Յայտարարութիւն

Monday, December 21, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 21 - Ռուբէն

Յունոյի գործակիցներէն քաֆթառ Արշակին եւ Որսորդ Գէորգին հանդիպեցայ, բայց դժբախտաբար անոնց չհարցուցի իրենց նախայեղափոխական արկածներու մասին: Ասոնցմէ առաջինը էրզրումցի քեռին էր, որ ժամանակ մը, Յունոյի ոչնչացումէն յետոյ, կարսի Պլոյի արհեստանոցին մէջ կը շինէր համետ, սանձ, իւլար: Յետոյ ան անցաւ թումանի խմբի հետ Սասուն եւ անկէ Վան , անկէ Պարսկաստան որ դարձաւ յայտնի քեռին, որ, կամաւորական մէկ գունդի գլուխ անցնելով` սպաննուեցաւ Ռեւանտուզ: Երկրորդը ի նչ/հարցման նշան/ կ'ընէր Յունոյէն յետոյ, չգիտեմ, բայց ան ալ միացած էր թումանի երկրորդ խմբին--` անցնելու Սասուն, ու սպաննուեցաւ թումանի հետ:
Յունոն եւ ընկերները, որ ժամանակակից էին Նաբիին եւ Ալէյին, /1885-90 թ.թ./, կը տարբերէին անոնցմէ այն բանով, որ նախ` իրենց մէջ չունէին այլ ազգեր, այլ միայն հայեր: Երկրորդ` իրենց գործունէութեան շրջանը Տայոց եւ Վանանդի շրջաններն էին, գլխաւորապէս Նարման, Օլթի, Գեռլա /կարսի նահանգ/, Թորթում, Կիսկիմ /էրզրումի նահանգ/ եւ Արդուին, Խոփա /Պաթումի շրջան/:
Յունոյի նշանակութիւնը պէտք չէ չափել իր անծանօթ մնացած գործերով, այլ այն արժէքաւորումներով, որ ժողովուրդը տուած էր անոր: Կ'ըսէին` «Յունոյի նման մէկը աշխարհ չէ եկել եւ պիտի չգայ: Յունոն, երբ երեսը կը դարձնէր դէպի Էրզրում եւ կը գոռար, վալին իր տեղը կը դողար եւ Ստամբոլի թախտը կը ցնցէր: Յունոն, երբ երեսը կը դարձնէր կարս եւ պաթում ու կը գոռար, գուբերնատորները կը սոսկային եւ ձէնը կը հասնէր մինչեւ Պետրբուրգ:
Յունոն ուրիշ մարդ էր»...:
Երբ 7-10 տարեկան երեխայ էի, ճիշդ այդ չափազանցութիւններով կը պատկերացնէի Նաբին եւ Ալէյը: Եւ մինչեւ օրս այդ ասպետ աւազակները ինձ համար «ամենամեծ» հերոսներն են: Արդեօ ք/հարցման նշան/ նոյն խաբկանքի մէջ չէ Կարսի հասարակութիւնը, կը մտածէի, երբ կը լսէի Յունոյի պատմութիւնները, զորս ախորժակով կը պատմէին Պլոն եւ Մխչոնց Մարգարը: Ճիշդ է, անոնք տաիրքոտ էին, մազերը ճերմակ դառնալու հակումներով եւ մօրուք ունէին: Բայց այդ չի խանգարեր մանկական պատկերացումներ ունենալ ծերացած ժողովուրդի մը, որ հին երազ մը ունի ընբոստութեան եւ ազատութեան: Երբ մէկը ծնուի այդ երազին համաձայն նշաններ ցոյց տալով, ան կը դառնայ իր պաշտելի զաւակը, անկախ անոր իրական արժէքին: Ան որակ եւ ուղեցոյց կը դառնայ ժողովուրդի երազին համաձայն:
Յունոն շօշափելի առնական ոյժ կը համարուէր եւ սկիզբն էր Կարսի մէջ մարտական կազմակերպութեան, ինչպէս ե ւ/շեշտ/ Արաբոն` Տարօնի մէջ: Ծնողները աւելի կը սիրեն եւ միշտ կը յիշեն իրենց զաւակներուն առաջին քայլի օրերը, եւ այդ հերոսը նորաքայլ մանուկն է...
1880-1892 թուականները Կարսի հայութեան վերածնունդի տարիներ պէտք է համարել: Հոն եկող ու գացող մտաւորականներէն ամէն մէկը իր գաղափարները կը բերէր, բայց ընդհանուր կապ չկար անոնց միջեւ: Կազմուած հայրենասիրական խմբակցութիւնները եռանդուն ու գաղափարական էին, բայց ընդհանուր ներդաշնակութիւն չկար:

Հնչակեան կուսակցութիւնը Կարսի մէջ, առածս տպաւորութիւններէն դատելով, բոլոր տուեալներն ունէր համախմբելու ինքնաբոյս յեղափոխական տարբեր հոսանքները եւ ամբողջական մէկ ոյժ կազմելու: Ան էր , որ կ'ընդգրկէր ազգային եւ ընկերային յառաջադէմ գաղափարները: Անոր մէջ էին համախմբուած ժամանակի ամենազոհաբերող, անշահախնդիր տարրերը հայկական երկու հատուածներու երիտասարդութեան: Անոր ձեռքին էր ջահը, որ կը հրդեհէր յեղափոխական բոցը Զէյթունէն Սասուն, Սասունէն Կովկաս: Ազգը անոր կը նայէր:
Շատ կարճ ժամանակով հեռաւոր Կիլիկիայէն, իննսունական թուերու սկիզբները, Կարս այցելած էին Ժիրայրը եւ Մուրատը, երբ անոնք դեռ եւս անծանօթներ էին, բայց ա~յնպիսի շունչ, ա~յնպիսի ոգի էին ցոյց տուած, որ կարճ միջոցի մէջ նուաճած էին բոլոր հոսանքներու սիրտը եւ մի հօտ ու մի հովիւ էին կազմած յարկի մը տակ, որ Հնչակեանութիւնն էր : Դեռ 1904-ին, երբ ես հոն էի, երբ այլեւս գոյութիւն չունէր հնչակեանութիւնը Կարսի նահանգին մէջ, բացի քանի մը անհատներէ, ա~խ ըսելով կը յիշէին զանոնք եւ կը նեղանային, երբ անոնց մասին բացասական արտայայտութիւն ընէինք: Կը զարմանային, երբ անոնց «Հնչակ» ըսէինք:
- Չէ, չէ, սխալ ես, հոգուդ մեղք կ'անես: Ռոստոմն ալ Ղարս էր, էրզրում կ'երթար. Մուրատն ալ Ղարս էր, Սասուն կ'երթար: Անուշ, բարուշ իրարու հետ էին: Երկուսին ալ ես ճամբեցի, երկուսն ալ հրեշտակի պէս մարդ էին: Ոչ «կենտրոն», ոչ «Հնչակ», երկուսն ալ նոյն բանը կ'ընէին.
«Ազգը մեզի թագաւոր, մենք`անոր զինուոր»: Մենք անոնց սիրեցինք եւ ամէն բաները հոգացինք ու ճամբու դրինք,- կ'ըսէր ինծի Թեւանենց Ալեքը:
Թեւանենց Ալեքը իր գլխէն չէր փչեր:Այդպէս էր դրութիւնը 1890ական թուի սկիզբները, երբ Ռոստոմները կ'առաջնորդէին Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը եւ ապակեդրոնացումը: Մուրատները ատոր մէջ գործնական միտք կը գտնէին եւ, եթէ ատոր իմաստը հասկնային արտասահմանի մէջ նստած Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնի անդամները եւ կամ Ռոստոմը անդամը լինէր այդ կեդրոնի , այդ պարագային դժուար թէ Հ. Յ. Դ.ը կազմուէր:

Հնչակեանութիւնը իր բոլոր տուեալներով ինքնասպան եղաւ իր անժողովրդական կեդրոնաձիգ ու տոտալիտէր/այսինքն ամբողջատիրական/ վարչութեան պատճառով եւ նաեւ այն հասկացողութեան հետեւանքով, թէ ժողովուրդները իրենց իտէալը չունին եւ թէ իտէալը մենաշնորհ է քանի մը գրոց –բրոց անհատներու: Ատոր մէջ որոնելու է անոր քայքայման ու այլասերման պատճառները եւ Դաշնակցութեան աղբիւրները:

Կարսի մէջ նոր կազմակերպութեան` Դաշնակցութեան միութիւնը կատարեալ էր, Ռոստոմի շնորհիւ:
Նոյն միութիւնը առաջացաւ մարտական ոյժերու համախմբման գործին մէջ: Կուկունեանի խումբը կարելի է համարել Դաշնակցութեան առաջին փորձը մարտական ոյժի կազմակերպման:

Անտրէ Տէր Օհանեանը «հայրենիք» ամսագրի էջերու մէջ, իբր աղբիւր ունենալով Կուկունեանի խումբի մասնակցողներուն յիշողութիւնները, այնքա~ն հարազատ ըմբռնած է այդ խումբի էութիւնը, այնքա~ն գեղեցիկ նկարագրած է, որ ընթերցողըկրնայ կարդալ ոչ թէ իբրեւ մտացածին մէկ վէպ, այլ իրական պատմութիւն: Ես ալ մօտիկ բարեկամներ ունեցած եմ այդ խումբին մասնակցողներուն մէջ, որոնցմէ Բալաջանը եւ Ռուբէնը /Դերձակեան/ պատմած են ինծի յաճախ: Անոնց պատմածները նոյնը կը հաստատեն, ինչ որ Տէր Օհանեանը ներկայացուցած է: Ուստի, այդ խմբի մասին ոչինչ չեմ աւելցներ իմ կողմէն: Պիտի ըսեմ միայն, որ այդ խումբի արժէքը պէտք չէ որոնել իր մէջը, այլ պէտք է որոնել այն ազդեցութեան մէջ, զոր թողած է ժողովուրդի հոգեբանութեան վրայ:


Շար . 21
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝