Յայտարարութիւն

Monday, January 18, 2010

2010ը` Հայ Կնոջ Տարի - 4

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը իր 31 Դեկտեմբեր 2009 Հայրապետական Յատուկ Գիրով 2010 տարին հռչակեց ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻ:
Նորին Սրբութիւնը վեր առած է հայ կնոջ արժանիքներն ու պարտաւորութիւնները, իր խաղացած դերը դարերու ընդմէջէն մինչեւ օրս որպէս մայր, դաստիարակ,հասարակական գործիչ, մտաւորական,ընկերային ծառայող: Վեհափառ Հայրապետը իր այժմէական գաղափարներով, նոր մարտահրաւէրի առջև կը դնէ մեզ բոլորս, Հայ այրեր և Հայ կանայք, մեր մտածելաձևին առաջ բանալով նոր հորիզոն և պարտաւորութեանց՝ նոր գործելադաշտ: «Նշանակ» հինգ անգամով պիտի յաջորդաբար հրապարակէ Վեհափառ Հօր Յատուկ Գիրը և տարուան ընթացքին պիտի իր ընթերցողները իրազեկ պահէ կնոջ՝ ընդհանրապէս և Հայ կնոջ՝ մասնաւորապէս խաղացած ու խաղալիք պատմական կարևոր դերին :
Կոչ կ՜ուղղենք բոլոր գրիչ շարժող հայորդւոց յօդուածներով,ուսումնասիրութիւններով,գիտական թէ հոգեբանական վերլուծումներով, բանաստեղծութիւններով,կարճ պատմուածքներով ,կամ այլ, իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայ Կնոջ Տարուան նշումին: Կայքէջս պատրաստ է լայն տեղ տրամադրելու բոլոր մասնակիցներուն :

«Նշանակ»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«
Կինը ներկայ ժամանակներուն

Կնոջ հետ աղերս ունեցող խնդիրները ու մարտահրաւէրները, մտահոգութիւնները ու պահանջները փաստօրէն դարձած են տիրական բոլոր ընկերութիւններու, մշակոյթներու, պետութիւններու ու նաեւ կրօններու օրակարգին վրայ, առաւել կամ նուազ չափով։ Արմատական ու արագասոյր փոփոխութիւններու ենթակայ ընկերութեան կեանքին մէջ կնոջ տեղը դարձած է յաճախ տարակարծութիւններ յառաջացնող եւ բողոքի ու ընդվզումի մղող կարեւոր ազդակ։ Այս գծով պահպանողական ու պահանջատիրական, պաշտպանողական ու ջատագովական, աւանդական ու արդիական մօտեցումներ յաճախ բախումի մէջ են։
Արդարեւ, կնոջ հաւասարութիւնը ապահովելու, անոր իրաւունքները հաստատելու ձգտող շարժումներով, նախաձեռնութիւններով ու աշխատանքներով լեցուն է վերջին կէս դարու ժողովուրդներու պատմութիւնը։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն կնոջ կարեւոր դերակատարութիւն տալու ձգտումը միշտ ներկայ եղած է յատկապէս Արեւմտեան երկիրներու մօտ։ Կնոջական շարժումներուն նոր թափ տալու եւ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներէն ներս կնոջ իրաւունքները ու դերը շեշտելու յանձնառութենէ մղուած, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 1975-1985 երկարող տասնամեակը հռչակեց որպէս «Կնոջ Տասնամեակ», որու ծիրէն ներս բոլոր պետութիւնները յանձնառու եղան վերացնելու ամէն տեսակ խտրականութիւն եւ բռնութիւն կնոջ նկատմամբ։
Միջ-եկեղեցական շարժումը եւս յատուկ կարեւորութիւն տուած է կնոջ դերին եկեղեցւոյ ու ընդհանրապէս ընկերութեան կեանքէն ներս։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, իր կարգին, 1988-98 տասնամեակը յայտարարեց որպէս «Կնոջ Տասնամեակ» կոչ ուղղելով բոլոր եկեղեցիներուն վերարժեւորելու կնոջ դերը եկեղեցւոյ կառոյցէն ու առաքելութեան ծիրէն ներս՝ յարգելով իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ ընկերա-մշակութային ըմբռնումները, աւանդութիւնները ու միջավայրը։
Միջազգային կազմակերպութիւններու, կրօններու, պետական կառոյցներու եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ առնուած բազմաթիւ ու բազմազան նախաձեռնութիւնները անկասկած որոշ արդիւնք մը ձեռք ձգեցին։ Յարաբերաբար անցեալին այսօր կնոջ ներկայութիւնը հանրային կեանքին մէջ աւելի տեսանելի է եւ կնոջ նկատմամբ գոյութիւն ունեցող խտրականութիւնը որոշ չափով նահանջ արձանագրած է։ Սակայն, միաժամանակ, որոշ մշակոյթներու ու ըներութիւններու մօտ կը շարունակուի կինը ստորադաս նկատելու մտայնութիւնը ու նոյնիսկ գործելաձեւը։ Անհրաժեշտ է հետեւաբար իրապաշտ երկխօսութիւն մը յառաջացնել կրօնական աւանդութիւններու, ընկերա-մշակութային ըմբռնումներու ու մարդկային իրաւունքներու միջեւ։

***

Կնոջ դիմագրաւած մարտահրաւէրները այսօր

Ներկայ ժամանակներուն կնոջ դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, տագնապներուն ու հիմնահարցերուն մէջ, կարեւոր է լուսարձակի տակ բերել հետեւեալ երեւոյթները.
ա) Յաճախ ականատես եւ ականջալուր կ՛ըլլանք կնոջ նկատմամբ ո՛չ-ընդունելի վերաբերումի՝ երբ կինը կը գործածուի որպէս միջոց շահադիտական նպատակներու, երբ ան կը դառնայ գործիք՝ մարդոց հաճոյքն ու փառքը գոհացնող։ Այս անբարոյ մօտեցումը կնոջ նկատմամբ բոլոր կրօններուն, մշակոյթներուն ու ընկերութիւններուն համար պէտք է նկատուի խստօրէն դատապարտելի։ Միւս կողմէն, սակայն, նո՛յնքան դատապարտելի պէտք է համարուի երբ կինը զանազան պատճառներէ մղուած կեանքի նմանօրինակ վիճակներու ու ընթացքներու կը յանձնէ ինքզինք։ Ինչ որ ալ ըլլան անոր դրդապատճառները, Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած ու բարոյական արժէքներու տէր կանգնելու կոչուած կին արարածը նման կացութիւններու մէջ տեսնելը խորապէս ընդվզեցուցիչ է եւ բացարձակապէս մերժելի։
բ) Հետզհետէ նոր ծաւալ կը ստանայ նաեւ բռնութիւնը կնոջ նկատմամբ՝ զանազան կերպերով, տեսանելի եւ ոչ-տեսանելի միջոցներով, թէ՛ ընտանեկան, թէ՛ կառոյցներու եւ թէ ընկերութեան հաւաքական կեանքէն ներս։ Ֆիզիքական ինքնապաշտպանութենէ զուրկ կնոջ դէմ կառոյցներու եւ ընդհանրապէս արական սեռի այս բիրտ վերաբերումը ո՛չ միայն խստօրէն դատապարտելի է՝ կրօնական ու բարոյական չափանիշերով, այլ նաեւ քրէական յանցանք կը նկատուի շարք մը ընկերութիւններու մօտ։ Արդարեւ, բռնութիւնը ընդհանրապէս մարդ արարածին ու նաեւ բնութեան նկատմամբ մերժելի վարքագիծ մըն է։ Յատկապէս կնոջ դէմ բռնութեան նուազագոյն ձեւն իսկ արմատախիլ պէտք է ըլլայ ընկերութեան կեանքէն։ Սա արդարօրէն կնոջական շարժումներուն առաջնահերթ պահանջքներէն մէկն է։
գ) Այր եւ կին արարածներուն հաւասարութիւնը վերահաստատելու եւ անոր գործնական ու շօշափելի արտայայտութիւն տալու գծով այսօր հսկայ աշխատանք կը կատարուի։ Դարերու ընթացքին անտեսուած ու ճնշուած, նոյնիսկ որոշ մշակոյթներու մէջ պարզապէս այր մարդուն հաճոյքին ու քմահաճոյքին գերին դարձած կինը կը մերժէ այս անմարդկային ոգին ու վերաբերումը եւ արդարութիւն կը պահանջէ։ Արդարեւ, այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը, ինչպէս կարեւորութեամբ ընդգծեցինք, քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է։ Աստուած Ադամը եւ Եւան իր պատկերին համաձայն ստեղծած է, եւ անոնց նո՛յն պարտաւորութիւնը տուած։ Ճի՛շդ է, այրը այր է իսկ կինը՝ կին, տարբեր կազմախօսական դրութեամբ, տարբեր իւրայատկութիւններով. սակայն անոնք հաւասար են իրենց իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով։ Առաքեալը կը յիշեցնէ թէ՝ «չկայ կին առանց մարդու, ո՛չ ալ մարդ՝ առանց կնոջ։ Որովհետեւ եթէ կինը այր մարդէն սկիզբ առած է, մարդն ալ կնոջմէ կը ծնի, եւ բոլորն ալ Աստուծմով կան» (1 Կորն. 11.11)։
դ) Կնոջական շարժումներու մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ ընկերութեան կեանքին կնոջ մասնակցութեան հարցը։ Կնոջ նկատմամբ գոյութիւն ունեցող խտրական ոգիի եւ այր մարդուն ոչ-հաւասար նկատուելու հետեւանքով, կարգ մը ընկերութիւններուն ու մշակոյթներուն մօտ կնոջ մասնակցութիւնը ընկերութեան կեանքին տակաւին կը մնայ սահմանափակ։ Փաստօրէն կնոջ առջեւ ընկերութեան որոշ բնագաւառներ առաջնորդող ճամբաները տակաւին փակ են, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական, պետական եւ այլ մարզերուն առընչուած կարեւոր պաշտօններ ստանձնելու կարելիութիւնները՝ կամ ջնջին եւ կամ ամբողջութեամբ անգոյ։ Հասկնալով հանդերձ նման մօտեցումներու ու գործելակերպերու ետին գտնուող աւանդութիւնները ու ըմբռնումները, կինը, որպէս այր մարդուն համահաւասար արարած, կոչուած է իր աստուածատուր արժանիքները ու իրաւունքները, պարտաւորութիւնները ու կոչումը լիօրէն կենսագործելու ընկերութեան կեանքի բոլո՛ր մարզերէն ներս ու բոլո՛ր մակարդակներու վրայ։ Նման մօտեցում կնոջ նկատմամբ մեր ունեցած հոգածութենէն պէտք չէ բխի միայն, այլ՝ ընկերութեան կեանքը կնոջ գործօն մասնակցութեամբ աւելի՛ կազմակերպելու ու ծաղկեցնելու մտահոգութենէն ու նախանձախնդրութենէն։


Շար 4



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝