Յայտարարութիւն

Friday, December 4, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները 11 Ռուբէն

-Ինչպէ ՞ս պատրաստեմ իմ թէզը, որ նորէն չկորցնեմ 20 ռուբլի:
Ես այդ օրերին չունէի պատասխան եւ յոյնի ըսածը անառարկելի կը գտնէի:
Ինչ որ, սակայն , անառարկելի է բանականութեամբ եւ հաշուով, առարկելի է հաւատով իր ոյժերի վրայ, երբ ինքնապաշտպանութեան բնազդը կը մղէ ժողովուրդը անտեսել ամէն ինչ եւ խիզախել այնպէս, ինչպէս խայթող մեղուները կրնայ դառնալ իրեն` խայթողին:

Երբ ընկերներուս պատմեցի Վաղինակի եւ իր յոյն ընկերոջ մտքեևրը եւ իմ տարակուսանքները, անոնք զայրացան: Երեւի անոնք ալ պատասխան չունէին:

-Ջանըմ,- ըսաւ Սերգէյը,- գործը գործ կը բանայ: Եթէ ամէն ինչ հաշուով լինի, ձեռներս ծալլած` գլուխ պէտք է խոնարհենք: Այդ ժամանակ յեղափոխութիւնն էլ ո ՞ւր կը մնայ: Այսօր մենք ինչ որ հնարաւոր է, կ'անենք: Իսկ ապագայի մասին թո ղ ապագայ սերունդը մտածէ: Դու թախթի գիւղերում դպրոցները կարգի բերելու մասին մտածիր:

1904-ին, մինչեւ իմ Կարսը թողնելը, բոլոր բնակելի վայրերուն մէջ` ուր հայեր կային, կազմակերպուած էին դպրոցական հոգաբարձութիւններ, որոնք առանց իշխանութեանց թոյլատուութեան, գիւղի բնակիչներէն «զուբարա» կը հանէին, իսկ ուր դպրոցական շէնքեր չկային, շէնքերու հիմքերը կը փորէին եւ պատերը կը բարձրացնէին, բնական տուրքերով հարկ կը հաւաքէին եւ կամ «զուբարայով» արտեր կը ցանէին ու գալիք դպրոցներուն ծախքերը կ'ապահովէին: Անկարգապահները տուգանքի կ'ենթարկէին եւ տուգանքն ալ դպրոցական եկամուտին վրայ կ'աւելցնէին: Ուսուցիչներ կ'որոնէին եւ երբ յարմարը չգտնային, եղածները կը դնէին գործի: Եւ ահա դպրոցը պատրաստ էր, ու աշակերտները կը յաճախէին: Որակը ցած էր եւ շատ տեղեր Տէր Թոդիկեան դպրոցներուն հետ կրնային մրցիլ. բայց բոլորն ալ հպարտ էին, որ ռուս չեն լինելու եւ հայու վարժատուն ունին եւ «շկոլ» չեն ղրկեր իրենց զաւակները:

Երկար կանգ առայ Կարսի դպրոցական շարժումին վրայ, որովհետեւ անոր կիրառած ձեւերը լայն չափով օրինակ ծառայեցին երկրի ուսումնական գործին: Իշխանը, 1904էն յետոյ, Լեռնապարի մէջ ընդարձակօրէն կիրառեց Կարսի մէջ իր տեսածները, եւ ես ալ, որ անցայ Տարօն, նոյն ձեւը պարտադրեցի Տարօնի աշխարհին մէջ:

ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ԵԿԱՄՈՒՏՆԵՐԸ.- Գործիչներու հիմնական պարտականութիւններէն մէկն էր կուսակցական տուրքերու գանձումը եւ եկամուտներու յաւելումը: Ասոր կուտային, բացի նիւթականէն, նաեւ բարոյական նշանակութիւն:

Ով իրեն դաշնակցական կը համարէր, ենթակայ էր կուսակցական տուրքի: Տուրքն էր հիմնական եկամուտը եւ չափանիշը պարտականութեանց ըմբռնողութեան: Ան, որ իր տուած նուէրներով հարիւր անգամ աւելի նիւթական զոհաբերութիւն կ'ընէր, բայց իր վրայ դրուած տուրքը ամսէ ամիս չէր վճարեր, շարքերէն դուրս էր: Տուրքը համաչափ չէր, այլ ըստ կարողութեան էր: Քանակը որոշողը ինքը` վճարողը չէր, ոչ ալ բարձրագոյն մարմինները, այլ իր պատկանած խումբի կամ ենթակոմիտէութեան պատկանող ընկերները: Եթէ մէկը, ոգեւորութենէ թելադրուած, իր տուրքը աւելի յանձն առնէր, կամ ժլատութենէ թելադրուած` պակաս յանձն առնէր, անոր տուրքի չափը որոշողը իր ընկերներն էին: Տուրքը ոեւէ մէկուն հաստատ եկամուտին 1 էն 3 առ հարիւր էն անդին չէր անցներ:

Գործիչի համար, երբ գանձումներ կը կատարուէին, անձնաւորութիւնները գոյութիւն չունէին: Ենթակոմիտէի կամ խումբի ներկայացուցած ցանկին եւ հաստատած տուրքին գումարը ան կը ստանար: Բուն գանձողը ենթակոմիտէն կամ խումբն էր անհատներէն: Չվճարողները դուրս կը նկատուէին շարքերէն: Աւելի վճարողներուն գումարները` նուէր անուան տակ կը ներկայացուէին:

Շարքայիններուն թիւը հազիւ 1-2 առ հարիւրը լինէր բնակչութեան: Անոնց տուրքերը չնչին էին, համեմատած կուսակցութեան ընդհանուր եկամուտին հետ: Այդ թուական սահմանափակման մէջ կը համրուէր անոր որակը, որովհետեւ ան էր կայունը եւ անփոփոխը: Դաշնակցութեան զանգուածը շարքերէ դուրս էր: Բայց անոր կայունութիւնը պահողը եւ կենդանութիւն տուողը փոքրաթիւ շարքայիններն էին: 1904 –ին այդ զանգուածի թիւը շուրջ 80 առ հարիւր էր բնակչութեան, որ կը տատանուէր իր տրամադրութեամբ եւ կ'ելլէր եւ կ'իջնէր իր քանակով: Այդ կախուած էր մէկ կողմէ շարքայիններուն աշխատանքէն եւ գործիչներուն եռանդէն, իսկ միւս կողմէ` արտաքին վիճակէն: Եկամուտի քանակը 90 առ հարիւրով կուգար այդ զանգուածէն, բայց ոչ թէ ամսավճարով, այլ հանդէսներէ, նուէրներէ, հանգանակութիւններէ, տուգանքներէ,եւայլն: Եկամուտն ալ կը տատանէր զանգուածի տրամադրութեան պէս:

Կարսի շրջանի եկամտային այս ձեւը արժէքաւոր էր անոր համար, որովհետեւ այնտեղէն անցնող եւ երկիր մտնող գործիչները ընդօրինակեցին զայն եւ մուծեցին երկրի մէջ:

ԾԱԽՔԵՐԸ ԵՒ ԶԷՆՔԻ ԳՆՈՒՄՆԵՐԸ.- Այս գործերն ալ կը ծանրանային շրջանի գործիչներուն վրայ, որոնց առանցքը Յակոբն /Չիլինգիրեան/ էր 1904-ին:

Նահանգի եւ քաղաքի համար շարունակ կը պահուէին 15-20 զինուորներ եւ միջին հաշուով 5 գործիչներ: Բայց Յակոբը` ի հարկէ Կ. Կոմիտէի անունով, կրցած էր կարգեր հաստատել, որ այդ առանց ծախքի լինի: Անոր «օրէնքներն»էին.- Ա/ Գործիչը կամ զինուորը, որ ուխտած է իր կեանքը նուիրել ազգին, դրամ պէտք չէ ունենայ, ռոճիկի կամ այլ անուան տակ: Եթէ դրամ ստանայ, այդ համազօր է իր արիւնը ծախելուն: Բ/ Ազգին ամէն տունը իր տունն է. եւ այդ տունը, որ իր դռները կը գոցէ եւ հիւր չընդունիր իր համար զոհուողին ` հայ չէ: Գ/ Այս զոհերը աւելի խեղճերուն համար են .ուստի գործիչը, զինուորը պէտք է գերադասեն աղքատներուն տները հիւր լինել եւ անոնց «Հացը կտրել», քան կարողութիւն ունեցողներուն: Հիւրընկալը անօթի է, դուն ալ անոր հետ անօթի պէտք է մնաս:
Այս սկզբունքներով բոլոր ծախքերը կը վերանային : Շեղումներ կը լինէին միայն քաղաքի մէջ, ուր, օրը 20 կոպէկէն աւելի չծախսելու պայմանով, կը վճարուէին ծախքերը:



Շար. 11




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝