ'ունենար որեւէ պատահական տան մէջ, շահագրգռուածներու եւ հետաքրիքիրներու լուռ ներկայութիւնը: Երկու կողմերը եւ վկաները կ'երդուէին, որ սուտ պիտի չխօսին, իսկ եթէ խօսին, արժանի պիտի լինին պատժուելու: Կը պատասխանէին եղած հարցումներուն, եւ դատը կը վերջանար ու վճիռը կը տրուէր նոյն օրն իսկ: Վճիռները կը տրուէին համաձայն խղճի ձայնին, սովորոյթներուն:
Փոքրիկ հարցերը կը լուծուէին փողոցի, ճաշարանի անկինը: Անուշի կը կապուէին ընդհանրապէս` կիրքերը հանգստացնելով:

Պատիժները եւ բանտերը.- Պատիժները յանցանքի համձայն էին եւ բազմաթիւ անսակները կային:
Ամենէն մեծ պատիժը մահուան պատիժն էր: որ կը տրուէր երբ այդ պահանջէին գիւղական կամ շրջանային դատարանները: բայց այդ պատիժը չէր կարող գործադրուիլ, եթէ չքննէր կ. Կոմիտէն եւ միաձայնութեամբ չյանգէր նոյն եզրակացութեան: Պատիժը գործադրողը կը նկատուէր ոճրագործ, եթէ ան չունենար կարմիր կնիքով վկայագիր: Վկայագիր ունենալու պարագային ցանկալի կը համարուէր.որ մահուան պատիժը գործադրողը լինէր մահապարտի մօտիկ ազգականը եւ երբեք դատ բացողի կողմէն, որովհետեւ ասիկա կարող էր թայֆայութիւն եւ արեան վևիժառութիւն առաջ բերել:
Հետեւեալ պատիժը վերջնական աքսորն էր: բացի դաւաճանական արարքներէն, բոլոր մահուան վճիռները կ. Կոմիտէի կողմէ կը փոխուէին վերջնական աքսորի: Արդէն մահուան վճիռ կը տրուէր երկու յանցանքի համար միայն` դաւաճանութիւն եւ մարդասպանութիւն: Դաւաճանութեան համար մահավճիռը անփոխարինելի էր, իսկ մարդասպանութեան համար մահավճիռը կարող էր մեղմանալ, եթէ մահապարտի եւ իր ընտանիքի կողմէ ներումի դիմում լինէր եւ մահապարտը իր ծնողներու եւ իր կնոջ ներկայութեամբ հրաժարէր իր կայքէն եւ գոյքէն յօգուտ իր ժառանգորդներուն, ապահարզան տար իր կնոջը, հրաժարէր իր ընտանիքէն, բոլորը միասին ստորագրէին մահավճիռը եւ եթէ դատապարտեալը 12 ժամէն վերջնականապէս հեռանար կովկասի սահմաններէն Ռուսիա կամ ուր որ կ'ուզէր: Վերադարձի պարագային ոչ միայն ինքը, այլեւ բոլոր ստորագրողները մահուան կը դատապարուէին:
Պարզ աքսոր.- Այս պատիժը ոչ քրէական, ոչ ալ ոճրային յանցանքներու համար էր կ. Կոմիտէն զայն կուտար աւելի շուտ վարչական կարգով, առանց դատի եւ դատաստանի: Այդ պատիժը ընդհանրապէս կը տրուէր կուսակցականներուն, որոնց ներկայութիւնը բաղձալի չէր շրջանի մէջ: Օրինակ, երբ մէկը էնթրիկան էր եւ հատուածներ կը ստեղծէր, երբ իրեն անվայել արաքներու մէջ կը գտնուէր, երբ անկարգ էր, երբ ժողովուրդին հետ կոպիտ կը վարուէր եւ անզական բարքերորուն չէր համակերպեր եւն...: Կարմիր կնիքով ներկայացող շրջիկը կը հրամայէր ընդհանրապէս մէկ երկու ժամէն մեկնիլ Պաթում, կամ այլուր: Այդպէս եղաւ Բալաբեխ Կարապետի, Առիւծ Աւազի պարագային, որոնք աքսորուեցան Սերգէյի կողմէ:
Բանտ.- Այս պատիժը կը տրուէր գողերուն, վաչխառուներուն, չարաշահներուն եւ իրենց պարտականութիւնները չկարողներուն: Ցարական իշխանութեան սրով, կարսի բերդորուն տակ, ռուսական բանտերու կողքին, երբ ցարական ժամտարմանները կ'որոնէին դաշնակցականները` բանտարկելու համար, դաշնակցութիւնն ինք բանտ ունէր: Այդ բանտը խարխլած տուն մըն էր քրոյի մահլայի մէջ: Մարդ չէր ապրեր մէջը եւ ոչ ալ պահապան կար: դուռը կղպանք չունէր դրսէն փակուելու համար. Սռնակ մը կար միայն` հոն եւ երկու թէ երեք թախա, վրան խոտ փռուած, եւուրիշ ոչինչ: Դատապարտուածին կը հարահնգէր քաղաքի շրջիկը, որ Սերգէյն էր. « Կ'երթաս բանտ, մինչեւ չկատարես որոշումը»:
Ասիկա տեղի կ'ունենար օրը ցերեկով, երբ ցարական աստիկանները կանգնած էին փողոցի անկիւնները: Երբ աղաչանք ու պաղատանք ի զուր կ'անցնէին, մարդը հարկադրուած` կ'երթար ցոյց տրուած տեղը, մինակ կամ առաջնորդով եւ կը մտնէր այնտեղ: Եւ որովհետեւ ոչ պահապան կար եւ ոչ ալ դրսէն կղպանք, ինքը ներսէն կը փակէր իր վրան եւ ինքն իրեն կը բանտարկէր: նախ քան բանտարկուիլը` կը կարգադրէր իր խմելիքի եւ ուտելիքի խնդիրը: Ազգականները կը բերէին, քանի որ այդ հաշուին էր:
Ինչպէ ս/հարցման նշան/ չհնազանդէր եւ չգնար բանտը իր ոտքով: ապաստանիլ կառավարութեան` համազօր էր դաւաճանութեան, որուն պատիժը սարսափելի էր: Ձեռքի տակէ լուր տալ իշխանութեան, թէ բանտարկուած է, անմիտ էր, որովհետեւ ինքն է որ դուռը ներսէն փակած էր: Հրամանը չկատարէր, դուրս ելլէր եւ փախչէ ր/հարցման նշան/, այդ անհնար էր, որովհետեւ իր տան մէջ կը բռնուէր եւ ահռելի ծեծի ալ ենթարկուելով` նորէն կը հարկադրուէր վերադառնալ բանտ: Ծիծաղելի դէպքեր ալ կը պատահէին: երբ ոստիկանները, հոտը առնելով, բանտը կը կոխէին.
- Ի նչ/հարցման նշան/ կ'ընես այստեղ, դուրս ելիր եւ քու գործին գնա/շեշտ/, կ'ըսէին:
- Չէ, ինձ հանգիստ եւ մենակ ձգեցէք: ես ուխտ եմ արած ապաշխարելու, իմ կնկան հանդէպ յանցանք եմ գործած:
Կառավարութիւնը շուարած` կ'արձանագրէր իբր կարգապահ, մոլի յեղափոխական եւ փաստ չունենալով` կը ձգէր կ'անցնէր եւ կամ իր բանտը կը փոխադրէր:
Միւս պատիժները կը տրուէին իբր ծեծ, երբ ընդդիմութիւն կամ տրուած որոշումէն խուսաթում լինէր: Տուգանքը արգիլուած էր:
Գողութիւն, չարաշահութեան համար կրկնակի կը գանձուէին յանցաւորէն եւ գողցուած կամ չարաշահուած ապրանքը կը վերադարձուէր տիրոջը, իսկ մնացած շահը կը տրուէր ամբողջութեամբ շրջանի դպրոցի հոգաբարջութեան:
Իբր նմոյշ` բերեմ օրինակ մը:
Ըսենք թէ Ա.- ն գողցուած է Մ.-էն ոչխար մը եւ կերած իր երկու ընկերներուն հետ: Դատարանը կը վճռէ գող Ա.-էն գանձել երկու ոչխարի գինը կամ երկու ոչխար: Տեղն ու տեղը մէկ ոչխարը կը վերադարձուի Մ.ին: Քանի որ գողցուած ոչխարը կերուած է գողի երկու ընկերներուն հետ, անոնցմէ ալ կը գանձուի մէկ մէկ ոչխար եւ կամ գինը: Ապա կը կանչուի ստորագրութիւն կ'առնուի, որ ստացած է Ա.էն եւ երկու ընկերներէն երեք ոչխար եւ խնդիրը կը փակուի :
Այս օրինակը բերի Թախթի գիւղերէն, ուր անձամբ իրագործած եմ այդպիսի վճիռ մը:
Եկեղեցական, դպրոցական գործերը.- Ռուսական սահմանափակումները հայ եկեղեցիի կալուածներու եւ դպրոցականներու վերաբերմամբ` իշխանութեան ցանկութիւններուն հակառակ արդիւնք տուած:
Նախ քան այդ բռնի միջոցներուն դիմելը` դպրոցներ կը գտնուէին միայն այն վայրերու մէջ, ուր կար հայ եկեղեցի, որուն հովանիին տակ կը կազմակերպուէին դպրոցները ծխական անուան տակ: Այս եկուսի միացեալ եկամուտէն կը հոգացուէին եկեղեցիի եւ դպրոցիծախքերը: Քաղաքներու եւ որոշ կէտերու մէջ, ուր ուսման անհրաժեշտութիւնը կը զգացուէր եւ ուր եկեղեցիները աւելի եկամուտ ունէին քան իրենց պէտքերը, տարբերութեան վրայ կ'աւելցուէին ե ւ/շեշտ/ այլ եկամուտներ եւ կը բացուէինծխական դպրոցները: Իսկ այն վայրերու, գլխաւորապէս գիւղերու մէջ, ուր ուսման ծարաւ համարեա չկար եւ ուր տէրտէրացուները միայն վանքի դպրոցը կը յաճախէին, մնացած մանուկները դպրոց ճամբելը հօտաղութենէ զրկելուն համազօր եւ վտանգաւոր գործ կը համարուէր: նոյնպէս աղջիկներուն ուսում տալըէ` անոնց բարոյականը աղարտել կը նշանակէր: եւ այս հասկացողութեամբ գիւղի հասարակութիւնը հարիւր առ հարիւր անուսում, անգրագէտ մնացած էր: Կարսի նահանգի հասրակութեան 80 առ հարիւրը անգրագէտ էր:
Այդ յետամնացութեան կը նպաստէին նաեւ աղքատ եկամուտներով հայ եկեղեցականները: Դպրոցը իր ծախքերով տեսակ մը մրցակից էր եկեղեցիի պաշտօնէութեան եւ բարօրութեան, քանի որ երկուսի եկամուտն ալ նոյն աղբիւրէն էր` կալուածներէն ու ծխական եկամուտներէն: եթէ դպրոցներ չբացուէին, ամբողջ հասոյթը կը մնար եկեղեցիին եւ անոր պաշտօնեաներուն : Եթէ բացուէին, իրենց եկամուտը պիտի կրճատուէր: Ուստի, անոնք կամ բնաւ ջանք չէին թափեր դպրոցներ բանալու եւ կամ դպրոցները կը բացուէին «սիմբոլիկ» կերպով, այսինքն`աչքի փոշի լեցնելու համար դպրոցասէրներուն, ինչպէս ե ւ/շեշտ/ եկամուտ աւելցնելու համար: Ուրիշ խօսքով` «Տէր Թոդիկեան դպրոցներ» բանալով կը սահմանափակուէին:
Այս գետնի վրայ էր ահա, որ կարսի շրջանին մէջ սունկի պէս կը բուսնէին պետական ընդարձակ եւ լուսաւոր դպրոցները: ասոնք կը խոստանային այնպիսի ուսում տալ, որ հոն սորվողները ոչ միայն տէրտէր, այլեւ գրագէտ պաշտօնեայ կարողանային լինել, ինչ որ կը ժպտար հասարակ տարրին:
Խօսք տանք Վաղինակ Չիլինգարեանին, որ թէեւ պետական գլխարկով եւ համազգեստով ուսուցիչ էր Կարս-Սարըղամիշ ճամբուն վրայ ինկած գիւղի մը մէջ, բայց մեզի հետ էր: Ան կ'ապրէր պետական դպրոցին կից փառաւոր բնակարանի մը մէջ, որ միայն քաղաքին մէջ կրնայիր հանդիպիլ, կ'առնէր 30 ռուբլի եւ ունէր վիճակ մը` որ նախանձելի էր մանր քաղքենի դասին համար: Իր ունեցած աշակերտներէն մնացած էին 25ը: Միայն մէկը հայ էր, տեղի պաշտօնեայի որդին, որ կոմիտէի թոյլատուութեամբ կը յաճախէր պետական այդ դպրոցը: մնացած հայերը դուրս էին քաշած իրենց զաւակները «պոյքոթի» պատճառով: ուրեմն, պետական դպրոցի մնացած 24ը օտար ազգերու տղաներ էին:
Իմ մանկութեան այս ընկերս, որուն համազգեստը ինձ թշմնամի էր, բայց որուն մէջի մարդը ինձմէ հայրենսէր էր, այսպէս կը դատէր.-
«Ճիշդ է, այս երկու տարուան մէջ մեծագոյն հրաշքը կատարուեց: Յետամնաց, կրօնական մեր համայնքները վերազարթնեցին եւ ազգային գաղափարին փարեցին: Բոլորի մէջ մի կամք ու հաւատ ստեղծուեց եւ մերոնք այնպիսի ճարպիկութիւն, համարձակութիւն եւ վճռականութիւն ցուցադրեցին, որ ազգութեան առաջնորդութիւնը վաստակեցին, բարեբախտաբար: Երեւութապէս յաղթութիւնը մեր կողմն է եւ պարտուողը ռուս կայսրութիւնն է դաշնակցութեան առջեւ: Ապացոյց, որ ինձ յանձնուած դպրոցում հայ աշակերտ չէ մնացած եւ «պոյքոթը» ամէնուրեք կատարեալ է: Ես նրչանցից չեմ, որ այս եւ անցեալի յաջողութիւնները վերագրեմ միայն դաշնակցութեան եւ կամ նրա առաջնորդած վերածնող հայութեան ոյժին: Մեր յաջոզողութեանց մէկ քառորդը եթէ վերագրելու է դաշնակցութեան եւ հայութեան, երեք քառորդը վերագրելու է գոլիցինեան յիմար քաղաքականութեան, որից կարողացաւ օգտուիլ դաշնակցութիւնը: Չզարմանաս եթէ ասեմ` «կեղղէ գոլեցինը»: մենք նրան պարտական ենք մեր վերածնունդով»:

Շար . 8

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝