Յայտարարութիւն

Friday, January 15, 2010

2010ը՝ Հայ Կնոջ Տարի - 1

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը իր 31 Դեկտեմբեր 2009 Հայրապետական Յատուկ Գիրով 2010 տարին հռչակեց ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻ:
Նորին Սրբութիւնը վեր առած է հայ կնոջ արժանիքներն ու պարտաւորութիւնները, իր խաղացած դերը դարերու ընդմէջէն մինչեւ օրս որպէս մայր, դաստիարակ,հասարակական գործիչ, մտաւորական,ընկերային ծառայող: Վեհափառ Հայրապետը իր այժմէական գաղափարներով, նոր մարտահրաւէրի առջև կը դնէ մեզ բոլորս, Հայ Այրեր և Հայ Կանայք, մեր մտածելաձևին առաջ բանալով նոր հորիզոն և պարտաւորութեանց՝ նոր գործելադաշտ: «Նշանակ» հինգ անգամով պիտի յաջորդաբար հրապարակէ Վեհափառ Հօր Յատուկ Գիրը և տարուան ընթացքին պիտի իր ընթերցողները իրազեկ պահէ Կնոջ՝ ընդհանրապէս և Հայ Կնոջ՝ մասնաւորապէս խաղացած ու խաղալիք պատմական կարևոր դերին :
Կոչ կ՜ուղղենք բոլոր գրիչ շարժող հայորդւոց յօդուածներով,ուսումնասիրութիւններով,գիտական թէ հոգեբանական վերլուծումներով, բանաստեղծութիւններով,կարճ պատմուածքներով ,կամ այլ, իրենց մասնակցութիւնը բերելու ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐՈՒԱՆ նշումին: Կայքէջս պատրաստ է լայն տեղ տրամադրելու բոլոր մասնակիցներուն :

«Նշանակ»

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«..«


ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ- Հայ Կնոջ Տարի 2010


ՊԱՏԳԱՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց, եւ
մեր ժողովուրդի զաւակներուն,
Նոր բացուող 2010 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն կ՛ողջունենք ձեզ՝ հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով։
Ինչպէս գիտէք, իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք խորհրդածելու մեր հաւաքական կեանքին առընչուած եզակի արժէքի մը, կարեւոր երեւոյթի մը, առանցքային մտահոգութեան մը կամ լուրջ մարտահրաւէրի մը մասին, եւ զանազան ազդու միջոցներով շեշտելու անոր կենսական կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի առաւե՛լ կազմակերպման ու ծաղկման։
Նոյն ակնկալութենէն մեկնելով, եւ նկատի ունենալով հայ կնոջ վերապահուած կարեւոր դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, 2010 տարին կը հռչակենք՝
«ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻ»
Արդարեւ, ներկայ ժամանակներուն, ընկերութեան զանազան կառոյցներէն ներս՝ ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ դպրոց, հասարակական կազմակերպութիւններէն սկսեալ մինչեւ պետական հաստատութիւններ, կինը սկսած է դառնալ կեդրոնական ներկայութիւն՝ իր տիրական խօսքով ու բեղուն գործունէութեամբ։
Հայրապետական սոյն Գիրով երբ մեր ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրենք ներկայ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերելու հայ կինը, անհրաժեշտ է որ կրօնական թէ պատմական, ազգային թէ միջազգային առումով աւելի լայն ենթահողի վրայ դիտենք զայն, որպէսզի կարենանք ճիշդ կերպով բնութագրել ու համապարփակ կերպով արժեւորել իր իւրայատուկ տեղն ու դերը հայ կեանքէն ներս։

***

Կինը Աստուածաշունչին մէջ

Որպէս քրիստոնեայ, մեր դաւանած ճշմարտութիւններուն, արժէքներուն ու սկզբունքներուն հիմքը կը նկատենք Աստուածաշունչը։ Անհրաժեշտ է, հետեւաբար, որ Աստուածաշունչը ունենանք մեր մեկնակէտը երբ կը խօսինք կնոջ մասին։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը կը հաստատէ, որ Ադամ եւ Եւան Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած են եւ միասնաբար ու հաւասարապէս այս երկրի վրայ բազմանալու ու իշխելու պարտաւորութեան կոչուած Աստուծոյ կողմէ (Ծննդ. 1.27-28)։ Արեւելքի մէջ ընկերութիւնը ենթակայ ըլլալով արական սեռի տիրապետութեան, նաեւ Հին Կտակարանին մէջ կինը կը տեսնենք ընդհանրապէս նոյն պատկերով ներկայացուած։
Նոր Կտակարանին մէջ ամբողջութեամբ շրջուած կը ներկայանայ կնոջ պատկերը։ Կինը Աստուծոյ շնորհքին կÿարժանանայ. Աստուծոյ Որդին կը մարդեղանայ կնոջ ճամբով( Ղուկ. 1.26-38)։ Այս իրողութիւնը ինքնին մեծ յեղաշրջում մըն էր արական սեռի գերիշխանութեան տակ գտնուող ընկերութեան մէջ։ Եւ աւելի՛ն, Քրիստոս կը դառնայ կնոջ ազատագրիչը։ Կինը ներկայութիւն կը դառնայ ո՛չ միայն Քրիստոսի առակներուն, հրաշքներուն ու ուսուցումներուն մէջ, այլ նաեւ փրկագործական խորհուրդին մէջ՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ճամբով որպէս տիպար կին եւ օրինակելի մայր։ Կնոջ հանդէպ իրենց ցուցաբերած յատուկ նախանձախնդրութենէն մղուած, Քրիստոս ու ապա Առաքեալները կը մերժեն հրեաներու, յոյներու ու հռոմայեցիներու մօտ ընդունուած այրին գերակայութիւնը ու կնոջ ստորակայութիւնը եւ կը շեշտեն այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը։
Եկեղեցւոյ հայրերու գրականութեան մէջ յատկանշական է մանաւանդ հակադրութիւնը “նոր Եւա”–ին՝ Աստուածածնին, որ կեանք բերաւ աշխարհ՝ ծնունդ տալով աշխարհի փրկչին, եւ “հին Եւան”ին, որ մահը բերած էր աշխարհ։ Երկնային շնորհներով լեցուն Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի մէջ եկեղեցին ուզած է տեսնել ո՛չ միայն կինը, որպէս տիպար բարոյական առաքինութեանց ու արժէքներու, այլ նաեւ իր Որդւոյն կողքին կեցած ու անոր տառապանքին ու ուրախութեան մասնակից մայրը։

***

Կինը հայ եկեղեցւոյ մէջ


Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մեր բոլոր հայրերու աստուածաբանական մտածողութեան, դաւանաբանական կեցուածքներուն, հայրախօսական թէ սրբախօսական գրութեանց մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած է կինը՝ միշտ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ճամբով։ Նո՛յնը կարելի է ըսել մեր եկեղեցւոյ ծէսին, ուր աղօթքներու ու շարականներու մէջ որպէս բարեխօս Սուրբ Աստուածածնի յաճախակի յիշատակումը յիշեցում մըն է հայ կինը Աստուածածնի պատկերին համաձայն տեսնելու անհրաժեշտութեան։
Առաջին դարերէն սկսեալ, հայ եկեղեցւոյ համայնական կեանքին ու առաքելութեան եւս կնոջ մասնակցութիւնը եղած է կարեւոր։ Ունեցած ենք կոյսեր ու սարկաւագուհիներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ընկերային ու բարեսիրական ծառայութեան մասնակից քոյրեր. ունեցած ենք յայտնի թէ անյայտ բազմաթիւ կին սուրբեր ու նահատակներ, որոնք մեր եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութիւնը հարստացուցած են իրենց սրբակենցաղ կեանքով, ծառայական կոչումով եւ նո՛յնիսկ արեան վկայութեամբ։ Հայ եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր առաքելութեան, ինչպէս մանրանկարչութիւն, ձեռագիրներու ընդօրինակութիւն, թարգմանչական թէ դաստիարակչական աշխատանք, հայ կինը իր ներդրումը կատարած է։ Մեր առաջին եկեղեցիները մկրտուած են իգական անուններով. օրինակ՝ Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Գայիանէ, Սուրբ Հռիփսիմէ։ Հակառակ կնոջ նկատմամբ մեր եկեղեցւոյ ունեցած ընդհանրապէս արեւելեան մօտեցումներուն, հայ կինը մեր կեանքին լուսանցքին վրայ չէ մնացած երբեք։ Մեր եկեղեցւոյ հայրերը գնահատանք ու գուրգուրանք ցուցաբերած են կնոջ նկատմամբ՝ անոր մէջ Սուրբ Աստուածածնի առաքինութիւնները տեսնելու նախանձախնդրութենէն թելադրուած։

Շար 1



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝