Յայտարարութիւն

Wednesday, December 9, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 15 - Ռուբէն

Նման յանցանքներու համար կ. Կոմիտէները իրենց վճիռը միաձայն կուտային եւ զայն կ'իրագործէին հարեւան կ. Կոմիտէի կամ բարձրագոյն մարմնի հաւանութեամբ:

Բոլոր միւս յանցանքներուն համար, որքան ալ անոնք ծանր լինէին, մահուան պատիժ ահաբեկումով չկար: Քրէական յանցանքներու, նիւթական իւրացումներու, անբարոյական մեղանչումներու , զեղծումներու, անկարգապահութեանց համար միայն պատիժներու ենթակայ էին, սակայն պայմանով որ ենթական յօժարէր կրել այդ պատիժները եւ դիմադրութիւն ցոյց չտար: Հակառակ պարագային` վարչական եղանակով ան մահուան կ'ենթարկուէր: Բայց ատիկա տեռոր համարելը սխալ է: Ատիկա համարելու է իրաւունք մը միայն, որ կը նմանի իրաւունքին այն զօրահրամանատարին, որ տեղնուտեղը կը մահացնէ ընդդիմացող կամ ռազմաճակատ մեկնիլ չուզող զինուորը: Այս կարգի մէջ պէտք է դասել շարք մը սպանութիւններ, ինչպէս, օրինակ, Վարդոյի մահացումը, որ կատարուեց, որովհետեւ ան իր վրայ դրուած վճիռներուն ընդդիմացաւ, կամ մաուզերիստներու ահաբեկումները, երբ անոնք կը խանգարէին կարգն ու խաղաղութիւնը: Այս վարչական պատիժները ընդհանրապէս կը գործադրուէին ներքին կուսակցական խնդիրներուն համար այն տարրերու վերաբերմամբ, որոնք, օգտուելով իրենց դիրքէն կամ կուսակցական հեղինակութենէն, կը չարաշահէին իրենց ոյժը: Իսկ միւս տարրերուն համար, ինչպէս յիշեցի վերեւը, կ'իրագործուէր ահաբեկման որոշումը ընդունուած կարգով, յիշուած հինգ նպատակներուն համար: Աւելորդ չէ համառօտ յիշել` թէ ինչ կը հետապնդէին վերեւ յիշուած նպատակները:

ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՏԵՌՈՐ.- Այս ահեբեկումին ենթարկուած էր հայութիւնը մանաւնդ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, որ իր պաշտօնական կերպարանքն առաւ 1894-96 թուականներուն, Համիտեան ջարդերու ժամանակ: Կովկասի մէջ Ռուսիան այդ նոյն զանգուածային ջարդի կամ ահաբեկման ձեւն ուզեց փոխարինել թաթարական ոյժով: Զանգուածային ահաբեկումը թուրքիոյ մէջ կատարելագործման գագաթնակէտին հասաւ 1914-15 թ.թ. , շնորհիւ տոքթ. Նազիմի, Բեհաէտտին Շաքիրի, Թալէաթի եւ իր ընկերներուն, որոնք նպատակ էին դրած արմատապէս լուծել հայկական կնճիռը: Բայց հայութեան մէջ եւ ոչ մէկ հոսանք եւ մանաւանդ Դաշնակցութիւնը բնաւ մտքէն իսկ չանցուց զանգուածային ահաբեկում մը կատարել իր շրջապատին մէջ: Չընդօրինակելու պատճառը պէտք է որոնել ոչ միայն մարդասիրական զգացմունքներէն տարուած լինելուն մէջ, այլ գլխաւորապէս այն սկզբունքին մէջ, թէ յոռի վարչութեանց պատասխանատուութիւնը ոչ թէ զանգուածն է, այլ իշխանութիւնը.թէ զանգուածը յեղափոխականացնելով եւ զայն առաջնորդելով, կարելի չէ փոխել իշխանութիւնը. թէ ժողովրդավար իշխանութեան հաստատումով միայն` ամէն ազգ, ամէն դասակարգ պիտի գտնէ իր ազատութիւնը, եւ պիտի հաստատուի եղբայրութիւնը, համակեցութիւնը եւայլն:

Այս գաղափարապաշտութիւնը այնքա~ն արմատացած էր հայութեան եւ Դաշնակցութեան մէջ, որ մինչեւ օրս առանձին շեշտով, առանձին հպարտանքով ան կ'երգէ ` «Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրէժխնդիր ջան ֆետան»: եւ Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն սկսած մինչեւ այսօր չկայ որեւէ որոշում զանգուածային ահաբեկում ընելու ազգի մը կամ դասակարգի մը վերաբերմամբ:

Կարսի շրջանը եւ անոր հետ բոլոր միւս կ. Կոմիտէները մինչեւ 1904 թուականները եւ անկէ յետոյ մինչեւ 1917 թուականը, զանգուածային ահաբեկման հանդէպ ունէին հաստատուն եւ միակամ հասկացողութիւն: Այդ այն է, որ ոչ միայն հակամարդկային, հակայեղափոխական բարբարոսութիւն մըն է այդպիսի ահաբեկումը, այլեւ աննպատակ եւ կորստաբեր է այն, որով անոր դէմ լինելը սրբազան պարտականութիւն է ամէն մէկ յեղափոխականի համար:

ՊԵՏԱԿԱՆ ԽԱՐԻՍԽՆԵՐՈՒ ՔԱՆԴՄԱՆ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԸ.- Կարսը նպատակաւոր եւ յեղափոխական կը համարէր քանդումը իշխանութեան խարիսխներուն:

Հայութիւնը եւ անոր հետ միասին միլիոնաւոր այլ բազմութիւններ, կը տրամաբանէր Կարսը, կը տառապին երկու իշխանութիւններէ` թուրք եւ ռուս: Բարեբախտաբար, երկուսն ալ միեւնոյն պետական խարիսխին ունին, երկուսն ալ միապետական են, երկուսն ալ միահեծան են եւ կը գլխաւորուին սուլթանով ու ցարով: Հպատակներուն 90 առ հարիւրը ուրախ կը լինի անոնց վերացումէն : Արդ` զանոնք մէջտեղէն վերցնելը կամ անոնց յենարան խարիսխները փճացնելը մարդկութեան համար բարիք մըն են:
Կարսի շրջանի իրաւասութեան մէջ չէր մտներ նման ձեռնարկի մը կիրառումը. Այդ կրնային ընել Բիւրոն կամ Պոլսոյ եւ Պետերբուրգի մարմինները:

Բայց կարսի մէջ գործելու եռանդը այնքան մեծ էր, որ կը յորդէր իր ափերէն:
Իրաւունք կ'ուզենք,- կ'ըսէին:- Իրագործող մա
՞րդ է պէտք, կուտանք: Եթէ ձեռնարկը յաջողի եւ ռեժիմը չտապալի, եղածէն վատը պիտի չյաջորդէ: Ցարէն ցար, սուլթանէն սուլթան տարբերութիւն ունի: Իսկ եթէ ռեժիմը տապալի, արդէն այդ մեր ուզածն է. յեղափոխութիւն կը լինի եւ ժողովրդապետութիւն կը հաստատուի:
Բայց անկիւնը ինկած Կարսի մէջ այդ մտորումները բնաւ չիրագործուեցան: Անոնք սակայն «իբր մաքէթ» ծառայեցին եկող գացողներուն: Երբ վարպետը ջրաղաց պիտի շինէ եւ աշխատցնէ, էական է, որ նախ ան ընդօրինակէ նախապէս գծուած եւ չափուած նմոյշը: Երբ Կարսը իր գեղջկական տրամաբանութեամբ` Պանք Օթոմանի գովքը կ'ընէր, կը հետեւցնէր, թէ ան է պատճառը Մայիսեան Բարենորոգմանց Ծրագրին: Երբ ան կը փառաբանէր Գոլիցինի մահափորձը, որ Հնչակեաններուն էր, կը հետեւցնէր որ անոր պարտ ենք շատ բանով: Ատոնք կը դառնային դրդիչներ նոր ու նոր ճամբաներ որոնելու, նպատակին հասնելու եւ մղելու համար մարդիկ դէպի Համիտի մահափորձը, կամ Պանք Օթոմանեան յեղափոխութիւնը, եւ կամ Պարսկական յեղաշրջումը այնպիսիներու ձեռքով, որոնք Կարսի ջուրը խմած էին: Այս վերջիններուն մէջն էր եւ համեստ Քեռին , որ Պլոյի արհեստանոցին մէջ ձիու եւ էշի սանձեր կը պատրաստէր: բայց Կարսի թռիչքները մղեցին զայն դէպի հեռաւոր Պարսկաստան` հոն կոփելու համար Կարսի մէջ լսած հեքիաթները:
Մէկ խօսքով, Կարսը ջերմ կողմնակից էր անհատական պետական ահաբեկումներու:


Շար.15
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝