Յայտարարութիւն

Tuesday, December 8, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 14 - Ռուբէն

Թերեւս ան հաստատ չէր գիտեր Կ. Կոմիտէի անդամներուն անունները, բայց գործիչները յայտնի էին անոր, այն աստիճան յայտնի որ երբ Սերգէյը կ'անցնէր փողոցներով, ոստիկան եւ նոյնիսկ ոստիկանապետ բարեւ կուտային, առանց անոր հետ ծանօթ լինելու: Կարծես, թէ նահանգապետի կողքին, ան է անպաշտօն, բուն նահանգապետը: Կը բարեւէին նոյնպէս Յակոբին եւ միւսներուն, զորս, երեւի, կ. Կոմիտէի անդամներուն տեղը կը դնէին: իսկ Պլոյին, որ կ'ուզէր իրեն իբրեւ այդպիսին ընդունէին եւ կը յոխորտար ատով, կ'ըսէին ծիծաղելով. «երեւի, դուն ալ թագաւորն ես բոլորին»: Ան կը լռէր, բայց կը ժպտէր:

Եւ, սակայն, իշխանութիւնը շուարած էր եւ չէր գիտէր իր ընելիքը: Նախ` որովհետեւ հայութիւնը միացած էր, մէկ մարմին էր կազմած Դաշնակցութեան շուրջը, որուն մէկ անդամին դպչիլը կրնար կրկնել տալ այն փորձանքները, որոնք քանի մը ամիս առաջ եղած էին եկեղեցական ցոյցերու ատեն: Եւ դեռ աւելին կը սպասէին` մինչեւ զինական ապստամբութիւն: Ռուս իշխանութեան միակ ջանքն էր հայութիւնը բաժնել Դաշնակցութենէն, որուն ան կը վերագրէր այս բոլոր եղածները, իսկ հայութեան հեռացումը իր քղանցքներէն, մեծ վնաս կը համարէր իրեն: Բայց բաժանումը առաջ բերելու մէջ ան իրեն անկարող կը զգար:

Դատական, օրինական միջոցներով չէր կարող հետապնդում կատարել, որովհետեւ եղածներուն համար ոչ բողոք կար եւ ոչ ալ դիմում հրապարակով, նոյնիսկ ոստիկանութեան կողմէ: Գործը այն աստիճանի էր հասած, որ օրը ցերեկով փողոցի մէջ զարնուածի ծնողները կամ անցորդները, որոնք գիտէին թէ որու կողմէ եւ ինչպէս է զարնուած, ցուցմունք կուտային թէ հանգուցեալը ամենայն հաւանականութեամբ ինքնասպան է եղած:

Կը մնար վարչական միջոցը: Բայց այդ ալ իր վտանգն ունէր: Արդէն գոլիցինեան ռեժիմը այնքա~ն հեռացուցած էր հայութիւնը ռուս տիրակալութենէն, այնքա~ն տկարացուցած էր հայութեան միամիտ ծառայականութիւնը եւ հաւատարմութիւնը ռուս քաղաքականութեան, որ ան իր գլխի ռուսական գլխարկը կը նետէր եւ փափախ, նոյնիսկ ֆէս կը գործածէր:

Դաշնակցութեան նշանաբանը` ազգերու ինքնորոշում, Կովկասը` կովկասցիներուն, ֆետերացիա եւայլն, արդէն կը խօսէին հայութեան սրտին եւ համակրութիւն կը վայելէին նաեւ միւս ազգութեանց մէջ: Վրաստանի մէջ ալ կազմուած էին ֆետերալիստներու կուսակցութիւնը եւ վրացի Սոցիալ-Դեմոկրատ կուսակցութիւնը: Այս վերջինս իր միջազգային ապազգային ընթացքը փոխած` ձգտում ցոյց կուտար ազգային ինքնավարութեան գետնի վրայ կանգնելու: Արդէն Գուրիայի մէջ/Վրաստան/ կային համանման շարժումներ, ինչ որ հայկական շրջաններու մէջ, որոնց եթէ ձայնակցէին ե ւ թաթարները, «Կովկասը` կովկասցիներուն» խօսքը իրական վտանգ պիտի դառնար Ռուսիոյ համար:

Այս վտանգին առաջքն առնելու միջոցը ռուս իշխանութիւնը իբրեւ դարման չէր նկատեր վարչական սեղմումները: Դարման կը նկատէր կովկասեան ժողովուրդները իրարու հետ գժտեցնելը եւ առաջին հերթին` Դաշնակցութիւնը զբաղեցնելն ու բնաջնջելը: Այդ միջոցը ան գտաւ, նախ ` Սոցիալիստները լարելով Դաշնակցութեան դէմ, որոնք զայն կը համարէին «շովինիստ»ական կազմակերպութիւն մը եւ յետոյ` հրահրելով հայ-թաթար բախումները եւ, վերջապէս, համաձայնութեան գալով Թուրքիոյ հետ` միասնաբար ոչնչացնելու հայ ասպատակները, որոնք կը խռովէին Թուրքիոյ եւ Կովկասի ներքին անդորրութիւնը:

Ահա ասոնք էին գլխաւոր պատճառները անոր հանդուրժողութեան: Կառավարութիւնը կը սպասէր մինչեւ որ հասուննար այն վայրկեանը, երբ «շունը շնով կարելի լինէր խեղդել», ինչպէս որ ռուս պաշտօնեաները կ'արտայայտուէին:

Ռուս իշխանութեան նշանակէտն էր դարձած , նախ եւ առաջ, կղզիացնել Դաշնակցութիւնը:

ՏԵՌՈՐՆԵՐԸ.- Երբ կ'անդրադառնանք 1903-4 թուականներու կարսի ազգային միութեան, անոր միակամ կեցուածքին եւ պայքարին ընդդէմ հզօր ռուս իշխանութեան, երբ կ'անդրադառնանք հայերու զոհաբերութեան եւ կարգապահութեան, ակամայ կը հարցնենք- Միթէ՞ այդ ժողովուրդը այդքան գիտակից էր, մի՞թէ այդ ժամանակ ան այդքան հասունցած էր, որ անոր մէջ չկային վատեր, որ խանգարէին այդ միակամութիւնը...

Երեւակայել թէ այդ ատենները , մարդիկ կը ծնուէին միայն առաքինութիւններով, անհիմն է: Մարդը` մարդ է ամէն ատեն իր բոլոր բացասական եւ դրական յատկութիւններով եւ, ինչպէս կ'ըսէ հին իմաստութիւնը` «գիւղը առանց շան չի լինի»: Բայց որպէսզի շները չլինէին գերիշխող, երեք պայմաններ անհրաժեշտ էին, որոնցմէ երկուսը թուեցինք: Մէկը` արտաքին ճնշումը, որ կը վտանգէր թէ վատի եւ թէ լաւի կենսական շահերը: Երկրորդը` գոյութիւնը զանգուածի մէջ կազմակերպութեան մը, որ կը միացնէր եւ կ'առաջնորդէր բոլորը դէպի ընդհանրական ազատագրում:
Սակայն , այդ երկուսը բաւական չին գայլն ու գառը մէկ հօտի մէջ հաւաքելու: Անհրաժեշտ էր երրորդ պայման մը եւս` անուղղայ եսասէրները կարգի հրաւիրելու համար: Այդ պայմանը ոյժի եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու կարողութիւնն էր: Ան, որ չէր գիտակցեր ընդհանրութեան վտանգի կորստաբերութեանը իր իսկ շահերուն, ան որ չէր ազդուեր բարոյական մթնոլորտէն զոր կազմակերպութիւնը առաջացուցած էր ընդհանրութեան շահի պաշտպանութեան համար, պէտք է շղթայուէր կամ բնաջնջուէր: Այդ սկզբունքին վրայ յենուած էին այդ թուականներուն կուսակցական տեռորները:

Տեռորները, ըստ իրենց բնոյթի, կը բաժնուէին երկու տեսակի,- արտաքին` քաղաքական եւ ներքին` ազգային-կարգապահական: Արտքին քաղաքականն ալ իր հերթին կարելի է բաժնել երեք տեսակի` զանգուածային, պետական խարիսխներու քանդում եւ պետական պաշտօնէութեան սանձում: Իսկ ազգային կարգապահականը իր հերթին կարելի էր բաժնել երկու տեսակի` անձի մը կամ խմբակի մը, երբ անոնք բաց կերպով կը միանային թշնամիներուն` ընդդէմ իրենց ազգին, եւ անձի մը կամ խմբակի մը, երբ ասոնք անձնատուր եղած էին մատնութեան եւ դաւաճանութեան արհեստին:

Շար . 14

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝