Յայտարարութիւն

Wednesday, November 4, 2009

Խորհրդածութիւն՝ «Հօրս Ոդիսականը» ին մասին

1. Ռիթա Մանճիկեան/Պասմաճեանի « Հօրս Ոդիսականը» յօդուածին մասին ստացած ենք հետեւեալ երկտողը՝ Անգլերէն լեզուով: Հետաքրքրական է անծաօթ այս ընթերցողին նկատողութիւնը:Փափաքեցանք այս խորհրդածութեան մասին քեզ հետ խորհրդածել,Սիրելի Ընթերցող , մանաւանդ որ այս օրերուն ականատես և ականջալուր ենք սիրելի մեր նահատակաց և մեր սերունդին գոյութեան պատճառ հանդիսացած վերապրողներուն նկատմամբ կատարուած անսպասելի անարգանքին...

2. Հեղինակը պէտք էր հարցուցած ըլլար յետին մանրամասնութիւններ իր ծնողներուն իրենց տառապեալ անցեալին մասին ինչպէս որ ըրած է Ռիթա Մանճիկեան/Պասմաճեան: Եթէ տկաւին ողջ են ՝ դեռ ուշ չէ: Եթէ մահացած են՝ թող ինք գրի առնէ ինչ որ կը յիշէ այն քիչէն, որ պատմուած պէտք է որ եղած ըլլայ... Թէ ինչու՞ Տես կէտ թիւ 4:
3. Երկտողին հեղինակը կ՜ենդաթադրէ թէ ընդհանրապէս իր սերունդի մարդիկ ,մեր հայրերուն ջարդերու պատճառած վիշտը չթարմացնելու համար, հարցումներ չուղղեցին իրենց ծնողներուն : Թերեւս քիչեր այդպիսի մօտեցում ունեցան սակայն մեծամասնութիւնը այդպիսի մօտեցում չունեցաւ: Ի տարբերութիւն այլոց՝ Ռիթա Մանճիկեան/Պասմաճեան իր պարզ ու անկեղծ գրիչով սեւի վրայ ճերմակով անմահացուց իր հօր «Ոդիսականը»:

4. Մեր ծնողաց վերապրիլը յաջորդներուս համար հպարտանքի առիթ է, մենք զիրենք խօսեցուցած ըլլալով իրենց ՀՊԱՐՏ ԱՆՑԵԱԼԻՆ մասին,մեր նուազագոյն յարգանքը կատարած ու տուրքը վճարած կ՜ըլլանք իրենց:

Բարեհաճեցէք ուղարկել մեզի ձեր թեր և դէմ կարծիքները,սիրելի ընթերցողներ:

Շնորհակալութիւն՝



«Նշանակ»



Anonymous said...
A Moving piece of writing, deep in meaning and so true to a generation of Armenians whose parents had childhood memories of the massacre.
I wish, I too had the courage to ask may father about his memories. I guess we all avoided to ask more to prevent the pain and sorrow attached to those memories.


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝