Յայտարարութիւն

Tuesday, December 15, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 18 -Ռուբէն

Եթէ ազգութեան մէջ չլինի դաւաճաններ եւ մատնիչներ, իշխանութիւնը իր բոլոր միջոցներով անզօր կը դառնայ , նոյնիսկ իր գաղտնի ոստիկանութիւնը անպտուղ կը դառնայ:

Դժուար չէր առաջքն առնել այդ երկու ախտերուն: Ատիկա յամենայն դէպս աւելի դիւրին էր քան գաղտնի ոստիկանութեան: Կարսի մէջ հետեւեալ կերպով կ'առաջնորդուէին.-
Առաջին հերթին կ'աշխատէին այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծել, մանաւանդ փոքրիկներու եւ կանանց մէջ, որ անոնք գարշանք զգային հանդէպ դաւաճանին եւ մատնիչին եւ խորշէին այդ վերջիններէն աւելի քան քոլերայէն: Ատոր հասնելու միջոցն էր ուժեղ քարոզչութիւնը` պատմական, կրօնական, բարոյական տուեալներով: Եւ երբ խաւարման գիշեր մը միամիտ երեխայ մը կը հարցնէր իր ծնողին. «Ինչո՞ւ այդ Յուդային շան սատակ չարեց Յիսուսը», ծնողը աւելի կը սարսէր իր զաւակէն, քան կախաղանէն եւ գնդակէն: Երբ ընտանիքներու մէջ այդ հարցումները լինէին, տանը մէջ օձերը կը սատկէին:

Երկրորդ հերթին պէտք էր գիտնալ, թէ ուրկէ կուգային եւ ինչպէս կը ստեղծուէին այդ օձերը: Կը հասկցուէր, որ դաւաճաններու մէկ խոշո ր տոկոսը դուրս կուգար շատախօսներու, սնափառներու, պարծենկոտներու մէջէն: անոնց մէջ կ'ամփոփուէին դաւաճան կարծուածները: Անոնք էութեան մէջ ոչ դաւաճան, ոչ մատնիչ էին, նոյնիսկ կը սարսէին այդպէս լինելէ: Անոնք կ'ատէին Յուդաները, Վասակները, թէեւ իրենց լեզուի հետեւանքները զիրենք կը տանէին անոնց վիճակին: Անոնք ակամայ, թեթեւամտութեամբ, ինկած էին այդ ուղիին վրայ` չկարողանալով չափել իրենց արարքի հետեւանքները: Զանոնք դաւաճան համարելը, տեռորի ենթարկելը համազօր պիտի դառնար իրական դաւաճաններու ստեղծման` իրենց իսկ ընտանիքին մէջ: Ընդհակառակն, պէտք էր ապրին եւ տեսնեն իրենց արարքի հետեւանքները, որպէսզի իրենց խիղճը զիրենք տանջէր : Բայց պէտք էր զանոնք անպայման նաեւ պատժել, որպէսզի յիշէին ընդմիշտ իրենց սխալը: Եւ այդ պատիժը պէտք է լինէր ծեծը մտրակով, կամ առանձին կամ ընտանիքի ներկայութեան: Մտրակի հարուածները սպեղանի կը դառնային անոնց խղճի ձայնին եւ, երբ անոնք կանչէին` «քու ձեռք դալար»ի, կրնայիր հասկնալ որ գտած էիր ակամայ գործակից մը կամաւոր դաւաճաններուն եւ մատնիչներուն դէմ:

Դաւաճաններու եւ մատնիչներու ամենամեծ մասը առաջ կուգար իրարու դէմ եղած անձնական կամ այլ թշնամութիւններէն: Կրքոտ ժողովուրդ ենք, նեղ ինկած պարագային ամէն ծայրայեղութեան կ'երթանք: Այդ ծայրայեղութեանց չորցնելու միջոցն էր ժողովուրդի ներքին խաղաղութիւնը եւ բոլոր վէճերու լուծումը մեր դատարաններով: Իսկ անոնք, որ այնուամենայնիւ կ'երթային մինչեւ դաւաճանութիւն, մատնութիւն, այդպիսիներու դարմանը սարսափն էր: Պէտք էր անպայման զանոնք տեռորի ենթարկել, պայմանով որ ճշդուած լինէր դաւաճանութիւնը կամ մատնութիւնը, պայմանով որ տեռորը չկատարուէր հակառակորդի կողմէն, այլ ենթակային մօտիկ մարդոց կողմէ եւ կամ կուսակցութեան զինուորներուն կողմէ` օրը ցերեկով մահավճիռը յայտնի պիտի դառնար բոլորին, իր պատճառաբանութեամբ: Ահաբեկուածին դիակը պէտք էր թաղել տալ առանց խոշտանգումի, առանձին ճամբու եզերքը, որպէսզի անցորդները մէյ-մէկ քար նետէին անոր գերեզմանին վրայ եւ ըսէին` «նալլաթ սատանին» եւ խնդրէին Աստուծմէ, որ ներէր անոր:

Կարսի մեր կազմակերպութիւնը այս միսթիկ հոգեբանութիւնը ստեղծած էր դաւաճաններու եւ մատնիչներու շուրջ, եւ ան այնքա~ն հզօր էր, այնքա~ն անհամապատասխան իր աւանդութեանց, որ բացառիկներն էին, որ այդ ծայրայեղ արարքներուն կ'երթային սիրահարութեան, դրամի, կաշառքի կամ փառքի դրդումով: Դաւաճանի կամ մատնիչի բերած հացը չէին ուտեր իր զաւակը, մայրը , կինը: Այդ գիտէր գայթակուողը եւ ինքն ալ, ծածկելու համար իր արարքը, կը կանչէր. «Արիւն թարախ է դաւաճանի հացը»: Բայց այդ զղջումը չէր փրկեր զայն: Ան իր հարազատներու կողմէն իսկ կը մեռցուէր, եւ անոր արիւնը «հալալ» կը համարուէր:

Շար. 18
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝