Յայտարարութիւն

Sunday, February 28, 2010

ՀԱՅՈՒՀԻԻ ՄԸ ՕՐԱԳՐԷՆ - Ս.Դ.Գրիգորեան

Նոր ճանչցայ Սեդա Գրիգորեանը իր գրութեանց ընդմէջէն,տարիներ առաջ հետը խօսած եմ հեռաձայնով, սակայն չեմ յիշեր զինք տեսած ըլլալ կամ ձեռքը թօթուած ըլլալ:Կը թօթուեմ ձեռքդ Սեդա և կը տեսնեմ ու կ՜ըմբռնեմ տգեղ իրականութեանց դէմ պոռթկումդ:Չէի սպասեր Դուրեանն ու Մեծարենցը յիշեցնող «Իմ հեռաւոր, իմ անծանօթ սէր........անարեւ մահն գրկելէն ետք...» քնքուշութենէդ ետք իրաւացի, թերևս ալ փաստացի ըմբոստութիւնդ անարդարութեան դէմ ընդհանրապէս ,և մտաւորական սերունդներու ներկայացուցիչներու(քու սերունդդ ներառեալ)դէմ մասնաւորապէս:Ներէ որ անկեղծ ըլլամ ու ըսեմ թէ քնքուշութիւնը շատ է վայել գրիչիդ,ալեկոծումէդ ետք դրական տրամադրութեամբդ՝ աւելի դո՜ւն ես , հարազատ «դուն»: Եւ՝ «ցոլքը ցեղիս ես չթաղեմ ձիւներուն տակ»...Վերստին հոգատար, դարձեալ քնքուշ, դարձեալ յաւերժն ու մնայունը վերագտած:
«Նշանակ» ի բերնով՝ «Կեցցե՜ս»:

Նշան Պասմաճեան

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

ՆԱՄԱԿ ԱՌ ԸՆԹԵՐՑՈՂՍ...

Երբ քեզմէ գիր չեմ ստանար, ինձմէ անկախ ներշնչումս կը դանդաղի, կը ծուլանայ, կը թուլանայ այն հեռաւոր գարունին պէս, որ տակաւին չբացուեցաւ Թորոնթոյի ձիւներուն մէջ...

Իմ հեռաւոր, իմ անծանօթ սէր, իմ արարման քաղցրութիւն... գարուն կու գա՞յ այս ափերուն, կը ծաղկի՞մ ես տառապանքէն, ցաւերէն ետք, կը գրկե՞մ քեզ հոսքի կարօտ անապատի հատիկին պէս... կը դառնա՞մ ես դարձեալ կեանքին, անարեւ մահն գրկելէն ետք...

Որքան թովիչ է մտածումին փայլքը, երբ կը փթթի, կը տարածուի իմ անոպայ հոգիիս մէջ...

Օ՜, իմ խենթ հոգին... ըլլար կարծես ժառանգորդը հոգիներուն այն բոլոր, որոնք օր մը մեր ցեղին լինելութիւնը քանդակեցին աստղերէն վեր, հաստատեցին ծովերուն տակ, սերմանեցին աջ ու ահեակ, երկնեցին տեսիլքով վեհ, կտակեցին սերունդներո՜ւ...։ Հրաշագործ այդ հոգիէն ցոլք մը կը շարժի հոգիիս մէջ տիւ ու գիշեր... ազգիս էոյթէն գոյացած լոյս մը, որ բոլոր տեսակի աւերակներն ի վեր, անկումներէն անդնդախոր, զիս կը տանի վերելքներու, արարման նո՜ր ճամբաներու...

Միշտ հարց կու տայի ես ինծի, թէ ո՞ւր մնաց Վարուժանը Վարուժան ընող եւ անոր յաջորդող սերունդներու հոգին, երբ կը կարդայի մեր առօրեան աղմուկով լեցնող, արուեստական յուզումներով խճճող անտակներու բարբաջանքը, իմ մորթիս խիստ անհարազատ, բառակոյտի մէջ խեղդուող, բայց հայրերու թէ ճեմարաններու անուններով հպարտացող, Հայաստանի մէջ գրախօսականներ գնող մերօրեայ «բանաստեղծ»ներուն անքերթուած տողերը... հարցս կը մնար անպատասխան...

Զգացած եմ, դեռ շա՜տ վաղուց, որ ցոլքի նման բան մըն ալ ես կը կրեմ իմ ներսիդիս այդ հոգիէն, որ թափ ու սլացք կու տայ իմ երազկոտ երգերուս, առնական հզօրութեամբ դուրս կը թռչի իմ գրիչէս, ուժ կը հագնի, կը վերածուի նոր պատկերներու, գիւտերու նոյնիսկ...

Կը զարմանամ ես յաճախ, թէ ինչպէ՞ս հասաւ այդ հոգին ինծի, եւ ինչո՞ւ ինծի... իգական այս նուրբ կառուցուածքին մէջ ի՜նչ տարօրինակ է այսքան ուժ գտնել... այսքան թռիչք, այսքան թափ ու թմբուկ, այսքան քնքշութիւն, այսքան մտածում... բոլոր լարերուն վրայ նուագել, արձակին հետ‘ քերթուած, իրենց բաժանումներով, բայց տակաւին չարժանանալ հատորի մը առանձնակի, ուր պիտի գան խմբուելու երգերս իմ խռովիչ, իմ ապրած օրերուս ռիթմով թրթռուն...։ Հատորիկ մը‘ թէկուզ նեղլիկ ու անպաճոյճ, որ ըլլար վկան իմ սերունդիս ապրումներուն, իմս ըլլալէն առաջ ու յետոյ...

Գլուխ գովան մը չեմ բնաւ... բայց երբ ինքզինքս կը դիտեմ այլոց գրականութեան ընդմէջէն, լալու փափաք մը կը բարձրանայ մինչեւ կոկորդս... իմ կարողութիւններուս խամրումին դողը կը պատէ զիս դաժանօրէն... ու կը յաւակնինք ըսել՝ թէ մշակութասէր, գիր ու դպրութիւն սիրող ժողովուրդ ենք... իրաւ գրողին ճամբայ կը բանանք ու կը ջերմանանք անոր արեւէն...

Ես մութը տեսայ հայ գրողին կեանքին մէջ... մութը եւ անյուսութիւնը... դառնաղի յուսալքութիւնը, որոնց պատճառները մէկ չէին բնաւ, բայց կարելի է միացնել զանոնք «անտեսել»ու մեր ազգային վատ ունակութեան բոլոր տարբերակներուն մէջ... անտեսել, չտեսնել, չյարգել, չգնահատել... ու երանի թէ անարգանքի մթնոլորտը հոս կանգ առնէր... երանի՜... բայց աւելին մենք գիտենք ընել իրաւ գրողին ու մտաւորականին... գիտենք զինք դուրս շպրտել իր գործէն, խեղդել զինք նիւթական կարիքներու ոլորապտոյտին մէջ, որպէսզի լռէ, լռէ՛ առյաւէ՜տ... Պարոնեանը քեզի օրինակ, իմ հեռաւոր Ընթերցող... աւելի հիներէն՝ Նարեկացին քեզի ապացոյց, վերջիններէն՝ Պոյաճեանի սառնարանին պատմութիւնը քեզի ճաշակ. ա՛լ չխօսիմ նորերէն, մեզմէ, իմ սերնդակիցներուս ամէնէն փայլուններուն տառապանքներէն...

...Միակ վիշտս անկարելի իմ օրերուս՝ թէ չըլլայ որ հոս վերջանամ, հոս քարանամ անվերադարձ... ճամբաս փշոտ եղաւ ընդմիշտ, ցոլքը ցեղիս ես չթաղեմ ձիւներուն տակ...
Ս.Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
2005
Թորոնթօ-Մոնթրէալ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՍԻՆ - Սարգիս Ք. Խաչերեան

ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՍԻՆ

Կեանքի աներեւոյթ լարին վրայ առաձիգ
ՄԱՐԴն ի բնէ
Լարախաղաց մ'է անանուն
Սակայն կեանքը
Մեզ –բիւր ՄԱՐԴկանց-շնորհած է
Լոկ մէկ կշռաձող
Մինչ ՄԱՐԴը անփորձ անկարգապահ
Առանձնապէս տիրանալու համար այդ միակ ձողին
Բանտարկած է կիսագունտն հանուր
Եւ աքսորած է միւս կէսը թաքուն

Եւ այսպէս տարուած
Տիրապետողի հաճոյքներով խուլ
Կորսնցուցած է իր հոգիին հետ կշռաձողն եւս
Ու ճպոտն իր ձեռքէն խլուած կոյրի պէս
Ունայնութեան մէջ ինկած է
Ինկած

Ահա թէ ինչու մեր ծնած օրէն
Մեր սրտակեղեք լացը կ'արձակենք

Սագօ Ք. Խաչերեան

Saturday, February 27, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 50 -Ռուբէն

Մեր տանն ենք: Ծիծաղով դուռը կը բացուի եւ համբոյրի ու աղմուկի տակ, ինքնաեռի շուրջ կը տեղաւորուինք: Ձեզ ի±նչ ըսեմ, քանի որ ամէնքդ ալ մայր, քոյր եւ եղբայր ունեցած էք եւ իմ ասածէն աւելի լաւ կը զգաք հանդիպումի եւ բաժանման պահերը: Բաժանման ուրուականը կար, որ քիչ մը կը թթուեցնէր քաղցրութիւնը եւ անոր կու տար «մայխոշ» (թթուաշ) համ մը, աւելի ցանկալի, աւելի ըմպելի:
Մայրս ըսաւ ինձ.
- Մընիկս (Մինասի, որ Ռուբէնի մկրտութեան անունն է, կրճատուած եւ փաղաքշական ձեւն է), ե՞րբ կ’երթաս:
Ուսերս թօթուեցի, որմէ հասկցաւ որ ես ալ չգիտեմ: Ես ու ան լուռ էինք ու թէյը խմելով էինք զբաղուած: Բայց ամենէն շատ տղմկողը Սերգէյն էր իր քրքջան ծիծաղով ու կատակներով:
- Քա՜, աբլա, վստահ եղիր որ առանց հիւրերի եկած ենք: Բաղնիքի մէջ թողեցինք, եկանք: Դուռը փակեցէք եկող գնացողի առջեւ, փափուկ անկողինը փռեցէք եւ ճերմակ աւանով ծածկեցէք, մենք անուշ անուշ պիտի քնենք: Պիտի ելնանք, ուտենք եւ նորէն քնենք, մինչեւ որ հանգստանալէն յոգնինք:
- Շատ լաւ, Սերգէյ ջան. դու մէկ էն ասա, ձեր վրայի հիւրերը քանի՞ ոտք ունէին, երկո՞ւս, թէ աւելին, - եւ մայրս ու Սերգէյը սկսան իրար վրայ խնդալ:
Երեք ցերեկ, երեք գիշեր աշխարհէն կտրուեցանք, քնացանք, ելանք, կերանք, խմեցինք եւ նորէն քնացանք: Երրորդ օրը, դէմ դիմաց պառկած մեր աչքերը առաստաղին սեւեռեցինք, ինչ որ արդէն նշան էր, որ յոգնութիւննիս անցած է: Տարօրինակ մեքենայ է մարդ արարծը. երբ ազատ է ընթացիկ կեանքի հոգէն, երբ յոգնած չէ եւ եռանդով լցուած, կ’ուզէ անպայման պարպուիլ աշխատանքով կամ մարմնական շարժումներով: Իսկ եթէ ատոնք չկան, ան իր համար աշխատանք կը ստեղծէ` սպառուելու, զբաղուելու: Երեւակայութիւնը, միտքը կը սրէ եւ ընթացիկ կեանքին չվերաբերող հարցերը առաջ կը քշէ: Անպայման կ’ուզէ թափանցել իր դիմացինին հոգին ու հասկնալ, թէ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ անոր մէջ:
Սերգէյի աչքերը անթարթ կը նայէին մէկ կէտի: Երբեմն յօնքերը կը կիտէր: Ես չէի խանգարեր զինք: Միտքս կը թափառէր Սերգէյի եւ անոր Շուշիի ընկերնեուն շուրջը, որոնցմէ ոմանք արդէն վերջնականապէս բաժնուած էին Սերգէյէն: Եւ ես կը մտածէի, որ մնացածմներն ալ շուտով պիտի բաժնուէին անկէ եւ գուցէ ինքն ալ բաժնուէր ինձմէ, իր ընկերներուն պէս: Արդէն նահատակութեան պսակը կը տեսնէի անոր գլխուն եւ կը ցաւէի ու կը նախանձէի: Շուշիի Սերգէյի խմբակը, որմէ շատեր տեսած իսկ չէի, իմ գլխուս մէջ կը շրջէր եւ անոր բնագաւառը ինձ մարտիրոսաց քաղաք կը թուար:
- Տղայ, խո՞ւլ ես, - կը կանչէր ինձ Սերգէյը, - խելքդ ո՞ւր է, ինչո՞ւ չես պատասխաներ: Ճիշդն ասա, ի՞նչ կը մտածես: Ճիշդ ասա, կ’ուզեմ սուտգել, ենթադրութիւնս ճի՞շդ է:
Նայեցայ Սերգէյին, որ անկողնոյ մէջ նստած էր: Սեւ յօնքերուն տակ աչքերը աղաչական դարձուցած եւ մատներովը ծնօտի տակը բռնած` «մեան էօլում (քեզ մատաղ), մտքինդ ասա», կը խնդրէր ինձմէ:
Ծիծաղս եկաւ:
- Ի՞նչ Մայրամ Աստուածածնին կերպարանք ես առած: Հաւատա՛, դատարկ-դատարկ բաների վրայ կը մտածէի, քու եւ քու էշ ղարաբաղցիներու: Կը մտածէի, թէ ե±րբ պիտի կարողանամ տեսնել ձեր քաղաքը:
- Զարմանալի է, - շտկուեցաւ Սերգէյը բացականչելով , - ես գիտէի որ դրանց մասին կը մտածէիր: Ուրեմն, դու որ մտածես, ես կարող եմ գուշակել: Զգուշացի՛ր: Ի±նչ եզրակացութեան եկար:
- Եթէ լրջութեամբ կ’ուզես խօսիլ, կ’ըսեմ. եթէ ոչ՛ թո՛ղ ինծի մնայ:
Սերգէյը կ’ուզէր լրջութեամբ խօսիլ եւ, որովհետեւ մինչեւ այդ օրը իմ եւ անոր տեսակէտները մէկ յայտարարի չէին եկած, եւ որովհետեւ նոյն տարակարծութիւնները ունեցայ ե՛ւ Ջամալեանի հետ տասնեակ տարիներ յետոյ, պիտի վերյիշեմ այդ պարապ ժամու պօսակցութիւնը:
Ես սկսեցի բացատրել իմ «գիւտերը»: Ան կը լսէր լրջօրէն:
- Անշուշտ քարամաղով ոսպ կամ ցորեն մազած ես կամ դիտած, ըսի ես: Այն որ փոշի է եւ մանր հատիկ, տակէն կը թափի. դրանք անպէտք մասերն են: Մաղի մէջ` երկու շերտ կը կազմուի. մէկը` թեթեւ, որ կազմուած է մանր հատիկներէ, որոնք կ’ելլեն ու կը ծածկեն մակերեսը, իսկ միւսը` կազմուած ծանր ու լիքը հատիկներէ, որոնք առաջին ալ խաւի տակն են: Միւս կողմէ` քանի որ մաղը իր շուրջն ալ կը դարձնենք, մաղի մէջ եղած բոլոր հատիկները, թէ՛ մակերեսինը, թէ՛ տակինը, կը դասաւորուին` ըստ իրենց մեծութեան եւ ծանրութեան, մաղի շառաւիղներուն զուգահեռ: Թեթեւները, փոքրերը` կենտրոնը, իսկ մեծերը ծանրերը եւ լիքերը` շառաւիղներու ծայրերուն եւ մաղի եզերքները: Համաձա՞յն ես:
- Այո՛, եթէ այլ հանգամանքներ նկատի չառնենք, - պատասխանեց Սերգէյը:
- Եթէ ուղիղ է ըսածս, այդ պարագային դժուար չէ ճշդել թէ ո՞ւր են իսկական հայերը, որո՞նց հետ արժէ գործ ունենալ եւ որո՞նց համար արժէ կեանք զոհել:
Սերգէյը ապշահար կը լսէր. ես հանգստացրի զայն, շարունակելով.
- Ըսենք թէ Հայաստանը կլոր է եւ քարմաղի նման է: Անոր կենտրոնը համարենք Մանազկերտը, իսկ եզրերը` Սիւնիքը, Գուգարքը, Վասպուրականը եւ Ծոփքը, այսինքն` մեր հին չորս բդեշխութիւնըները եւ կամ Տաւրոս եւ փոքր Կովկաս շղթաները: Մաղի առանցքը կ’անցնի Մանազկերտով, քարմաղը վեր-վար կ’ընէ Մասիսի բարձրութեմաբ: Քարմաղի հորիզոնական շառաւիղները կը յանգին` մէկը Շուշի, միւսը` Սպեր, միւսը` Բաշկալա, միւսը` Խարբերդ, եւ այս չորս շառաւիղները ձախէն աջ կը դառնան, ջրաղացի քարէն արագ:

Շար 50

ԵՍ ՔՈՒ ԲՆԱԶԴՆ ԵՄ - Սարգիս Ք. Խաչերեան

ԼՈՅՍՆ Ի ՎԵՐ –գիրքէն
ՀՈԳԻԻՍ ԵՐՐԵԱԿ ԼՈՅՍԻՆ՝
ԼԻՆՏԱՅԻՆ,ԴԻՆԱՅԻՆ ԵՒ
ԱՆԴՐԱՆԻԿԻՆ

ԳԼՈՒԽ -1- ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՍԻՆ

ԵՍ ՔՈՒ ԲՆԱԶԴՆ ԵՄ

Ես քու վախն եմ
Ես եմ քեզ անկայուն դարձնողը
Սակայն վախեր կան տանելու համար
Նոր խուճապ մըն է պէտք

Ես քու ցաւն եմ
Ես եմ քեզ թմբրամոլ դարձնողը
Սակայն ցաւեր կան մոռնալու համար
Ուրիշ կսկիծ մըն է պէտք

Ես քու յանցանքն եմ
Ես եմ քեզ մեղսագործ դարձնողը
Սակայն մեղքեր կան քաւելու համար
Այլ ոճիր մըն է պէտք

Ես քու բնազդն եմ
Ես եմ քեզ ՄԱՐԴ դարձնողը
Զիս կառավարել անկարող ես

ՆԵՐՇՆՉՈՒՄ - Ս.Դ.Գրիգորեան

Խորանը փոքր է
Աղօթքը անծայր
Երկինքը լայն է
Եզերքը նեղցած
Մարմինը լոյս է
Միտքը մթագնած
Հոգին անմահ է
Ոգին պարտուած

Ամէն կողմ դարձեալ ամայութիւն է
Երբ չբերային են •գիշերներս ահեղ
Մնացեալը լոկ սրտի բաղձանք է
Ո՞վ է այս երգը ինծի նուիրեր

Կապկումը ընդմիշտ վնասակար է
Ե՞րբ եմ դառնալու տէրը իմ խօսքիս
Շքեղէն անդին շքեղութիւնն է
Գաղափար մը լոկ որ մարմին չունի

Աստղերը բոլոր վաղնջական են
Ներկաս ինչո՞ւ է այսքան խաւարած
Մարմինիս համար լոկ պատանք է պէտք
Հոգիս ո՞ւր պահեմ որ ցուրտը չզգայ

Ցորենի հասկը միշտ բերք կը դառնայ
Բայց նօթի մարդիկ հաց անգամ չունին
Անարդարութիւնն այս ո՞ւր պիտի կասի
Երբ անաւարտ է փառամոլութիւնն եսին

Խորանը փոքր է
Աղօթքը անծայր
Երկինքը լայն է
Եզերքը նեղցած
Մարմինը լոյս է
Միտքը մթագնած
Հոգին անմահ է
Ոգին պարտուած

ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ

Մութ էր աշխարհը
Մութ էին մարդիկ

Միայն մենք էինք
Որ լոյսերու մէջ թաթխուած
Անկիւն առ անկիւն
Մեր հոգիներուն կրակը խարսխեցինք

Մութ էր աշխարհը
Մութ էին մարդիկ

Միայն մենք էինք
Որ սիրոյ լապտերին թելերէն կախուած
Ովկիան առ ովկիան
Մեր գիշերները առաւօտ ըրինք

Մութ էր աշխարհը
Մութ էին մարդիկ

Միայն մենք էինք
Որ քամիներուն արեւ բաշխեցինք
Եզերք առ եզերք
Գորշութեան ընդդէմ սաւառնելու պէս

Միայն մենք էինք
Ժամանակէն դուրս-ետին-առաջ

-Անժամանակ գոյութիւննե՜ր-

Զի խաւար էին աշխարհ եւ մարդիկ

Ս.Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Յունիս 2007
Մոնթրէալ

Friday, February 26, 2010

Նամակ Յարութիւն Քիւրքճեանէն

Սիրելի Ընթերցող,

Մեծ ուրախութիւն է որ Յարութիւն Քիւրքճեանի նման գիրքերու և տարբեր լեզուներով բազում յօդուածներու հեղինակ , մտաւորական լուրջ պատրաստութեան տէր ուսուցիչ մանկավարժ մը «Նշանակ» ի մասին կուտայ վարը նշուած վկայութիւնը և իր աջակցութիւնը կ՜առաջարկէ բերել կայքէջիս ՝անոր խմբագրութեան տրամադրոթեան տակ դնելով պարզացուած հայերէնով գիրքեր: Մօտ օրէն պիտի սկսինք հրապարակել Աւետիս Ահարոնեանի «Իմ Գիրքը» որպէս թերթօն:
Խմբագրութիւնս իր և կայքէջիս ընթերցողներուն կողմէ կը յայտնէ իր խորին շնորհակալութիւնը Յարութիւն Քիւրքճեանին և իր տիկնոջ՝ Մարոյին , որ իր ամուսնին կողքին մեծ ներդրում ունի հայ մանուկին,պատանիին թէ երիտասարդին մատչելի հայերէն նիւթ հայթայթման մէջ: Մօտ օրէն մանրամասն պիտի անդրադառնանք Տէր եւ Տիկին Քիւրքճեաններու կենսագրական կարգ մը գիծերուն և անոնց տարած գործունէութեան ու վաստակին մասին:
«Նշանակ»Sireli Nshan-ag,

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

Սիրելի Նշան - ակ,
Նոր ունեցայ առիթը ծանօթանալու կայքէջին:Ելեկտրոնային մամուլի լուրջ եւ միանգամայն հաճելի տարբերակի տպաւորութեամբ եմ այս պահուս և կը կարծեմ պիտի մնամ ալ այդ տրական տպաւորութեամբ:Ինչ կարելիութիւններ....

Դիտողութիւն մը եթէ ունիմ . աւելի առաջարկ է (թերեւս անսպասելի թուի իմ կողմէ գալով).կրնանք որոշ համեմատութեամբ աւելի մատչելի նիւթերու եւս տեղ տալ.ըսել կ՜ուզեմ մանաւանդ՝լեզուկանօրէն աւելի մատչելի:

Այսպէս. ի՞նչ պիտի ըսէիր «դիւրին հայերէն» մակարդակով թերթօնի մը մասին,Ռուբէնի կողքին,կամ անոր հետ փոխն ի փոխ...Մտածեցէք այս մասին:Ես սիրով կրնամ տրամադրել պարզացուած հայերէնով մեր գրքոյկներէն մէկը կամ միւսը (ըսել կ՜ուզեմ նաև շարուածքը),եթէ գաղափարը գրաւիչ գտնէք... Կարելի է ցուցականօրէն գրել ալ, որ "basic Armenian rubrique" է, յատուկ՝ հայերէնի դժուարութիւն ունեցողներու համար:

Յաջողութիւն

Յարութիւն Քիւրքճեան
Աթէնք

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 49 - Ռուբէն

Հանրակացարանի մէջ ենք, Ձորի խարխլած մեր պատսպարանի մէջ: Քամին դրան ճեղքերէն կը փչէ, բայց եափունջիները, որոնց մէջ փաթաթուած ենք, մեզ կը պաշտպանեն:
Անկողնու փոպարէն, տակս մաիյն խսիր է եւ կապերտն ալ վրան: Կողերս անոնց չորութենէն կը ցաւին: Կարեւրոն է, որ վրաս ոջիլ է քաշուած եւ լուերն ալ հան•իստ չեն տար:
Շարունակ կը քերուըտիմ:
Մէկ կողքիս պառկողը Սերգէյն է: Ինքն ալ իմ վիճակին է:
- Դո՞ւ ալ չես քնած: Դուրս ելլենք, մի քիչ պատենք:
Իմ ուզածն ալ այդ էր արդէն: Դուրս ելանք փողոց:
Փողոցը քունի մէջ էր: Միայն իրարու վրայ հեծած եւ աստիճան առ աստիճան բարձրացող տներու դռներէն ոմանք կը բացուէին եւ տանտիկինները կը թօթօուէին ջնջոցները: Եւ առաւօտեան զան՞երը կը խան՞արէին լռութիւնը:
Այն տան կողմը, ուր ռումբը պայթած էր եւ Իսաջանը իր ընկերներով չքացած էր, Սեր՞էյը չէր ուզեր նայիլ: Գլուխը քարշ` ան կ’իջնէր ձորը եւ բաղնիքի առջեւ ահա խօսքի բռնուեցաւ անուշ ու բարիշ (հաշտ):
Զարմանալի յատկութիւն ունէր Սեր՞էյը: Ով ալ լինէր, ան մտերիմ կը լինէր: Ինքը իր մասին բան չէր ըսեր, բայց դիմացինի ամէն գրութիւնը հետաքրքրական էր անոր համար. գիտէր դիմացինի գործը, վիճակը նոյնիսկ անոր ընտանեկան բոլոր ծալքերը, կարծես բոլորի կնքող տէրտէրը լինէր:
Երբ ես մօտեցայ, Սէրգէյը ըսաւ ինծի.
- Ի՞նչ կ’ըսես, մի բաղնիք առնենք:
- Լաւ, առնենք, - պատասխանեցի:
- Սերգէյ ջան, իմ աչքիս վրայ բայց շատ շուտ էք եկած. ջուրը դեռ տաքցած չի լինի, բաղնիքը տաք չի լինի: Պէտք է սպասէք կէս ժամ կամ մէկ ժամ:
- Կէս ժամն ի±նչ է որ: Մէկ սափրիչ ալ գտիր, մէկ սուրճ ալ պատրաստիր, եւ ահա բաղնիքդ պատրաստ կը լինի, - ըսաւ Սերգէյը բաղնեպանին:
Բաղնեպանը երջանիկ դէմքով, կարծես երկինքէն ոսկի էր ինկեր, եռանդի եկաւ եւ մեզ ներս հրամցուց: Մենք նստանք` փափուկ բարձերով շրջապատուած, իսկ ինքը վազեց, հնոցապանը արթնցուց, տեղէն հանեց քիսաջին եւ շտապեցուց, որ սափրիչը բերէ: Քիսաջին վախցած երեսով, կէս մերկ, կէս հագած վազեց սափրիչին: Իսկ բաղնեպանը կը փչէր իբրըղի (սուրճ եփելու աման) տակը, որ կրակը բորբոքի եւ սուրճի ջուրը եռայ:
- Ճշմարիտ, այս լաւ եղաւ: Գիտե՞ս, Իսաջանը եթէ յանկարծ չսպաննուէր, միւս օրը խօսք տուած էինք իրար որ բաղնիք պիտի գայինք: Առանց այդ մուրատին հասնելու գնաց...:
Երկուսս ալ լուռ էինք, երբ տաք սուրճը ներս բերաւ բաղնեպանը, շաքարն ալ հետը:
- Նարկիլա կ’ուզէ՞ք:
- Չէ, - ըսինք, բայց բաղնեպանը սկսաւ բացատրել նարկիլային առողջապահական յատկութիւնները:
Այդ րոպէին ափալ-թափալ ներս մտաւ սափրիչը քիսաջու հետ: Ես տեսայ, մազերս կտրել տուի եւ մտայ բաղնիք: Սերգէյը` իմ ետեւէն:
- Ի±նչ լաւ արեցինք, ինչ կեղտ որ կայ, կը թափենք: Այստեղէն կ’երթանք ձեր տունը, մի լաւ չայ կը խմենք, մարդավարի կը նախաճաշենք եւ մի քանի օր ձեր տունը կ’անցունենք` փափուկ եւ անուշիկ: Սափրիչին հետ ես լուր ճամբեցի, - ըսաւ Սերգէյը:
Զարմացած կը նայէի Սերգէյին: Ան նկատեց եւ շարունակեց.
- Ի՞նչ գինտանք` վաղը ի±նչ կը պատահի մեզ: Գոնէ համը բերաննիս լինի, եւ այնպէս գնանք:
Վերջացուցինք: Քիսաջին մեզ լաւ չարչարեց` իր ծնկներով մեր մէջքի ոսկորները կոտրտելով եւ իր քիսայով մեր կաշին բարակցնելով:
Սուրճը պատրաստ էր: Ան ալ խմեցինք եւ, երբ բաղնեպանին դրամ տալ ուզեցինք, ան ըսաւ.
- Սերգէյ ջան, քու ոտքին մատաղ, ինչի՞ ինձ կ’անպատուես: Քեզմէ դրամ ես ինչպէ՞ս առնեմ:
- Լաւ, սափրիչին դարմը առ:
- Ջանըմ, քու ինչ պէտքն է. ան ալ, գիտեմ որ կը վիրաւորուի:
Քիսաջուն ուզեցինք վճարել, բայց ան ալ խոժոռեցաւ.
- Այդքանի՞ն ալ անարժան ենք:
Դուրս ելանք: Ֆայտոնը (կառքը) դուռը կանգնած էր: «Նստեցէք, վճարուած է՚, կանչեց բաղնեպանը: Մենք նստանք ընկճուած կերպով: Երբ ձիերը ծարժուեցան, Սերգէյը ըսաւ ինծի. ՙԸշտէ այս շուն շան որդիները, այս վարմունքով է որ մեր կեանքը ոչինչ եւ մահը` ցանկալի կը դարձնեն»:
Այդ եղաւ իմ վերջին բաղնիքը Կարսի մէջ...

Շար 49

Ինչո՞ւ - Սագօ Ք. Խաչերեան

ԻՆՉՈ՞Ւ

Ինչո՞ւ կշտամբել կարկինը սիրոյ
Ու զերթ ցաքան ջախջախել
Սրտերը կանանչ

Ինչո՞ւ նորանոր մախանքի հունտեր
Մուծել ազնիւ ու բարեպատգամ
Մտքերու ջերմ ընդերքներու մէջ

Եւ ինչո՞ւ գերել ՄԱՐԴը երկրաւոր
Անարգել պատիւ
Կեղեքել իրաւունք
Ինչո՞ւ ինչո՞ւ
Երբ բոլորս սովորական
Գլխիվայր ենք աշխարհ եկած

Thursday, February 25, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -48- Ռուբէն

- Եթէ այդ կապը կտրենք, նոր կապ անշուշտ պիտի ստեղծուի երկու ոյժերու միջեւ եւ նոր մարդկանցով:
Բայց այդ առարկութիւնն ալ վերացուեցաւ հետեւեալ դիտողութեամբ.
- Մինչեի որ նորը հին փորձուածի վարժութիւն ձեռք բերէ, ժամանակ կը շահուի:
Ուրեմն, միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Յակոբի առաջարկը եւ գործի իրագործումը յանձնուեցաւ անոր:
Երբ դուրս ելանք Սերգէյի եւ Յակոբի հետ, Սերգէյը դարձաւ Յակոբին մտահոգ կերպով եւ ըսաւ.
- Գլխաւորը, անվտանգ իրագործելն է:
- Ոչ,- պատասխանեց Յակոբը, - գլխաւորը վճիռը կայացնելն է: Անշուշտ, առաջարկ բերողը, նախ, կշռած է իրագործման հնարաւորութիւնը: Ես դրա մասին ահա մ քանի ամիս է մտած եմ: Եթէ նրան ճանապարհին բռնենք, ոչինչ մի գործ է, բայց հանդիպելու օրը չի կարելի ճշդել: Եթէ Կարսի մէջ պատահինք, դիւրին բան է: Եթէ Կարազուրզան, Կարազուրզութ պատահինք, իրագործելը աչինչ է, բայց իրագործողների հետքը կորցնելը դժուար է: Եթէ Սարըղամիշ պատահինք, իրականացնելը հաստատ է, բայց իրագործողների ազատումը` մի քիչ դժուար, բայց աւելի դիւրին` քան սամանին վրայ:
Ապա ինծի դառնալով.
- Ապահով մնացէք, այդ գործը ինձ թողեցէք : Միայն մի խնդիր ունիմ քեզմէ: Հասկացի՛ր Գարեգինէն, թէ ան տրամադի±ր է ահաբեկման գործի գնալուն: Ես կ’ուզեմ, որ Բասէնի խմբերուն վրէժը առնուի այդ կռիւներուն մասնակցողներու ձեռքով: Այդ հաճոյքը անոնց պէտք է տալ ի մխիթարութիւն: Քեզ կ’արտօնեմ հարցնելու, առանց որեւէ բացատրութիւն եւ մանրամասնութիւն յայտնելու: Ոչ անուն, ոչ վայր: Միայն թէ տրամադի±ր է Գարեգինը այդ վտանգաւոր գործի մէջ մտնելու: Եթէ այո՛, այլեւս ըսելիք չունիս: Եթէ ոչ, կ’արտօնեմ քեզ ըսելու անոր, որ առիթը չփախցնէ Բասէնի խմբերու վրէժն առնելու եւ իր սիրտը հովացնելու:
Առաւօտուն գտայ Գարեգինը եւ հարցուցի.
- Գարեգին, ինչո՞ւ դու ահաբեկումներու գործին մէջ չես մտներ:
Գարեգին նայեց երեսիս եւ ըսաւ.
- Ամօթ չէ՞ քեզի, որ ջան Ֆետայուն այդպիսի առաջարկ կ’ընես: Մենք դաւուլ զուռնայով կռիւ կրնանք ընել, ջարդել, բայց անկարող ենք սուսիկ փուսիկ պատահածին վրայ ձեռք բարձրացնել: Այդ իմ գործը չէ: Եթէ կռիւ կայ, ըսէ, պատրաստ եմ այժմ իսկ գնալու:
Հարկադրուեցայ ըսելու Յակոբի երկրորդ պատուէրը.
- Գարեգին, քեզ այդ ըսի, որովհետեւ կը վախնամ որ Բասէնի խմբերուն վրէժը ուրիշը առնէ, եւ դու պիտի ցաւիս:
- Այդ տարբեր բան է, այդ իմ իրաւունքն է: Ըսէ՛ թէ այդպիսի բան կա±յ:
- Բան մ’ալ չլայ: Քեզ փորձելու համար խօսեցի, - ըսի ես եւ հարցը փակեցի:
Գնացի Յակոբին եւ տեղն ու տեղը յայտնեցի խօսակցութեան արդիւնքը: Յակոբը լսեց եւ ըսաւ.
- Վազ կենալու է Գարեգինէն: Ան նման գործելու համար անպէտք է: Կռուի մարդ է:

¢¢¢

Հինգ օր անցած էր այդ օրէն: Յակոբը ըսած էր, թէ գոծով Ալեքսանդրապոլ պիտի երթար: Ես ու Սերգէյը ճաշարանի մէջ դէմ դիմաց կը ճաշէինք: Ներս մաւ Գարեգինը, որուն մէկ շաբաթ կը լինէր չէինք հանդիպած: Ներս մտաւ եւ կողիքս տեղաւորուեցաւ: Դէմքը հանդիսաւոր էր: Երեք գաւաթ օզի պատուիրեց հարցուց.
- Յակոբը ո՞ւր է:
- Ալեքսանդրապոլ է, երեւի շուտով կը վերադառնայ:
Գարեգինը ծիծաղեց եւ ըսաւ.
- Տեղն է քեզի, դու իմ վրան խնդացիր, ան ալ ձեր վրայ խնդացեր է: Գիտեմ որ չէք խմեր, բայց մինչեւ տակը պիտի խմէք այս օղին: Խմե՛նք Բասէնի մեր ընկածներու յիշատակին, թո՛ղ հանգիստ քնանան: Թէ կրնաք` մի՛ խմէք, ըսաւ ու կոնծեց:
Մենք ալ կոնծեցինք եւ հասկցանք, որ թուրք բէկը հոգին աւանդեր էր արդէն: Լռեցինք եւ ոչ մէկ հարցում ըրինք:
Երեկոյեան լուր տարածուեցաւ քաղաքի մէջ, որ թուրք գնտապետ մը ճակտէն եւ կրծքէն զարնուած է օրը ցերեկով, սպաննիչները փախած են եւ քննութիւն կը կատարուի:
Առաւօտուն` Յակոբը երեւցաւ եւ ըսաւ, որ Քէօսան եւ Գարեգինն էին սպաննիչները:
Ով էր Քէօսան, ես լաւ չեմ գիտեր, բայց գիտեմ որ ան Գարեգինի հայրենակիցներէն էր: Անկէ կը դժգոհէր Գարեգինը. իրեն ժամանակ չէր տուած բան մը ընելու, շտապած էր իրմէ առաջ տեղաւորուելու գնդակը թուրք լրտեսին երկու աչքերուն մէջտեղը: Քէօսան Բասէնի խումբի ազատուածներէն էր նոյնպէս: Կարծեմ ան էր որ Միքայէլ անունով Օլթիի կռուին, Սարըղամիշի ահաբեկումէն ետք, սուինահար եղաւ ռուս զինուորի մը կողմէ: Մեռած էր կարծուեր, բայց հետագային առողջացեր էր եւ, այլ եւ այլ արկածներ անցընելէ ետք, չգիտեմ ի՞նչ էր եղեր:
Գարեգինը սպաննուեց Օլթիի կռուին: Անոր դիակը նկարուեր էր մերկ վիճակի մէջ, Բիկովի եւ իր զինուորներու հետ միասին: Այդ անպատիւ նկարը պատճառ պիտի դառնար Բիկովի մահուան:

Շար 48

Wednesday, February 24, 2010

ԽԻՆԴ ՈՒ ԺՊԻՏ

Մարդուն մէկը ինքնաշարժի արկած մը կ՜անցընէ .ոստիկանութիւնը կտրտուած մարմինը կը փոխադրէ հիւանդանոց : Կինը կը փութայ հիւանդանոց ,բժիշկները անոր և արկածահարին կը յայտնեն վերջինիս առողջական հետզհետէ վատթարացող վիճակին մասին և կ՜ըսեն թէ ան չորս ժամէն աւելի կեանք չունի:
Ամուսինը կը դառնայ կնոջ և կ՜ըսէ.
- Սիրելիս, ես քիչ ետք կը մահանամ, գիտցիր որ կեանքիս մէջ քեզ շատ եմ սիրած...
- Ես ալ քեզ. արցունքը աչքերուն կ՜ըսէ կինը:
- Գիտեմ, սիրելիս, կ՜ըսէ ամուսինը, սակայն հիմա որ պիտի մեռնիմ, կ՜ուզեմ քեզի յայտնել որ հարևան Անուշը սիրուհիս է:Մահանալէս ետք կ՜ուզեմ, որ անպայման իրեն զանգես և իմացնես որ յուղարկաւորութեանս ներկայ ըլլայ և ափ մը հող նետէ դագաղիս վրայ:
Կինը կը դժկամակի սակայն ամուսինը՝ թէ մահամերձին վերջին խնդրանքը երկու չեն ըներ:
Կինը, ճարահատ, կը համաձայնի և կ՜ըսէ.
- Լաւ, լուր կուտամ, բայց լաւ իմացիր որ ես այս թաղումէն այնքան ալ համ պիտի չառնեմ...

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակնեը-47-Ռուբէն

Այսպէս, իւրաքանչիւր օր գիւղ մը կ’երթայինք: Առանց ճառի, քարոզի, առանց վէճի ու մջամտութեան, գործը անիւի նաման կը դառնար իւղոտած առանցքին շուրջը: Իմ ու ընկերներուս դերը միայն լուռ ներկայութիւնն էր եւ ոչ մէկ ճիգ կար մեր կողմէ, բայց գործը ինքն իրեն կը դառնար:

Ամէնքին ալ, խորը չթափանցելով, ինծի կը վերագրէին այդ յաջողութիւնը եւ մեր ետեւէն տեղեկագրեր կը ղրկէին Կարս Կ.Կոմիտէն մեր հրաշագործ աշխատանքներու մասին: Եթէ բաւականին յիմար լինէի, քիչ պիտի մնար որ ես ալ հաւատայի թէ իրօք ես բան մըն եմ: Բայց ես գիտէի որ ժողովուրդը ինքնաբերաբար կ’երթայ կարգի եւ զոհողութեան եւ ոչ թէ շնորհիւ: Ձուածեղի սիրոյն, թաւայի պոչը կը լիզէ: Ձուածեղը ազգային զարթօնք էր, իսկ թաւան` Դաշնակցութիւնը: Ես անոր պաղ կոթն էր միայն:
Երկու թէ երեք ամիս անցաւ այդպէս: Կը պատրաստուէի Կաղզուանի ձորը այցելել, երբ Սերգէյէն նամակ առի. կը գրէր որ անմիջապէս վերադառնամ Կարս:

¢¢¢

Սերգէյը եւ Յակոբը շատ լաւ ընդունեցին զիս: Անոնք արդէն զիս իրենց հաւասար մարդու տեղ կը դնէին:
- Գիտե±ս թէ որքա՜ն գոհ են քեզանից անցած տեղերդ: Սպաննուածներին տեղը կրնաս դու բռնել: Մենակը, Խաչիկը թո՛ղ հանգիստ քնեն, կ’ըսէին:
Մենակի մասին լսած էի, բայց Խաչիկի մասին` ոչ: Հարցուցի Խաչիկի մասին: Պատմեցին, որ ան Պուլկարիայէն եկած բժիշկ մըն էր որ ուխտեր էր Սասուն կամ Երկրի մէկ վայրը անցնիլ եւ ժողովուրդին ու յեղափոխութեան օգտակար լինել: Մինչ այդ, օգտագործում էին զայն Կարսի շրջանին մէջ: Ամէնուրեք ան իրեն կը կապէր ժողովուրդը իր մեղմ ու բարի վարմունքով: Քչաօխօս, լուռ մարդ մըն էր ու իր ժպիտով եւ անուշ վարմունքով կը կազմակերպէր շրջանը: Երբ Խանը եւ Նեւրուզի իրենց խմբերը կը կազմէին, այլեւս կարելի չէր եղած բռնել Բժ. Խաչիկը: «Մեռաք` ես ալ ձեզի հետ. վիրաւորուեցաք ` ձեզի պահապան», կ’ըսէր եւ դեղօրայք շալկած` անոնց էր մրացեր ու մեկներ` Սասուն հասնելու համար: Բայց առաջին սպաննուածներէն մէկն էր եղեր:
- Նա էլ այդպէս զոհուեցաւ, կը պատմէին Սերգէյը եւ Յակոբը տխրութեամբ ու կը լռէին:
Երեկոյեան, երբ Յակոբի եւ Սերգէյի հետ Կ. Կոմիտէի ժողովին կ’երթայինք, Յակոբը հարցուց.
- Գարեգինը հետդ վերադարձա±ւ:
- Այո՛, պատասխանեցի:
Ան լռած մնաց եւ ես չհասկցայ, թէ ինչո՞ւ Գարեգինով հետաքրքրուեցաւ:

Բազմաթիւ հարցերու կարգին, Յակոբը զեկուցեց Էրզրումի թուրք բէյի մը մասին, որուն անունը մոռցած եմ:

Կ’ապացուցանէր, որ ան նախկին սահմանապահ թրքական զօրքի սպաներէն էր եւ որ այժմ իբր թէ պարզ քաղաքացի էր: Այդ թուրքը կապն էր դարձած թուրք եւ ռուս սահմանապահ զօրքերու միջեւ եւ յաճախ կու գար մինչեւ Սարըղամիշ ու Կարս եւ կը տեսակցէր ռուս հրամանատարութեան հետ: Կ’ենթարկուէր, որ միակ կապն էր երկու ոյժերու զինուորական գործակցութեան: Ան ծանօթութիւններ ունէր հայերու, յոյներու եւ թուրքերու հետ եւ, տեղեկութիւններ շորթելով անոնցմէ, կը վերադառնար Թուրքիա եւ նորէն կու գար սահմանները ու շարունակ ռուս սպաններու հետ կը տեսակցէր: Բասէնի մեր կռիւներուն ատեն ան եղած էր ռուս զօրքերի մէջ եւ երկու անգամ անցած էր սահմանը ու վերադարձած նորէն ռուս սահմանապահ բանակին մէջ:
Յակոբը առաջարկեց վերջ տալ անոր կեանքին եւ խանգարել երկու զօրքերու կապը:

Քննուեցան տուեալները եւ խիստ հաւանական թուեցան: Միայն առարկող մը կար, որ ըսաւ.

Շար 47

ԳԻՒՏ

Կը պատմուի
Թէ մեր նախնիներն ի բնէ
Միականի են ստեղծուած
Ու դարեր շարունակ
Ապրած են այդպէս գոհունակութեամբ

Սակայն դարեր յետոյ եղած են օրեր
Գոհունակ ՄԱՐԴը իր նմանները
Յօշոտելով է ապրած սնսնած
Եւ ինք զինք դարձեալ իր նմաններուն
Արքայ է դասած
Ու այնույետեւ չարն է յղացած
Ու չարն է ծնած բազմացած
Մինչեւ որ այդ կենտ աչքը ՄԱՐԴկային
Չդիմանալով տեսած դիտած բիւր նախճիրներուն
Ճաթած է կիսուած
Ու ջուխտաւորուած

Իսկ այս օր
Սեւ ու անթափանց ակնոցներուն շնորհիւ
Չտեսնելով անվախճան անվերջ
Վթար ու շնութիւն
Ապահովաբար չեն քառապատկուիր

Tuesday, February 23, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -46- Ռուբէն

Այս բոլորը շատ դիւրին էր մէկ ժամուան մէջ վերջացնելը: Ինծի կ’օգնէին եղած հոգեբանական կացութիւնը եւ մանաւանդ ներկայութիւնը ինծի հետ եղող զինուորներուն, որոնք, ինչպէս ամէնքին յայտնի էր, երէկ էին միայն հաստատ մահէ ազատուեր եւ պատրաստ էին նորէն դէպի մահը գնալու: Ո՞ր անխիղճը պիտի զլանար կատարելու իր կուսակցական նիւթական, կամ դպրոցական եւ այլ հասարակական պարտաւորութիւնները: Ո՞րն էր, որ պիտի քէն պահէր իր հարեւանին հանդէպ եւ երկպառակէր գիւղը: Գերեզմանէն ելած հետիս զինուորները գիւղացիներուն ամօթ կը պատճառէին: Մանր-մունր հարցերը, որոնք կիրք կարող էին յարուցանել, կը հանգչէին եւ միութիւնը կատարեալ կը դառնար:
Մէկ ալ տեսար` մօտեցաւ մեզի կուսակցական ընկեր մը եւ, դառնալով ենթակոմիտէին, ըսաւ.
- Նայէ՛ տաւթարդ. անցեալ տարի կարկուտը արտս զարկեց, պարտքս ամբողջ չեմ վճարած: Ի՞նչ կը մնայ վրաս, ըսէ ՛, վճարեմ հալս (վիճակ) լաւ է հիմա:
Ենթակոմիտէն կը նայէր իր ցուցակը եւ կը դառնար անոր.
- Ակօ ջան, եղած չեղածը 20 կոպէկ է մնացել: Դու պարտք չունիս:
- Չէ, ջանըմ, պարտքը` պարստ է, առ 20 կոպէկը եւ մանէթ մ’ալ ջաղա կամ նուէր, - կ’ըսէր Ակոն եւ 120 կոպէկը առաջը կը դնէր:
Կը մօտենար մէկ ուրիշը` քիչ մը քաշուելով, եւ կը դառնար ենթակոմիտէին.
- Ջանըմ, հաւայի (պարապ) խօսք էր` ըսեցի: Ինչո՞ւ, ես թո՞ւրք, կամ ռո՞ւս եմ, որ մեր վարժատան համար դրամ չես առներ ինձմէ: Խօսքի համար էր որ ըսի թէ ես երեխայ չունիմ, վարժատան դրամ չպիտի տամ, դուն ալ հաւատացի՞ր: Բոլորի տղաքը իմս չե՞ն: Երեք տղայի հախ (վճար) ինձմէ դու գանձիր:
Ենթակոմիտէն, չռած աչքերով, կը նայէր Կիրոյի եւ կ’ըսէր.
- Կիրօ ջան, շէն մնաս: Ահա գրեցի, ես սխալ էի:
Գիւղի հանգիստը կը վրդովէին Գասպարը եւ միւս կողմէ ալ` Աւոն, որոնք իրար թշնամի էին եղած նիւթական եւ այլ խնդիրներով: Անոնք իրարու հիւսուած, գիւղի վէրքն էին դարձած: Բայց, ի զարմանս գիւղացիներուն եւ ենթակոմիտէին, Գասպարը, որ չոր գլուխ էր, վճռականօրէն մօտեցաւ մեզի ու ըսաւ.
- Ասկէ սուրբ օր չի լինի այլեւս: Ես ձեր ոտքին մատաղ, որ գիւղն էք եկած: Լսէք բոլորդ, իմ լուոտ, ոջլոտ շապիկը հանեցի եւ թոնարան մէջ ամէն ինչ թափեցի, ջանդակս ռահաթաւ (մարմինս հանգստացաւ): Աւօ, ջանս, արի իմ կուշտը կայնի, դուն ալ թօթուէ քու շապիկը:
Ամէնքը զարմացան մանաւանդ «Աւօ ջան» խօսքին: Աւոն հնազանդուած` եկաւ եւ գասպարի կողքին կանգնեցաւ:
Գասպարը շարունակեց.
- Մարդ է, մեղաւոր կը լինի, երբ սատանան պինչէն (քթէն) փորի մէջ կը մտնի: Ես չարիք կ’ուզէի Աւոյին: Աւոն ալ հրեշտակ չէ, բայց ես կը խոստովանիմ որ մեղաւոր եմ: Գլուխնիդ չցաւցնեմ. թո՛ղ իմ դատաւոր լինի Աւոն եւ վկան թող լինի մեր ենթակոմիտէին: Ինչ որ ըսեն, ինծի համար ընդունելի է, եւ ինչ պատիժ որ տան, ցանկալի է:
Աւոն յուզուած` պատասխանեց.
- Գասպար ջան, ես ալ մեղաւոր եմ, դու` ինձ դատաւոր, եւ համբուրեց Գասպարը:
Եւ անոնք չոքած, կ’ուզէին այդ իրագործել: Բայց ես կը հրեմ զանոնք եւ ցոյց կու տամ Գարեգինին, որ նոյնպէս կը մերժէ:
- Աս ի՜նչ կրետիկ է (կոմեդիա), գացէ՛ք, բարեշեցէք (հաշտուեցէք), յետոյ կը տեսնինք:
Գարեգինը չէր գիտեր թէ Գասպարի եւ Աւոյի ըրածները կրետիկ չէին, այլ լուրջ հոգեփոխութիւն, եւ ատոր պատճառը ինքն էր եւ իր ընկերները` որոնք նահատակուած էին:

Շար 46

Monday, February 22, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 45-Ռուբէն

ԳԼՈՒԽ Ե.

Շրջիկութիւն
Բասէնի խումբերու վրէժը,
Հայաստան` քարմա՞ղ թէ ընկոյզ.

1904ի Նոր Տարուան եւ Ծնունդի օրերը պէտք է գիւղական ժողովուրդի մէջ անցկացնէի: Իւրաքանչիւր գիւղի մէջ գոնէ մէկ օր մնալով, անոր ուրախութիւնը պէտք է բաժնէի եւ միաժամանակ պէտք է կատարէի այն բոլոր գործերը որ կը մտնէին շրջիկներու պարտականութեանց մէջ:
Ձմեռը Կարսի եւ շրջակայքի մէջ սաստիկ ցուրտ է: Ինչպէս կ’ըսեն, «որ թքնես գետին, գետին չի հասնի, կը սառի»: Բայց իմ շքախումբը հիանալի էր` Էրզրումցի Գարեգինը եւ Տարօնցի Մինասը, որոնք Բասէնի խումբի ազատուածներէն էին, եւ հին փորձառու Սարոն, որ ծանօթ էր ամէնքին: Եափունջաները ուսերէն կախուած, անոնց ձիերը տակերնին կը խաղային: Գլուխներու փափախները ծածկուած էին վեղարանման բաշլիկներով: Ձիերու միայն ոտքերը կ’երեւային եւ անոնց գլուխը` պինչերէն փչող զոյգ զոյգ գոլորշու ճերմակ շատրուաններով:
Մեր զէնքերը հազիւ կը տեսնուէին բաշլիկի տակէն: Ճերմակ սառոյցի լուլաներ մեր բեխերէն կախուած էին:
Մեր ձեռները թաթնոցներու մէջ, թէեւ թաքնուած էին եափունջի տակ, բայց ձիերու սանձին վրայ մեր մատները կը մրմռային: Այսուհանդերձ, շատ հաճելի էր` ձիուն միացած ճամբայ կտրել սառնամանիքի մէջ: Ծխացող եւ վառուող շարժական վրան մըն է, չորս կողմիդ ձիւնը մեռած սաւան մըն էր:
Գիւղերը մէկ մէկ կ’այցելէինք, տնօրհնէք պտտող տէր տէրներու նման: Ամբողջ գիւղը մեծով պզտիկով մեզ կը շրջապատէր եւ ներս կը հրաւիրէր բաղնիքի պէս տաք տները: Կը զգայինք, որ գիւղացիք մեզի կը նայէին իբրեւ անյոյս կորսուածներու վրայ, որոնք թէեւ գտնուած էին, բայց նորէն կրնային կորսուիլ: Եւ, ինչպէս մայրը զաւկին եւ հայրը իր տղուն, այսպէս ալ անոնք մեզի կը նայէին. իսկ փոքրիկները Գարեգինի չինար բոյի վրայ ուղղակի կը զարմանային:
Ուշադրութեան կեդրոնը Գարեգինը եւ Մինասն էին, որոնք նոր էին յարութիւն առած:
- Ձեր ոտքին մատաղ, մէկ ինծի ըսէ, ադ ինչը՞ղ պատահաւ ադ մենծ կռիւը: Աշխարհը ամէնք իրար փոր անցաւ: Օսմանցին իր դասը առա՞ւ, - կը հարցնէր ծերուկ գիւղացի մը, չիբուխը բերնին:
- Ձեր ոտքը պագնեմ, բարով դուք եկաք. տասը գնացիք եւ մէկ մէկ յետ դարձանք, աս ի՜նչ զուլում էր մեր գլխուն եկաւ,- կ’ըսէր պառաւ կին մը եւ արցունքները կը սրբէր:
Գարեգին եւ Մինասը զզուած կը պատասխանէին.
- Ի՞նչըղ ընէինք, աբլա (մամիկ), մեր բախտը չբերեց, մենք ողջ եկանք ձեզի: Աստուծով մենք ալ անոնց կը միանանք:
- Չէ, չէ, չէ, այդ չէր ըսածս. Աստուած չանէ այդ, դուք ալ մայր հայր ունիք: Պսակուա±ծ էք. երեխայ ունիք կը շարունակէր աբլան:
Կը միջամտէին միւսները.
- Քա, Վարդէ, գիտցած չգիտցած ի՞նչ դուրս կու տաս, քեզ ի՞նչ` ի՛նչ ունին: Դուք էն ըսէք, թէ ձեզի ինտատ (օգնութիւն) հասնէր, ռուս ճամբախը չբռնէր, Էրզրումի բերդը կրնայի՞ք մտնել:
Մենք կը շարունակէինք այդ միամիտ եւ անմեղ հարցումներէն, որոնք իրենց հոգին եւ ցանկութիւնները կը մատնէին: Բայց ճերմկած Սարոն ելքը կը գտնէր պատասխան տալու.
- Չէ, Մարգար ջան, Էրզրում մտնելու համար թոփ պէտք է, մենք թոփ չունինք:
- Մարօ, ինծի աֆ կ’ընես (կը ներես), դու ռուսի խօսք կ’ընես, - կը յամառէր Մարգարը, - Թոփն ինչու պէտք է: Իմ հայրս կ’ըսէր թէ Կարսի կռուին Մուխթար փաշան շատ թոփեր ժողոված` Կարսի բերդ բռնած էր: Ռուսները կ’ըսէին, - «Մեր թոփերը քիչ են, այս բերդը չենք կրնար առնել»: Լազարովը ըսաւ: «Այդպէս բան չկայ, ես պիտի առնեմ»: Հայ տղաները կանչեց, իմ հայրն ալ մէջը, եւ ըսաւ. «Թոփ չունիք, չունինք, բայց բերդը մերն է, անպատճառ պիտի առնենք»: Բոլորն ալ ըսեցին. «Հըլբըդ (հարկաւ) պիտի առնենք, բերդը մեռն է»: Ձիերը քաշեցին նստան, սուրերը հանեցին եւ թումթուշ (ուղղակի) Մուխթար փաշայի թոփերուն վրան քշեցին, բերդը առան եւ Մուխթար փաշան Ալաճատաղ քշեցին: Մարդուն սիրտ որ լինի, առանց թոփի ալ բերդը կ’առնուի:
Թող Սարոն ու Մարգարը իրենց վէճը շարունակէին, ես գործի կ’անցնէի այդ պարագաններուն, գիւղի ենթակոմիտէն կը կանչէի, առանձին հաշիւները կ’առնէի, զեկուցումը կը լսէի եւ, եթէ ընելիք գործեր կային, կը վերջացնէի:

Շար. 45

Sunday, February 21, 2010

Բանաստեղծութիւններ՝ Սեդա Գրիգորեան

Գ Ո Յ Ա Ր Մ Ա Տ

Գ ո յ ո ւ թ ի ւ ն ս է ա ր մ ա տ ա ւ ո ր

Պ ի ն դ ո ւ ա մ ո ւ ր

Դ ա ր ե ր ո ւ ն հ ե տ հ ա շ ո ւ ի ն ս տ ո ղ

Ե ր կ ա յ ն ա մ ի տ

Գ ե տ ն ի ն տ ա կ է ն ն ո ր գ ե տ ի ն ն ե ր յ ա յ տ ն ա բ ե ր ո ղ Տ ի ե զ ե ր ք ի ս ր տ ի ն վ ա զ ո ղ
Տ է ր ո ւ ն ա կ ա ն ա ղ օ թ ք ի ն պ է ս ք ա ղ ց ր ո ւ հ ե զ ի կ Մ ա ր դ ե ղ է ն գ ո յ - ն ա ր մ ա տ ի ս

Ս Ր Ա Ր Շ Ա Ւ

Ս ո ՞ ւ ր ս է ե լ ա ծ ա ր շ ա ւ ի թ է ա ր շ ա ւ ս է ս ր ա ծ ա յ ր Ա ր շ ա ւ ա ս ո յ ր ա յ ս կ ե ա ն ք ի ն
Ո ւ ր օ ր ե ր ս չ ո ւ ն ի ն հ ա շ ի ւ Ո չ ա յ ս օ ր ո ւ ա ն Ո չ գ ա լ ի ք ի ն
Բ ա յ ց ս ո ւ ր մ ը կ ա յ տ ե ղ մ ը կ ա խ ո ւ ա ծ Ճ օ ճ ա կ ա ն Չ - ա ր շ ա ւ ա կ ա ն
Ս ո ւ ր ը մ ա հ ո ւ ա ն հ ր ե շ տ ա կ ի ս

Մ Ա Զ Ա Պ Ո Ւ Ր Ծ

Մ ի լ ի ո ն ն ե ր ո վ մ ա զ ե ր պ ր ծ ա ն Ա ն է ա ց ա ն
Պ ո ւ ր ծ ն ա լ մ ա զ - մ ա զ տ ե ղ ի տ ո ւ ա ւ Թ ո ւ ր ք հ ո ր դ ա ն ե ր ո ւ ն ը ն դ ա ռ ա ջ
Մ ի ա յ ն մ ե ծ հ ա յ ր ս մ ա զ ա պ ո ւ ր ծ ե ղ ա ւ Տ է ր Զ օ ր է ն ի Լ ի բ ա ն ա ն

Վ Ե Ր Ջ Ա Լ Ո Յ Ս

Լ ո յ ս ի ն վ ե ր ջ ը չ է Ա յ լ Վ ե ր ջ ը լ ո յ ս է
Ի ն չ պ է ս ս է ր ե ր ս
Ե ր բ ո ր վ ե ր ջ ա ն ա ն Լ ո յ ս մ ը կ ՛ ա ր ձ ա կ ե ն Ի ն ձ մ է ն ե ր ս թ է դ ո ւ ր ս
Կ ե ա ն ք ի ա լ ի ք ի ն հ ո ւ ն ը կ ը փ ո խ ե ն Հ ա ւ ա տ ք ի մ ՛ հ ա ն գ ո յ ն
Դ է պ ն ո ր վ ե ր ջ ա լ ո յ ս

Ս . Դ . Գ Ր Ի Գ Ո Ր Ե Ա Ն
2 0 Մ ա յ ի ս 2 0 0 9 Պ է յ ր ո ւ թ

Վ Ե Ր Ա Դ Ա Ր Ձ
( Մ օ ր ս մ ա հ ո ւ ա ն Բ . տ ա ր ե լ ի ց ի ն ա ռ թ ի ւ )

Վ ե ր ս տ ի ն դ ա ՞ ր ձ մ ը Թ է Դ ա ռ ն ա լ - ն ո ր է ն Դ է պ ի ա ն ո ր ո ր վ ա յ ր մ ը ն է ր ե ր է կ Օ դ ա ն ա ւ է ն դ ի տ ո ւ ա ծ մ ա ն կ ո ւ թ ի ւ ն մ ը լ ո կ Ո ր լ ո յ ս ո ւ ս տ ո ւ ե ր ի մ է ջ Տ ա ր ո ւ բե ր կ ՚ ը լ լ ա ր Հ ե ռ ո ւ - հ ե ռ ա ւ ո ր ա ն ծ ա ն օ թ ո ւ բի ր տ Ա ր ե ւ ա ն մ ա ն մ ո լ ո ր ա կ ի պ է ս
- - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - -
Իբր ե ւ թ է ա մ ե ր ի կ ե ա ն հ ի ւ ս ի ս ը Վ ա յ ր մ ՚ է կ ե ա ն ք ի - վ ա յ ե լ ք ի ;
Ա ն ի կ ա հ ո ր ի զ ո ն ա կ ա ն գ ի ծ ի վ ր ա յ է Ս ի պ ե ր ի ա կ ո չ ո ւ ա ծ ա յ ն մ ի ւ ս վ ա յ ր ի ն հ ե տ Ո ր ո ւ ն ս ի ւ ն ե ր ո ւ ն - ճ ա ղ ե ր ո ւ ն ն ե ր ք ե ւ Հ ա ր ի ւ ր հ ա զ ա ր ն ե ր ա ր ն ա ք ա մ ի ն կ ա ն Մ ա ր մ ն ի Ս ի ր ո յ Ս ե ռի Հ ո գ ի ի Ս ա ռ ն ա մ ա ն ի ք ի մ ա հ ո ւ ա ն ծ ա ղ ի կ ն ե ր ո ւ ն պ է ս
- - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - - -
Ն ե ր է ՛ մ ա յ ր ի մ Ո ր ա ռ ա ն ց ք ե զ ի կ ը վ ե ր ա դ ա ռ ն ա մ Լ ի բա ն ա ն - Ծ ն ն դ ա վ ա ՜ յ ր - Ո ւ ր մ ա ր տ ե ա ն հ ո վ ե ր Տ ե ՛ ս թ է ի ն չ պ է ս ա կ ա ն ջ ի ս կ ը փ ս փ ս ա ն Կ ո ր ս ո ւ ա ծ դ ի մ ա ն կ ա ր ի դ ա ն - յ ի շ ո ղ ո ւ թ ի ւ ն ը
Ո ւ կ ը փ ղ ձ կ ի ս ի ր տ ս Չ գ ո յ ո ւ թ ե ա ն դ լ ո ՜ ւ ռ ա ս տ ո ւ ա ծ ն ե ր ո ւ ն պ է ս Ո ր ո ն ք վ ե ր է ն - է ՜ ն բա ր ձ ր է ն
Ք ի թ ս կ ը հ ր ե ն ս ա պ ճ լ ի կ պ ա տ ո ւ հ ա ն ի ն մ է ջ
Ո ր պ է ս զ ի կ ա պ ո յ տ ի ն փ ր փ ո ւ ր ն ե ր ո ւ ն հ ե տ Ե ս վ ե ր ս տ ի ն հ ո տ ո ւ ը տ ա մ ք ե զ
Ո ր պ է ս զ ի հ ա ն դ ի պ ո ւ մ ը մ ե ր Պ է յ ր ո ւ թ ե ա ն տ ա ք ջ ո ւ ր ե ր ո ւ ն պ է ս Ը լ լ ա յ վ ե ր ա դ ա ր ձ
Դ է պ ի վ ա յ ր ը ա յ ն Ո ւ ր մ ե ն ք ե ր կ ա ՜ ր փ ն տ ռ ե ց ի ն ք զ ի ր ա ր

Ս . Դ . Գ Ր Ի Գ Ո Ր Ե Ա Ն
7 Օ գ ո ս տ ո ս , 2 0 0 9 Պ է յ ր ո ւ թ

«Հոգեբանական Ձեւեր Անհամաձայնութիւնը Կերպարանափոխելու » գիրքի եւ «Ներողամտութիւն եւ Գերազանցում» յօդուածի առթիւ

Արամ Ա.Վեհափառ Հօր 2010 ը « Հայ Կնոջ Տարի» հռչակումը առիթ պիտի ընծայէ ընթերցողներուն ծանօթանալու միջազգային համբաւի տիրացած հայուհիներու: Ասոնց կարգին է ամերիկաբնակ հալէպահայ Տոքթ. Անի Գալայճեան:

Վարի ծանօթացումը իր և Րէյմոնտ Փալութզեանի հեղինակած գիրքին, ինչպէս նաև աւելի վար ՝ 1999ին իր Ներողամտութիւն և Գերազանցում վերնագրեալ յօդուածին շնորհիւ ընթերցողը կը ծանօթանայ ներողամտութեան «հրաշք»ին .յատկութիւն մը ,որ բնածին է ,բայց չէ օգտագործուած մարդկութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան կողմէ: Ափսոս:Գիրքի և յօդուածի հեղինակին ինքն իր մասին տուած տեղեկութիւնները բաւարար են զինք ծանօթացնելու մեր ընթերցող քոյրերուն եւ եղբայրներուն : Որպէս յաւելեալ տեղեկութիւն կրնանք ճակատաբաց և հպարտութեամբ յայտարարել որ համամարդկային բարձր իտէալներով օժտուած այս հայուհին , շնորհիւ իր հիմնած ու գլխաւորած բարեգործական հաստատութեան կարողացաւ մեծ օժանդակութիւն բերել Հայիթիի երկրաշարժն աղէտեալներուն:

Հիմնադիր նախագահ՝ Armenian American Society for Studies on Stress & Genocide-ի
Նախագահ՝ Association for Trauma Outreach and Prevention -ի
United Nations NGO Human Rights Committee խորհուրդի անդամ
Հեղինակած է : Disaster & Mass Trauma: Post Disaster Mental Health Outreach; Forgiveness & Reconciliation: Psychological Pathways in conflict transformation and peace building (2009), and Emotional Healing Around the world: Rituals and practices for resilience and meaning-making (ABC-CLIO 2009).
Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի ու Աշխարհի մէջ կ՛աշխատի իր անձնական Logotherapeutic Psychotherapy ուղղութեամբ։

Այո՜. հպարտ ենք քեզմով սիրելի Անի,բոլորս կը սպասենք քու տեղեկագրութեանդ Հայիթիի ի նպաստ տարած մարդասիրկան գործունէութեանդ մասին :

Կը խնդրենք ընթերցողներէն իրենց կարծիքը յայտնել ,գնահատանքը, քննադատութիւնները կատարել : Բոլոր անոնք որոնք տարակարծիք են Տոքթոր Գալայճեանի հետ թող յայտնեն: Եթէ դժուարութիւն ունիք հայերէնով մեքենաշարելու կարող էք գրել անգլիատառ հայերէնով , խմբագրութիւնս զայն կը վերածէ հայերէնի:

Սիրելի ընթերցող,
Վարը քու կարդալիքդ անգլերէնէ հայերէնի վերծեց Հալէպի բնակիչ այլ գործունեայ հայուհի մը ՝ Նանոր Միքայէլեան:

Խմբագրութիւնս իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ այս երկու հայուհիներուն:

«Նշանակ»

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.««.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

Հոգեբանական Ձեւեր Անհամաձայնութիւնը Կերպարանափոխելու եւ
Խաղաղութիւն Հաստատելու

Անի Գալայճեան – Ֆորտհամ Համալսարան
Email: drkalayjian@gmail.com
WWW.meaningfulworld.com

Րէյմօնտ Ֆ. Փալութզեան
Ուեսթմօնթ Վարժարան
Email: paloutz@westmont.edu

Ներումն ու հաշտութիւնը որպէս տարողութիւն նոր ճամբաներ կը նուաճեն, բարձրացնելով ընկերային ու խաղաղութեան հոգեբաններուն, աշակերտներուն ու հետազօտողներուն աշխատանքը՝ միջխմբային եւ միջազգային յարաբերութիւններու , նաեւ խաղաղութեան եւ անհամաձայնութեան սերտողութեան պարագային։
Նիւթին կարեւորագոյն կէտերը
- Ռուանտայի, Տարֆուրի, Հնդկաստանի ու Փաքիսթանի մէջ հաշտութեան ճիգեր.
- Շինիչ բանակցութիւններ ու անոնց ներումի գաղափարին սատարող դերը
- Բանտի մէջ բնակողներէն դասեր՝ կարեկցութեան ի եւ զղջումի վերաբերեալ
- Արուեստով ու լրագրամիջոցներով քաջալերել հաշտութիւնը
- Ներումի ոյժը՝Հակառակ ժխտումի ու շարունակուող անարդարութեան
- Հաշտութիւններ բաժնուած հաւաքականութիւններու մէջ.

«Ներում եւ Հաշտութիւն» այս ժամանակներու համար գրուած գիրք մըն է, որ Տոքթ. Անի Գալայճեանի ու իր գործընկերներուն՝ (այս պարագային՝ Տոքթ. Րէյմօնտ Փալութզեան -ի ) տարիներու խաղաղութեան ու ընկերային արդարութեան հասնելու ճիգերուն շարունակութիւնն է . Շատ յաճախ կը լսենք «իրականութիւն» ու «Հաշտութիւն » բառերը և կը գիտակցինք անոնց անհատներ ու ժողովուրդներ բուժելու կարողութեան, բայց այս պարագային, գիրքը մեր ուշադրութիւնը կը սևեռէ «ներումի էական արարք»-ին վրայ. Այս խմբագրուած գիրքին 17 գլուխներուն մէջ - որոնք գրուած են ճանչցուած գրագէտներու ու մասնագէտներու կողմէ- Տոքթ. Գալայճեանն ու Փալութզեանը մէջտեղ բերած են «ներումի » կարեւորութեան խորունկ հասկացողութիւնը մեր անհատական ու հաւաքական կեանքէն ներս. «Ներումի » այս գաղափարը յաւիտենական է , ան էական միջոց է բուժելու մեր սիրտերը , մարմինները, միտքերն ու հոգիները։ Կարդացեք եւ պիտի փոխուիք, կարդացեք եւ փոխեցէք ուրիշներ, կարդացեք եւ փոխեցեք Աշխարհը:

Անթընի Մարսէլլա , Ph.D.
Նախկին նախագահ՝ Psychologists for Social Responsibility-ի (հոգեբաններ ընկերային պատասխանատուութեան գիծով ) 2007-2008
Ընդհանուր ակնարկ մը գիրքինվրայ.

Ներումը մարդոց կարելիութիւն կ՛ընձեռնէ մոռնալ ցաւի, զայրոյթի, ատելութեան ,նախանձի ու ցնցումի պատճառով ի յայտ եկած սխալ վիճակները ու անոնց առթած ծանրութիւնը, անոնք ինչպիսին ալ ըլլան՝ մարդկային, թէ բնական արարքներ։ Հակառակ ներում եւ հաշտութիւն թելադրող մեծ թիւով գիրքերու գոյութեան, անոնց մեծամասնութիւնը անհատին է, որ կը դիմեն, ու , անհատն է, որ կը մղեն աղօթելու, խոկալու, եւ կամ հոգևոր վարժութիւններու դիմելու, որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել զայրոյթը , ատելութիւնն ու օտարացումը։ Անոնցմէ մի քանին կ՛արտայայտուին որպէս իւրայատուկ կրօնական աւանդոյթ։ Այլ գիրքեր, աւելի հոգեբանական մօտեցում ունին, շատ մը գիրքեր ալ կը կեդրոնանան յստակ կամ յատուկ նիւթի մը հետ կապուած հաշտութեան կամ ներումի վրայ։ Օրինակ՝ զոյգի մը յարաբերութիւնը դաւաճանութենէ ետք։ Շատ մը այլ գիրքեր կը խօսին հաշտութեան մասին ընկերային մակարդակէ ելլելով ու ձևեր կ՛առաջարկեն յաղթահարելու համար ցեղային պայքարին։ Երբ խորագիներ կը սերտէինք, կարելի չեղաւ գտնել գրութիւններ, որոնք ցնցումի հետ հաշտուելու ՝ ներումի գաղափար առաջարկէին, գրութիւններ, որոնք ծաւալուն էին ու բաւարար ձեւով կը խօսէին մարդկային յարաբերութիւններու կամ ընտանեկան ու ընկերային մակարդակի մասին։
Միայն այս տեսակի լայնածաւալ սերտողութիւն մը կրնայ նոյնութիւններ ի յայտ բերել, որոնք կը կրկնուին բոլոր մակարդակներուն մէջ։ Մեր առաջարկած գիրքը ճիշդ այդպիսին է։

Գիրքը առաւելաբար վերլուծողական է, անմիջական առնչութիւն ունի խաղաղութեան հոգեբանութեան հետ։ Ահա այս պատճառով յատուկ ուշադրութեան պէտք է արժանացնել ճանաչումն ու մարդկային վերաբերմունքը, իրենց յատուկ ընկերային, պատմական ու մշակութային մթնոլորտին մէջ այնպէս մը, որ մենք աւելի դիւրութեամբ ըմբռնենք մարդկային խումբերու կազմակերպչական իւրահատկութիւնները՝ որը շատ յաճախ կը քաջալերէ կազմակերպուած վայրագութիւնները։ Ասիկա փոխելու հնարաւորութեան յոյս կը ներշնչէ, նաև խաղաղութեան կառուցման քաջալերանք։ Ներումն ու հաշտութիւնը էական տարրեր են խաղաղութեան կառուցման ճիգին մէջ։ Խաղաղութեան հոգեբանութեան գրականութեան համար այս գիրքին օգտակար առաջարկներէն մին, ներումի գաղափարը գրողներուն ու քաղաքական մարդոց մօտ քաջալերելն է։ Այսինքն այլեւս ներումի գաղափարին չնայիլ որպէս վսեմ գաղափարի մը, որ վեր է իրականութենէ ու գործնական ըլլալէ։ Մեր նպատակն է յստակ օրինակներ տալ՝ թէ ինչպէս մարդիկ գիտակցաբար կը կազմեն իրականութեան իրենց բացատրութիւնները այնպէս մը որ ստոյգ ըլլալով, միաժամանակ կը քաջալերէ խաղաղութեան արժէքներն ու արդար արդիւնքներ կուտայ ընկերային հողի վրայ։
Անշուշտ կարեւոր քայլերէն մէկը փոխադարձ վստահութիւնը քաջալերելն է եւ այն նոյն քայլերը, որ վստահութիւն կը ներշնչեն, իրենց մէջ կը նեռարեն նաեւ այն քայլերը, որ ներում, և հաշտութիւն կը ներշնչեն։
Journal of Social Issues (Ընկերային Հարցերու Օրաթերթ)-ի խաղաղութեան հոգեբանութիւն կոչուող թիւը (խմբագիր` Քրիսթի 2006) ցատկատախտակ է, ուրկէ կարելի է այս կապակցութիւնները եզրակացնել, չմոռնալով նաեւ Վիքթօր Ֆրանքլիի դասական Man’s Search for Meaning (1946) գիրքը։

Գոյացած անհամաձայնութիւններուն թիւը, որոնք ներկայիս Աշխարհի չորս ծագերուն կործանիչ դեր կը խաղան, նաև, անհատնում տեղեկագիրները հաւաքականութիւններու մէջ կատարուած վայրագութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ ընտանիքներու քայքայումը, ցոյց կուտան այն, որ ներումի ու հաշտութեան էական պատգամը ընկերային կեանքի ու մարդկային յարատևման ի խնդիր ,տակաւին չէ հասկցուած։

Կը հաւատանք թէ ժամանակն է նոր մօտեցում ցուցաբերելու, սորվելու ինչպէս յաղթահարել ցնցումներն ու ներել յանցագործութեան։ Գիրքին մէջ նշուած սթրէս բուժող այս բազմակարգապահական, բազմացեղային, բազմասերնդական ու բամազգային ձեւերուն նպատակը այսպիսի մօտեցում ապահովելն է։

Հեղինակները կը ներկայացնեն բաւարար կարգապահական ու մշակութային բազմազանութիւններ նաեւ կը ներկայացնեն փորձառութեան խորքն ու լայնամտութիւնը՝ յանձն առնելու այս ակնյայտ խոշոր ճիգը։
Հակառակ որ գիրքը մի քանի հեղինակներ ունի, այնպէս մը ձեւակերպուած է, որ նիւթը ամբողջական ըլլայ։ Գիրքի իւրաքանչիւր գլուխ հիմնուած է որոշակի հետազօտութիւններու վրայ, որոնք կարելի է կիրառել գործնական ու յստակ իրավիճակներու պարագային։ Վիճակներու զանազան երեւոյթներ պիտի ընդգրկուին լուսաբանելու նպատակով։
---------------------------------------------------------------------------------------------------------------
Christie, D. (2006). Post-Cold War Peace Psychology: More Differentiated,
Contextualized, and Systemic. Journal of Social Issues. 62 (1).
Frankl, V. (1946). Man’s Search for Meaning.
Kalayjian, A. (1999). Forgiveness and Transcendence. Clio’s Psyche. 6 (3)116-119.

** Այս ակնարկը կը վերաբերի գիրքի մը, որ հրատարակուեցաւ Springer Publishing խմպագրատան կողմէ 2009-ի Օգոստոս 4-ին. Springer.com, $129 (Hard cover) $24.99 (Soft Cover), 318 p. Peace Psychology Book Series. Call Springer toll-free 1-800-Springer, e-mail: orders-ny@springer.com.

Օրինակ մը ունենալու համար, հաճեցէք դիմել Տոքթ. Անի Գալայճեանին drkalayjian@gmail.com կամ www.meaningfulworld.com
.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«

ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆ և ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒՄ
Տոքթ. Անի Գալայճեան

Հրատարակուած (Clio’s Psyche )-ի մէջ ,հատոր 6, 3,Դեկտ. 1999 , էջ 116-119
Որպէս Օսմանեան Թուրքիոյ ցեղասպանութենէն վերապրողի մը զաւակը, քաջատեղեակ եմ 1894-1915-ի միջեւ ծրագրուած եւ գործադրուած գազանութիւններուն։ Համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին, Թուրքական իշխանութիւնները յայտարարեցին թէ Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան թշնամիներն են։ Հասուն տղաք՝ նամանաւանդ անոնք, որոնք ճանչցուած էին որպէս քաղաքական ղեկավարներ, ձերբակալուեցան և ամայի վայրի մը մէջ սպաննուեցան (Krieger, 1989)։ Այս գործընթացը ծրագրուած էր՝ Հայերը զրկելու իրենց ղեկավարներէն կամ ներկայացուցիչներէն, որպէսզի տարագրութիւնը ընթանար առանց նուազագոյն դիմադրութեան (Kuper, 1981)։

Բռնի տարագրութիւնը, սովը, ծարաւը, չարչարանքը, համաճարակները, կողոպուտն ու յափշտակութիւնները պատճառ դարձան մէկ ու կէս միլիոն Հայերու մահուան (Krieger, 1989), որոնք թիւով մէկ երրորդը կը կազմէին այդ շրջանի հայերուն ։ Հայրս այն քիչ բախտաւորներէն էր, որ փրկուեցաւ։ Ան իր ընտանիքին հետ հաստատուեցաւ Սուրիա։ Մօրս ընտանիքը նոյնպէս, Արաբական Անապատին ընդմէջէն բռնի արշաւէ մը ետք փրկուեցաւ, ու հասաւ Սուրիա ուր և ծնայ ես:

Ազգիս հաւաքական ցաւն ու տառապանքը, ցեղասպանութեան շարունակական ժխտումը թուրքերուն կողմէ, տեղի տուին հաւաքական հոգեկան ահռելի ցաւի եւ անօգնականութեան զգացումներուն։ Ըստ իս, այս բացասական զգացումները յաղթահարելու լաւագոյն կերպը զանոնք վսեմացնելն էր, այդ իսկ պատճառով հիմնեցի Ճնշման և ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան Հայ Ամերիկեան ընկերութիւնը – Armenian American Society for Studies on Stress and Genocide. Այս ընկերութեան մէջ ծայր առաւ կանոնաւոր հետազօտութիւն, որուն նպատակն էր սերտել ցեղասպանութեան առթած երկարատեւ ազդեցութիւններն ու հոգեկան բեկումները։ Ուսումնասիրութիւնները ի յայտ բերին, որ Թուրքական կառավարութեան շարունակական հերքումը սաստիկ կը զայրացնէ վերապրողները, քանի որ թշնամին պէտք է իր մեղքը հաստատէ ու հատուցէ . Ըստ Sullivan-ի (1953), որևէ ցնցող փորձառութեան վաւերացումն ու հաստատումը խիստ էական հանգրուան է, որ օգնեն անձը այդ դէպքին հետ կապուած լրումի մը կամ լուծումի մը հանգելու։ Հաստատման մը զուգահեռ, մեծ նշանակութիւն ունի և բուժիչ դեր կրնայ կատարել յանձագործին բացայայտ զղջումը։ Իրենց կեանքի ընթացքին մահեր ունենալով, գազանութիւններու ականատեսը ըլլալով և հեռու ըլլալով բնական կեանքէ, ջարդէն ազատագրուած տարեցներուն մօտ իրագործումի զգացում մը նկատելի էր, որուն զուգահեռ կար նաեւ իրենց զոհ ըլլալու փաստին հանդէպ զայրոյթը` գոյացած յանցագործի հերքումի արդիւնքին մէջ։ (Kalayjian, et. al. 1996).

Այդ ընթացքին ցաւալի երկրաշարժ մը ցնցեց Հայաստանը, բան մը, որ դրդեց զիս հոգեմտաւոր առողջութեան օգնութեան ծրագիրը հիմնել, Mental Health Outreach Program, օգնութիւն փութացնելու համար Խորհրդային Հայաստանի փրկուած հասարակութեան հոգեկան կարիքներուն։ Երկու աշխատանքներուս որպէս արդիւնք, կրկնակի անգամ հաստատեցի և եզրակացուցի փրկուածներուն ահաւոր ցնցուած ու տառապած ըլլալը։ Երկրաշարժէն կարգ մը փրկուածներու մղձաւանջները երկրաշարժին հետ չէ, որ կապուած էին, այլ թուրք ոստիկաններն է, որ զիրենք կը մտրակէին Արաբական անապատներուն մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնայի օգնել ազգի մը, որ տակաւին ցեղասպանութեան հետևանքները կը կրէր, ինչպէ՞ս օգնէի, որ ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած տարեցները ներամփոփէին այդ ցաւը եւ կեանքի յաջորդ քայլը առնէին ՝ դէպի առաջ։

Վեց ամիսներ ետք, 1989-ին, Քալիֆորնիոյ Սան Հոսէ քաղաքին մէջ Լոկոթերափիի միջազգային համաժողովի ընթացքին (International Forum of Logotherapy ) հանդիպում մը ունեցայ Վիքթոր Ֆրաբքլի հետ։ Ան հոգեբոյժ է, ազատած Նացիներու համակեդրոնացման ճամբարներէն, ուր կորսնցուցած էր իր ընտանիքին մեծ մասը։ Վիքթոր Ֆրաբքլին Man’s Search for Meaning գիրքին հեղինակն է։

Մեծ Բախտաւորութիւն էր անոր հետ տեսակցիլս եւ արցունքը աչքերուս հարց տուի: «Ինչպէ՞ս օգնեմ, որ Հայ ժողովուրդը բուժուի Օսմանեան Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան վէրքերէն եւ հեգնանքի անարգանքէն։ Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն իվեր, իրար յաջորդող թուրքական բոլոր կառավարութիւնները հերքեցին իրենց արարքը։ Փրկուողները տակաւին կը տառապին, հոգեկան սպանդը դեռ կը շարունակուի. Ի՞նչ կրնամ ընել»։

Վիքթօր Ֆրանքլին ինծի նայեցաւ խոր ու ցաւակցող ըմբռնումով և ըսաւ. «Հայերէն խնդրէ որ ներեն, 80 տարի է, որ կը սպասէք,այս վայրկեանին իսկ վերապրողներէն մահացողներ կան, աւելի սպասել կարելի չէ, օգնէ անոնց որ ներեն։ Կարծելով թէ արդէն լուծում ունիմ, պահ մը հանգստութիւն զգացի, բայց… ինչպէ՞ս։ Ես հիմա ուրիշ խոշոր հարց մի մը դէմ հանդիման կանգնած էի։ Վիքթօրին ըսածը անհատական եւ հոգեւոր ներումի մասին էր եւ ոչ բնաւ քաղաքական։ Շատ փորձեցի ներումի այս գաղափարը ներմուծել դասախօաութիւններուս մէջ, յսկումներու ընթացքին, բայց ապարդիւն։ Նոյնիսկ հայ ընկերներէս ոմանք իրենց վրդովմունքը արտայայտեցին այդ գաղափարին դէմ։
Շարունակեցի ուսումնասիրութիւններս ցեղասպանութեան հարցով, ու շարունակեցի օգտակար դառնալ աշխարհասփիւռ հայերուն։ 1996-ին Journal of Traumatic Stress ամսաթերթին մէջ մեր առաջին գիտական յօդուածը տպեցինք, չորս տարուայ վերստուգումներէ ետք, ոչ թերթին գիտական ուղղութեան պատճառով, այլև նկատի ունենալով անոր քաղաքական առնչութիւնները։ Թերթին յառաջաբանը, ուր հարցը դիտարկուած էր իր պատմական տեսանկիւնէն, խմբագրական կազմին կողմէ աւելի քան տաս անգամ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Վերջապէս Հրեայ պաշտոնակից մը բացատրեց, թէ թուրքական սպառնալիքներ ստացած էին, որոնցմէ մին կ՛ըսեր – «Ո՞վ աւաւել կարեւոր է, մեռած Հա՞յ մը, թէ ողջ Հրեայ մը»։
Երկրորդ ուսումնասիրութիւն մը տպագրուեցաւ Psychoanalytic Review- ին մէջ, Տոքթ. Ֆլորա Հոկմանի քաջալերանքներով, որ ժամանակին Նացիներու սպանդէն ազատողներէն էր։
Հակառակ որ ներումի անհատական երթս սկսած էր 1988-ին, բայց այդ երթին ամէնաազդու դէպքը պատահեցաւ ի 1998-ի ամռան, Երբ Նյու Եորքի մէջ թաքսի նստեցայ և քանի որ մի քանի հոգի էինք, ես նստեցայ վարորդին քով ,ու նկատելով որ յատուկ ոճ մը կայ իր խօսակցականին մէջ՝ հարց տուի:
– Ծանօթ շեշտ մը կայ ձայնիդ մէջ, ուրկէ՞ ես.
– Թուրքիայէն, – պատասխանեց ու անմիջապէս աւելցուց, թէ տաս տարի Հարաւային Ափրիկէ ուսանած է, յետոյ անմիջապէս թուրքերէն խօսելու սկսաւ, հետևաբար հարցուցի թէ Թո՞ւրք է…
– Այո, – ըսաւ ու ժպիտով մը ինքզինք ծանօթացուց – անունս Ահմէտ է, դո՞ւք ալ Թուրք էք։ Նախադասութիւնը հազիւ աւարտած ստացաւ պատասխանս.
– Ոչ, Հայ եմ։
Պատասխանիս ոճը կտրուկ ըլլալուն, ան անմիջապէս աւելցուց.
– Ես այս քաղաքին մէջ շատ Հայ ընկերներ ունիմ, որոնք Իսթանպուլէն են, – ու շարունակեց պատմել, թէ իր ընկեր Կարօն օր մը զինք ընթրիքի հրաւիրած էր իր տունը, ուր Կարօյին մեծ մայրը իմանալով Ահմէտին Թուրք ըլլալուն մասին, տունէն վռնտած էր զինք ըսելով.
– Քու կառավարութիւնդ ընտանիքս ու ազգս ջարդած է, ես չեմ ուզեր քեզ տանս մէջ։
Ես նախ ըսի թէ ապրի՛ այդ մեծ մայրը, շատ ճիշդ վարուած է, բայց սիրտս սկսաւ աւելի արագ բաբախել. մարմինս տաք էր, ձեռքերս պաղ ու վրդովմունքս սկսաւ մեծնալ, բան մը որ յաճախ կը կրկնուեր:
Նոյն զգացումը ունեցայ 1997-ի Յոնուարին, Observer- թերթին մէջ կարդալէս ետք Սամի Կուլկոզի “նամակ խմբագրին”/“Letter to the editor” (Ամերիկայի հոգեբաններու ընկերուութեան թերթին )։ Այդ նամակին մէջ Կուլկոզ գրած էր մեր ընկերութեան տպած մէկ յօդուածին մասին “Coping with Ottoman Turkish Genocide: The experience of Armenian Survivors.” /“Հաշտուիլ Օսմանական Թուրքիոյ ցեղասպանութեան գաղափարին հետ”։ Ան իր նամակին մէջ կ՛ըսեր: « Տարիներէ իվեր վէճեր կան այն մասին, թէ եղա՞ծ է արդեօք ցեղասպանութիւնը թէ ոչ, եւ շատ մեծ փաստեր կան, որոնք կը դրժեն Օսմանեան հողերուն վրայ այդպիսի դեպքերու գոյութիւնը»։

Կը յիշեմ նամակը կարդալես ետք մէջս բարձրացող զայրոյթի, ատելութեան, յուսախաբութեան ու անզօրութեան զգացումները։ Այդ նամակը գրագետ մը գրած էր, գրագետ մը, որ դասախօսն էր Թուրքիոյ մէջ լաւ համբաւ վայելող հոգեբանական համալսարանի։ Ուրեմն ի՞նչ ակնկալէի վարորդէ մը։ Այս բացասական միտքերուն մէջ խորասուզուած, անդրադարձայ, թէ Ահմէտ տակաւին կը շարունակեր խօսիլ.
– Երանի ցեղասպանութիւնը պատահած չ՛ըլլար, շատ վատ ու ցաւալի փաստ է, ահագին անմեղ մարդիկ մեռան առանց պատճառի։
Ահմէտ իսկապէս տխուր կ՛երեւեր։ Ես լուռ մնացի զգացումներուս հետ ու կը մտածէի, թէ ցեղասպանութեան փաստին նկատմամբ ունեցածս վրդովմունքը վճռականապէս չէ դադրած, երբ ան աւելի մտահոգ դարձաւ ու աւելցուց.
– Բայց Ես յանցաւոր չեմ, ես ոչ մէկ բան ըրած եմ։
– Անշուշտ , այդ մէկը շատ լաւ գիտեմ, – պատասխանեցի ես, – բայց քու միւս Թուրք ընկերներդ ցեղասպանութենէն գաղափար ունի՞ն։
Պատասխանը շատ արագ եկաւ:
– Գիտես, մենք Թուրքիոյ մէջ չենք խօսիր այդ մասին, մեր պատմութեան գիրքերը այդ մասին չեն նշած։
Ահմէտի խօստովանանքը օգնեց, որ հասկացողութեան ու յոյսի նոր մակարդակի մը հասնիմ։ Երբ աշխարհի չորս կողմը մարդ արարածին պատճառած ցաւերուն մասին դասախօսելու կ՛երթամ ու կը թելադրեմ, որ լրումի հասնելու համար հարկ է, որ ներէն ցաւ պատճառողին, շատ մը կասկածողներու կը հանդիպիմ։ Շատ մը հայեր ներելը մոռնալու հետ կը շփոթեն ու այդ պատճառաւ ալ կը զայրանան առաջարկէս ու կ՛ըսեն:
– Ի՞նչպէս միտքէդ կ՛անցնի թուրքին ըրածը մոռնալու առաջարկ ընել վերապրողներուն կամ անոնց զաւակներուն։
Կ՛երեւի անոնց համար ներելը մոռնալուն համազոր է։ Ներում բնաւ չի նշանակեր, որ ես ցեղասպանութեան հետ կապուած իմ ուսումնասիրութիւններս պիտի դադրեցնեմ, չի նշանակեր, որ իրականութիւնը պէտք է պահուի և մեր մարդկային իրաւունքները մոռցուին։ Ներել պարզապէս կը նշանակէ ազատիլ զայրոյթի ու ատելութեան կապանքներէն, քանի որ, միայն այդ պարագային է, որ մարդը կրնայ իր ներուժը վերագտնել ու յաջողիլ կենաքի մէջ։
Թուրք վարորդին հետ ունեցած այս փորձառութեանս մասին գրեցի մի քանի հայկական թերթերու մէջ։ Վրդովողներ շատ եղան ու խմբագիրներ զայրացկոտ հեռախօսազանգեր ստացան։ Գանգատողները կ՛ըսէին, թէ գրողը չի հասկնար թէ ինչի մասին կը խօսի և հաւանաբար այդ գրողը կը սիրէ թուրքերը։ Նոյնիսկ գործընկերներէս շատեր իրենց կապը ինծի հետ խզեցին, իսկ ուրիշներ ալ սկսան արհամարհել զիս։
Մինչ ես կը շարունակէի դէպի ներում իմ երթս, սերտողութիւն մը ներկայացուցի Մարդկային Իրաւունքներու եւ հոգեկան ցնցումի դարմանական կիրարկութեան վեցերրորդ Եւրոպական համագումարին / Sixth European Conference on Psychotraumatology Clinical Practice and Human Rights , որը տեղի կ՛ունենար Իսթանպուլի մէջ, 1999-ի Յունիսին։
Քաջ տեղեակ ըլլալով թուրքերու հերքումներուն, սերտողութիւնս լաւ մը վերանայելէ ետք զայն անուանեցի ՝ Ժողովուրդներու Մարդկային Իրաւունքներու Զանգուածային Բռնաբարում : Համակերպումը ընդդէմ Հրաժարումի / Mass Human Rights Violations: Resilience vs. Resignation.
Քանատայէն պաշտօնակից մը նոյնպէս ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն մը յանձնեց, որ մերժուեցաւ։ Իմս, կարգ մը փոփոխութիւններէ ետք ընդունուեցաւ։. Ապահովութեամբս մտահոգ բոլոր ընկերներս դէմ էին իմ Թուրքիա երթալուս ու համագումարին մասնակցելուս, բայց հակառակ այս բոլորին՝ ես գացի։
Համագումարի ընթացքին նկատեցի, թէ բանախօսները ազատ ու համարձակ կը խօսէին Քիւրտերուն հանդէպ թուրքերուն կիրառած մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն մասին։ Փաստէն խանդավառուած ես ալ որոշեցի կարծիքս բացայայտել, եւ հոս՝ ծայր առին սպառնալիքները։ Առաջինը զիս սպաննելու սպառնաիլք մըն էր երկու տղամարդոց կողմէ, որոնք իբրև թէ MIT-էն էին, (Թուրքիոյ Գաղտնի Ծառայութիւն), որուն կասկածանքով նայեցայ ու իրենց ալ ըսի, թէ չեմ կարծեր որևէ մէկը համարձակի 48 երկիրներէ եկած 650 մտաւորականներու ներկայութեան այդպիսի քայլի երթալ։ Յաջորդ օրը ուրիշ սպառնալիք մը եւս երկու տարբեր անձերու կողմէ, թէ զիս չարչարանքներու կրնան ենթարկել, եթէ համարձակիմ ցեղասպանութեան մասին խօսիլ։ Երրորդ օրը, գրած թուղթերս ձեռքէս առգրաւուեցան, իսկ համագումարի վերջին օրը, երբ խօսք պիտի տրուեր ինծի, զիս առանձին– գետնայարկին մէջ հանդիպման կանչեցին European Society for Traumatic Stress Studies (վնասուածքաբանական սթրեսի ուսումնասիրման Եւրոպական Կազմակերպութեան) թուրք կազկակերպիչներն ու Անգլիացի նախագահողը։ Ինծի վերջնագիր նամակ մը տրուեցաւ, ուր յստակ նշուած էր, թէ հարկ էր կամ նամակը ստորագրել և կամ համագումարէն հեռանալ առանց խօսելու ներկաներուն հետ։ նամակին մէջ նշուած էր, թէ պէտք էր հրաժարէի խօսիլ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ գործադրած Հայկական ցեղասպանութեան մասին։ Այդ նամակը յանձնուեցաւ իմ դասախօսութենէս միայ 20 վարկեան առաջ, որ կը զուգադիպեր Համագումարի աւարտի ժամուն։ Հակառակ յիշեցումիս, թէ մենք մարդկային իրաւունքներու համագումարի մասնակիցներ ենք և թէ այսպիսով, որպէս դասախօսի ի՛մ մարդկայի իրաւունքէս կը զրկէին զիս, ճիգս ապարդիւն էր, անոնք ըսին, թէ քաղաքական վիճակին պատճառաւ հարկ էր «Թուրք կազմակերպիչները պաշտպանել»։

Երբ հարց տուի, թէ ինչու քրտական հարցը ազատօրէն կարելի եղաւ քննարկել, եւ ինչու տարբեր էր իրենց կեցուածքը հայկական հարցին նկատմամբ՝ ոչ մէկ բաւարարող պատասխան ստացայ, հակառակը, անգամ մը եւս կրկնեցին, որ եթէ հայկական ցեղասպանութեան մասին լուռ մնալու համաձայնագիրը չստորագրեմ, պէտք է մոռնայի մասնակցութեանս մասին ու անմիջապէս լքէի համագումարը։ Ուրեմն՝ նախընտրեցի ստորագրել համաձայնագիրը, որպէսզի չկորսնցնեմ խօսք առնելու առիթը։
Յատուկ մասնագէտ մը օգտակար դարձաւ, որպէսզի ուսումնասիրութեանս բնագիրէն հեռացնէի «ջարդ», «Հայկական», «Օսմանեան» եւ «Թուրքիա» բառերը, սև գիծերով ծածկելով այդ բառերը։ Երբ սկսայ բանախօսելու և առաջին էջը յայտնուեցաւ պաստառին վրայ, ներողութիւն խնդրեցի ներկաներէն այդ սեւ գիծերուն համար, բայց նաև նկատեցի որ Եւրոպացի ու Ամերիկացի պաշտոնակիցներէս շատեր կը ժպտէին… Երբ դարձայ պաստառին նայելու, նկատեցի որ պահուած բառերը սև գիծերուն ընդմէջէն ընթեռնելի էին տակաւին, ուստի անմեղօրէն ըսի. -Կ՛երևի ասկէ աւելի պահել կարելի չէր…
Իրարանցում մը կար սրահէն ներս, Թուրք ներկաները շատ լարուած էին, իսկ մնացածը կը ժպտային բացայայտ հեգնանքիս ի տես։.
Որոշեցի պաստառէն չ՛օգտուիլ ու շարունակեցի խօսիլ կեդրոնանալով ներումի բուժիչ յատկութիւններուն մասին։ Խօսքիս ընթացքին շատ լարուած էի, քանի որ անընդհատ կը փորձէի մտածել, թէ ինչը ըսեմ ու ինչը՝ ո՞ր նախադասութիւնը ջնջեմ։ Ի վերջոյ կարելի եղաւ կեդրոնանալ այն իրականութեան վրայ թէ՝ յաղթահարելու համար զայրոյթն ու ատելութիւնը, հարկ էր դիմել հոգևոր ներումին։ Նաև նշեցի, թէ Թուրք պաշտօնակիցներէս շատեր զարմանքով դիտել տուած էին ինծի, թէ ինչպէս ներում կառաջարկէի։ Ըստ իրենց՝ «Նախ Թուրքերը պէտք էր ներողութիւն հայցէին»։

Այսուհանդերձ, ինչպէս Վիքթօր Ֆրանքլը շեշտեց ըսելով, թէ մենք աւելի քան ութսուն տարի սպասման մէջ ենք ու ցայսօր ոչ մէկ բան փոխուած է, մենք չենք կրնար միայն սպասել ու շարունակել տառապիլ որպէս զոհեր։ Պէտք է մենք մեզ զօրացնենք ու անցնինք յաջորդ քայլին, որը երկխօսութեամբ ու համագործակցութեամբ կ՛ըլլայ։ Այնքան ժամանակ, որ զայրոյթ կայ, համագործակցիլը անհանրին է։ Շեշտեցի, թէ ցեղասպանութեան մը խօստովանանքը բնաւ դիւրին պարտականութիւն չէ, նամանաւանդ որ այսօրուայ Թուրքը ցեղասպանութեան մանրամասներէն տեղեակ չէ ու շատ մը իրականութիւններ պահուած մնացած են իրենցմէ։
Այնուհետև գիտական յանձնաժողովէն խնդրեցի, որ պատասխանատուութիւն ստանձնեն օգնել թուրք ժողովուրդին հասնելու զգացական յասունութեան, որպէսզի անոնք ի վերջոյ ներողութիւն խնդրեն իրենց նախահայրերուն կատարածին համար, քայլ մը, որմէ խուսափած են միշդ։ Իրենք ալ իրենց կարգին պէտք է ներեն իրենց նախահայրերը, որպէսզի վերջ տրուի հերքումին և ընդունին իրենց պատասխանատուութիւնը։ Բանախօսութենէս ետք Ամերիկացի, Եւրոպացի ու Ափրիկեցի պաշտօնակիցներս մօտեցան ու գրկեցին զիս, իսկ ես լացակումած շնորհակալ եղայ ու երջանիկ, որ ողջ եմ, երջանիկ, որ կրցայ էական միտք մը փոխանցել ներկաներուն։
Վերադառնալով Նիւ Եորք, որոշեցի գրել Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածի մասին և անդրադարձայ, որ հակառակ հոգեպէս հարստացած ըլլալուս, զգացականօրէն նաև մարմնապէս ահաւոր սպառած էի։ Գրելու պահը շարունակ յետաձգելով, հասանք 1999- ի Օգօստոսի 17-ին, երբ ահարկու երկրաշարժ մը ցնցեց Թուրքիան։
Քանի որ բնական աղէտներու հետ առնչուած եմ աւելի քան տաս տարիներ՝ Հայաստանի, Քալիֆորնիոյ, Ֆլօրիտայի ,Ճափոնի եւ Սանթո Տոմինկոյի մէջ, սկսայ մտածել՝ հա՞րկ էր օգնել Թուրքիոյ, թէ ոչ։
Համամարդկային օգնութիւնները կը գերազանցեն աշխարհագրական ու քաղաքական սահմանները։ Երբ սկսայ մտածել, թէ ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար դառնալ Թուրքերուն, երկու հրաուէր ստացայ Թուրքիայէն ու սկսայ աշխատիլ յատուկ Թուրքիոյ համար նախատեսուած հոգեկան առողջութեան ծրագիրի վրայ, ու այդ ոլորտի շատ մը մասնագետներ հրաւիրեցի։ Տոքթ. Քաթելին Քօուալսքիին հետ խմբակ մը կազմեցինք, որը NIOSH –ի (Ապահովութեան ու Առողջութեան Ազգային Հիմնարկի) հոգեբաններէն է Փիցպուրկէն, եւ Քէնսասէն՝ Օրդ. Թարա -Լիզա Քաթլին- Ֆորպրէկի հետ, որ հոգեբոյժ է ու շարժման մասնագէտ։ Շաբաթներով վրաններու տակ հարիւրաւոր փրկուածներու հետ աշխատեցանք ու փորձեցինք զիրենք հանգստացնել հոգեպէս, շնչառութեան վարժութիւններով, անոնցմէ տեղեկութիւններ հաւաքելով և ուսումնասիրելով իրենց ապրած ցնցումին հետեւանքները։
Գործընկերներս չէին կրնար հաւատալ, թէ կեանքիս նկատմամբ այդ սպառնալիքներէն ետք ու Յունիս ամսուն Թուրքիոյ մէջ ունեցածս իմ փորձառութեամբ հանդերձ կամաւոր եկած էի օգնելու։ ինծի համար այս մէկը մարտահրաւեր էր, որ զիս քայլ մը առաջ տարաւ դէպի ներում ու գերազանցում։
-------------------------------------------------------------------------------------
ՆԵՐՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ներկայացուած Տոքթ.Գալայճեանի կողմէ

Ներել կը նշանակէ անձը ազատագրել Զայրոյթի կապանքներէն, Քակել կղպանքը ատելութեան, Ջնջել ատելութեան շրջանակը.
Ձեզ մարտահրաուերի կը կանչեմ, որ սիրեք իրականութիւնը,
Բայց հարկ է գիտնալ ինչպէս ներել, Քանի որ «Ան, որ անկարող է ներել, կը կոտրէ այն կամուրջը, որուն վրայով ինք պիտի անցնի»
George Herbert
Եւ քանի որ «Ներումը այն բուրումն է, որ մանուշակը կ՛արձակէ այն կրունկներուն վրայ, որոնք զինք կը ճզմեն»
Mark Twain

Ահաւասիկ կը մօտենանք նոր հազարամեակին, եկէք իրար օգնենք, որ ներենք, որ ըլլանք աւելի զօրաւոր ու կեդրոնացած, որպէսզի յաղթահարենք բոլոր խոչընդոտները, գերազանցելով մեր հասկացողութիւնը, հասնելով նոր բարձրունքնրու, քանի որ՝ «Երբ մէկը միւսին կ՛օգնէ, երկուքն ալ աւելի զորաւոր կը դառնան»
Շուէտական առած

Եւ քանի որ «ինչքան մեծ ըլլայ խոչընդոտը, այնքան մեծ կ՛ըլլայ անոր յաղթահարելու հաճոյքը»
Moliere

Սիրով ու ներումով կ՛օգնենք իրարու, կոտրելու համար բռնութիւնը ու արգիլելու համար այլ ցեղասպանութիւններ, շեշտելով մեր մարդկայնութիւնը։
Kalayjian, 1998
Kalayjian, A., (1999). Forgiveness and Transcendence. Clio’s Psyche, 6 (3), 116-119.
Տօքթ, Անի Գալայճեան: Յարակից փրօֆէսօր Ֆորտհամ համալսարանի հոգեբանական բաժնի ու վկայեալ մասնագէտ՝ Traumatic Stress-ի։