Յայտարարութիւն

Saturday, January 16, 2010

2010ը՝Հայ Կնոջ Տարի 2

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը իր 31 Դեկտեմբեր 2009 Հայրապետական Յատուկ Գիրով 2010 տարին հռչակեց ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻ:
Նորին Սրբութիւնը վեր առած է հայ կնոջ արժանիքներն ու պարտաւորութիւնները, իր խաղացած դերը դարերու ընդմէջէն մինչեւ օրս որպէս մայր, դաստիարակ,հասարակական գործիչ, մտաւորական,ընկերային ծառայող: Վեհափառ Հայրապետը իր այժմէական գաղափարներով, նոր մարտահրաւէրի առջև կը դնէ մեզ բոլորս, Հայ Այրեր և Հայ Կանայք, մեր մտածելաձևին առաջ բանալով նոր հորիզոն և պարտաւորութեանց՝ նոր գործելադաշտ: «Նշանակ» հինգ անգամով պիտի յաջորդաբար հրապարակէ Վեհափառ Հօր Յատուկ Գիրը և տարուան ընթացքին պիտի իր ընթերցողները իրազեկ պահէ Կնոջ՝ ընդհանրապէս և Հայ Կնոջ՝ մասնաւորապէս խաղացած ու խաղալիք պատմական կարևոր դերին :
Կոչ կ՜ուղղենք բոլոր գրիչ շարժող հայորդւոց յօդուածներով,ուսումնասիրութիւններով,գիտական թէ հոգեբանական վերլուծումներով, բանաստեղծութիւններով,կարճ պատմուածքներով ,կամ այլ, իրենց մասնակցութիւնը բերելու ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐՈՒԱՆ նշումին: Կայքէջս պատրաստ է լայն տեղ տրամադրելու բոլոր մասնակիցներուն :

«Նշանակ»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»


Կինը հայոց պատմութեան մէջ

Ծանօթ իրողութիւն է, որ մեր պատմութեան խաղաղ թէ վերիվայրումներով յղի ժամանակներուն, հայ կինը միշտ ունեցած է իր իւրայատուկ դերակատարութիւնը։ Հայոց պատմութեան հեթանոսական շրջանին, Անահիտն էր հայոց գլխաւոր չաստուածուհին։ Չաստուածուհի էին նաեւ Աստղիկ, Նանէ, եւ ուրիշներ։ Հայ ժողովուրդի հեթանոսական շրջանին մէջ իր արմատները ունեցող հայ կնոջ դերը նոր զարգացում ունեցաւ քրիստոնէութեան Հայաստան մուտքով։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր կը նկատենք կարգ մը ընդգծումներ ու յիշեցումներ կատարել.

ա) Հայ կինը որպէս մայր

Հայ կինը որպէս մայր եզակի կարեւորութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի մտածողութեան ու կեանքին մէջ։ Նախաքրիստոնէական շրջանէն սկսեալ, հայ ժողովուրդը չաստուածուհիներու մէջ տեսած է հայ մօր տիպարը, որպէս «աղբիւր», «կեցուցի»չ, «շունչ եւ կենդանութիւն» (Ագաթանգեղոս) ազգին յաւերժութեան։ Հայ ժողովուրդը հայ կինը ուզած է տեսնել էապէս ու գերազանցօրէն որպէս մայր՝ մայրութիւնը վերածելով գերագոյն ու սրբազնագոյն առաքինութեան։ Հայ մայրը ո՛չ միայն աղբիւր է եղած բեղմնաւորման ու պտղաբերութեան, այլ նաեւ օրինակ՝ անձնազոհութեան, ծառայութեան եւ հաւատարմութեան։ Հայ կնոջ տիպարը որպէս մայր մեր ժողովուրդին համար նկատուած է այնքան նուիրական, որ մեր ազգային անփոխարինելի արժէքները «մայր» բառով որակած է՝ մայրենի լեզու, մայր Հայաստան, մայր եկեղեցի։

բ) Հայ կինը որպէս դաստիարակ

Դաստիարակութիւնը, բառին լայն հասկացողութեամբ, հայ կնոջ կոչումին ա՛յլապէս կենսական տարածքներէն մէկը եղած է։
Եղիշէ Պատմիչ կը յիշէ թէ հինգերորդ դարուն Վարդանանց պատերազմի յաջորդող շրջանին, երբ Հայաստանի մէջ կը տիրէր վախ ու անորոշութիւն, «Տիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհի» նուիրուեցան որբերու դաստիարակութեան վեհ գործին։ Անոնք հաւատացին թէ՝ հաւատքի ու հայրենիքին համար մղուած Վարդանանց պատերազմը շարունակելու համար անհրաժեշտ էր նո՛յն ոգիով ու տեսիլքով դաստիարակել նոր սերունդներ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան բոլո՛ր ժամանակներուն հայ կինը եղաւ ու մնաց նոր սերունդներու ամէնէ՛ն յանձնառու դաստիարակը։ Արդարեւ, Կիլիկեան Թագաւորութեան անկումէն յետոյ մեր պատմութեան խաւար դարերուն, ո՞վ հայու ինքնութիւնը պահեց բիւրեղ մեր զաւակներուն կեանքին մէջ։ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ ո՞վ Ա.Բ.Գ.ը սորվեցուց բազմահազար որբերուն։ Սփիւռքի տժգոյն պայմաններուն մէջ ո՞վ մարդակերտումի ու հայակերտումի հաւատարիմ առաքեալը դարձաւ, եթէ ոչ հայ կինը։
գ) Հայ կինը որպէս հասարակական գործիչ

Հայ կինը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է հայ ժողովուրդի կեանքի քաղաքական-հասարակական մարզին։ Թագուհիներ ու իշխանուհիներ ո՛չ միայն իրենց ամուսիններուն հաւատարիմ կողակիցները ու սերտ աջակիցները եղած են, այլ նաեւ անոնց արժանաւոր խորհրդականները։ Ծանօթ են մեզի Աշխէն թագուհիին ու Խոսրովիդուխտ իշխանուհիին նման բազմաթիւ կիներու կատարած վճռական դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական օրերուն՝ Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա եւ ապա Սփիւռք։ Հայ կնոջ ստանձնած ծանր պարտաւորութիւնը ընտանիքի կազմաւորման ու պահպանման մէջ, երբեք արգելք չէ եղած որ ան նաե՛ւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնէ՝ կուսակցական, քաղաքական, պետական եւ ազգային այլ բնագաւառներուն առընչուած՝ իր նկատառելի ներդրումը բերելով հայ քաղաքական մտքի զարգացման ու հաւաքական կեանքի կազմակերպման։ Անհրաժեշտ է հոս յիշել Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ հայ կնոջ հետզհետէ աչքառու ներկայութիւնը քաղաքական դաշտէն ներս, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի տարածքին հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն հայ կնոջ գործօն մասնակցութիւնը։

դ) Հայ կինը որպէս մտաւորական

Հայ կինը որպէս մշակութային արժէքներու ջատագով միշտ մնացած է լուսարձակի տակ մեր ողջ պատմութեան ընթացքին։ Իշխանական ու ազնուական տոհմերու պատկանող տիկիններու մեկենասութեամբ գրի առնուած բազմաթիւ ձեռագիրները, անոնց բարերարութեամբ բարձրացած եկեղեցիները եւ թելադրութեամբ պատրաստուած խաչքարերը, ակնյայտ իրականութիւններ են։ 18րդ դարէն սկսեալ եւ մանաւանդ Զարթօնքի շրջանին, հայ կինը կարեւոր նպաստ բերաւ գրականութեան ծաղկման։ Կնոջ կրթութան, ազատութեան ու հաւասարութեան դատին շեփորահարները դարձան Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր, Զապէլ Եսայեան եւ ուրիշներ։ Հայ թատրոնը եւ երաժշտութիւնը եւս, ինչպէս արուեստի այլ բնագաւառներ, մեծ նուաճումներ արձանագրեցին, ազգային թէ միջազգային չափանիշերով, իգական սեռի մեծաթիւ ներկայութեամբ։

ե) Հայ կինը որպէս պաշտպան հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան

Քրիստոնէական հաւատքով շաղախուած ու ազգային ոգիով հզօրացած հայ կինը դարձաւ, իր քաջամարտիկ ամուսնոյն, եղբօր կամ հօր կողքին, հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի անվեհեր զինուորը։ Ան նո՛յնիսկ իր արեան գնով պաշտպանեց իր ընտանիքին սրբութիւնը, իր հայրենիքին ազատութիւնը եւ իր ազգին ու եկեղեցւոյ բարոյական ու հոգեմտաւոր արժէքները։ Պատմութեան մէջ կը հանդիպինք մեծ թիւով հայ կիներու, որոնք մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգիին պերճախօս վկաները հանդիսացած են՝ Վարդանանց պատերազմէն սկսեալ մինչեւ Կիլիկեան շրջանին ազատութեան համար մղուած կռիւները, եւ Զէյթունի ապստամբութենէն սկսեալ մինչեւ Սարտարապատի հերոսամարտը։ Հայկական ցեղասպանութեան օրերուն բազմաթիւ են այնպիսի պահեր ու դէպքեր, ուր հայ կինը իր արի կեցուածքով բարձր պահած է իր ազգին պատիւը։ Ու տակաւին, Ղարաբաղի ազատագրական պայքարի պատմութիւնը հարուստ է ձեռք ձգուած յաղթանակներուն ամբողջական նուիրումով մասնակից դարձած կիներու անուններով։

Շար 2


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝