Յայտարարութիւն

Sunday, January 24, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 24 -Ռուբէն

Ամսուան մը դադարէն ետք այսօր կը վերսկսինք հրապարակել Ռուբէնի Յուշերու առաջին հատորը
Ընթերցողէն կը խնդրենք որ ներող ըլլայ այս ընդմիջման համար
«Նշանակ»

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«


Ջղայնացած էին ունկնդիրները: Նորհատեանը կ’ըսէր.- «Թողէ՛ք, որ վերջացնէ, տեսնենք ի՞նչ կ’ուզէ ըսել»: Ես կը շարունակէի.
-Գալով Պանք Օթոմանի դէպքին` ես անոր մէջ միայն մէկ բան կը տեսնեմ, եթէ հերոսական կողմը մէկ կողմ թողնենք: Ան իր գործունէութեամբ կ’ուզէ մեզ ու աշխարհին հասկցնել, որ պէտք է թքնել բոլոր քաղաքական աշխատանքներուն վրայ, եթէ անոնք ոյժի վրայ յենուած չեն: Պանք Օթոմանի արժէքը անոր մէջ է, որ կը գիտակցի թէ խածան շան կը նետեն ոսկորներ, իսկ վնկստան եւ աղերսող շան բաժին չեն հաներ: Բայց մենք, դժբախտաբար, այդ պարզ բանը չենք հասկնար եւ Պանք Օթոմանի իմաստով չենք շարժիր:
Երբ նկատեցի, որ լսողները եզրակացութեանս կը սպասեն, աւելցուցի.
-Բոլորն ալ սխալ են: Երկաթէ շերեփ չունինք: Այդ պէտք է գտնել, ստեղծել, պատարաստել: Թղթէ շերեփը բանի մը պիտի չծառայէ: Կը մնայ հարիսան ուտել հայու նման` առանց դգալի, մեր մատներով եւ լաւաշ հացով եւ միշտ ի մտի ունենալով ռուս սոցիալ-յեղափոխականներու նշանաբանը` «միայն քու ոյժով կը տիրանաս քու իրաւունքի»:

Ես վերջացուցած էի: Բայց մատներ տնկուեցան եւ զայրացած ձայներ լսուեցան: «Ձայն կ’ուզեմ», «Ինձ ձայն տուր», «Խօսք տուր ինձ»: Եւ անգղի նման իմ վրայ ինկան եւ բզիկ բզիկ ըրին:

Հարուածները կ’առնէի եւ ողորմելի վիճակ մը ունէի: Միայն Սերգէյն էր որ ինձ խղճա՞ց, թէ արդար գտաւ, չգիտեմ, բայց միջամտեց, ըսելով.
-Տղան ի՞նչ ասաց, որ վրան ընկել էք: Ասաց որ բոլոր քարոզները, լաց ու կոծերը եւ խնդրանգրերը անարժէք են, բոլորն էլ սին յոյսեր են, իսկ սին յոյսերը պէտք չէ խրախուսել եւ միայն ոյժ ունենալուց ետքը պէտք է խլել մեր իրաւունքը եղած ոյժի չափով եւ ոչ թէ խնդրել իբրեւ ողորմութիւն:
Ես ծեծ կերած էի բուռն ընդդիմութեան եւ պարսաւանքի հանդիպելով, բայց ինքզինքս կը մխիթարէի: Քանի որ այդքան կրքոտ ընդդիմութիւն կար, այդ կը նշանակէր որ չէին կարող տասնեակ տարիներու աւանդութիւններէն այդքան շուտով բաժնուիլ եւ եղած կրքոտութիւնը պէտք էր նշան համարել այդ աւանդութեանց թուլացման: Ուրեմն, պէտք էր յամառօրէն քանդել զայն:

Ան քանդուելու վրայ էր արդէն: Կարսի մէջ այլեւս չկար ռուսասիրութիւն եւ կոյր ծառայութիւնը ռուսերուն: Յուսաբեկուած էր այնտեղի հայութիւնը` նայելով Կարսի բերդին, որ իր մայրաքաղաքն էր երբեմն: Այսօր ան ռուսինն էր, թէեւ վերագրուած հայ զօրավար Լազարեւի կողմէ: Ան յուսաբեկուած էր Կուկունեանի, Բասէնի եւ այլ խումբերու փճացումի պատճառով եւ ռուս ու թուրք համագործակցական ջանքերէն: Ան յուսաբեկուած էր մանաւանդ հայ եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւման պատճառով եւ կանգնած էր իրականութեան մը առջեւ, որ հեռու էր կոյր հաւատէն` դէպի ռուսը:

Ուրեմն, պէտք էր դրական յենարան մը գտնել, որ փոխարինէր այդ սուտ եւ վնասակար երազները:
Այդ բեկումը միայն իմ մէջ չէր առաջ եկած, այլ բոլորի մէջ:

Շաբաթներ անցած էին, երբ օր մը Սերգէյը ինծի ըսաւ.
-Անցեալ դասախօսութեանդ մէջ մի լաւ բան ասացիր, բայց լաւ չբացատրեցիր միտքդ: Ասացիր`թքա՛ծ թղթէ դգալի վրայ, նա մեզ պէտք չէ. հայի պէս հարիսան ուտենք` լաւաշ հացով եւ մատներով, դգալն ալ հետը: Արի, այս մանրամասնենք եւ գործնական ճամբան գտնենք: Ես շատ մտածեցի եւ զգում եմ, որ մի բան պիտի փոխուի: Բայց ինչպէ՞ս պէտք է փոխուի, այդ իրարու հետ խորհինք: Կարդացի՞ր «Դրօշակ»ը: Մինչ մենք ինչե՜ր կը մտածենք, Լորիս եւ ուրշներ Իտալիայի եւ այլ քաղաքների մէջ կը շրջեն, միտինկներ կ’անեն եւ զուռնա կը փչեն: Ինձ դուր չի գալիս այդ: Դրանից Դաշնակցութեան հոտ չի գալիս, այլ Հնչակեանութեան:
Մենք այդպէս կը խօսէինք եւ ճամբայ չէինք գտներ:

Այդ ճամբան Երկրի մէջ պիտի գտնէինք, ինչ որ յանգաւ հարեւաններու հետ գործակցութեան ուղղութեան:
Այդ տարինները մեր քաղաքականութեան բեկման տարիներն էին:

Շար . 24


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝