Յայտարարութիւն

Tuesday, January 26, 2010

Սիլվա Կապուտիկեան (1919–2006) - Հայ գրականութեան մայրական շունչն ու կանացի հեղինակութիւնը



Յունուար 20ը ծննդեան տարեդարձն էր հայ գրականութեան մայրական շունչն ու կանացի հեղինակութիւնը ինքնատիպ գրաւչութեամբ մարմնաւորած Սիլվա Կապուտիկեանի։

Քաղուած Աթէնք հրապարակուող «Ազատ Օր» էն
«Նշանակ
»


.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

Երկրորդ Աշխարհամարտի վերջերուն գրուած իր «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը բաւարար եղաւ, որպէսզի քնարերգակ բանաստեղծուհին անմիջապէս գրաւէ սիրտն ու միտքը մեր ժողովուրդին՝ աշխարհի չորս ծագերուն։
Պատգամ ունէր նորայայտ բանաստեղծուհին եւ օժտուած էր իր պատգամը ամենայն քնարականութեամբ, պարզութեամբ ու խոհականութեամբ սերունդներուն կտակելու, Հայու Հոգին յաւերժ ջերմացնելու շնորհալի տաղանդով՝

«Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ ո՛ւր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո մա՜յր լեզուն չմոռանա՛ս...»

Իր առաջին բանաստեղծութիւններէն իսկ, կանացի եւ մայրական սիրոյ, քնքշանքի ու գեղեցկութեան քնարերգուն ըլլալով հանդերձ, Սիլվա Կապուտիկեան դրսեւորեց իր բերած պատգամին ողջ կեանքով նուիրուելու մտաւորականի յանձնառութիւնն ու ազգային–հասարակական գործիչի հետեւողականութիւնը։

Հայ քաղաքական մտքի անդաստանէն ներս եւս Սիլվա Կապուտիկեան ունեցաւ շռնդալից մուտք, երբ 1964ին լոյս ընծայեց «Քարաւանները դեռ քայլում են» վիճայարոյց ուղեգրութիւնը, ուր թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին մերկացումը կատարեց ու տարագիր հայութեան ուղղեց հայրենիքին մէջ համախմբուելու եւ հայրենի պետականութեան շուրջ միաւորուելու պատգամը։

Սիլվա Կապուտիկեանի Պատգամը վիճայարոյց էր, որովհետեւ իր խորքին ունէր խորհրդային ամբողջատիրութենէն եկող կաշկանդումներու՝ հայութիւնը «իւրայիններու» եւ «դաշնակներու» բաժնելու պառակտիչ սաղմեր։ Այդուհանդերձ՝ Սիլվա Կապուտիկեան հնչեցուց հայոց ազգային պահանջատիրութեան վերազարթնումին առաջին զանգերը եւ, իբրեւ այդպիսին, երկխօսութեան առաջին կամուրջ մը հաստատեց հայ ժողովուրդի հայրենաբնակ եւ տարագիր թեւերուն միջեւ։

Գրական–ստեղծագործական թէ ազգային–հասարակական տարբեր ուղի չէր կրնար ունենալ 1915ի Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մասնակից Բարունակ Կապուտիկեանի դուստրը, որ 20 Յունուար 1919ին ծնաւ Երեւանի մէջ, իր ամբողջ կեանքը անցուց Երեւանի մէջ, նոր դարու եւ նոր ժամանակներու ոգիով հնչեցուց հայ կնոջ ու մօր քնարական ձայնը, նոյնքան արդիական եղաւ Հայ Մտքին առջեւ հորիզոն բանալու իր խոհականութեան մէջ, բայց ի՛նչ որ գրեց եւ հանրային պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրք ալ գրաւեց՝ շարունակ հաւատարիմ մնաց վանեցի իր արմատներուն եւ, այդ ճամբով, միշտ ներշնչման աղբիւր ունեցաւ հայ ժողովուրդի արհաւիրքակեդրոն յուզաշխարհը...

1935ին լոյս տեսած իր առաջին ոտանաւորէն մինչեւ 2002ին լոյս տեսած «Իմ կածանը աշխարհի ճանապարհներին» մտորումները, Սիլվա Կապուտիկեան բեղուն գրիչ ունեցաւ։ Տասնեակ մը գրքոյկներու եւ հատորներու ժառանգութիւն մը թողուց մեր սերունդներուն։

Գիտական պատրաստութիւն ունէր. աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի լեզուագիտութեան բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի Կորքիի անուան գրականութեան կաճառը։ 1941էն սկսեալ Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ էր, իսկ 1945ին անդամագրուած էր Համայնավար կուսակցութեան։ Զոյգ հանգամանքներով՝ երկար տարիներ գտնուեցաւ պատասխանատու պաշտօններու վրայ. պարտաւորուեցաւ իր տուրքը վճարելու խորհրդային կարգերուն, բայց առիթները ստեղծեց, որպէսզի կարենայ իր խղճի պարտքը կատարել հանդէպ բազմաչարչար հայութեան։

Դէպի սփիւռքեան հայօճախները կատարուած իր պարբերական այցելութիւններով եւ երբեմն երկարատեւ ուղեւորութիւններով՝ Կապուտիկեան ոչ միայն մօտէն ճանչցաւ Հայկական Արտերկիրը եւ շատ բան վերատեսութեան ենթարկեց խորհրդահայու իր ներաշխարհին մէջ, այլեւ՝ հայրենիքը աւելի հարազատ ու ճանաչելի դարձուց սփիւռքահայութեան։

Պատահական չէր, հետեւաբար, որ երբ զարթնումի ժամը հնչեց Արցախեան Պահանջատիրութեան ճակատներուն վրայ, 1980ականներու երկրորդ կիսուն, Սիլվա Կապուտիկեան ազգային–հասարակական գործիչը հաստատակամ կանգնեցաւ Արցախի Հայաստանին միացնելու համաժողովրդական շարժման յառաջապահ դիրքերուն վրայ, իբրեւ աննկուն դրօշակիր։

Սիլվա Կապուտիկեան ծննդեան տարեդարձին նուիրուած Յուշատետրի այս հպանցիկ սիւնակը կարելի չէ փակել առանց նշելու, որ հայ գրականութեան մայրական շունչն ու կանացի հեղինակութիւնը մարմնաւորած այս մեծ հայուհին եղաւ նաեւ կեանքի ընկերը մեծանուն Յովհաննէս Շիրազի։ Ամուսնալուծման յանգած Շիրազ–Կապուտիկեան մեծ հանդիպումը իր կարգին Յուշատետրի առանձին էջ կազմելու չափ նիւթ կը տրամադրէ։


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝