Յայտարարութիւն

Monday, November 2, 2009

ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ - Տալիդա Գալըպճեան

ՏԱԼԻԴԱՆ ՎԱՂՈՒՑ ԻՐ ԳՐԻՉԸ ՉԷՐ ՇԱՐԺԱԾ «ՆՇԱՆԱԿ»Ի ՄԷՋ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԱՄԱՐ: ԻՐ « ԿԱՆԱՑԻ» ԲԱԺՆԻՆ ՄԷՋ ԱՆ ԱՅՍՕՐ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒԳԱՅ ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾՈՎ ՄԸ: ՅԻՐԱՒԻ, ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՔԻՉ ԲԱՆ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԵՆՔ : ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ: ԹԵՐԵՒՍ ԸՆԿԵՐԱԲԱՆԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԻ ԼԱՒ ՆԻՒԹ Է...
«ՆՇԱՆԱԿ»
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»

ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

1-Ի ՞նչ է կենցաղագիտութիւնը

Ընկերութեան մէջ ապրող անհատը հարկադրուած է բազմազան յարաբերութիւններ մշակելու իր նմաններուն, իր ազգակիցներուն ,իր պետութեան և վերջապէս իր շրջապատին հետ: Այս յարաբերութիւնները հաճելի դարձնելու եւ անոնցմէ նիւթական թէ բարոյական առաւելագոյն օգուտը քաղելու համար, ամէն մարդ պարտաւոր է յարգելու մարդկային յարաբերութեան վերաբերող կարգ մը էական կանոններ որոնց ամբողջութիւնը կը կոչուի կենցաղագիտութիւն:

Պէտք է խոստովանիլ թէ մեր՝ Հայերուս մօտ կենցաղագիտութեան պէտք եղած կարեւորութիւնը չի տրուիր ընդհանրապէս: Բարեկիրթ վերաբերման շնորհիւ որքա~ն թերութիւններ կը պարտկուին մարդուն անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ եւ մանաւանդ որքա ~ն առաւելութիւններ ձեռք կրնան բերուիլ:

2-Ընկերային յարաբերութեան տեսակները:

Այս յարաբերութիւնները իրենց տեսակին եւ բնոյթին համեմատ կրնանք բաժնել երեք գլխաւոր դասակարգի.

Ա.- Անհատական կենցաղագիտութիւն.
Բ.- Ազգային – հանրային գործունէութիւն.
Գ.- Քաղաքացիական կրթութիւն.


Պիտի սկսինք «Անհատական Կենցաղագիտութիւն» ով:

Ա.- Անհատական կենցաղագիտութիւն

Անհատական կենցաղագիտութիւնը ամբողջութիւնն է այն քաղաքավարական կանոններուն որոնք կը վերաբերին մեր նիստ ու կացին, արդ ու զարդին եւայլն....:

1-Հագուստ կապուստ:

Արդուզարդի խնամք տանիլը աւելորդ պերճանք չէ, այլ անհրաժեշտութիւն մը ամէն բարեկիրթ մարդու համար:
- Շատ ազնիւ եւ բարոյական ամէն յատկութիւններով օժտուած մէկը կրնաք ըլլալ, բայց երբ առաջին անգամ ներկայանաք տեղ մը, հոն գտնուող ձեզի անծանօթ անձերուն վրայ ձեր արտաքին երեւոյթովն է որ ձեզի ի նպաստ կամ աննպաստ տպաւորութիւն պիտի թողուք:
- Անշուշտ նպաստաւոր տպաւորութիւն կը ձգեն ձեր բնական բարեձեւութիւնն ու դէմքի հաճելի երեւոյթը, եւ եթէ իգական սեռին կը պատկանիք ՝ ձեր ֆիզիքական գեղեցկութիւնը: Բայց , ասկէ անկախաբար, ձեր հագուստն ու կապուստը, կոկիկ ու մաքուր, փոյթ չէ որ նոյն իսկ հինցած ըլլան, ինչպէս նաեւ ձեր դէմքին ու ձեռքերուն տարած առաւել կամ նուազ խնամքը դիւրաւ կրնան աւելցնել կամ պակսեցնել բնութեան կողմէ ձեզ տրուած ֆիզիքական շնորհներուն թողած տպաւորութիւնը:
- Պատշաճ արդուզարդ ունենալու համար պայման չէ վայելչաձեւ ըլլալ: Վայելչաձեւութիւնը յատկութիւն մըն է զոր բնութիւնը տուած կ'ըլլայ մեզի կամ ոչ: Ան ստացական չէ: Կը բաւէ կարգ մը բաներու ուշադրութիւն ընել կամ խնամք տանիլ պատշաճ հագուստ կապուստ եւ մաքուր ու վայելուչ արտաքին մը ունենալու համար:
- Զգուշացէք ծայրայեղ պճնասիրութենէ, եթէ չէք ուզեր ծիծաղելի կամ անլուրջ երեւնալ: Ճշմարիտ վայելչութիւնը պէտք չունի արտառոց արդուզարդի :Նշանաւոր անձ մը ըսած է .« երաւ վայելչազգեստ մարդը ան է , որուն վայեչազգեստութիւնը իր արտառոցուեամբ մասնաւոր ուշադրութիւն չի գրաւեր»:

Պատրաստեց՝
Տալիդա Գալըպճեան


Շարունակութիւն 1


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝