Յայտարարութիւն

Sunday, January 17, 2010

2010ը` Հայ Կնոջ Տարի - 3

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը իր 31 Դեկտեմբեր 2009 Հայրապետական Յատուկ Գիրով 2010 տարին հռչակեց ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻ:
Նորին Սրբութիւնը վեր առած է հայ կնոջ արժանիքներն ու պարտաւորութիւնները, իր խաղացած դերը դարերու ընդմէջէն մինչեւ օրս որպէս մայր, դաստիարակ,հասարակական գործիչ, մտաւորական,ընկերային ծառայող: Վեհափառ Հայրապետը իր այժմէական գաղափարներով, նոր մարտահրաւէրի առջև կը դնէ մեզ բոլորս, Հայ Այրեր և Հայ Կանայք, մեր մտածելաձևին առաջ բանալով նոր հորիզոն և պարտաւորութեանց՝ նոր գործելադաշտ: «Նշանակ» հինգ անգամով պիտի յաջորդաբար հրապարակէ Վեհափառ Հօր Յատուկ Գիրը և տարուան ընթացքին պիտի իր ընթերցողները իրազեկ պահէ Կնոջ՝ ընդհանրապէս և Հայ Կնոջ՝ մասնաւորապէս խաղացած ու խաղալիք պատմական կարևոր դերին :
Կոչ կ՜ուղղենք բոլոր գրիչ շարժող հայորդւոց յօդուածներով,ուսումնասիրութիւններով,գիտական թէ հոգեբանական վերլուծումներով, բանաստեղծութիւններով,կարճ պատմուածքներով ,կամ այլ, իրենց մասնակցութիւնը բերելու ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐՈՒԱՆ նշումին: Կայքէջս պատրաստ է լայն տեղ տրամադրելու բոլոր մասնակիցներուն :

«Նշանակ»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
զ) Հայ կինը որպէս ընկերային ծառայող

Ընկերային ծառայութեան դաշտին մէջ հայ կնոջ դերը միշտ եղած է առանցքային։ Մեր պատմութեան յատկապէս ողբերգական պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդի կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն դիմաց անտարբեր չէ մնացած հայ կինը։ Որբերը հաւաքելու ու դաստիարակելու, հիւանդները խնամելու, աղքատներն ու այրիները պատսպարելու, սգաւորները մխիթարելու եւ չքաւորներուն նիւթապէս օժանդակելու գործին օրինակելի նուիրումով լծուած է հայ կինը։ Մարդասիրական ծառայութեան դաշտին մէջ եւս արժանաւոր տեղ գրաւած կիներուն անունները բազմաթիւ են մեր պատմութեան մէջ, Աշխէն թագուհիէն սկսեալ մինչեւ 10րդ դարու Շուշանիկ Պահլաւունի, եւ մօտիկ անցեալի ու ներկայի «անձինք նուիրեալք»ները, որոնք իրենց ընտանիքներէն առաջ օգտակար հանդիսացան եւ կը շարունակեն հանդիսանալ իրենց մեծ ընտանիքին՝ հայ ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն։
Այս ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութեամբ կ՛ուզենք յիշել Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որուն 100-ամեակը կը զուգադիպի ներկայ տարուան։ Արդարեւ, անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին հայ կնոջական այս համազգային միութիւնը մեծապէս գնահատելի դեր ունեցաւ հայ կեանքէն ներս։ Ան միայն կնոջ իրաւունքները հետապնդող միութիւն մը չեղաւ, այլ նաեւ հայ կինը առաւել պարտաւորութեան ու յանձնառութեան մղող միութիւն։ Ան միայն հայ կնոջ առաքինութիւններուն պերճախօս վկան չեղաւ, այլ նաեւ հայ կնոջ յիշեցուց թէ ինքզինք պէտք է արժեւորէ ամէն բանէ առաջ ու վեր ծառայութեա՛ն ճամբով։ ՀՕՄի 100ամեակին առիթով Մեր Հայրապետական Կոնդակին մէջ ըսինք հետեւեալը.
«ՀՕՄի հիմնադրութեան 100ամեակը տօնախմբել կը նշանակէ անոր հարիւրամեայ ծառայութեան արժեւորումը կատարել։ Ամբողջանուէր ծառայութիւն դարձաւ ՀՕՄը մեր կեանքի յատկապէս կրթական ու ընկերային մարզերէն ներս։
ՀՕՄի հիմնադրութեան 100ամեակը նշել կը նշանակէ համահայկական կառոյցի մը գործունէութիւնը արժանաւորապէս գնահատել։ Իր ծնունդով եւ ուղղութեամբ, իր գործունէութեամբ ու նպատակով ՀՕՄը եղաւ ու մնաց համազգային՝ իր կեանքին ու առաքելութեան մէջ ներդաշնակօրէն ընդելուզելով տեղականը ու համահայկականը։
ՀՕՄի հիմնադրութեան 100ամեակը տօնակատարել կը նշանակէ մեր համազգային տագնապները ապրած, մեր երազներուն իրագործման մասնակից դարձած, մեր գոյապայքարին իր կարեւոր ներդրումը կատարած միութեան մը 100ամեակը նշել։
Այսպէ՛ս ըմբռնեց ինքզինք ՀՕՄը եւ ա՛յս հաւատքով ու կամքով, ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ իր աշխատանքը կազմակերպեց եւ իր ծրագիրները իրագործեց՝ հետեւողական ու գործօն մասնակցութիւն բերելով մեր հաւաքական կեանքին ու միշտ մնալով ծառայական ներկայութիւն հայ կեանքի մայր էջին վրայ։
Արդ, կարելի չէ համապարփակ հայեցակէտով արժեւորել պատմութիւնը հայ սփիւռքին առանց ՀՕՄին։ Կարելի չէ Ցեղասպանութենէն յետոյ սփիւռքի գաղութներու կազմակերպումը եւ ձեռք ձգուած իրագործումները հասկնալ առանց ՀՕՄի ամբողջանուէր ծառայութեան։
Արդարեւ, սփիւռքի կազմակերպումին ու զարգացումին բերած իր կարեւոր նպաստին առընթեր, Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ, վերջին շուրջ քսան տարիներուն, ՀՕՄը իր յանձնառու մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ թէ՛ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին, եւ թէ Հայաստանի հզօրացման եւ ընդհանրապէս հայրենաշինութեան գործին։
Հարիւրամեակի տօնախմբութիւնը առիթ մը պէտք է դառնայ ՀՕՄին վերաքննութեան ենթարկելու ինքզինք՝ իր ներքին կառոյցներով, իր առաջնահերթութիւններով ու գործելակերպով։ Յարափոփոխ աշխարհի ներկայ պայմաններուն մէջ գործող ՀՕՄը, ինչպէս մեր բոլո՛ր կառոյցները, անհրաժեշտօրէն կարիքը ունի ներքին վերանորոգումի ու վերածրագրումի՝ մեր ազգի կեանքէն ներս հետզհետէ յառաջացող նոր պահանջներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց»։
Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան վրայ նետուած այս հպանցիկ ակնարկը ցոյց կու տայ, որ հայ կինը իր բազմերես պատասխանատուութիւններով կենսական դեր է կատարած մեր համայնական կեանքին մէջ՝ մնալով ամրօրէն կառչած մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն, մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններուն եւ համազգային իտէալներուն ու ձգտումներուն։ Հակառակ կնոջ նկատմամբ պահպանողական մօտեցում ունեցող արեւելեան ժողովուրդներու ու մշակոյթներու ազդեցութեան հայ կեանքէն ներս, մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս խտրական ոգիով չէ մօտեցած հայ կնոջ, զինք ստորադաս չէ նկատած եւ իր կեանքի լուսանցքին վրայ չէ պահած զայն. այլ՝ յատուկ սէր ու հոգածութիւն ցուցաբերած անոր նկատմամբ. երեւոյթ մը՝ որ կարելի է որոշ չափով իւրայատուկ նկատել արեւելեան ժողովուրդներուն մէջ։
Բնականաբար, մեր պատմութեան ընթացքը, հայ կեանքի հոլովոյթը, մեր շուրջ ստեղծուած նոր պայմանները եւ յառաջացած նոր իրականութիւնները իրենց երբեմն դրական ու երբեմն բացասական անդրադարձները ունեցած են հայ իրականութենէն ներս կնոջ տեղին, դիրքին ու դերին վրայ։

Շար 3



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝