Յայտարարութիւն

Monday, January 25, 2010

Հայ կինը կրկնակի պարտաւորութիւններու դիմաց - Տալիտա Գալըպճեան

Կայքէջիս «Կանացի» բաժնին էջերը ընդհանրապէս իր պատրաստած գրութիւններով լեցնող Տալիտա Գալըպճեան
արձակուրդէն անմիջապէս վերադարձին ուղարկեց այս յօդուածը, որու բովանդակութեան մէջ կը յայտնաբերէ մտահոգութիւններ ու թելադրանքներ նման «2010 ը Հայ Կնոջ Տարի» յայտարարող մեր սիրելի Վեհափառ Հօր՝ Արամ Ա.ի: Այդ իսկ պատճառով Տալիտայի շահեկան այս յօդուածը կը զետեղենք «Հայ Կնոջ Տարի» նիւթի ընդհանուր խորագրին ներքեւ:

«Նշանակ»

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«


Վերջին դարու աւարտին և ԻԱ դարու առաջին տասնամեակին կինը , ընդհանրապէս, կը դիմագրաւէ բազմաբնոյթ տագնապներ, որոնք ոչ միայն կը սպառնան իր ապահովութեան, առողջութեան, այլեւ անոնք ուղղակի թէ անուղղակի կերպով կը վտանգեն մարդկային ընկերութեան երթը, կեանքը, զարգացման եւ բարգաւաճման քայլերն ու ձգտումները:

Սովը, պատերազմները, վայրագութիւնները, անգրագիտութիւնը, բազմատեսակ հիւանդութիւններն ու համաճարակները ,առողջապահական խնդիրները, աղքատութիւնը, ծանր աշխատանքը եւ այլ քաղաքական թէ ընկերային երեւոյթներ այսօր մարդկութիւնը եւ մասնաւորաբար կինը կը դնեն կացութեան մը առջեւ, իրավիճակի մը մէջ, ուր խիստ կարիքը կը զգացուի ճշգրիտ ախտաճանաչումներու, արագ եւ կտրուկ միջոցառումներու, որովհետեւ իւրաքանչիւր օր հարցերը աւելի կը բարդանան, իրենց հետ դժուարացնելով լուծումները, դարմանումնները:

Եթէ ափրիկեան ցամաքամասին վրայ ապրող կինը կը դիմագրաւէ գլխաւորաբար տնտեսական անբաւարարութեան եւ տգիտութեան հետեւանք ընկերային, առողջապահական եւ բարոյական դժուարութիւններ, միւս կողմէ, այլ ընկերութիւններու մէջ ապրող կիները, իրենց կարգին դէմ յանդիման կը գտնուին հարցերու, որոնք թէեւ կը թուին ունենալ տարբեր տարազ ու դիմագիծ, բայց ի վերջոյ անոնք ունին նոյն խորքն ու էութիւնը: Այսօր կինը աւելի խոցելի է քան երբեք, որովհետեւ ժամանակակից տագնապները շատ աւելի վտանգաւոր են քան նոյնիսկ մօտիկ անցեալին անոր դէմ ցցուած վտանգները:

Այս կացութեան մէջ վստահաբար հայ կինը անմասն չէ երկրագունդին որեւէ անկիւն գտնուող այլ ազգերու պատկանող կիներու դիմագրաւած դժուարութիւններէն, որովհետեւ անոնք առկայ են ամէնուրեք: Սփիւռքեան տարբեր գաղթօճախներու մէջ հայ կինը ունի կրկնակի յանձնառութիւններ, նախ իբրեւ կին, ապա իբրեւ հայ մայր կամ հայուհի: Անկախ ընկերատնտեսական եւ առողջապահական դժուարութիւններէն, ան այսօր նաեւ կը դիմագրաւէ իր ընտանիքին օղակները սեղմելու, իր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեամբ զբաղելու, իր հայկական շրջապատին ընկերային, հոգեմտաւոր մակարդակին բարձրացումին ճիգերուն իր գործօն մասնակցութիւնը բերելու մարտահրաւէրները, որոնք աւելի կը ծանրացնեն հայ կնոջ պարտականութիւնները:
Օտար ընկերութիւններու մէջ կինը ունի իրեն սահմանուած դերը: Այսօր անիկա ընկերաբաններու, ֆեմինիստներու, նոյնիսկ քաղաքական մարդոց կողմէ տարբեր մեկնաբանութիւններու եւ եզրայանգումներու կ'արժանանայ: Կինը հաւասա՞ ր է այր մարդուն, անոր չափ իրաւասութիւններ ունի՞ ընկերութեան մէջ, ի՞ նչ մարզերու մէջ ան գերակայութիւն կը վայելէ, ո ՞վ պիտի ըլլայ ընկերութեան կեանքին ուղին ճշդողը կի՞ նը թէ այրը, ու այլ հարցեր, որոնք կը քննարկուին ,կ'ուսումնասիրուին խորհրդաժողովներու , համագումարներու ընթացքին եւ կը բանաձեւուին որոշումներ,թէև այդ որոշումներէն չնչին տոկոս մըն է որ կը կիրակուի...

Հայ կնոջ դերը ընկերութեան մէջ, պարտականութիւններ, իրաւունքներն ու իրաւասութիւնները նոյնն են ինչ մատնանշուեցաւ վերոնշեալ պարբերութեան մէջ: Այսպէս,ընկերութեան մէջ ըլլալ գործունեայ անդամ, նպաստել հաւաքականութեան հոգեմտաւոր մակարդակին բարձրացումին, կրաւորական չըլլալ, դիտողի, հետեւողի դերէն դուրս գալ ու ընկերութիւնը յուզող հարցեր, տագնապներ լուծելու գործընթացին բերել իր մասնակցութիւնը՝ Հայ կնոջ ե՜ւ պարտաւորութիւններն են ե՜ւ իրաւասութիւնները:Ասոնց կողքին, եւ թերեւս աւելի անհրաժեշտ, հայ կնոջ պարտաւորութեանց սահմաններուն մէջ է զաւակներու հայեցի կրթութիւնը,որ իր մէջ կ՜ընդգրկէ պատրաստութիւն՝ վաղուան խղճամիտ քաղաքցիին, գիտակից մարդուն ,գիտակից հայուն : Եւ երբ հայ կինը իր այս պարտականութիւնը կատարէ, արդեօ՞ք անկէ շահողը մարդկային ընկերութիւնը չէ...:

Տալիտա Գալըպճեան






«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝