Յայտարարութիւն

Monday, January 25, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները 25 Ռուբէն

Երբ կը հարցնես մէկուն, թէ որու՞ն տղան ես, ան իր հօրը անունը կու տայ, թէկուզ իր հօր ազդեցութիւնը իր վրայ չնչին լինի: Չի տար իր մօր անունը, թէեւ հաստատ գիտէ, թէ ով է իր մայրը, եւ որ անորմէ կախուած է իր ամբողջ էութիւնը եւ անոր պարտական էր իր բոլոր յատկութիւնները:

Բոլոր մայրերու նման, Կարսն ալ անծանօթ կը մնայ, թէեւ ան եղած է մայրը յեղափոխական դաստիարակութեան, անոր գորովագութ ծնողը, որ իր ամէն ինչը նուիրած է բոլոր հայերուն` անխտիր կերպով:
Թո՛ղ օրհնեալ լինին Յովսէփ Տէր Դաւիթեանը եւ Համօ Օհանջանեանը, որոնք ինձ ըսին` «Մինչեւ որ Կարսի ջուրը չխմես, օդը չշնչես եւ ժողովրդի բարքերը չմարսես, ոչ մի տեղ չգնաս»: Եւ ինձ տոմս մը տալով` նախ ճամբեցին Կարս, որ վարժուիմ հոն եղած մթնոլորտին: Ես այդ ըրի, եւ տեսայ որ հայութեան մայրը Կարսն է: Եւ եթէ ինձ հարցնէք, թէ որու՞ն զաւակն ես, ես չեմ սխալիր երբ ձեզի ըսեմ, թէ Կարսի մանչն եմ, թէկուզ ես հոն ծնուած չեմ:
Կարսի զաւակներն են բոլոր անոնք, որոնք անոր հողերով անցած եւ անոր ջրերը խմած են: Իսկ եթէ չեն խմած, միեւնոյնն է, Կարսը մամիկ մըն է, որ բոլոր հայերը իր հարազատ զաւակը կը համարէ, թէկուզ զանոնք տեսած չլինի: Կարսը անոնց անխտիր կ’օգնէ, անոնց համար կը ցաւի, կ’ուրախանայ, թէկուզ ոչ ոքի ուշադրութիւնը չգրաւէ:

Կարսը իր շրջաններով նստած էր Երկիր տանող ճանապարհներուն վրայ: Անոր փէշերուն տակն էր, որ կարելի էր գնալ Բագրեւանդ, Էրզրումի շրջանները, Խնուս եւ Ախլաթ, Հարք եւ Ապհունիք, Հեռաւոր Քաջբերունիք եւ Տմորիք, Վարդօ, Տարօն եւ լեռներու մէջ կորած Սասնոյ աշխարհն ու աւելի հեռուները, մէկ խօսքով` ամբողջ Հայքը եւ Հայաստանի կեդրոնը: Կարսը հիւսիսային եւ հարաւային Հայաստանի օղակն ու բանալին էր:
Անոր բերած օգուտները հետեւեալներն էին Երկրի համար.
1. – Ստեղծած էր իր ծոցին մէջ այնպիսի նահապետական եւ ազգային մթնոլորտ մը, որ ամէն մէկ հայ, անկախ իր ծագումէն եւ դասէն, իրեն հարազատ ընտանիքի մը մէջ կը զգար, կը մոռնար իր հատուածական, հայրենակցական նեղ եւ վնասաբեր զգացմունքները եւ կը տոչորուէր ընդհանուր հայութեան ուրախութեամբ ու վշտով: Իր գոյքն ու արիւնը չէր խնայեր անոր ինքնուրունութեան ու ազատութեան համար: Հոն բարոյապէս կը մեռնէին այն բոլորը, որոնք իրենց եսականութեամբ եւ օտարամոլութեամբ արգելք կը հանդիսանային հայութեան դատի լուծմանը:
Տեսանք, որ այդ նպատակին հասած էր Կարսի շրջանը իր ինքնավար յեղափոխական ներքին կառավարութեամբ: Եւ այդ հոգեբանութեամբ ան կ’արտահանէր Երկիր եւ հիւսիսային Հայաստան:

2. – Իբրեւ կայան հիւսիսային եւ հարաւային Հայաստաններու, կը խրախուսէր եւ ամէն ինչով կ’օժանդակէր բոլոր այն մտաւորական եւ ոչ-մտաւորական անհատներու, որոնք մէկ կողմէն միւս կողմը կ’անցնէին` ազատութիւնը կերտելու նպատակով: Բոլոր գործիչները եւ մարտիկները, որոնք նահատակուած են միջին Հայաստանի մէջ, մեռած են երախտագիտութեան զգացմունքով դէպի Կարսը` իրենց հետ տանելով անոր գորովը եւ խրախուսանքը: Արաբոն, Տերսիմի Քեռին, Սոխորտի Սերոբը, Ռոստոմը, Հրայրը, Ժիրայրը, Սասնոյ Մուրատը, ո՛ր մէկը յիշեմ, ամէնքը Կարսի ջուրը խմած են եւ անոր ժողովրդի ոգիէն բան մը սորված ու իրենց հետ տարած:
Կարսը, դրանով ալ չբաւականանալով, Վան է ճամբած իր հարազատ զաւակներէն Պետոն, որ սկիզբն է դրած Դաշնակցութեան: Քանի մը անգամ ճամբած է Սասուն Ջալլաթը եւ Տուրբախը, որոնք ժամանակին ժողովրդական դէմքեր էին եւ Կարսի մտայնութիւնը տարածողներ: Ճամբած է եւ ուրիշներ, ինչպէս Մալոյեանը եւ Շաւրոն, որոնք իրենց նպատակին չհասած` սահամաններու վրայ սառած կամ սպաննուած են: Բայց այդ չէր վհատեցուցած կարսեցին: «Կուժը ջրի ճամբան կը կոտրուի» ըսելով` ան մխիթարուեր էր եւ նահատակներու թիւը բազմապատկեր:

3. - Ապաստանարան կու տար ազգի համար տառապողներուն, փախստականներուն, յոգնած մարտիկներուն, ջարդերէն փախած բազմութիւններուն: Բայց այդ ապաստանարան տալը չէր նկատեր իբր մէկ շնորհ, իբր մէկ ազգային ծառայութիւն մը հանդէպ աղէտեալներուն, այլ իբր անոնց բնական իրաւունքը, ինչպէս բնական իրաւունքն է յոգնածներու եւ վիրաւորներու համար` իրենց տունը վերադառնալը եւ իրենց մայրիկի խնամքին ենթարկուիլը: Կարս եկողները ինքզինքնին ոչ «գաղթական» եւ ոչ ալ օտարական կը զգային: Այդպիսի բան եւս ոչ մէկ ուրիշ տեղ հանդիպած եմ, բացի Տարօնի աշխարհէն: 1894-96ի կոտորածէն փախած շուրջ 25.000 հայութիւնը ապաստան էր գտած Կարսի շրջանի մէջ, հակառակ թուրք եւ ռուս իշխանութեանց հալածանքներուն: Նորեկները կը պաշտպանուէին եւ կը խնամէին Կարսի հայերուն կողմէ իբրեւ իրենց հաւասար իրաւատէր աշխատողներ:

4. – Կարսի շրջանն ունէր նաեւ հետեւեալ հոգեբանութիւնը.- Երկիրը առաջին վտանգի տակ էր: Զայն պէտք է ազատագրել: Ազատութիւնը, ապահովութիւնը չի տրուիր, եթէ դու ոյժ չունիս: Ոյժը չի կարող ստեղծուիլ, քանի դու կատարելագործուած զէնք չունիս: Ուրեմն, նախ` զէնք պէտք է ձեռք բերել: Երկրորդ` ձեռք բերուած զէնքը պէտք է հասցնել բոլոր անոնց, որոնք կը կռուին Երկրի մէջ: Եւ երրորդ` պէտք է պատրաստել զինական խումբեր եւ հասցնել զանոնք կռուողներու օգնութեան:

Շար . 25


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝