Յայտարարութիւն

Sunday, December 6, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -12 - Ռուբէն

Կուսակցական եկամուտին 80 առ հարիւրը կ'երթար զէնքի եւ փամփուշտի գնման: Անոնցմով կը լեցուէին պահեստները, որոնք Կարսի շրջանի համար չէին, այլ երկիր ճամբելու համար: Դրամը զէնքի կը փոխուէր հետեւեալ միջոցներով.-
Անոնք որ ռուս բանակին մէջ էին եւ ինքզինքնին դաշնակցական կամ համակիր կը համարէին, իրենց նիւթական պարտականութիւնը պէտք է կատարէին փամփուշտ եւ զէնք բերելով, այսինքն` պետութենէն գողնալով: Միաժամանակ անոնք ռուս եւ այլ ազգերուն պէտք է ցոյց տային ռազմանիւթը դրամ դարձնելու միջոցները:
Այդ կ'իրագործուէր հետեւեալ կերպով:- Ռուս զինուորը կը սիրէ օղին եւ կինը: Բայց ան երկու ամիսը անգամ մը կը ստանար 37 կոպէկ ռոճիկ, որ չէր բաւեր իր գէշ տեսակի ծխախոտին իսկ: Ուստի իր սիրած հաճոյքները ան կրնար ունենալ միայն գողութեամբ, հանրատուներէ եւ «միկիտաններու» /գինետուն/ միջնորդ մարդկանց միջոցով: Ասոնց իր կանխավճար հազարական ռուբլի բաց կը թողնուէր, պայմանով որ որոշուած գներով, օրինակ` փամփուշտը կէս կոպէկ, գինամթերք տային: Այդպէս էր, որ բոլոր անառակութեան եւ հարբեցողութեան վայրերը դարձան զէնքի շուկաներ: Այս հիմնարկութիւնները գիշեր ցերեկ ոստիկաններու հսկողութեան տակ էին, բայց միաժամանակ կը հովանաւորուէին իշխանութեան կողմէ` զինուորի ձանձրոյթը փարատելու համար: Ոստիկաններու աչքին առջեւ կուգային զինուորները եւ ներս կը մտնէին գլխաւոր դռնէն: Իրենց հագին ունէին երկար «շինէլ»ները / վերարկուներ/, որոնց տակ կը պահէին զանազան զինամթերքներ:
- Տուր մէկ շիշ Սմիրնովի օղի, կը կանչէր զինուորը եւ նագան ատրճանակը կը սահեցնէր «դախլի» ետեւը:
- Տուր զաւզաւաթ, կը կանչէր միւսը եւ պարկ մը փամփուշտ կը սահեցնէր «դախլի»ետեւը:
Եւ այդպէս` «տուր, տուր» կը կանչէին ու փառաւոր սեղանը պատրաստ էր` առանց դրամի, բաժակները լեցուած էին եւ երգերը սկսուած:

Եթէ խուզարկուէր զինուորը եւ երեւան գար գողութեան գաղտնիքը, պատասխանատուն զինուորն էր զինուորական ատեանին առջեւ...
Բայց երբ ուրախութեան երգերը կը հնչէին, վտանգը զինուորներէն հեռացած եւ կեդրոնացած էր այդ հիմնարկութեանց ու անոնց ծառայողներու գլխին: Կարող էին մատնիչներ լինել. Կարող էին նոյն զինուորները հարբած` աւելին պահանջել քան իրենց ստացած ուտելիքը: Կարող էին գաղտնի ոստիկանները նկատած լինել զէնքի ոռեւտուրը եւ տեղն ու տեղը բռնել եւ զինուորական ատեանին ներկայացնել այս տարօրինակ առեւտրականները:
Ի՞նչ հոգ, կը մտածէինք, թող պակաս լինի ագահ, չարաշահ անառակ մը, եթէ անկարող է իր փոխանակածը պարտկել: Անոնք ընդհանրապէս կը պարտկէին:
Մուտքի դռնէն բացի, խմարանը անպատճառ ունէր ե՜ ւ ետեւի դուռը, կամ պատուհանը, կամ յատկապէս շինուած ծակ մը: Այն վայրկեանին, որ խանութպանը կ'առնէր զինամթերքը, գաղտուկ կը մօտենար այդ դրանը, պատուհանին կամ ծակին, իր ապրանքը դուրս կը հանէր եւ կուտար հոն սպասող անծանօթ մարդու մը: Իր խանութը այժմ «մաքուր էր». Եթէ կ'ուզէին, թող գային խուզարկելու:

Վտանգը ներկայիս միայն այդ ստացող մարդու գլխուն էր, որ մջնորդի մարդն էր: Ան պարտական էր իր ստացածը 50 քայլ հեռու սպասող կառքի մէջ նետել եւ իր թաքստարանը վերադառնալ ու սպասել ետեւի դրանը` նոր «ապրանք» ստանալու համար: Կառքը սրընթաց կը վազէր բեռնուած եւ նշանակուած տեղը կը գտնէր մէկ ուրիշ կառք, որուն կը փոխանցէր իր գոյքը: Ապա կը վերադառնար իր տեղը:

Առաջին կառքը նոյնպէս միջնորդինն էր եւ վտանգի պատասխանատուն միջնորդն էր: Երկրորդ կառքին կ'ուղեկցէին մեր ընկերները, սովորաբար Մեծիկը, Անդրանիկը, Մտոն, որոնք կ'առաջնորդէին զայն նշանակուած վայրը, ուր Յակոբը հաշիւը կ'ընէր եւ կուտար ուրիշ անձերու, որոնք կը կորցնէին հետքը եւ կը տանէին ու պահեստներու մէջ կը տեղաւորէին: Քաղաքէն դուրս էին այդ պահեստները, գիւղերու եւ ձորերու մէջ:
Այս վերջին գործողութեանց պատասխանատուութիւնը կ'իյնար կուսակցութեան վրայ:

Զինամթերք ճարելու երրորդ միջոցը` կաշառքն էր: Ատիկա գլուխ կուգար պահեստապետներու հետ լեզու գտնելով: Այդ պարագային «ապրանքները» կը դատարկուէին պետական պահեստներէն եւ կը փոխադրուէին մեր պահեստները:
Խօսքով որքա~ն դիւրին կը թուի այս գործողութիւնը, բայց ան սարսռեցուցիչ ու խիստ վտանգաւոր էր: Անոր գացողը նախապէս իր կտակը պէտք է ընէր: Այսուհանդերձ պետական պահեստները դատարկուեցան բազմաթիւ անգամներ, բազմաթիւ ձեւերով , որոնցմէ ամէն մէկը կրնայ դառնալ ոստիկանական վէպ մը, աներեւակայելի արկածներով: Բայց այդ իրական պատահած վէպերը թողնենք մէկ կողմ: Հետագային, իբրեւ օրինակ մը, թերեւս պատմեմ Պատուալի վաղոյի եւ Սեբաստացի Յարութիւնի Ալեքսանդրապոլի մէջ կատարած գործերը, որոնք իրենց ծաւալով ստուերի մէջ ձգեցին Կարսի պահեստներու դատարկման գործերը:
Այս ըսածներէս պարզ պէտք է լինի, որ բոլոր ներելի եւ աններելի միջոցներով զինամթերքներ կը հաւաքուէին կարսի մէջ: Աններելի միջոցներ կը կիրարկուէին, որովհետեւ այլ միջոց չկար կանոնաւոր զէնք ճարելու: Զէնքը խիստ արգիլուած գոյք էր, բայց զայն պէտք էր անպայման ճարել երկրի համար: Առակը ճիշդ կ'ըսէ. «Գողը որ տնէն լինի, եզը տանիքէն կը տանի»: Որեւէ իշխանութիւն իր արգելքներով անկարող է ատոր առաջն առնել, եթէ ժողովուրդ մը իբրեւ առաջնորդ ունի այդ թուականի դաշնակցութեան նման կազմակերպութիւն մը, որուն համար որեւէ անհնարին բան գոյութիւն չունէր:

ՓՐՈՓԱԿԱՆՏԸ. – Այս գործն ալ ծանրացած էր գործիչներուն, շրջիկներուն վրայ: Գրաւոր փրոփականտ գոյութիւն չունէր, որովհետեւ այդ թուին ոչ մէկ կուսակցական թերթ կը հրատարակուէր Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի մէջ, ոչ ալ որեւէ գրականութիւն: Արտասահման հրատարակուող մեր թերթերը չէին հասներ Կովկաս, իսկ եթէ կը հասնէին ալ, արդէն հնացած էին:«Դրօշակ» ն էր մեր միակ պաշտօնաթերթը, որ Նարեկի նման թաշկինակներու մէջ կը փաթաթուէր եւ մէկ կողմ կը դրուէր: Ան միայն կը կարդացուէր փոքրաթիւ անհատներու կողմէ:

Չեմ կարծեր, թէ մամուլը եւ գրականութիւն մեծ դեր մը ունեցած են գոնէ 1904-ի մեր ժողովրդական ընթացքին վրայ: Իմ շրջապատը կ'առաջնորդուէր` ժողովրդական հոսանքին զարկը դիտելով, իսկ անոր տեսութիւնները աղբիւր ունէին գործը եւ կեանքը: Ընթերցանութիւնը խիստ նուազ էր:
Ես ալ, այդ մթնոլորտէն ազդուած, թողած էի մէկ կողմ թէ ռուս եւ թէ հայ թերթերուն հետեւիլը եւ նոյնիսկ դարձած էի անոնց թշնամի: Միւսներուն նման կը մտածէի եւ ինքս ինծի կ'ըսէի. «Լուն ուղտ կը դարձնեն, բայց փիղը իր կնճիթով չեն տեսներ անոնք: Կեանքը, գործը գետի պէս իր ճամբով կ'երթան, իսկ անոնք ելեր են եւ գետին նոր ճամբայ ցոյց կուտան: Լեռն ի վեր գետը չի կրնար ելլել. Իսկ անոնք ելեր են եւ հաշիւ կ'ընեն, որ եթէ լեռն ի վեր ելլէր, շատ լաւ կը լինէր: Տերեւին փակած որդի պէս, եթէ որեւէ հոսանքով կ'երթայ, կամայ թէ ակամայ, անոնք կը հաւատան թէ իրենք է որ կ'երթան եւ հսկայ գետին ճամբայ ցոյց կուտան»:


Շար .12


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝