Յայտարարութիւն

Sunday, December 13, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-17- Ռուբէն

Կ'ըսէին, եւ ես ալ կը տեսնէի, որ զօրքը հրաման ունէր ոչ քրէական, ոչ ալ քաղաքական գործերու մէջ միջամտելու: Միայն կոզակները կը խառնուէին եւ կը շփուէին բնակչութեան հետ եւ յաճախ գողութիւն կ'ընէին:

Ոստիկանութիւնը իր սովորական դերը կը կատարէր, բայց զգոյշ էր իր կամայականութեան մէջ, իսկ երբ զգար թէ քաղաքական աստառ ունի հարցը, չէր տեսներ կամ իր գիտցածը կը մոռնար: Ան կը տեսնէր մարդիկ, որ անծանօթ էին շրջանին մէջ բայց անցագիր չէր հարցներ: Կը տեսնէր անոր ետեւէն գնացող պահակներ, որոնց գօտիներուն տակ ցցուած ուռոյցքներ կ'երեւնային, որ անշուշտ ատրճանակներ էին, բայց ինչո՞ւ տեսնէր, երբ մարդուն անունը չէր արձանագրուած եւ իրեն ալ այդ չէր յանձնարարուած: Սակայն, ան լաւ գիտէր թէ այդ անծանօթները ովքեր էին եւ տեղն եղած ատեն խոնարհաբար կը բարեւէր իբր ազգութեան պետերու եւ իշխանութեան դէմ կռուողներու: Բայց իր ի՞նչ պէտքն էր զանոնք երեւան հանելը: Իր պարտքը հրաման կատարելն էր, իսկ ինքը նման մարդկանց մասին հրաման չունէր: Երբ հրաման լինէր, ան իր վստահելի մարդիկը կը շտապեցնէր, որպէսզի լուր տային, թէ ահա մէկ ժամէն կուգան խուզարկելու, ձերբակալելու, թող անհամութիւն չլինի: Ոստիկանութիւնը դարձած էր տեսակ մը վարագոյր` յեղափոխականներու գործերը ծածկելու համար:
Կը մնար դժուարինը` գաղտնի ոստիկանութիւնը, դաւաճանները, մատնիչները:

ԳԱՂՏՆԻ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԴԱՒԱՃԱՆ ԵՒ ՄԱՏՆԻՉ.- Ամենադժուարին գործն էր գաղտնի ոստիկանները ճշդորոշելը: Անոնք էին ամենէն վտանգաւորները, որովհետեւ անոնք գործի մէջ չկային, որ տեսնէիր:Անոնք անուն չունէին, որ գտնէիր: Չէին խօսեր, որ լսէիր: Անոնք անանձն էութիւններ էին, որ գոյութիւն ունէին եւ գուցէ քու մօտդ էին եւ դու չէիր տեսներ: Եւ անոնց տեսածը այնպէս գաղտնի կը զեկուցուէր իշխանութեան, որ բացառիկները միայն կրնային հասկնալ էութիւնը:

Մօտաւորապէս միայն կրնայիր հասկնալ, թէ ո՞վ է գաղտնի ոստիկանը, երբ բանտն էիր եւ հարցաքննութեան ենթակայ: Վերյիշելով անցեալը կրնայիր ենթադրութեամբ տասնեակ անուններու մէջ որոնել ու գտնել գաղտնի ոստիկանը, որ կարող էր լինել չսիրածդ կամ շատ սիրածդ մէկը, քու հարազատը, քու ընկերը, քու զինուորը եւ ո~վ գիտէ, գուցէ ե ւ քու մեծաւորը, անուանի հերոսը եւ գործիչը, որու մասին կը մտածէիր, բայց չէիր համարձակեր բարձր մտածելու: Ինչո՞ւ չէ: Երբ Ազէֆը, որ ռուս ամենահամարձակ ահաբեկիչ սոցիալիստներու կեդրոնական մարմնի անդամ, ինչո՞ւ չէր կարող նոյնանմանը եւ մեր մէջը լինել: Արդէն այս մտածումն իսկ քայքայում եւ թուլացում էր, զոր պէտք էր հաշուի առնէր կ. Կոմիտէն, բայց պաղարիւնութեամբ աչալուրջ պիտի մնար:

Երկու միջոց կար գաղտնի ոստիկանութիւնը գտնելու: Առաջին` հսկել շրջապատի մարդոց կապերուն եւ շարժումներուն եւ մանաւանդ անոնց նիւթական եկամուտին եւ ծախքերուն, որոնք կը տանէին լոկ ենթադրութեանց: Եւ երկրորդ` ունենալ պետական կազմին մէջ վստահելի կամ գնուած պաշտօնեաներ, որոնք նախապէս յայտնէին գաղտնի ոստիկանութեան ցանկը եւ, եթէ ատիկա անհնար էր, գոնէ այն գործառնութեանց մասին, որոնք կը բխէին գաղտնի ոստիկանութեան տեղեկագրէն:

Այս միջոցները կրնային սահմանափակել չարիքը, բայց բուն աղբիւրը կը մնար ենթադրական: Ուստի այդ կասկածելի տարրի վերաբերմամբ տեռորի որոշում չէր տրուեր ընդունուած կարգով եւ հրապարակով, այլ կասկածելիներուն խորհուրդ կը տրուէր հեռանալ իրենց շրջաններէն, իսկ շատ կասկածելիները կ'աներեւութանային:

Շար . 17
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝