Յայտարարութիւն

Thursday, December 24, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-23- Ռուբէն

«Ջալլաթը քանի մը հոգիով անցաւ Սասուն եւ յետ վերադարձաւ, իսկ Տուրբախը անցաւ Խնուս եւ հոն հաստատուեցաւ` խմբեր անցնելու համար, ու հոն ալ մնաց մինչեւ որ կոտորածներ եղան, բայց ան ազատուեցաւ: Այդպիսով Ղարսէն դատարկ ձեռքով մենք յետ չճամբեցինք մեզ հետ բերած մարդկանց: Հրայրը բոլոր անցուդարձը բացատրեց յետ գնացողներուն եւ խնդրեց հասկացնել ամէնքին` Սասնոյ իշխանաց եւ Մուրատին, որ կենտրոնը կորսուել է, եւ այս բոլոր զէնքերը դաշնակցականներ տուին»:

Կկառնենու Մկրտիչի այս պատմածները , որ ի միջի այլոց բերի հոս, նպատակ չունի լուսաբանելու Սասնոյ առաջին ապստամբութեան պատմութիւնը: Կարսին չի վերաբերիր այդ: Կրնայ ըլլալ, որ Կառնենու Մկրտչի պատմածները ճշդուած փաստեր ալ չեն: Ատիկա կը համարեմ երկրորդական: Էականը պէտք է համարել այն երեւոյթները, որոնք պատճառ դարձան երկրի եւ կարսի Հնչակեան կուսակցութեան իսպառ վերնալուն:

Անհերքելի պէտք է համարել, որ Տարօնէն իբր Հնչակեան ճամբուած են Մուրատի կողմէ Հրայրը, Մկրտիչը, Պօղոսը եւ անոնց հետ Գոմերի Յովոն, որոնք գացած են արտասահմանեան «մասնաճիւղերէն» բերելու խոստացուած զէնքերը` ապստամբութեան համար:Սակայն , այդ մարդկանց ջանքերը ապարդիւն են անցած հնչակեաններու մօտ եւ, ընդհակառակն, արդիւնաւոր` անոնց հակառակորդներու` դաշնակցականներու մօտ: Իբր հետեւանք ատոր, Հրայրը, Մկրտիչը ու իրենց հետ եկածները վերադարձած են իբրեւ դաշնակցականներ:

Անհերքելի պէտք է համարել ե ւ այն, որ այդ տագնապալի վայրկեանին, երբ դեռ Դաշնակցութիւնը անծանօթ էր Երկրին մէջ, ոչ միայն կարսեցի պետոն կը տեսնենք Վանի մէջ, այլեւ Ռոստոմը` էրզրումի մէջ, իսկ Ջալլաթը /ալեքսանդրապոլցի/ եւ Տուրբախը /կարսեցի/ կը տեսնենք Սասուն եւ Խնուս` Մուրատի ճամբած մարդկանց հետ միասին «ազգութեան, առանց պայմանի, օգնելու» նշանաբանով:

Ովքե՞ր էին /1893-1896/ թուականներու Հ.Յ.Դ. Կ.Կոմիտէներու համեստ անդամները, ես չեմ կարողացած ճշդել: Բայց ինծի համար համոզմունք է, որ անոնք, թէկուզ անգիտակցօրէն, իրենց վարմունքով այնպիսի հսկայ քայլ մըն են ըրած, որ իրենց շրջանը վերջնականօրէն կապած են Դաշնակցութեան հետ: Եւ անոնք են եղած հիմնադիրները այդ շրջանի հզօրութեանը, զոր կը վայելէի 1904ին: Այդ քայլը կ'ուզէի վերագրել Թեւանենց Ալեքին, Ջալլաթին եւ Տուրբախին, բայց անոնք, ըստ իս, աջակիցներ եւ նախաձեռնողներ կարող էին լինել, բայց բուն վճռողը Կ.Կոմիտէն էր: Այդ քայլի հետեւանքը պէտք է համարել այն առեղծուածը, որ Տարօնի աշխարհը, ուր տիրապետողը եւ բարոյական ոյժը մինչ այդ Հնչակեաններն էին, մէկ անգամէն եւ լրիւ կերպով դարձաւ կողմնակից Դաշնակցութեան իր Գէորգ Չաւուշներով , Փուրթոներով եւ Մակարներով: Կարսէն-էրզրում, ուր բոյն դրած էր Ռոստոմը, եւ էրզրումէն-Տարօն` այլեւս , Հնչակեանութիւնը չքացաւ, եւ Դաշնակցութիւնը փոխարինեց զայն: Այդ պարտական ենք Կարսի կ. Կոմիտէին:

Պերլինի վեհաժողովէն յետոյ, Խրիմեան Հայրիկը պատկերաւոր վիճակ մը ներկայացուց իր յայտնի «Երկաթէ Շերեփ»ի պատմութեամբ: Այդ ունեցաւ ճակատագրական նշանակութիւն հայոց թէ ներքին յեղափոխական եւ թէ արտաքին յարաբերութեանց մէջ: Երկիմաստ այդ օրինակը, որ խարիսխը դարձաւ հնչակեաններու վարքագծին եւ որ վարակեց ե ւ դաշնակցութիւնը, ինծի համար վերաքննելի խնդիր մըն էր: Եւ ես յաճախ կը խօսէի այդ մասին Սերգէյի եւ Յակոբի /Չիլինգարեանի/հետ:

1904ի սկիզբները, Սերգէյը օր մը ինձ ըսաւ.
-Մտորումները արգասաբեր են երբ անոնք կը վերլուծուին հրապարակով: Անոնք անդամալոյծ կը դարձնեն մարդը, երբ փարատած չեն: Ուստի դասախօսութիւն պիտի տաս.»Պերլինի վեհաժողովը, հնչակեան վարքագիծը եւ Պանք-օթոմանի դէպքը» նիւթի շուրջ:
Ուզեցի մերժել, բայց ազատում չկար, մանաւանդ որ սեղմ շրջանակի մէջ նշանակուած էր ժողովը: քրտնելով եւ կմկմալով, այդ օրը խօսեցի մօտաւորապէս հետեւեալը.-
-Խրիմեանի այն եզրակացութիւնը, թէ Պերլինի վեհաժողովին հարիսան իրենք չկրցան ուտել, որովհետեւ իրենց ձեռքը թղթէ դգալներ կային եւ միւսներուն ձեռքը երկաթէ շերեփներ, բանաստեղծութիւն մըն է, որ վնասակար, անիմաստ ու երկդիմի է եւ որ ինչպէս հնչակեանութիւնը, նոյնպէս մեզ եւ ամբողջ հայութիւնը, սխալ ճամբու տարած:
Լուռ մտիկ կ'ընէին ինձ եւ սոսկումով կը նայէին, կարծես սկիհի մէջ թոյն կը կաթեցնէի: Բայց ես կը շարունակէի.
-երկդիմի է այդ , որովհետեւ այդ օրինակը կրնանք հասկնալ այսպէս.»Ազատութիւնը չի կարող ձեռք բերուիլ խնդրագրով, աղօթքով, լացով, այլ միայն կրնայ խլուիլ եւ առնուիլ երկաթէ շերեփով: Միջազգային յանձնառութիւնները արժէքաւոր են, երբ անոնք կը զուգադիպին պետութեանց շահերուն, եւ դու քու երկաթէ շերեփով խլածդ կարողացած ես տանել քու բերան եւ մարսել: Եթէ այս կ'ուզէ ցոյց տալ Խրիմեանը, այդ իմաստութիւնը իրեն չի պատկանիր, այլ շատ հինցած եւ անվիճելի համարուած ճշմարտութիւն մըն է պատմութեան մէջ եւ անառարկելի:
Հոս ունկնդիրներուն դէմքերը քիչ մը բացուեցան:
- Բայց այդ տարրական ճշմարտութիւնը չեն ըմբռնած թէ/շեշտ/ Խրիմեան եւ թէ/շեշտ/ իր կղերական ընկերները, որոնք յանուն հայութեան գնացած են Պերլինի վեհաժողով եւ իրանց իսկ խոստովանութեամբ` «թղթէ» դգալով:
Երբ դժկամակութիւն նկատեցի դէմքերուն վրայ, ջղայնացած կանչեցի.
-Պոյերներու նախագահ կռիւները, որ այժմ կը շրջի եւրոպայի մէջ իր քանի մը հարիւր հազարնոց ժողովրդի ազատութեան համար, պիտի հասնի իր նպատակին, որովհետեւ ան կը հասկնայ որ առանց երկաթէ դգալի ոչ մէկ խնդրանք չ'իրագործուիր եւ ան ձեռք պիտի բերէ պոյերներու ազատութիւնը Անգլիայէն: Բայց մենք քանի մը միլիոն ժողովրդով ձեռք չենք կրնար բերել մեր ազատութիւնը թուրքիայէն եւ Ռուսիայէն, քանի որ դեռ չենք հասկցած այդ ճշմարտութիւնը:
Խրիմեանի եւ անոր շաւիղով գնացող հնչակեաններու հասյացողութիւնը այլ իմաստ ունէր հարիսայի «երկաթէ եւ թղթէ «դգալներու մասին: Անոնք հաւատացած են արդարութեան յաղթանակին. Կը հաւատան, որ ներկայացնելով իրենց արդար իրաւոնքները` իրենց նպատակին պիտի հասնին,. Կը հաւատան, որ մարդկային խիղճը շարժելը վճռական է` հասնելու համար իրենց նպատակին: Մէկ խօսքով` գութէն փրկութիւն կը սպասեն: ասիկա մահացու վտանգ է եւ ցնորքներու ետեւէ իյնալ է, , ինչ որ մեզ կը տանի ձախողութեան եւ փճացման: Այդպէս մտածողները եւ գործողները բացի վնասէն, ոչ մէկ օգուտ պիտի բերեն:
Այդպէս են մեր դիւանագէտ քարոզ կղերականները, որոնք արդարութեան, ազատութեան քարոզ կը կարդան, առանց խանչալի : Այդպէս են հնչակեանները, որոնք ապստամբութիւն կ'ընեն, առանց հրացանի` յուսալով որ գութը կը շարժի եւրոպայի եւ արդարութիւնը կը յաղթանակէ: անոնք չեն գիտեր, թէ արդարութիւնը եւ ազատութիւնը խանչալի ծայրով կը պոկուին:




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝