Յայտարարութիւն

Thursday, January 28, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 27 - Ռուբէն

Հիները, մասնաւորապէս Թեւանենց Ալեքը, պատմելով այս մասին, կ’աւելցնէին.
-Հրայրի ամէն ինչը տեղն էր: Նա մեծ մարդ էր, միայն թէ Տամատեանի եւ Մուրատի դէմ կը խօսէր, որ մեր սրտին չէր գար: Երբ հասկցուցինք, որ ընկածին չեն հարուածեր, նա ասաց. «Թո՛ղ ձեր ըսածը լինի: Բայց դուք չէք հասկնար: Ես կերած եմ սխտորն ու պղպեղը, իմ բերանը կ’այրի: Ես մանրած եմ սոխը, իմ աչքերը կ’արտասուին: Ես եմ անոնց գործակից եղած եւ այժմ կը տեսնեմ, որ ոչ բարով լինի իմ, ժողովուրդը անտեղի յոյսով ոտքի տակ գնաց»:

Ժողովրդասէր, դառնացած Հրայրը չէր գիտեր, թէ տասը տարի յետոյ իրեն ի՞նչ կը սպասէր: Տարբեր պայամաններու մէջ ան ալ պիտի սպաննուէր նոյն ժողովուրդի սիրոյն, իր հիասթափութենէն թելադրուած:

Սասուն ինկած էր: Ֆըռֆըռ քարի մօտ Մուրատը, Գէորգը եւ ընկերները բռնուած էին 1896ին եւ յուսահատութիւն կը տիրէր հոն: Բայց Կարսը յուսահատ չէր. ան տխուր էր միայն: Հրայրը, որ Կարս էր եկած, նոր հնարքներ, նոր ուղիներ կ’որոնէր` Երկրին օգնելու համար: Կարսի կազմակերպութեան եւ ժողովուրդի վրայ նայելով` ան նոր ելք ցոյց կու տար: Ան կը դատէր Կարսի մէջ տիրող մտայնութեամբ.
-Ժայռը, որ լեռնէն պոկուէր է, կանգնեցնել չի լինի: Մեր ժողովուրդը աչքերը բացեր է, զայն ստրուկ դարձնել չի լինի: Արթնցած ստրուկը, որ պաշտպան չունի, անպայման երէկուան իր տիրոջմէն պիտի սպաննուի: Այդ աչքներս առնենք: Իսկ որ պաշտպանը չկայ, այդ ալ հաստատ գիտենանք, որ դատարկ տեղը մենք մեզի չխաբենք: Մենք ձեր մտածած սուսիկ փուսիկ, առանց չալում կազմակերպութիւնը չունինք: Երկրորդ` կռուող ունինք, բայց զէնք չունինք. դուք այդ երկուսն ալ ունիք: Ես վաղն իսկ Երկիր պիտի անցնիմ, եթէ ինծի խօսք տաք, որ կը տրամադրէք սահմանի վրայ, ան վայրերու մէջ որ ձեզ ցոյց կուտամ` զէնք ու կազմակերպող, որքան որ ուզեմ:

Խօսք կ’առնէ եւ կը մեկնի ռուսական Բասէնէն թուրքական Բասէն, ուր նոյն հայ ժողովուրդն է: Արդէն նոյն ծրագրով Արամ Թաթուլը անցած էր Էրզրում, իսկ Տուրբախը եւ Ջալլաթը` Խնուս եւ Տարօն:
Ծրագիրը պարզ էր: Նախ` կազմակերպել թրքական մասի հայերը սուսիկ փուսիկ, առանց աղմուկի, առանց չալումի: Ատիկա Բասէնի մէջ լիովին կը յաջողի Հրայրը, որ կը ստանձնէ գործը ի գլուխ բերել: Երկրորդ խմդիր էր ռուսական Բասէնէն ու Թախթի շրջանէն որոշուած վայրերու մէջ, սահմանին վրայ, տեղական խումբերով ռազմանիւթ բերել, լեռներու մէջ թաքցնել եւ հեռանալ: Այդ բանը կ’ընէ Կարսը: Թրքական Բասէնէն կու գան խումբեր, իբր գիւղացիներ, կը հանեն այդ թաքնուած զէնքերը եւ գիշերը կը հասցնեն Հրայրին ու նորէն գիւղացի կը դառնան:
Փոխադրական այս ձեւը, որ առանց աղմուկի եւ արագ կը կատարուէր, բաւական մեծ արդիւնք տուած էր: Ոյժ կը պատրաստուէր Բասէնի մէջ, ուրկէ աւելի դիւրութեամբ կը փոխադրուէր Խնուս եւ աւելի խորքրեը:

Բայց արտի մէջ որոմ եւ ցորենի մէջ ցեց էր ինկած: Կառավարութիւնը հասկցած էր գաղտնիքը եւ հայ գիւղերու մէջ որքան մշակ ու հօտաղ կար, կ’որոնէր եւ կը ձերբակալէր:
Կարծեմ Բասէնի Իւզվերան գիւղի մէջ, երբ Հրայրը գետի մէջ էր գոմէշներ կը լողցնէր, իբր մշակ, կու գան կը ձերբակալեն զինք եւ կը տանին Էրզրումի բանտը, ուր ինկած էր ե՛ւ Արամ Թաթուլը: Վերջինը կախեցին, իսկ Հրայրը ազատեցաւ ընդհանուր ներումի ատեն եւ Տարօն վերադարձաւ: Անոր ձերբակալումով վերջ գտաւ իր փոխադրական ձեւը:

Ասիկա 1895-1896 արիւնոտ եւ արհաւրալից տարիներուն էին:
Կը մնար, որ Կարսը շարունակէր իր օժանդակութիւնը Երկրին` զինեալ խմբերով:

Շար. 27

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝