Յայտարարութիւն

Saturday, January 30, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 29 -Ռուբէն

13. - Շապին - Գարահիսարցի Աբրոյի խումբը, որ Կարսէն կ’անցնի Սասուն ընդհանուր կոտորածի եւ Սասնոյ վերաշինման ընթացքին եւ, ապահով տեղ հասնելէ ետք, զոհ կը գնայ, հիւսնի տակ իյնալով:
14. - Սոխորդի Սերոբը, որ Պալքաններու վրայով կու գայ եի Կարսի մէջ խումբի մը գլուխ անցած, ապահով կ’անցնի Նեմրութ, Ախլաթի շրջանը եւ կը դառնայ Սերոբ փաշան:
15. - Փոքրիկ խումբ մը ախլաթցիներէ, որ կ’անցնի Կարսի վրայով եւ ապահով կը հասնի Ախլաթ: Ղեկավարի անունը չգիտեմ:
16. - Բաբերդցի Սեպուհը (Կարսի մէջ Քէօսա Արշակ անունով ճանչցուած) կ’անցնի Կարսէն, ապահով կը հասնի Սասուն եւ կը վերադառնայ:
17. - Ախլաթցի Ճարտարի (Սերոբի ազգական) մեծ խումբը, որուն կը մասնակցէին Առաքելը, Մուշեղը, Առիւծ Աւագը եւ Բալաբեխ Կարապետը, Կարսի մէջ զինուելով` կը մտնէ Բագրեւանդ եւ, այնտեղէն սկսած, շարունակական կռիւ տալով` կը հասնի Խաթաւի լեռը: Վերջինի անունով այդ խումբը հերոսացած է: Բազմաթիւ հոմերական կռիւներէ ետք, խումբին մնացորդները կը հասնին Ախլաթ` Սերոբի մօտ: Այս խումբի կռիւները անմահացած են անհաւատալի քաջագործութիւններով, որոնք կ’երգուին մանաւանդ քիւրտերէն:
18.- Խաստուրի խումբը, նոյնպէս Կարսի մէջ զինուած, Ճարտարի հետքերով կ’երթայ Ախլաթ: Ո՞վ էր խմբապետը` Միհրա՞նը թէ Խանը, հաստատ չգիտեմ: Այդ խումբը շատ ծանր կռուի կը բռնուի Բագրեւանդի Խաստուր գիւղի շրջակայքը եւ այդ անունով ալ ճանչցուի: Անոր մասնակիցներէն գլխաւորներն էին երկու եղբայրներ` Միհրանը եւ Յաբէթը (որոնք շատ քաջ էին, բայց ետքը, հատուածական կիրքէ տարուելով, դարձան դաւաճան եւ ռուսական գործակալներ ու Դաշնակցութեան կողմէն ահաբեկուեցան, նախօրօք խլելով Եղիշէ Թոփճեանը): Խանը, որ դարձաւ խմբապետ հետագային, Սիմոն Բաբերդցին եւ Թռուցիկ Գէորգը (վրաստանցի), որ գերմանական բարձրագոյն կրթութեամբ շատ ինքնատիպ դէմք մըն էր եւ հասարակ զինուորութեան սիրահար: Այս խումբը, իր նպատակին չհասած, զոհեր տալով, հարկադրուեցաւ վերադառնալ կէս ճամբայէն: Կարծեմ Սեպուհն ալ Խաստուրի կռուին մասնակցած էր:
19 եւ 20. - Սեւ-Քառեցի Սաքոյի եւ Բաբերդի Սեպուհի խումբերը, որոնք չեմ գիտեր առանձի՞ն-առանձին, թէ միասնաբար, Կարսէն մեկնելով ապահով հասած էինբ Սասուն-Տարօն: Անոնց գլխաւոր նպատակն էր` փոխարինել Ցրօնք գիւղի մէջ սպաննուած Գուրգէնը եւ վերջ տալ Սերոբի Փաշայի եւ Անդրանիկի, ժողովուրդի եւ ֆետայիներու միջեւ եղած տարակարծութիւններուն եւ հակամարտութիւններուն: Առաքելութիւնը ձախողած էր Սաքոյի ձերբակալութեան պատճառով, եւ Սեպուհը վերադարձեր էր, տեսնելով որ անկարող է հաշտեցնել կողմերը:
Այս ցանկը, ինչպէս ըսի, թերի է: Թո՛ղ ուրշները լրացնեն զայն:
Որքա՞ն էր թիւը այդ խումբերուն մասնակցողներուն, որքա՞ն զինական եւ մարդկային ոյժ մտաւ եւ որքա՞նը փճացաւ ու նահատակուեցաւ, ճշդութեամբ որոշելը անհնարին է ներկայ պայամաններու մէջ: Բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ 1890-99 թուականներուն այդ քանակութեամբ ոյժերու ներածման գործը համարեա ամբողջութեամբ ծանրացած էր Կարսի վրայ:
Այս ցանկին մէջ չեն այն խումբերը եւ ձեռնարկները, որոնք կատարուած են Երեւանի եւ Պարսկաստանի կողմէ դէպի Երկիր:

Շար . 29

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝