Յայտարարութիւն

Thursday, December 10, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 16 - Ռուբէն

ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱՆՁԵԼՈՒ ՏԵՌՈՐՆԵՐԸ.- Այս գործը, Կարսի շրջանի մէջ, կ. Կոմիտէի իրաւասութեան մէջ կ'իյնար: Եւ այդ մասին ան իւրայատուկ հասկացողութիւն ունէր: Արժէ քանի մը խօսք ըսել այդ մասին, մանաւանդ որ անոր ըմբռնողութիւնը կը տարբերէր այլ շրջաններու հասկացողութիւններէն:

Բզնունին, որ պետական պաշտօնեայ էր եւ միաժամանակ կ. Կոմիտէի անդամ, եւ բժիշկ Ղազանջեանը, տարբեր համազգեստով զարդարուն, որ նոյնպէս կ. Կոմիտէի անդամ էր, եւ որ իր ընկերներու բախտին արժանացաւ, սպաննուելով Կարսի մէջ, զիս իրենց մէջ առած` կը բացատրէին իմ սխալ լինելս:
- Այդ կարճատես եւ սովորական դարձած հասկացողութիւնն է, որ յարատեւ կը դարձնէ բռնակալ իշխանութիւնը: Թքով կպցուցած աքլորի փետուրներին նայելով չէ, որ պէտք է դատել: Պաշտօնէութեան, բանակի համազգեստները, պարտադրութիւն են` մեզ մեքենայ դարձնելու, մեզ դատելու իրաւունքից իսկ զրկելու համար: Փա ~ռք Աստծու, դու էլ կրեր ես այդ: Ինչո՞ւ չես ըմբռներ: Պէտք է բնաջինջ ընել այն հասկացողութիւնը, թէ պետական պաշտօնէութիւնը եւ բանակը թշնամի են ժողովուրդին եւ կը սիրեն ռեժիմը, բռնակալ իշխանութիւնը: Պէտք է նայել պաշտօնէութեան եւ բանակին վրայ ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը նայենք գործարանատիրոջ մօտ վարձուած բանուորներու եւ ծառաներու վրայ, որոնք թէեւ կ'ատեն զիրենք շահագործող գործատէրերը, բայց եւ իրենց ապսպրուած եւ չսիրած գործը կ'ընեն մի փոր հացի համար: Տարբերութիւնը երկուսի միջեւ այն է, որ մէկը կապոյտ շապիկ կը հագնի, միւսը` զարդարուն համազգեստ: Բայց գերադասելի է կապոյտ շապիկը, որովհետեւ ամենացած ծառայողը կամ բանուորը օրը կ'առնէ 30 կոպէկ, իսկ զինուորը կէս կոպէկ, ոստիկանը` 10 կոպէկ: Բանուորը, երբ ուզէ, կը թողնէ իր աշխատանքը եւ կը թքնէ կ'անցնի. Պաշտօնեան այդ չի կարող անել, պսակուած է իր համազգեստին: Բանուորը իր չսիրած սուրը, խշտիկը /սուինը/ կը շինէ հրամանով եւ ակամայ, բայց չունի բարոյական պատասխանատուութիւն ատոր համար, իսկ այդ խշտիկը կը տան զինուորին կամ ոստիկանին եւ կը հրամայեն տեղաւորել դիմացինի փորը, եւ նա պատասխանատու է իր խղճի առջեւ: Երկուսն էլ մարդ չեն, այլ ստրուկ եւ մէկ փոր հացի համար մեքենայ, գործիք դարձած իրենց չուզածին, իրենց ուզածի թշնամիին: Բայց այդ երկուքէն ամենէն խղճալին ռեժիմի ծառաներն են, որոնք, տարաբխտաբար, կարճատեսութեան հետեւանքով, ամէնքէն կ'ատուին եւ գոնէ բանուորի չափ չեն սիրուիր, ինչ որ անհիմն է եւ վնասակար: Յեղափոխականը ամենէն շատ պէտք է սիրէ զանոնք, որովհետեւ անոնց շղթաները ամենէն հաստն են: Անոնց մէջն է ժողովրդի միտքը, ուսումը, մասնագիտութիւնը եւ, վերջապէս, անոնք հարկադրուած են լինելու յենարան ատելի կարգերուն: Զանոնք սիրելով , անոնց շղթաները թեթեւցնելով, զանոնք կազմակերպելով եւ անուղղաներին պատժելով է, որ կարելի պիտի լինի յաջողցնել յեղափոխութիւնը եւ փոխել ռեժիմը:
- Եւ Բզնունին, ինքն իրմէն ելած, իր կապոյտ աչքերով եւ կեռ քթով բազէի նման կ'ուզէր իմ աչքերը կտցահարել:
- Լսի՜ր: Տասնեակ տարիներ է, որ ես ծառայութեան մէջ եմ, քեզմէ լաւ կը հասկնամ: Երբ զինուորը իր սուինը մարդու փորը կը խոթէ, ես ընկածին չեմ խղճայ, այլ զարնող զինուորին եւ կը ջանամ հասկցնել անոր թէ մեռնողը յանցանք չունէր եւ ոչ էլ ինքը, քանի որ հրաման կատարած է: Երբ ոստիկանը իր բարեկամին շղթայած բանտ կ'առաջնորդէ, ես աւելի կը խղճամ ոստիկանին, քան բանտարկեալին: Մխիթարելու համար կ'ըսեմ անոր. «Այլ կերպ չէիր կարող ընել, հրաման է»: Եւ երբ անոր աչքերուն արցունք տեսնեմ, կը համբուրեմ: Երբ հարկահաւաքը քար սառոյց դարձած եւ հազիւ ինքն իրեն զսպած` կը կանգնի անկարողի դրան առջեւ, ես կը մօտենամ անոր եւ կ'ըսեմ.»Մեղքը նեղուորին, դու ի նչ/հարցման նշան/ մեղք ունիս»:
- Բայց երբ կը տեսնեմ, որ պաշտօնեան կամ զինուորը հաճոյք եւ բաւարարութիւն կը զգան իրենց չար գործերէն, քեզ պէս կ'ըսեմ. «Ասոնք ի սպառ կորած են եւ չարին իրենց հոգին ծախած են»: անունը միտքս կը պահեմ եւ զայն թշնամի կը համարեմ: Այսպիսի անասունների թիւը մեծ չէ: Անոնց հատիկ հատիկ պէտք է ընտրել եւ սատկեցնել ոչ թէ ծածուկ, այլ պաշտօնէութեան, բանակի աչքին առջեւ: Շատերը կը շշմին եւ ինքզինքնին երկու դանակի միջեւ կը զգան: Հրամանի դէմ մենք չենք կարող ելլել, բայց կրնանք անոնցմէ խուսափիլ` չտեսնել, չլսել, աջը ձախի հետ շփոթել: Մի խօսքով` այդ դասը, ինչ պաշտօն եւ դիրք էլ ունենայ, ինչ սարսափելի արարքներ էլ գործած լինի, պէտք չէ նկատել ժողովրդի թշնամի, այլ պէտք է նկատել ժողովրդին հարազատ եւ. Իբր այդպիսին, պէտք է գրաւել զանոնք քայլ առ քայլ, մարդ առ մարդ, գիտնալով որ անոնցմէ մէկը 100ը արժէ միւս դասերէն:
-
Երբ կը լսէի Բզնունիի այս խօսքերը, չէի կրնար հաւատալ թէ այդ լուռ եւ անշօշափելի մարդն էր հոգէառը պաշտօնէութեան եւ մանաւանդ գաղտնի ոստիկանութեան: Անոր դուռը փակ էր հայութեան առջեւ, բայց բաց` բոլոր ռուս պաշտօնէութեան առջեւ: Ան բարեւ չէր տար իր ընկերներուն, բայց խնդումը երեսին կը դիմաւորէր օտարները: Ան պսպղուն հագուստով, բաց կառքը նստած, այցելութիւններ կուտար ցարական պաշտօնեաներուն: Շաբաթը մէկ անգամ, փակ կառքի մէջ նստած եւ համազգեստը փոխած, կ'երթար կ. Կոմիտէի նիստին, ուր օտար մարդ պիտի չլինէր: Եւ այդ օրը արիւն կը հոտէր ժողովին մէջ .վճիռ կը տրուէր այս կամ այն մարդուն հոգին առնելու կամ չառնելու մասին:
Նուրբ խնդիր էր տեռորի որոշում կայացնելը ցարական պաշտօնէութեան եւ բանակի անդամներու վերաբերմամբ: Ոչ միայն ի նկատի պէտք էր առնել դատապարտեալի հասցուցած չարիքը հասարակութեան, այլեւ այն, թէ դատապարտեալի պարտականութեանց մէջ կ'իյնա՞ր իր գործողութիւնը, եւ թէ իբր չարագո՞րծ ըրած էր զայն իր հաճոյքին համար, թէ ոչ հարկադրուած էր ընելու: Այդ անհրաժեշտ էր, որպէսզի դատապարտեալի պատկանած դասը չգրգռուէր եւ գոնէ մասամբ մեղմացուէր տեռորի տպաւորութիւնը:
Այսպէս, օրինակ, եթէ դատապարտեալը զինուորական դասին կը պատկանէր, կը պատճառաբանուէր. « Մենք մեր զաւակները կ'ուղարկենք բանակ յանուն ժողովրդի ապահովութեան կռուելու համար, արտաքին թշնամիներու դէմ, իսկ Իւանը, արտաքին թշնամի նկատելով այսինչ քաղաքցին, խոշտանգած է զայն եւ որբ ձգած այսինչ ընտանիքը: Այս պայմաններու մէջ անոր մահը անհրաժեշտութիւն է ժողովրդի շահերուն համար»:
Եթէ ոստիկան էր, տեռորը կը պատճառաբանուէր այսպէս.»Մեր զաւակները մեր իսկ դրամով կը պահենք իբր ոստիկան, մեր ներքին ապահովութեան համար: Այսինչը ոչ ոճրագործ, ոչ ալ քրէական յանցաւոր էր եւ կամայականօրէն խոշտանգուած ու բանտարկուած է այսինչ ոստիկանի շինծու փաստերուն հիման վրայ: Բուն պտճառը դրամ կորզելն է, որ չի նպաստեր ներքին ապահովութեան», եւայլն:
Այս ուղղութեամբ եղած փաստարկութիւնները, երբ լինէին իրական, ապացուցուած ու անվիճելի, կը դրուէին կարճ կերպով եւ դատապարտեալի դիակին կը փակցուէին, ինչ որ խոր տպաւորութիւն կը թողուր եւ ակամայ «աֆարը~մ» կամ «օ~խ» բացականչութիւնները կորզուած էին ամէնքի սրտէն, կատարուած տեռորը իր նպատակին հասած էր, հետեւանքը բարի էր եւ իշխանութիւնը վրայէն կ'անցնէր: Հակառակ պարագային, երբ սխալմունք լինէր դատապարտութեան մէջ եւ տեռորը իբր ոճիր համարուէր, հետեւանքը բացասական էր, եւ իշխանութիւնը այդ սխալը մատի փաթթոց կ'ընէր:

Ինծի կը պատմէին, որ 1900-1904ի թուերուն կատարուած էին ընդամէնը ութը տեռորներ, որոնցմէ եօթը արդար, իսկ մէկը «խայտառակութիւն» եղած էր: Վճիռն արդար էր եղած այդ մէկուն ալ, բայց ահաբեկիչը շփոթած էր, չէր ճանաչած իր զոհը եւ սպաննած էր անմեղ մը ու վճիռը կուրծքին փակցուցած: Այդ սխալը սուղի էր նստած մեզի, թէեւ սխալը քաւելու համար` թիւրիմացութեան զոհի ընտանիքին նիւթական ապահովութիւն տրուած էր:

Պետական պաշտօնեաներու եւ բանակի ութը ահաբեկումները եղած էին արեւի լոյսին տակ, փողոցի մէջ, բոլորի առջեւ, «պատճառաբանուած» եւ, որ գլխաւորն է, ոչ մէկ ահաբեկիչ չէր ձերբակալուած:Բոլորն ալ «աներեւութացած» էին:
Հետեւանքէն շատ գոհ էին, թէեւ քանի մը անմեղ անցորդներ բանտն էին նետուեր եւ կը պահուէին դեռ եւս իշխանութեան կողմէ, ցուցմունքներ տալու համար ահաբեկիչներու իսկութեան մասին: Բայց անոնք իրենց «չգիտեմ»ին վրայ կը յամառէին:


Շար . 16
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝