Յայտարարութիւն

Wednesday, December 23, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-22- Ռուբէն

Կարսի ժողովուրդը ծարաւի էր տեսնելու «Հայ զօրքը»: Այդ տեսաւ եւ շօշափեց: Ու թէեւ այդ «զօրքը» բանտարկուեցաւ եւ աքսորուեցաւ, բայց ժողովուրդը կը սիրէր իր տեսածը եւ կ'ուզէր ունենալ աւելի անթերի, աւելի կատարելագործուած զինուորական ոյժ մը, եւ ունեցաւ:

Սասունի եւ Թուրքիոյ մէջ 1893-96 թուականներու կռիւները եւ կոտորածները Կարսի նահանգի ամբողջ ժողովուրդը դարձուցած էին սգաւոր, բայց միակամ եւ պատրաստ` «վրէժը» լուծելու: Թէեւ այդ թուականներուն զանգուածօրէն ան կը հետեւէր Դաշնակցութեան, բայց թուրքիոյ մէջ եղած շարժումներուն առաջնորդը Հնչակեաններն էին եւ անոնց վրայ կ'իյնար ձախողութեան պատասխանատուութիւնը: Այսուհանդերձ որեւէ քննադատութիւն չկար այս ու այն կողմի դէմ: «Ինչ որ եղել է, եղել է, որ Սուլթան Համիտը եւ Լոփանով Ռոստովսկին է», կ'ըսէին:
Այս մտածումով էր, որ աշուղ Ֆարհատի «Իսլամների գոռ վաշտերը ահագին» երգը եւ Տամատեանի ու Մուրատի վրայ յօրինուած երգերը ազգային երգեր էին դարձած, ինչպէս եւ «Տալւորիկի քաջ եմ ես, քարի զաւակ»...երգը, որ այդ ժամանակներու ազգային քայլերգն էր: Լայն սիրտ ժողովուրդը կը դատէր.- «Եթէ ելքը յաջող լինէր, բոլորիս համար պիտի լինէր արդիւնքը. Թէ ելքը ձախող է, բոլորիս պիտի լինի հետեւանքը»: Եւ ան բոլոր փախստականները, բոլոր կոտորածէն ճողոպրածները իր յարկին տակ կը պատսպարուէր եւ կը տեղաւորէր:

Դաշնակցութեան վերելքը եւ Հնչակեանութեան վայրէջքը կատարուեցան այդ տագնապալի տարիներու ընթացքին իրենց` Հնչակեաններու միջոցով եւ Դաշնակցականներու յամառութեան ու շրջահայեցութեան շնորհիւ ու հետեւեալ կերպով.-
Սասունի մէջ Տամատեանը ձերբակալուած էր: Զայն փոխարինած էր Մուրատը, որ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ նշանակուած էր իբրեւ ղեկավար Սասնոյ ապստամբութեան: Կը սպասուէր, որ ապստամբութեան պայթման պարագային Եւրոպան պիտի ցնցուի, անգլիական նաւատորմիղը Պոլիս պիտի մտնէ, իսկ ռուսական բանակը պիտի շարժի` գործադրութեան դնելու համար եթէ ոչ Սան Սթեֆանոյի, գէթ Պերլինի վեհաժողովի տուած որոշումները:

Բայց ապստամբութեան համար անհրաժեշտ էր զէնք: Մորատը, բացի Կարսէն իր բերած բերդան հրացաններէն եւ 2000 փամփուշտէն, այլ զէնք չունէր: Սասունցիք ունէին չախմախլի հրացաններ եւ թուր ու մառթալ, որոնց զէնք անունը տալն իսկ յանցանք էր: Ահա թէ ինչու Սասնոյ իշխաններու հետ ունեցած ժողովին մէջ Մուրատը որոշած էր ընդառաջ գնալ եղած պահանջներուն եւ ճամբել ներկայացուցիչ մը արտասահման` խոստացուած զէնքերը բերելու համար: Խոստումները առատօրէն ըրած էր Հնչակեան կուսակցութիւնը:

Ներկայացուցիչ ընտրուեր էր Սասնոյ սիրելին` Հրայրը: Ան իր Ղըզըլճանցիներէն եւ մօտիկներէն շուրջ 50 հոգի ճամբեր էր Կարս, որ ստանալիք զէնքերը հասցնեն Սասուն: Ինքն ալ ուղեւորուեր էր դէպի Կարս:
Տուրբախը եւ Թեւանենց ալեքը կարսի մէջ եւ հետագային Կառնենու Մկրտիչն ու Ղըզըլաղաճի Պօղոսը Տարօնի մէջ կը պատմէին եւ իրարու ըսածները կը հաստատէին ընդհանուր գծերով: Մկրտիչը, որ Հրայրէն յետոյ երկրորդն էր Տարօնի աշխարհին մէջ, հեգնական շեշտով կը պատմէր.
«Մուրատը մեղք չունէր, միամիտ էր, կը հաւատար խոստումներուն: Ան մեզի ըսաւ.- «Թէ որ Սասուն ապստամբի, Ինգիլիզը մէկ կողմէն, Ռուսը միւս կողմէն Ստամբոլ կը մտնեն եւ Սուլթանի թախտը կը քանդեն եւ հայութիւնը կ'աշխատի»: Հանեց «Կեդրոնի» նամակը եւ կարդաց: Սասնոյ ժողովքը ըսաւ Մուրատին.- «Դու մեր աչաց եւ գլխի վրայ եկած ես. Ազգութեան համար թող մեր արիւն հալալ ըլլի: Եւ կեդրոնի /Հնչակեան/ լիազօրը մեր մեծ թող լինի, մեր աչքին լոյսը թող լինի»:

«Օսէի Աւէն եւ Հրայրը դիմադարձ եղան Մուրատին եւ ըսին.- «Ամէն բան լաւ. Բայց կնիկը, որ կնիկ է, լուացքը անելէն առաջ նախ ջուրը կը պատրաստէ, յետոյ սապոնը եւ յետոյ լուացքի կը սկսի: Մենք չախմախլի հրացան ունինք, բայց բարութ/վառոդ/ չունինք: Չախմախլիով քիւրտի դէմ կռիւ չի լինի: Ու՞ր է քու թոփ ու թուանքը»:
«Քանի մը տաք-գլուխներ, վերնայարկերը դատարկ, պոռացին Հրայրի եւ Օսէի Աւէին երեսին.- «Դուք խառնակիչներ էք»: Մենք ալ ըսինք.- «Խառնակիչը դուք էք»:
«Մուրատը լաւ մարդ էր, իր տեղէն ելաւ եւ կանչեց խառնակիչ կանչողները եւ ըսաւ.- «Խելքը գլխին քանի մը մարդ ունիք, անո՞նց ալ լեզուն կ'ուզէք կտրել: Օսէի Աւէն եւ Հրայրը իրաւունք ունին: Առանց զէնքի եւ պաշարի` ապստամբութիւն չի լինի: Եւ հանեց նամակներ «Կենտրոնէն» գրուած, ուր Հնչակեանները կ'ըսէին.-«Ինչ պաշար որ կ'ուզէք, ինչ որ պէտք է, գնացէք Կովկաս եւ մեր մասնաճիւղերէն առէք»: Հրայրը մեծաւոր կարգեց գնալու եւ բերելու համար զէնքերը ու նամակներ տուաւ աշխարհի չորսդին:

«Գացինք Ղարս, մասնաճիւղ փնտռեցինք: Ըսին այդպիսին չկայ: Քանի մը Հնչակեան գտանք, նամակը տուինք եւ խոստացուած զէնքերը պահանջեցինք: Ըսին.- «Այդ կենտրոնին գործն է. մենք զէնքեր չունինք»: Ըսինք.- «Ջանըմ, միք անէ այդպէս, Սասնոյ վրայ կռիւ է, Մուրատ նեղն է մնացեր, մեզ փութով ճամբած է օգնութիւն հասցնելու: Դուք արիւնքի տակ կը մնաք: Էդպէս չի լինի»: Օգուտ չունեցաւ: Ըսին.- «Կենտրոնի գործն է» ու կանգնեցան: Իսկ կենտրոնը ո՞ւր է, սատանան գիտէ: Չար, նաչար, գտանք Ջալլաթին, որ Սասուն եւ Սբ. Կարապետ եղած էր: Ան տարաւ Ալեքի մօտ, որ դուռը շէն մարդ է: Պատմեցինք ամէն ինչ: Անոնք ըսին.- «Մենք կենտրոն չենք ճանաչէ, մենք դաշնակցական ենք եւ հնչակեաններէն խապար չունինք: Բայց քանի որ դուք կռուի մէջ էք, դիմեցէք մեր կոմիտէին, անոնք անպայման կ'օգնեն»:
« Հրայրը առաջ անցաւ: Գացինք Դաշնակցական կոմիտէին, մեր ցաւը պատմեցինք: Մենք չէինք գիտեր, թէ ի՞նչ է դաշնակցականը եւ ոչ ալ անոնց կը ճանաչէինք: Երբ ըսինք թէ եկած ենք զէնքի, հոն կռիւ կայ, պարապ ինչպէ՞ս դառնանք, անոնք մէկէն ըսեցին.- «ինչ որ մենք ունինք, ձերը համարեցէ ք: Մեր տղաներն ալ թող ձեզի մատաղ լինին: Մենք մէկ ազգ ենք եւ մէկ հաւատի ենք եւ մեր ազգի ազատութիւնը կ'ուզենք»: Միւս օրը գործի անցանք: Մեր հետ բերած Ղըզըլաղաճցիներէն, Պօղոսի առաջնորդութեամբ, 26 հոգի զինեցինք եւ Սասուն յետ ճամբեցինք: Անոնք ապահով տեղ հասան: Եօթը հոգի ալ, որոնց մէջ կար եւ մատ մը դեռ տղայ Չոլոն, ճամբով ճամբեցինք, որ Բասենէն այն կողմը չկրցաւ անցնիլ: Ձերբակալուեցան, իսկ Չոլոն կրցաւ փախնիլ:

Շար.22

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝