Յայտարարութիւն

Monday, January 4, 2010

ՈՒԱՀԻՏԸ Պատմուածք ՝ Սարգիս Ք. Խաչերեան

Հալէպահայ Սարգիս Ք. Խաչերեանի բանաստեղծական տաղանդին ծանօթացանք վերջին երկու ամիսներուն: Տեղեակ չէինք որ ան Արձակագիր ալ էր:Ստորեւ կը ներկայացնենք գրական իր արձակներէն մին՝ «Ուահիտը», ուր ինքզինքը շուքի մէջ պահած երիտասարդ Ուահիտը ,Low Profile Ուահիտը հերոսն է պատմուածքին: Սարգիս Ք. Խաչերեան կարողացած է շնորհիւ իր տաղանդաւոր գրչին այդ փասիւ մարդը ընթերցողին մտքին մէջ դարձնել աքթիւ տիպար մը:
Կը սպասենք Խաչերեանի իրական կեանքէ առնուած այլ պատմուածքներու:
«Նշանակ»

.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.--.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.


Սալէմին խռպոտ ձայնը անգամ մը եւս աշխարհը առած էր.
-Անկրօնքներ,ի՞նչ է ձեր ուզածը այս խեղճ ու կրակ տղեկէն…:
Թաղեցիներուն համար սովորական բան մը դարձած էր Սալէ-
մին բարկութիւնը:Յստակ էր բոլորին, թէ գործաւորները,ինչպէս
ամէն օր,այս օր եւս ձեռք դրած են Ուահիտին ճաշին վրայ:
Ուահիտ՝ Սալէմին գործաւորներէն ամենափոքրը,աշխատասէր, համեստ,բարի ու միամիտ պատանին,որուն լռին հանդուրժողա-
կանութիւնը յաճախ կը շահագործուէր «անկրօնքներուն» կողմէն,
զարմանալիօրէն կը տանէր անոնց դժուարամարս ու մինչեւ իսկ
չափազանցութեան աստիճանին հասնող չարագործութիւնները:
Օր մը,այդ անիրաւութիւններուն վերջ մը տալու համար,խումբ
մը դրացիներով գացինք Սալէմին քով:
-Տարօրինակ է այդ տղան,եղբայր,պատասխանեց Սալէմ,որքան որ ես միջամտեմ,ինք աւելի կը յամառի,«ձգէ,վարպետ,ես գլխուս
ճարին կը նայիմ» կ'ըսէ ինծի:Ես այսքան ներողամիտ ու օրինա-
կելի անձ մը չեմ տեսած եղբայր…:
Դրացիները դուրս ելան,մինչ ես շարունակեցի մնալ Սալէմին
մօտ:
-Գիտե՞ս Սալէմ,ամէն անգամ որ այդ տղուն աչքերուն մէջ նայիմ,
անբացատրելի բան մը կը զգամ,աւելցուցի ես:
-Օ,անոր պատմութիւնը ուղղակի ողբերգութիւն մըն է,ըսաւ դրա-
ցիս տխուր երաժշտութեամբ մը համեմելով իր ձայնը:
-Ժամանակ ունիմ,ըսի ես աթոռ մը գրաւելով:
Երկար խօսեցաւ Սալէմ Ուահիտին մասին:Ես՝ մտովին մաղե-
լով իր խօսքերը,մաղին մէջ մնացած խոշորագոյն վերջին երկու
բառերը,տրամաբանութեանս հալոցին մէջ իրար միաձուլելով,
հոգիս տանջող այդ անքակտելի հանելուկին բանալին սարքեցի:





Ի՞նչ բանի վերագրել անարդարութեան լուծին տակ կքող այդ
տղուն չ'ընդվզիլը:Մաքուր ու անապակ վերաբերմունքը զինք
անբարոյական խօսքերով անարգողներուն նկատմամբ:Խեղճութ-
ի՞ւն էր,թէ՞…:
Ահա այսպէս սկսաւ Սալէմ.-Ա՜խ,ա՜խ...չեմ գիտեր թէ որո՞ւ ելած
է այս տղան:Գիտե՞ս քանի անգամ փրկած եմ զինք այդ սրիկանե-րուն ձեռքէն,որպէսզի միջոց մը չդառնայ անոնց վատ նպատակ- ներուն...:Տարիներ առաջ բարեկամ մը բերաւ զինք,խնդրելով որ
յարմար տեղ մը գտնեմ,գոնէ չնչին եկամուտ մը ապահովելու համար:Ես ալ քովս առի,Տիրոջ բարիք մը ըրած ըլլաու համար:
Լսէ դրացի,բարեկամս պատմեց,թէ Ուահիտին հայրը, հիւսիսի մեծահարուստներէն մէկն էր:Արտերու,ագարակներու տէր մարդ մը: Ուահիտի ծնունդէն ետք,հօրեղբորորդիները ուզած են զինք սպաննել,որպէսզի չժառանգէ հօր հարստութիւնը: Սակայն չեն յաջողած:Խեղճ մայրը այդ միջոցին իր նորածինը առնելով հեռացած է:
Ես՝ Սալէմը չ'ընդմիջելու համար,լալկուած կը հետեւիմ անոր:
-Իսկ անհաւատները,շարունակեց ան ակնարկելով Ուահիտին
հօրեղբորորդիներուն,իրենց այդ կեղտոտ ծրագիրը իրականա-
ցուցին անոր փոխարէն հայրը սպաննելով:
-Ի՜նչ դժբախտութիւն..հիմա որ՞բ է,հարցուցի հետաքրքրութեամբ:
-Չէ,բարեկամս այդ ատեն ըսաւ թէ մօրը հետ կ'ապրի:
Այդ սարսափելի տեղեկութիւններէն ետք,երբ հազիւ որոշեցի
մեկնիլ,դրացիս վերջին վայրկեանին ուսուցիչին ուղած հարցին
պատասխանը յիշող աշակերտի մը պէս գոչեց.-Է՜...ըթզաքքարդ...
ըմմօ արմանիյէ…: (Հ՜ա...յիշեցի...մայրը հայուհի մըն է):


Սարգիս Ք. Խաչերեան




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝