Յայտարարութիւն

Friday, January 29, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 28 - Ռուբէն

Զինատար խումբերուն թիւը եւ քանակը շատ դժուար է ճշդել, որովհետեւ այն խումբերու մասին, որոնք ապահով տեղ հասած էին, չէր գրուէր եւ քիչ կը խօսուէր: Անյայտ մնալը կը դիւրացնէր յաջորդ ձեռնարկը: Ձախողութեան հանդիպածներն են, որ ծանօթ էին ամէնքին, որովհետեւ երբ խումբը տեղ չէր հասած եւ սպաննուած էին ամէնքը, այլեւս այդ մասին խօսելէ վնաս չէր կարող լինել:

Պէտք է փորձեմ հերթով խօսիլ այդ զինատար խումբերու մասին, որոնցմէ ամէն մէկը մէկ դիւցազնութիւն, մէկ ողբերգութիւն էր: Իմ տուած ցանկը լրիւ պիտի չլինի: Թող այս հարցով հետաքրքրուողները ուսումնասիրութիւն կատարեն հին նամակներու եւ արխիւներու մէջ կամ թո՛ղ լրացումներ կատարեն այդ կռիւներուն, արշաւանքներուն մասնակցողները:

1890-1899 թուերուն հետեւեալ զինական խումբերու արշաւանքի մասին լսած եմ մասնակցողներու պատմութիւններէն: Կարսի նանհանգէն եղածներ են.-
1. - Յունոյի խումբը.- Այս մասին գիտցածս ըսած եմ: Ան դէպի Երկիր թափանցած է մինչեւ Սպեր, Կիսկիմ, Խոփէ, Թորթում, իսկ հիմք ունեցած է Արդուին, Օլթի Գեոլա:
2. - Կուկունեանի խումբը.- Ինծի կը թուի, թէ ամենէն հաւաստի աղբիւրը Անտրէ Տէր Օհանեանի հաւաքածն է: Գործունէութեան շրջագիծը սահմանափակուած էր Կարս եւ Կաղզուան գաւառներու մէջ: Այդ խումբին մասնակցողներուն մէջ էին Եփրեմը, Քեռին (Քաֆթառ Արշակ), Բալաջանը, Ռուբէն Դերձակեանը, կարծեմ ե՛ւ Որսորդ Գէորգը, որ Քեռիի հետ եղած էր նաեւ Յունոյի խումբին մէջ:
3. – Իշխ. Յովսէփ Արղութեանը (Լոռեցի) եւ Ջալլաթը, որոնք կ’անցնին Կարսէն Սբ. Կարապետ եւ կապ կը հաստատեն Արաբոյի հետ եւ իրենց խումբը ,զէնքերը թողած` կը վերադառնան:
4. - Արաբոյի խումբը .- Ան կու գայ Կովկաս: Կարսի մէջ կը զինեն անոր խումբը եւ մէջը կը դնեն այնպիսի ընկերներ, որոնցմէ խումբը յեղափոխական բնոյթ կը ստանայ: Ատոնցմէ էր, կարծեմ, Ախլցխացի Լեւոնը: Խումբը եւ Արաբոն սպաննուեցան ճանապարհին Գետլէ-ռաշ հովիտին մէջ, Տարօնի սահմանին վրայ:
5. – Հնչակեան Մուրատի խումբը, որ կը զինուի Կարսի մէջ եւ ապահով կը հասնի Սասուն:
6. – Ղըզըլաղաճցի Պօղոսի խումբը, զոր Հրայրը իրեն հետ բերած էր Կարս ուր կը զինուի ու ապահով կը հասնի Տարօն եւ Սասուն:
7. - Երկրորդ խումբ մը Հրայրի հետ եկածներէն (խմբապետի անունը չեմ յիշեր) կը զինուի Կարսի մէջ եւ կը վերադառնայ Սասուն-Տարօն: Այդ խումբին կը մասնակցի դեռ եւս պատանի Շէնիկցի Չոլոն: Խումբը ճանապարհին քանի մը մարդ զոհ կու տայ կռուի մէջ, իսկ մնացածները տեղ կը հասնին ապահով:
8. – Շէնիկցի Ստեփանի խումբը. - Ստեփանը, որ յայտնի իշխան Գրգէի մօտիկ ազգական էր, Սասնոյ կռիւները չսկսած, ճամբայ կ’իյնայ դէպի Կարս` զէնք ճարելու համար: Ճանապարհին Բուլանըխի Ապրի գիւղին մէջ ան կը տեսնէ քիւրտ շէյխ մը, որ բռնագրաւած էր հայերու կալուածները եւ կը բռնանար հայերու վրայ: Տաքարիւն տղայ լինելով` խանչարը կը հանէ եւ, առանց հետեւանքներու մասին մտածելու, կը սպաննէ շէյխը եւ ինքը ճամբան կը շարունակէ ու կը հասնի Կարս:
- Շէնիկի Գրգէի եղբայր իմ (կարծեմ հօրեղբոր տղան): Ապրիի շէյխը ես սպաննած եմ: Ինծի լաւ զէնք մը տուէք, կ’ըսէ:
- Քեզի զնէք չկայ, - կը պատասխանեն, - քանի որ նամակ չես բերած: Քեզի մէկի տեղ 5 զէնք կու տանք, եթէ մեզի ծանօթ 5 ընկեր գտնես եւ զէնքերով Սասուն վերադառնաս:
Կ’ընդունի պայմանը եւ, հինգ ծանօթ գտնելով, կը զինուի եւ ապահով կը վերադառնայ Սասուն:
Երկու շաբաթ յետոյ ան Կարսի մէջ կը տնկուի նորէն եւ զէնք կ’ուզէ կրկին: Բայց այս անգամ վրան կը կասկածին եւ մահը անոր գլխուն կը ճօճայ: Ինչպէ՞ս ան գնաց ու եկաւ երկու շաբաթէն եւ նորէն նամակ ալ չբերաւ: Մինչեւ այդ կասկածները փարատելը, բանը բանէն անցած էր, Գրգէն սպաննուած էր եւ Սասուն ինկած:
Ստեփանը ես տեսայ 1903ի վերջը: Ան թաթխի գիւղերու մէջ էր, իր անցեալով կ’ապրէր եւ Գրգէի դափնիներուն վրայ ինքն իրեն կը փքուէր: Այլեւս ժանգոտած հրացան էր դարձած:
9. - եւ 10. - Այս երկու խումբերը Հրայրի անցուցած խումբերն են, որոնք թրքական Բասէնէն, Կարսէն ստացած զէնքերով գացած են Տարօն: Ովքե՞ր էին անոնց խմբապետները, ես չկրցայ իմանալ:
11. - Ջալլաթի երկրորդ խումբը, զոր ապահով կը հասցնէ Տարօն: Ինքը Խնուսի վրայով կը վերադառնայ Կարս: Ճանապարհին ան ընդհանուր կոտորածի փոթորիկին կը բռնուի, որուն համար նկատողութեան կ’արժանանայ, թէ ինչո՞ւ այդ փոթորիկին վերադարձած է:
12. - Տուրբախի խումբը, խնուսցիներէ, զինուած Կարսի մէջ, որ կը հասնի ուր կը հաստատուի Խնուս: Կոտորածին ինքը եւս կը մնայ Խնուս եւ ապա ողջ կը վերադառնայ:
Այս 12 խումբերէն առաջին հինգը անցած են Երկիր 1890-1894 թուականներուն, այսինքն` Սասնոյ առաջին ապստամբութիւնը դեռ չծագած: Իսկ մնացած եօթը եղած են 1894-95 թուականներուն, այսինքն Սասնոյ ապստամբութեան ընթացքին կամ անոր անկման օրերուն:

Շար . 28



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝