Յայտարարութիւն

Monday, December 7, 2009

Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները -13 - Ռուբէն

Մամուլին ոյժ չէինք տար եւ ոչ ալ անոր լաւին ու վատին ականջ կուտայինք: Իսկ ես կ'աւելցնէի, թէ ան չարիք է, բնական դատողութիւնը մթագնող ազդակ եւ ճերմակի վրայ` սեւ մելան:

Այսպէս լինելով հանդերձ` ծրագիր եւ կանոնագիր անգիր գիտէինք եւ Բիւրոյի ու կ. Կոմիտէներու շրջաբերականները ուշադրութեամբ կը կարդայինք ու կը վերլուծէինք ամէնքին քարոզիչներու միջոցով:

Աշուղներու արժէքը չի գնահատուած, թէեւ անոնց շնորհիւ էր, որ մեր ժողովրդական զանգուածը իր քնէն արթնցաւ եւ մտածել սկսաւ: Անոնք ներկայի հետ գործ չունէին . ներկան պատրուակ էր, որ կը դրդէր զանոնք վերյիշելու արդէն մոռցուած դարերու բնազդները, որոնք թաղուած էին ժողովուրդի սրտին մէջ: Անոնք կը հրահրէին պահուած հին կրակը եւ իբր ներկայ կը ցուցադրէին: Ծուռ Սասմայ Դաւիթները կենդանի եւ այժմէական կը դարձնէին, ինչ որ ժողովուրդի որոնածն էր: Ներկան թողած` ապագան ալ ներկայ կը դարձնէին եւ ժողովրդի բաղձանքները իբր կատարուած իրողութիւն ցոյց կուտային, ինչ որ ժողովուրդի փնտռածն էր:

Այդ աշուղներներուն գլխաւորը երկու աչքերով կոյր աշուղ Ֆահրատն էր, որ ճառ կը խօսէր եւ թառ կը զարնէր ու կ'երգէր<... Փըռփըռ քար, , Անտոք ու կեփին եւ քաջ Սիմոն Զաւարեան երբ սուրը քաշեց>... Ու եթէ դիտելու լինէիր թէ` < Ֆահրատ ջան, ախր Սիմոնը Սասուն չէ եղեր, անոր սուր քաշող մարդ չէ>, Ֆահրատը կը պատասխանէր.- "Բանիդ կաց, չէ եղել, բայց այդպէս մարդը անպայման Սասուն պէտք է լինի. Սուր քաշող չէ նէ` պէտք է քաշէ":
Հարցը ոչ միայն պարզ էր այլեւ ցանկալի ամէնքին: Կրնայիր նկատել, որ ֆահրատը կը փքեցնէ պատկերները եւ կրնայիր բնաւ չհամոզուիլ, որ «Սուլթան Համիտի թախտը սարսեցաւ», բայց անոր այդ բոլոր փքոցները հաճելի էին եւ ցանկալի էր լսել:

Մէկ խօսքով` աշուղները անցեալի եւ ապագայի իղձերը արթնցնողներն էին: Ատոր համար շատ շնորհակալ պէտք է լինենք անոնց:
Աշուղներու կարճ պատմութենէն, երգէն եւ նուագէն յետոյ,ասպարէզ կուգային բուն դասախօսները, քարոզիչները, որոնք ունկնդիրները վար կ'իջեցնէին առասպելներու գետնի վրայ եւ կը խօսէին ներկայի մասին որքան ալ դառն լինէր այն:

Կարսը տեսած էր անցորդ եւ մնայուն շատ քարոզիչներ, զոչս կը յիշէր: Ան տեսած էր կակազ, բայց խոչիզով լեցուն Ռոստոմը, որուն համար կ'ըսէին. «Ականջ կը դնես, բան կը հասկնաս եւ կը կշտանաս»: Տեսած էր Խաժակը, որ երբ կը խօսէր, կարծես Ալագեազի հովը կը բերէր: Տեսած էր Ն. Աղբալեանը, որ կարծես մարգարէի նման, մարդու ատամները բերնի մէջ կը համրէր: Տեսած էր Վռամեանը, որ այնքա~ն արագ կը խօսէր, որ ուրիշներու մէկ տարուան ըսելիքը ինքը մէկ ժամուան մէջ կ'ըսէր: Տեսած էր եւ շատ ուրիշներ, որոնք ատոնց պէս եկած ու անցած էին եւ բան մը թողած: Բայց բոլորի մէջ մէկը մնայուն էր մինչեւ իր կեանքի վերջին վայրկեանը: Այդ` Նորհատեանն էր, որ ընտանի էր դարձած: Իսկ անոր կողքին երկու հոգի միշտ եւ ցաւով կը յիշուէին: Մէկը Եգորն էր /Առաստամեան/, որուն համար կ'ըսէին թէ` «Հուրի փերի»ի նման կ'երգէր եւ մարդիկ դէպի մահ կ'առաջնորդէր, կարծես թէ հարսնիք կը տանէր: Միւսը` Սերգէյն էր, որուն համար կ'ըսէին, թէ կոշտ ու կոպիտ է , բայց «քեասա» բան կ'ըսէ, ջանին` ջան կ'ըսէ, չոռին` չոռ կ'ըսէ:

Երբ ես Կարս եկայ, որպէս փրոփականտի կեդրոնական դէմք մնացեր էր Սերգէյը, շրջապատուած ինձ պէսներով, որոնք թէեւ կը տեսնէին, կը հասկնային, բայց երբ գործը կուգար հասկցնելու դիմացինին , լեզունին փայտ կը կտրէր, կը ծանրանար: Ուստի լաւ էր որ մենք լռէինք եւ փրոփականտի գործը ձգէինք Սերգէյին:

Այդպէս կը դատէինք ես ու Յակոբը, Լեւոնը եւ Ռուս Գէորգը, ինչպէս եւ ուրիշներ: Եւ Սերգէյը բոլոր գիշերները ժողովներ ունէր հարսանիքի, նշանտուքի, կնունքի կամ այլ պատրուակներու տակ ու 100-300 հրաւիրեալներով:

Մեր փրոփականտը կը սահմանափակուէր խումբերու մէջ, ուր 10-20 հոգիներու ներկայութեան` մենք ալ կը դառնայինք սոխակներ, հարց ու փորձին պատասխանողներ:

Երբ այս բոլոր գործերը կը կատարուէին գործիչներու միջոցով, բնականաբար, հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ էր դերը կ. Կոմիտէին: Միաժամանակ հարց պիտի տրուի, թէ ռուս կառավարութիւնը քնա՞ծ էր, յիմա՞ր էր, թէ կաշառուած, որ իշխանութեան մէջ կը հանդուրժէր իշխանութիւն մը:

Կ. Կոմիտէն եւ Գործիչները.-
Գործիչներու գլխաւոր աշխատանքներու թուումէն հասկնալի է, որ ընդհանրապէս բոլոր աշխատանքները կը կատարէին կ. Կոմիտէի նշանակած աշխատաւորները, իսկ ինքը կարծես գոյութիւն չունէր, կամ մէկ խորհրդանշական, անանձն վարչութիւն մըն էր, պատուակալ նախագահի նման: Այդ այդպէս էր երեւութապէս, բայց այդպէս չէր իրականին մէջ, քանի որ անոր ձեռքն էր գործիչներուն նշանակումը եւ հեռացումը, քանի որ անոր ձեռքն էր բոլոր զնուորներն ու աշխատողները կարգի հրաւիրելու եւ պատժելու կարողութիւնը, քանի որ բոլորը պէտք է աշխատէին անոր անունով, թէկուզ ան լինէր անշօշափելի:

Ինչպէս ըսի, կ. Կոմիտէն կ'ընտրուէր եւ աշխարհէն կը կտրուէր: Գործերու յղացումը, կարգի հաստատումը եւ կամք ունենալը ամբողջովին կ.կոմիտէին չէին պատկաներ, թէեւ ինքն էր այդ բոլորին մարմնացումը: Ատոնք կը կազմաւորուէին ցածէն վեր բարձրացող խումբերու, ենթակոմիտէներու բաղձանքներէն , յղացումներէն, որոնք կը խտանային կոմիտէութեան մէջ, իսկ ինքը` յենուած լինելով կոմիտէութեանց վրայ եւ անոնց հետ ուղղակի կապ ունենալով` պարտաւոր էր իւրացնելու անոնց հաւաքական կամքը, յղացումը, կարգը: Այդ էր պատճառը, որ մենատիրութիւն չէր կարող լինել կ. Կոմիտէի կողմէ, թէեւ ձեւով ան կը գործէր իբր այդպիսին:
Միւս կողմէ` կ. Կոմիտէի նշանակած բոլոր գործիչները, շրջիկները , զինուորները միայն մէկ պարտականութիւն ունէին, այն է` անոր կամքը իրագործել, անկարգները կարգի հրաւիրել, անոր յղացումները ի կատար ածել, ինչպէս որ կ'ընեն մեղուանոցի աշխատաւորները կամ բանակի զինուորները:
Ոյժը, կորովը անանուն հաւաքականութեան մէջ էր: Ան կախուած չէր անհատի մը փայլէն, որուն խաւարումը յաճախ պատճառ կը դառնայ ամբողջի խաւարման:

Ռուս իշխանոթիւնը եւ կուսակցութիւնը.-
Սխալ է, հարկաւ, մտածել թէ ռուս իշխանութիւնը քնած էր, անտեղեակ, յիմար, ապիկար, կամ այնքան անկամ, որ կը հանդուրժէր այդ բոլորին:
Ռուս իշխանութիւնը աչալուրջ կը հսկէր: Ան ամէն ինչէն տեղեկութիւն ունէր: Արդէն իրեն դէմ եղած գործողութիւնները այնպիսի բնոյթ ունէին, որ չէր կրնար չնկատել: Ան հսկայ ոյժ ունէր այդ զինուորական շրջանին մէջ: Իր զօրքերուն քանակը կրկնակի կամ հաւասար կուգար քաղաքի բնակչութեան:


Շար.13

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝