Յայտարարութիւն

Tuesday, January 26, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 26 - Ռուբէն

Արդէն յիշած եմ, որ զէնք ճարելու համար երկու միջոց միայն կը գործածուէր, ան է` կուսակցական կամ այլ ազգային միջոցներով գնումը եւ պետական պահեստներէ գողնալը: Հոս պէտք է աւելացնեմ, որ անտեղի էին կասկածները թուրքերուն, որոնք կը խորհէին թէ զէնքերը ռուսերու կողմէ տրուած էին: Քանզի որ այդ գործերը կը կատարուէին դրամով, կը կարծէին թէ հայ ժողովուրդը չէր կարող հայթայթել այդ դրամը: Մատնանշելու է նոյնպէս, որ այդ գնման ու գողացման ձեւը կարելի չեղաւ Երկիր մէջ կիրառել, ինչ որ կրկնակի օգուտ պիտի բերէր: Կարսի մէջ բնաւ չիրագործուեցաւ նաեւ սեփական զինական գործարաններու շինութիւնը: Այդ եղաւ մասամբ միայն Թաւրիզի մէջ: Այսպէս թէ այնպէս, սահմանափակ կերպով Կարսի մէջ զէնքեր կը հայթայթուէին:
Աւելին դժուարին գործ էր զէնք Երկիր հասցնելու աշխատանքը, որ լի էր վտանգներով: Սկիզբները համեմատաբար դիւրին էր, երբ ուշադրութիւն չէր գրաւուած պետութեանց կողմէ: Զէնքը իբր առեւտրական ապրանք սահմանէն կ’անցուէր եւ պայմանաւորուած մարդկանց միջոցով իր նպատակին կ’երթար: Այդ միջոցը, սակայն, շուտով ի սպառ վերացաւ: Երբ հասկցան, որ առեւտրական գոյքերու անուան տակ արգիլուած զէնքեր կը ներմուծուէին, սահմաններուն վրայ քննութիւնները սաստկացան, հայերու առեւտուրը երկու կողմերու վրայ արգիլուեցաւ թուրք եւ ռուս համաձայնութեամբ: Ըստ այդ համաձայնութեան, երկուսի հպատակ հայրեը պէտք է իրարմէ կտրուէին եւ ոչ մէկ հայ այլեւս չէր կարող անցնիլ սահմանագիծի մէկ կողմէն միւսը, թէեւ երկու կողմերն ալ հայերու երկիր էր:

Կը մնար միայն մէկ միջոց` գիշեր ժամանակ սահմանապահ երկու զօրքերէն խուսափիլ եւ փոքր կամ մեծ զինատար խումբեր կազմակերպել ու զէնքերը Երկիր անցկացնել: Ուրիշ խօսքով` Երկրի խորքերուն մէջ կռուող տարրը կամ ինքը անձամբ պէտք է գար մինչեւ Կարս եւ զէնքի պաշարը տանէր եւ կամ Կարսի մէջ պէտք է ճարուէին մարտիկներ, որոնք կռուով պէտք է անցնէին սահմանը: Շարունակական մտահոգութիւն դարձաւ զէնքի փոխադրութիւնը, որ կեանքի հետ խաղալու համազօր էր:

Այդ դժուարին գործին մէջ նորութիւն մտցուց Հրայրը:
Թէեւ Սասունի մէջ արդէն տաք կռիւներ էին սկսած, Հրայրը շտապեց հասնիլ արտասահմանի այլ կեդրոնները, հասնելով մինչեւ Ռումինիա եւ Պուլկարիա, որպէսզի եթէ զէնք չլինի իսկ փոխադրելու Սասուն, գոնէ Ինգլիզին նաւատորմիղը շտապի Պոլիս մտնել, ինչ որ խոստացած էր Հնչակեաններու Կեդրոնը, ըստ Մուրատին ուղղուած նամակին: Այդ խոստումն ալ անհիմն էր: Հրայր յուսաբեկ յետ էր դարձած` ձեռները լուալով Հնչակեաններէն եւ ուխտելով գնալ Դաշնակցութեան ետեւէն: Անոր կուռքը դարձած էր Ռոստոմը, զոր թէեւ չէր տեսած (կարծեմ բնաւ ալ չտեսաւ), բայց անոր գործերէն դատելով` անոր հաւատացող մը դարձած էր:

Հրայր Կարսի մէջ դաձեր էր կարսեցի, որդեգրեր էր Կարսի մտայնութիւնը եւ գործելակերպը եւ եղեր էր անխնայ քննադատը Հնչակեան գործելակերպին: Ու երբ Տամատեանի հնարած Տալւորիկի եւ այլ երգերը կ’երգէին, ան կը լռեցնէր ըսելով. «Թո՛ղ չորնան այն քաղցր լեզուները, որ կրնան միամիտ ժողովուրդը ոտքի հանել, բայց ոտքի վրայ չեն կրնար պահել: Թող Տալւորիկի ժողովուրդը մնար, թ՛ող անոր փառքը դուք չհասկնայիք»:
Երբ կը կարդային, թէ Կլատսթոն այս էր ըսած եւ Տիլոնը` այս, ան ջղայնացած կ’ըսէր. «Թող ջարդին այն ձեռները, որ իրենց չհաւատացածը կրնան ուրիշին հաւատացնել: Այդպիսիք գերեզմանափորներն են ժողովուրդին: Ես սուտին վերջը տեսած եմ»:


Շար. 26
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝