Յայտարարութիւն

Wednesday, December 16, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 19 - Ռուբէն

Քանի մը խօսք ալ տեռորներու գործողութեան մասին:

Չափազանցութիւն չլինի եթէ ըսեմ, թէ 1903-4 թուերուն ե ւ ոչ մէկ հայ կար բառին բուն իմաստով դաւաճան, մատնիչ: Եւ այդ ախտահանումը նախ եւ առաջ պարտական էինք ստեղծուած մթնոլորտին : Հազիւ թէ ամէն ազգէ 8 տեռոր կատարուած էր ամբողջ նահանգին մէջ 5 տարուան ընթացքին: Բայց ամբողջ բնակչութիւնը, մէջն առնելով եւ բանակը, կ'ապրէր տեռորի մղձաւանջին մէջ: Ան չէր ըմբռներ, թէ այդ սարսափը տեռորիստներու եւ պատժի խստութեան մէջ չէր, այլ իր հոգեբանութեան, իր երեւակայութեան մէջն էր:

Ահա թէ ինչու ահաբեկման գործողութիւնը դիւրին եւ բնական կը համարուէր բոլորին կողմէ: Գաբրիէլ հրեշտակն էր ահաբեկիչը, որուն ընդդիմանալը անբնական էր: Ան ոչ մէկ յանցանք չունէր, ան վերին կամքի գործադրողն էր միայն: Անոր պէտք էր օգնել: Ան աներեւոյթ եւ անխոցելի էր: Անոր «Ձեռները դալար» էին նոյնիսկ: Այդ պայմաններու մէջ աւելի դժուար է մսագործի համար ոչխար մը մորթել , քան ահաբեկիչին համար սպաննել հազարապետ մը իր զօրքին աչքերուն առջեւ կամ դաւաճան մը` իր դրան շէմքին ու մնալ անյայտ, առանց ձերբակալման եւ առանց բողոքի:

Ոչ մէկ տեռորիստ ունէինք ձերբակալուած: Բոլորն ալ անյայտ կը մնային, բայց բոլորի մասին ալ ամէնքը գիտէին, պատկառանքով կը ճաշէին անոնց հետ, առանց խօսելու կատարուածի մասին:

Ահաբեկիչի գործողութեան ատեն, բոլորի դռները բաց պէտք է լինէին, զայն հետապնդումէ ազատելու համար ճամբայ պէտք է ցոյց տային, անոր ծպտուելու համար հագուստ պէտք է տային: Եթէ ոստիկան էր տեսնողը, պէտք է լռէր անոր ինքնութեան մասին: Պատասխանատու կը համարուէին անոնք որ չէին օժանդակած, իսկ իշխանութեան օժանդակողները տեղն ու տեղը կրնային սպաննուիլ եւ կամ պէտք է ինքնասպան լինէին, ահաբեկիչի ձեռքը չիյնալու համար:

Քանի մը խօսք ալ տեռորիստներու ընտրութեան մասին: Թուրք կամ ռուս դատարաններու կամ այլ դրութիւններու գործերու մէջ յաճախ ըսուած է, թէ ահաբեկիչները կ'ընտրուէին վիճակով կամ «կոմիտէի» հրահանգով: Այդ կը նշանակէ թէ անոնք չէին հասկնար, որ «շունը ծեծելով գայլը չի խեղդուիր» եւ որ վիճակով կամ հրամանով ահաբեկման գացողը կրնար ձախողեցնել այդ նրբին գործը:
Ահաբեկման գացողը, նախ, պէտք է վճռած լինէր որ տրուած գործը անպայման պէտք է յաջողցնել: Երկրորդ` ան պէտք չէ ձերբակալուէր, ոչ վիրաւոր եւ ոչ ալ անվնաս: Երրորդ` պէտք է կարողանար ազատուիլ` առանց իր հետքը ձգելու: Չորրորդ` եթէ այդ բոլորը չկարողանար, անպայման պէտք է մեռնէր:

Ասկէ պարզ է որ ահաբեկիչը, բացի քաջութենէն, բան մըն ալ աւելի պէտք է ունենար: Ան անպայման յաջողելու վստահութիւնը պէտք է ունենար, եւ իր ազատման կամ հաստատ մահուան հարցը երկրորդական պէտք է լինէր անոր համար: Այս յատկութիւնը միայն ահաբեկիչին ինքը կրնար որոշել, եւ երրորդ անձի հրամանը կամ խորհուրդը կամ վիճակով պարտադրանքը, բացի վնասէն, օգուտ չէր կրնար բերել:

Ընտրութիւն ընդհանրապէս հետեւեալ ձեւով կը լինէր.-
Կ. Կոմիտէի կողմէ մէկը իր մօտ կը կանչէր այն անձը, որ յարմար կը նկատուէր որոշուած տեռորի համար եւ կ'առաջարկէր.
- Պատասխանատու մի ծանր գործ կայ իրագործելու, որի յաջողութեան պատասխանատուն մէկ անձ պիտի լինէր: Կարո՞ղ ես նման գործ ստանձնել:
-
Առաջարկին պատասխանը պէտք է տրուէր միւս օրը միայն: Երբ գիշերը անցուցած, տագնապէն վերջը, դրական լինէր պատասխանը, այդ ատեն միայն կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչը կը պարզէր գործի էութիւնը, պէտք եղած ծանօթութիւնները եւ դիւրութիւնները կուտար իրագործելու յանձնարարութիւնը եւ ճամբու կը դնէր` «յաջողութիւն կամ քու դիակը»խօսքերով:

Ընդհանրապէս ահաբեկիչները իրենց վրայ դրուած պարտականութիւնը անթերի կը կատարէին, իսկ կարսի մէջ`միշտ, որովհետեւ ժողովուրդը ահաբեկիչին կ'օգնէր: Տեռորիստներու յաաջողութեան գլխաւոր պատճառն այն էր ,որ անոր մղիչ ազդակները ո՜չ պաշտօնը, ո՜չ փառքը, ոչ ալ մանաւանդ նիւթական հարցերը չէին, այլ միայն ու միայն մէկ մտասեւեռում` ոչնչացնել չարիք մը, որ կը վտանգէ հանրութիւնը, եւ հաստատ մահ կամ ազատում` առանց հետքի, որպէսզի հանրութիւնը չվտանգուի:

Այն ահաբեկիչը, որ իր հակառակորդը կը հարուածէ առաջին անգամ իսկ տեսնելով, անկէ սպասելու է հրաշք: Ան որ կը տնտնայ եւ , քանի մը անգամ տեսնելէ ետք, չի կրնար վճռական քայլ ընել, անկէ զգուշանալու է. կրնայ ամէն բան լաւ լինել հաշիւով, բայց մոլեռանդութիւնը պակաս լինելով, ելքը թէական կը դառնայ: Երկու սխալի մէջ պէտք չէ իյնալ: Պէտք չէ կարծել, որ հրաշք կատարող ահաբեկիչ մը, որ անյոյս կարծուած գործ մը գլուխ բերած է եւ ինք ալ առանց հետքի փրկուած է, կարող է, իբր փորձառու, իրագործել երկրորդ, երրորդ հրաշքները: Այդ սխալ է, որովհետեւ կատարած հրաշքին հիմքը մոլեռանդ վճռականութիւնն է, որ կրնայ փոխուած լինել: Հաստատ մահը ճաշակելէն եւ ազատուելէն ետք, ընդհանրապէս, կեանքը կը քաղցրանայ : Շրջապատի եւ իր գոհունակութիւնը զարկ կուտայ փառասիրութեան, մահուընէ փրկուիլը կը ծնեցնէ ապրելու տենչը, կը պակսի մոլեռանդութիւնը եւ տատանում առաջ կուգայ: Եւ կը տեսնես օրինակներով, որ ծովը լողացողը կը խեղդուի առուակի մը մէջ:

Երկրորդ սխալն այն է, որ ահաբեկիչներու ցոյց տուած սկզբնական անձնազոհութիւնը կը դարձուի չափանիշ անոնց գաղափարականութեան իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան, որ մէկ կամ երկու կամ առաւելն երեք ահաբեկում կատարած է եւ այլեւս կատարելու ո չ կիրք ունի եւ ոչ ալ ցանկութիւն, նոյնիսկ չի յիշեր իր ըրածը, կարող է պահած լինել գաղափարականութիւնը: Իսկ ան, որ հաճոյք կ'առնէ ահաբեկումէն եւ կ'որոնէ այդ, կը նշանակէ թէ կորսնցուցած է իր գաղափարականութիւնը: Այդպիսի մէկէն չարիք պէտք է սպասել:

Ճիշդ կ'ըսէին Սերգէյն ու Նորհատեանը.
- Նրան , որ վագր է սպաննել, բայց չի կարող մի հաւ մորթել, սիրիր եւ ընկեր համարիր, բայց արգելիր երկրորդ վագրը սպաննելու: Իսկ նրան, որ բազմաթիւ վագրեր է ահաբեկել եւ հաճոյք է առել դրանից, թշնամի համարիր:
Եւ, իրօք, Բագու, Թիֆլիս, Երեւան եւ այլուր` այդ տարրը այնքա~ն ինկաւ, որ հարկ եղաւ այդ հերոսները խմբովին կամ մաս-մաս ոչնչացնել, թէեւ անոնք քաջերէն` քաջը, զոհաբերողներէն` զոհաբերողները եղած էին իրենց առաջին քայլերուն մէջ: Մէկէն աւելի ահաբեկողը` ղասապ /մսագործ/ կը դառնայ:

Վերջ Գլուխ Բ.ի

Շար . 19
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝