Յայտարարութիւն

Tuesday, January 19, 2010

2010ը՝ ՀայԿնոջ Տարի - 5

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը իր 31 Դեկտեմբեր 2009 Հայրապետական Յատուկ Գիրով 2010 տարին հռչակեց Հայ Կնոջ Տարի:
Նորին Սրբութիւնը վեր առած է հայ կնոջ արժանիքներն ու պարտաւորութիւնները, իր խաղացած դերը դարերու ընդմէջէն մինչեւ օրս որպէս մայր, դաստիարակ,հասարակական գործիչ, մտաւորական,ընկերային ծառայող: Վեհափառ Հայրապետը իր այժմէական գաղափարներով, նոր մարտահրաւէրի առջև կը դնէ մեզ բոլորս, Հայ այրեր և Հայ կանայք, մեր մտածելաձևին առաջ բանալով նոր հորիզոն և պարտաւորութեանց՝ նոր գործելադաշտ: «Նշանակ» հինգ անգամով պիտի յաջորդաբար հրապարակէ Վեհափառ Հօր Յատուկ Գիրը և տարուան ընթացքին պիտի իր ընթերցողները իրազեկ պահէ կնոջ՝ ընդհանրապէս և Հայ կնոջ՝ մասնաւորապէս խաղացած ու խաղալիք պատմական կարևոր դերին :
Կոչ կ՜ուղղենք բոլոր գրիչ շարժող հայորդւոց յօդուածներով,ուսումնասիրութիւններով,գիտական թէ հոգեբանական վերլուծումներով, բանաստեղծութիւններով,կարճ պատմուածքներով ,կամ այլ, իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայ Կնոջ Տարուան նշումին: Կայքէջս պատրաստ է լայն տեղ տրամադրելու բոլոր մասնակիցներուն :

«Նշանակ»


«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Ի՞նչ կը սպասենք հայ կնոջմէ


Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ, կ՛ապրինք համաշխարհային ազատախոհ մշակոյթի մը զօրեղ տիրապետութեան տակ։ Նոյն ընկերութեան մէջ կ՛ապրի ու կը գործէ նաեւ հայ կինը՝ անմիջականօրէն ու մնայուն կերպով ենթակայ յիշեալ մշակոյթի, ինչպէս նաեւ այն բոլոր մտահոգութիւններուն, խնդիրներուն ու մարտահրաւէներուն ազդեցութեան, որոնց հպանցիկ կերպով անդրադարձանք։ Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ ծայրայեղօրէն զգոյշ, որպէսզի հայ կինը բազմերանգ վտանգներով լեցուն նման կացութիւններէ, փորձութիւններէ ու փորձանքներէ հեռու մնայ։
Ճի՛շդ է, հայ կինը այլ ազգերու կիներուն նման բողոքի երբեմն չափազանցուած արտայայտութիւններով հրապարակ չէ իջած։ Ան առաւելաբար համակերպող է եղած իր կացութեան՝ երբեմն լուռ կերպով համբերող ու տառապող եւ քիչ պարագաներուն միայն պոռթկացող։ Դա՛րձեալ ճիշդ է, այլ ազգերու կիներուն յարաբերաբար, որ հայ կինը ընդհանրապէս պահպանողական է եւ հաւատարմօրէն կառչած է իր կրօնական ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն։ Սակայն չմոռնանք նաեւ, որ վերջին տարիներուն այս օրինակելի կացութեան խոտոր համեմատող պարագաներու թիւը սկսած է զգալի դառնալ մեր կեանքէն ներս։
Այս հարցերուն մասին իրապաշտ ու ինքնաքննական ոգիով քննարկումներ պէտք է տեղի ունենան մեր ընտանիքներէն ու կառոյցներէն ներս։ Այլ խօսքով, հայ կնոջ գծով գոյութիւն ունեցող երբեմն երկդիմի ու անորոշ, երբեմն պահպանողական ու ազատամիտ մտայնութիւնները ու ըմբռնումները, մօտեցումները ու գործելակերպերը համապարփակ ու լուրջ արժեւորումի պէտք է ենթարկուին։ Թէ՛ մենք սպասումներ ունինք հայ կինէն եւ թէ ինք՝ մեր եկեղեցիէն, պետութենէն, կառոյցներէն, մեր բոլո՛րէն։ Փոխադարձ սպասումներու ծիրէն ներս, կ՛ուզենք անդրադառնալ մի քանի մտահոգութիւններու.-
1) Հայ կինը մեր կեանքէն ներս պէտք է մնայ բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու ճառագայթող ներկայութիւն։ Որպէս մայր ու դաստիարակ վաղուան սերունդը կերտելու կոչուած անձ, հայ կինը կոչուած է իր մէջ խտացնելու եկեղեցւոյ ու ազգին գերագոյն արժէքները ու հարազատ աւանդութիւնները։ Այս ուղղութեամբ բարձրագոյն աստիճանի զգուշաւորութիւն հարկ է ցոյց տալ խառն ամուսնութիւններու, ամուսնալուծման առաջնորդող կացութիւններու ու մեր ընտանիքներու ներքին մթնոլորտին։ Այս բոլորին մէջ, այր մարդուն կողքին հայ կնոջ դերը ճակատագրական է։ Եթէ ընտանիքը նիւթապէս սնուցանողը հայրն է, սակայն ընտանիքը բարոյական, հոգեւոր ու հայկական արժէքներով սնուցանողը մա՛յրն է։
2) Մայրութիւնը ո՛չ միայն մաս կը կազմէ կնոջ կազմախօսական դրութեան, այլ Աստուծոյ կողմէ տրուած նուիրական կոչում մըն է։ Հետեւաբար, պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ պէտք է կինը մօտենայ իր մայրական առաքելութեան, որ միայն աշխարհ զաւակ բերելու մէջ չի կայանար, այլ նաեւ ու մանաւանդ զաւկին եւ ամբողջ ընտանիքին բարոյական կրթութիւն ու ազգային ոգի ջամբելուն մէջ։ Հայ ընտանիքին սրբութեան պահպանումը՝ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային իմաստով, հայ մօր առաջնահերթ ու սրբազան պարտաւորութիւնն է։ Ահա թէ ինչու մայրութիւնը մեր կեանքին մէջ միշտ եղած է հոմանիշ՝ գուրգուրանքով, սիրով, հոգածութեամբ լեցուն վերաբերմունքին։ Մայրութիւնը եղած է նաեւ ցուցանիշ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով լեցուն կենցաղակերպի ու գործելակերպի։
3) Կնոջական շարժումներուն մէջ կնոջ հաւասարութիւն ապահովելու ճիգը, ինչպէս տեսանք, յատուկ տեղ կը գրաւէ։ Մեր եկեղեցւոյ ու ազգին պատմութեան կարգ մը դէմքերու ու դէպքերու յիշատակումը ցոյց տուաւ, որ մեր կեանքէն ներս ընդհանրապէս կինը նկատուած է հաւասար այր մարդուն։ Սակայն կը սպասենք աւելի՛ն. պէտք է ըլլայ աւելի՛ն։ Արդ, եթէ տակաւին մեր հաւաքական կեանքի որոշ մարզերէն կամ կառոյցներէն ներս գոյութիւն ունի խտրական ոգի հայ կնոջ նկատմամբ, եթէ տակաւին կան անհատներ՝ պատասխանատու դիրքերու տէր կամ պարզապէս ընտանիքի հայր, որոնք խտրական վերաբերում ցոյց կու տան կնոջ նկատմամբ, նման ոգի կամ մօտեցում մեր եկեղեցւոյ համար անընդունելի է։ Յարգելով հանդերձ այր եւ կնոջ միջեւ գոյութիւն ունեցող կազմախօսական դրութեան, նկարագրային նախասիրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընկերա-մշակութային միջավայրին հետ աղերս ունեցող տարբերութիւնները, «չիք խտիր»ի քրիստոնէական սկզբունքը պէտք է տառացիօրէն գործադրուի մեր կեանքէն ներս։
4) Ինչ կը վերաբերի մասնակցութեան, հայ կնոջ առջեւ մեր կեանքէն ներս փակ դռներ, անմերձենալի պաշտօններ գոյութիւն պէտք չէ ունենան։ Որոշ պաշտօններ արական սեռին ու այլ պաշտօններ իգական սեռին յատուկ նկատելու մտայնութիւնը ո՛չ միայն ժամանակավրէպ է, այլ, դարձեալ, չի համապատասխաներ քրիստոնէական սկզբունքներուն։ Յարաբերաբար այր մարդուն նո՛յն շնորհքներով ու արժանիքներով, եւ երբեմն աւելիո՛վ, օժտուած կինը ինչո՞ւ պատասխանատու դիրքեր պիտի չստանձնէ։ Անհրաժեշտ է որ առաւելագոյն չափով հայ կինը մասնակցութիւն բերէ ո՛չ թէ միայն կնոջական կազմակերպութիւններուն, այլ մեր համայնական կեանքի կազմակերպումին ու ծաղկումին՝ զինք նկատելով այր մարդուն համահաւասար դիրքեր ու պարտաւորութիւններ ստանձնելու ատակ անձ։

***

2010 տարին Հայ Կնոջ Տարի հռչակելով, Մեր ակնկալութիւնն է, որ ամէն բանէ առաջ հայ կինը անդրադառնալով Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած արժանիքներուն ու տրուած կոչումին, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին կողմէ իրեն վստահուած յոյժ կարեւոր պարտաւորութեան, ինքզինք վերարժեւորումի ենթարկէ՝ իր կոչումը առաւե՛լ պատասխանատուութեամբ ու հաւատարմութեամբ իրագործելու յանձնառութեամբ։ Միւս կողմէն նաեւ Մեր սպասումն է, որ մեր եկեղեցին, մեր կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցները, մեր ընտանիքները ու մեր ժողովուրդի զաւակները աւելի՛ խորացնեն սիրով, յարգանքով ու հոգածութեամբ լեցուն իրենց վերաբերումը հայ կնոջ նկատմամբ։ Չմոռնանք որ առանց կնոջ առանցքային դերակատարութեան, այր մարդու կողքին, մեր հաւաքական կեանքը շատ բան պիտի կորսնցնէ իր կենսունակութենէն ու որակէն։
Արդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն, հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութեանց, ու մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն, ա՛յս ոգիով ու մօտեցումով, պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ արժեւորելու Հայ Կնոջ Տարին մեր հաւաքական կեանքէն ներս։

Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

31 Դեկտեմբեր, 2009
Անթիլիաս, Լիբանան

Շար 5 և Վերջ




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝