Յայտարարութիւն

Saturday, November 28, 2009

Կենցաղագիտութեան մասին այլ կարծիք մը

Միացեալ Նահանգներ բնակող Հրաչ Արզումանեանը ,«Նշանակ»ի և «Ազատ Հայ» կայքէջներու կանոնաւոր ընթերցողներէն է: Յաճախակի են եղած մեր նամկներու փոխանակումները: Յայտնենք, որ Հրաչը հիմնադիր անդամներէն մին է Ապու Տապիի գաղութի Ազգային կեանքին և առաջին անդամներէն ՝ Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան: Մեր խնդրանքին ընդառաջելով Հրաչը համաձայն գտնուեցաւ հրապարակել իր նամակը Տալիտա Գալըպճեանի պատրաստած «Կենցաղագիտութիւն» յօդուածին վերաբերող :

De la discussion nait la lumiere «Կարծիքներու փոխանակումէն կը ծնի լոյսը» կ՜ըսէ ֆրանսական առածը:
Արդ, Երկխօսութենէն , նիւթի մը մասին տարբեր կարծիքներ որոնելէն, հարցի մը տարբեր լուծումներ գտնելէն աւելի հաճելի բան կա՞յ արդեօք որևէ մտաւորական կամ իր գիտելիքը աւելցնել ձգտող մարդու համար...

Շնորհակալութիւն Հրաչին երկխօսութեան առիթը փախցուցած չըլլալուն համար:

«Նշանակ»

-.--.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.--.-


Սիրելի Նշան,

Ժամանակին մեզի կենցաղագիտութեան դասեր տուած էին դպրոցի մէջ:
Բոլոր կանոններն ալ կը յիշեմ և կեանքիս մէջ գործածած եմ զանոնք հնարաւորութեանց սահմաններուն մէջ: Մէկ կանոն կայ, որուն հակառակը սորվեցուցած էին մեզի.ըստ Տալիտային, երբ այր մարդ մը տիկնոջ մը կամ օրիորդի մը կը հանդիպի առաջին բարևողը պէտք է այր մարդը ըլլայ, մինչդեռ մեզի սորվեցուցած էին հակառակը, որ իմ կարծիքով աւելի ճիշդ է ,որովհետեւ կրնայ այնպէս ըլլալ որ խնդրոյ առարկայ տիկինը կամ օրիորդը չուզեր որ խնդրոյ առարկայ այր մարդը իրեն ծանօթ երեւի՝ այլևայլ պատճառներով: Այս մարզին մէջ անձնական փորձառութիւն մը ունեցած եմ: Պատմեմ: Օր մը, տարիներ ետք, հանդիպեցայ դասընկերուհիներէս մէկուն:Ուրախացած մօտեցայ անոր և անունը տալով բարևեցի՝ զինք վերջապէս «գտած» ըլլալու ուրախութեան արտայայտութեամբ: Դասընկերուհիս շատ պաղ վերաբերում ցոյց տուաւ: Զարմացայ ու ամչցած քաշուեցայ: Աւելի ուշ իմացայ այլ դասընկերուհիէ մը թէ ամուսինը կասկածամիտ ու նախանձոտ մարդ մըն է եղեր և թէ այդ է եղած պատճառը իր պաղ վերբերումին:

Այլ բաներ ալ սորված էինք. հաւանաբար Տալիտան զանոնք ալ կը հրամցնէ մեզի յաջորդիւ:
Յամենայն դէպս, կենցաղագիտութեան կարևորութիւնը շատ մեծ է: Կը գնահատեմ Տալիտան ու Նշանակը, և կը քաջալերեմ բոլոր ընթերցողները կարդալու կենցաղագիտութեան մասին շարունակական այս յօդուածները, որոնք մեծ օգտակարութիւն ունին մարդուս , ուր որ ալ ըլլայ ան:

Յարգանօք՝

Հրաչ Արզումանեան



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝