Յայտարարութիւն

Friday, December 11, 2009

Կաղանդի Գիտելիքներ

Տօնական խմիչքներ
Տօնական օրերուն բոլորս ալ հակամէտ ենք սովորականէն քիչ մը աւելի խմելու, քանի որ մթնոլորտը ինքնաբերաբար կը պարտադրէ կենացներ խմել եւ խանդավառութիւն ստեղծել:
Ահաւասիկ խմիչքներու ցանկ մը եւ իւրքանչիւրին պարունակած ջերմուժը , եթէ մտահոգ էք ձեր ծանրութեամբ եւ սննդականոնով:
· Բաժակ մը գինի /12.5 սանթիլիդր/ 100 ջերմուժ
· Բաժակ մը շամփանիա / 12.5 սանթիլիդր/ 100 ջերմուժ
· Բաժակ մը սենզանօ/6 սանթիլիդր/ 200 ջերմուժ
· Բաժակ մը ալքոլով պատրաստուած նարինջի հիւթ / 12 սանթիլիդր/ 150 ջերմուժ
· Բաժակ մը արմտօղի /ուիսքի/ /6 սանթիլիդր/ 150 ջերմուժ
· Բաժակ մը վոտքա / 6 սանթիլիդր/ 150 ջերմուժ:


Վերջին վայրկեանի տօնական յարդարանք:
- Կաղանդը մօտեցած է եւ տակաւին մէկ-երկու յարդարանք կը պակսի ձեր տան :
Ահաւասիկ վերջին ժամերուն իրականացնող արագ եւ սիրուն յարդարանքները:
Առէք նախորդ տարիներուն ձեր մուտքի դրան վրայ կախած կաղանդի պսակը իսկ եթէ չունիք, գնեցէք հատ մը, շուկան այս օրերուն ողողուած է անոնցմով:
Զայն տեղաւորեցէք յարմարութիւն ունեցող սեղանի մը կամ ի հարկին, ճաշասեղանին կեդրոնը: Գնեցէք կարմիր, ոսկեգոյն կամ նոյնիսկ ճերմակ մոմեր /նախընտրաբար հաստ/ եւ զետեղեցէք պսակին կեդրոնը զանոնք նախապէս մետաղեայ ամանի մը ափսէի մը կամ կափարիչի մը վրայ հաստատելէ ետք:
Առէք ներկայանալի բաց կամ խորունկ աման մը եւ մէջը ճաշակով զետեղեցէք անտառէն հաւաքուած չոր սնոպարի ողկոյզներ, շագանակներ, կասիայի փայտիկներ եւայլն...
Ասոնցմէ ոմանք կրնաք ներկել ոսկեգոյն օգտագործելով յատուկ սփրէյներ: Վերջապէս, կրնաք ամանին շուրջը ոսկեզօծ կամ կարմիր եւ լայն ժապաւէն մը կապել եւ ամանը զետեղել հիւրանոցի կեդրոնական սեղանին վրայ:



Կաղանդի մազի յարդարանքը:
Շատեր կը խուսափին տօնական օրերուն վարսայարդարի խանութները այցելելէ խճողումին պատճառով: Ոմանք ալ տունը այնքան բազմազբաղ կ'ըլլան , որ ժամանակ չեն գտներ վարսայարդարի երթալու: Այսպիսիներուն համար կ'առաջարկենք մազի պարզ եւ արագ յարդարանք մը, որ կը յարմարի երկար մազեր ունեցողներուն:

Մինչեւ ե՞րբ հաւատալ կաղանդ պապային:
Օր մը ձեր երեխան իր ընկերոջմէն կամ եղբօրմէն պիտի իմանայ, թէ կաղանդ պապան «սուտ» է, իսկական կաղանդ պապա գոյութիւն չունի, ծնողները կը գնեն կաղանդի նուէրները եւայլն...
Այդ իրականութիւնը կրնայ ոմանց կողմէ դիւրին ընկալուիլ, ուրիշներ, ընդհակառակը, տակն ու վրայ կ'ըլլան եւ հոգեբանական հարցեր կ'ունենան. Մասնագէտներու կարծիքով, կաղանդ պապային հաւատալու իտէալ տարիքը մինչեւ 6 տարեկան է, որմէ ետք ծնողները քիչ –քիչ պէտք է պատրաստեն փոքրիկը ճշմարտութիւնը լսելու համար:
Եթէ ձեր փոքրիկը այս կամ այն աղբիւրէն իմացած է իրականութիւնը, դուք մի հերքէք զայն ՝պզտիկը յուսախաբ չընելու մտահոգութենէն մղուած:
Բայց ճշմարտութիւնը չոր ու ցամաք չպատմել անոր, այլ անոր ուշադրութեան յանձնել փողոցներուն մէջ մեր հանդիպած, ծպտուած կաղանդ պապաները կամ հանրախանութներուն մէջ վճառուող կաղանդ պապուկի հագուստները եւայլն....
Յետոյ քիչ-քիչ փոքրիկին բացատրել, որ եթէ հայրիկը կամ հօրեղբայրը կաղանդ պապա կը ծպտուէին , ոչ թէ զինք խաբելու, այլ զինք ուրախացնելու եւ զուարճացնելու մտահոգութեամբ էր:
Նաեւ փոքրիկին բացատրել կաղանդ պապուկին բարի եւ առատաձեռն ծերունիի տիպարը: Յետոյ ըսել, թէ ասիկա աւանդութիւն, կաղանդի սովորութիւն մըն է, որ բոլոր տուներէն ներս կը յարգուի ոչ թէ փոքրիկները խաբելու կամ վախցնելու, այլ պարզապէս զիրենք ուրախացնելու եւ գոհացնելու համար:
Այսպիսով, փոքրիկին յուսախաբութիւնը նուազագոյնի կ'իջնէ եւ,ի վերջոյ, ան կը հաշտուի իրականութեան հետ, քանի որ, վերջին հաշուով, զինք ամենէն աւելի շահագրգռողը նուէրն է:

Պատրաստեց
Տալիդա Գալըպճեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝